Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Գ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը.

Համառօտակի կ՚անցընեմ վերլուծում է Կրտսեր Ռոմանթիքներու մօտ

ա) Արուեստի զգայարանք մը.

բ) Սերունդ մը բնորոշելու ծառայող յատկանիշներ.

գ) Ոճն ու լեզուն:

Այս բաժանումներէն առաջինը այդ մարդոց մօտ գոյ երկու հիմնական պայմաններու գումարը կը ներկայացնէ։ Ինչ որ անոնք իբրեւ ջղային դրութիւն բերէր էին սա արեւին ներքեւ (եւ որ անցաւ քննութենէ, զգայնութեան, խառնուածքի յատկացուած գլուխին մէջ) ու ինչ որ անոնք գտան իրենց ընկալուչ պատանութեան ու կեանքին տեւողութեան, առաւելապէս գրական հանգամանքներէ ազդուող։ Ուրեմն կը դնեմ հարցը։

Ի՞նչ էր մեր գրականութեան ընդհանուր մթնոլորտը 1870ին երբ Կրտսեր Ռոմանթիքները վար են երեսունէն ու իբր տաղանդով օժտուած երիտասարդներ իրենց սպասը կը սկսին մեր արուեստին:

Անոնց անդրանիկ պատանութիւնը: Երկուքը կուգան Վենետիկէն ։ Պէրպէրեան եւ Սէթեան Վենետիկէն եկողներուն հիացումին մէջը կազմած են իրենց գրական խառնուածքը։ Վենետիկ, 1860ին կը նշանակէ Բագրատունի, Հիւրմիւզ, Ալիշան, որոնք իրենց կարգին կը նշանակեն ոսկեզօծ տաղաչափութիւն որուն յատակ ծառայէին ԺԸ. դարու դասականութիւնը, լաւ չընտելացած (acclimate) ռոմանթիզմը ԺԹ. դարու առաջին կէսին, Մխիթարեան հայրենասիրութիւնը, գրաբարին մոլեռանդ պաշտամունքը, կրօնազգած զգայնութիւնը ։ Այս վերագրումներուն երբ աւելցնէք (ասոնք՝ տարտամ, անհակակշիռ ըղձաւորութեանց ձեւով) ԺԹ. դարու միշտ առաջին կեսին յատուկ գրական աշխարհիկ ալ ձգտումներ (Հիւկօ, Լամառթին), դուք կ՚ունենաք ամբողջ այդ մարդոց գրական խառնուած էին նախատարրերը:.

Այս տարրերէն Վենետիկեան քերթողներու դերը ես նկատի առած եմ, ներելի ընդլայնումով մը, Համապատկեր ին առաջին գիրքին մէջ։ Ուրեմն ընթերցողը հոն կը դիմէ գտնելու համար դժուար ըմբռնելի սա աշկերտութիւնը լուսաբանող ազդակները։ Ու կ՚ընեմ գերագոյն ալ ցուցմունքը. գրականութեան մը աշխատաւորներին միայն անոնք կշիռ ունին այդ գրականութեան ընդհանուր արժեգումարին մեջ որոնք իրենց աշկերտութիւնը մոռցած են անվերադարձ. ուրիշ խօսքով` եղած են ՍՏԵՂԾՈՒՄին, ՆՈՐին սպասարկու: Միւսները այդ գրականութեան մէջ անուններ են, աւելի կամ նուազ դերերով, բայց այդ գրականութեան վրայ, ժամանակն ի վեր չունին կշիռ։ Մենք այս վերջիններն ալ կը գնահատենք, բայց իրենց իսկ շրջանակին վրայ ։ Կարդալ Պետրոս Դուրեանէն քերթուած մը, 1999ին, կը նշանակէ այդ քերթուածը ապրիլ այդ թուականին։ Կարդալ 1940ին Թէրզեանէն քերթուած մը, կը նշանակէ թանգարան մը այցելողի հոգեբանութեամբ աչքէ անցնել մոմիա մը, Ֆոսիլ մը. այնքան այդ քերթուածը չորցած է, ոսկրացած: Ու ապրումին եւ ծանօթութեան երկու արարքներուն հիմնական տարբերութիւնը ճակատագիր մըն է, այս բառը գործածելով Շբէնգլերեան առումով մը։ Կ՚ըլլամ կարճ` ոսկեզօծ տաղաչափութեան միւս ստորոգելիներուն հետ, վասնզի բազմաթիւ տեղերու մէջ ես մօտեցած եմ անոնց զանազան երեսներուն։ Կրտսեր Ռոմանթիքներուն նիւթերը, ասոնք ընդլայնելու կերպերը մեծ չափով կը պատկանին ԺԹ. դարու բանաստեղծական ըմբռնումներու: Եւրոպական ռոմանթիզմին անոնց վրայ ունեցած յաւելումն է որ զիս կը զբաղեցնէ այս բարակրաֆին մէջ։ Մեր դժբախտութիւնը (գրական, այնպէս մը կարգադրած է սակայն որ այս յաւելումն ալ մնայ նախնական, չբարձրացնէ մեր քերթուածները գոնէ այն տարողութեան որով պսակաւոր իջած են մոռացման անդունդը Հիւկոյի, Պայրընի, Լամառթինի, Միւսէի տաղաչափական երկունքին մէկ շատ կարեւոր մասը (կենդանին թէ եւ քիչ, բայց կը մնայ անխորտակելի նոյն այդ մարդերու գործէն)։ Երբ Պէրպէրեան Մահ Սոկրատայ ն կը թարգմանէ Վենետիկեան գրաբարով, անշուշտ գրաբար գիտնալու մանկամիտ փառասիրութիւն մը չի փառասիրէր միայն, այլ յոյզին մէջն է ֆրանսական ռոմանթիզմին այդ փաղփուն, ջերմ, ոգեպաշտիկ հեղումներուն, 1870ին Պոլիս դեռ իրենց բոլոր կենդանութիւնը պահող երբ անդին, նոյն այդ քերթուածին հայրենիքին մէջ մարդիկ յոգնած են այդ ամենէն ու անցած ուրիշ յոյզերու, պաղ, իրապաշտիկ, մետաղափայլ քերթողութեան մը: Հիմա, դուք այդ տրամադրութիւնը քսանամենի երիտասարդին տեսէք, մեր միջավայրին իսկ ճնշումին մէջը։ Զարթօնքի Սերունդ, Մեծ Ռոմանթիքներ, մեր նոր քաղքենին, մեր լրվանթեն ազնուականութիւնը, մեր առեւտրականներուն անյագ, գետնաքարշ ախորժակները, մեր պահպանողականութիւնը (գրողներու, եկեղեցականներ, ուսուցիչներու խայտաբղէտ երամակով մը կազմուած), մեր գրական լեզուն, մեր ուսուցչութիւնը (որ դեռ աշակերտ [Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան] կը վարէ մեր ոչ միայն գրական այլեւ ազգային կեանքը, առանց չափազանցութեան) բոլորը մէկ կ՚ընեն իրենց ազդեցութիւնը որպէսզի գրական այդ փոխառիկ վարդապետութիւնը այլայլի, այլանդակուի ու կերպարանքը առնէ Կրտսեր Ռոմանթիքներով մեզի հասած անորակելի արդիւնքին։ Եւրոպական ռոմանթիզմը մեզի հասած է, անճանաչելի ըլլալու չափ ձեւազեղծ։ Գիտենք որ կայ յաւիտենական ռոմանթիզմը, դպրոցական կապանքներէ, փառասիրութիւններէ բոլորովին զերծ։ Ա՛ն՝ որ ամէն ժամանակներու մեծագոյն խառնուածքները կ՚ազատագրէ ու Ներսէս Շնորհալիի մը քովն իսկ ինքզինքը կ՚ընէ զգալի։ Մեր Մեծ Ռոմանթիքներէն կենդանի մեր ժառանգութեան տոկոսը կուգայ այդ ռոմանթիզմէն եւ ոչ թէ ԺԹ. դարու եւրոպական գրական նորոյթէն։ Արդ, Կրտսեր Ռոմանթիքներուն վաստակը ամբողջութեամբ կ՚ընկղմի ահա այս նորոյթին սնոտիքին մէջ։ 1880ին առնուազն անտանելի է Քրիստոնեայ նահատակն ի Հռովմ . Թէրզեան) քերթուածը, անոր թեքնիք ը մանաւանդ, երբ այդ թուականին արդէն եւրոպական միտքը այդ գիծէ վերարտադրութիւնները ենթարկած էր ամենախիստ ստուգութեան մը պարկեշտ թելադրումին։ Անշուշտ Թէրզեան կարդացած էր Հիւկոն ( Դարերու զրոյցները ) բայց չէր կարդացած, լրջութեամբ ու պարկեշտ հետաքրքրութեամբ Լը Գոնդ տը Լիլը ( Հին քերթուածներ, Բարբարոս քերթուածներ ) որպէսզի համոզուէր թէ պարզ տաղաչափութեան մը պաշտպանութեամբ մարդիկ յաւակնելու չէին հնութեան մէջ թաղուած զգայնութիւնները կեանքի կանչելու, առանց ամենածանր incubationի: Մի մոռնաք որ պատմական վերարտադրումի պարկեշտութիւնը տակաւին նախապայման մըն էր միայն։ Անկէ անդին կային կեանքի, դրամի, գործողութեան կառոյցին, նորին, մեր օրերու գգայնութեան մէջ այդ իրողութեան փոխակերպեալ պատկերը գտնելու այլապէս բարդ, այլապէս ստիպողական պարտքերը։ Քերթուածը ինծի տալու էր կայսերական Հռովմի ոչ թէ Թէրզեանին ըրածին պէս բառերով, այլ ինքիրմով սպառազէն, ինքիրմով ահաւոր կերպարանքը գոնէ, վասնզի ստեղծագործականին մէջ նուաղում մը այդ գինով կարելիութիւն կար դիմաւորելու։ Թովմաս Թէրզեան իր մարդոց բերնին ոտանաւորներ միայն դրած է որոնք կրնան Ալիշանն ու Չօպանեանը հաճ պահել բայց աւելին ուզող մը նեղել: Այս է պատճառը, որ տրտմութեամբ ընդհատուի ընթերցումը Ապստամբ քերթուածին, որուն շքեղ տողերը լեզուական չես գիտեր թէ ո՛ր կեանքը ունին նուաճելու պարզուկ պաշտօնը: ԺԹ. դարու ամենէն փորձիչ այդ սեռէն (poème) այս շքեղ կորանքը (որուն մէջ իրարու մօտաւոր չափերով հաւասար կը մնան Ալիշանն ու Նար-Պէյը, Սէթեանն ու Աճէմեանը) չեմ տանիր ընդարձակ ախտանշաններու տօնաւեր ախորժանքին։ Ունէի՞ն մերինները այդ գերազանցապէս բանաստեղծական սեռին շահուելիք յաջողուածքներ։ Կ՚ենթադրեմ թէ այո՛։ Աւելի ուշ, երբ Վարուժան ձեռք զարկաւ անոր, մօտեցաւ նախորդներէն շատ աւելի չափով մը այդ յաջողուած էին։ Եթէ անոր ալ վիճակուեցաւ չհասնիլ բացարձակ յաղթանակին ( Հարճը, Արմենուհին իրենց գրական ըլլալու մեղքը չեն կրցած քաւել ուրիշ առաւելութիւններով), ատիկա կու գայ թերեւս արեւմտահայ բանաստեղծութեան ընդհանուր բարեխառնութենէն։ Մինչեւ մեծ պատերազմ (առաջինը), մեր մէջ, քերթուածը քիչ անգամ լրջութիւն է ու տագնապ, շատ աւելի քիչ անգամ՝ ստեղծման տառապանք:

Ի՞նչ կաղապարներ գտան պատրաստ Կրտսեր Ռոմանթիքները, իրենց աշխարհները անոնց ներսը թափելու համար։ Միտք չունիմ տաղաչափական վիճելի տեսութիւններ արծարծելու։ Չորսն ալ Կրտսերներէն գործածած են հայկական չափը ու աշխարհաբարին յատուկ կաղապարներ։ Երկար վերծանումներ հետզհետէ ընտանի կ՚ընեն ընթերցողը ա յդ արարողութեան հետ։ Չեմ ըսեր թէ յանգին ու վանկին տիրական մտահոգութեանը տակ գրուեցան անոնց դիւանները, բայց վստահաբար կ՚ըսեմ որ չորսն ալ իրենց լաւագոյնը ըրած ըլլալու հաւատքը ունէին ամէն անգամ որ կոկիկ, կանոնաւոր, օրինական տողերը կը յաջողէին յաջորդել ուրիշ նմաններով։ Եւ ոչ մէկը անոնցմէ աչքէ հեռու համարձակած է պահել չափին ու ձայնին օրէնքներուն կշիռը: Աւելի՜։ Երեքը գրաբարին մէջ կը դաւանին ուրիշ ալ թովչութիւններ։ Աճէմեանին աշխարհիկ մուսան անշուշտ ծիծաղելի չըրաւ զինքը։ Բայց վարանք ստեղծեց միտքերու մէջ, քանի որ սանկ լիք, հարուստ, գրաբարին ներքին դաշնակութիւններով թրթռուն որեւէ քերթուած չպտտցուց, հեշտագին, պանդոյրներու վայելումին։ Խորքին ընդհանուր, հասարակաց աղքատութեան վրայ ձեւին սա ծաղկենկար (fleuri) զարդարանքները, գրական զգայարանքը, աւելի յաւակնոտ տարազով մը` արուեստի զգայարանքը կը փոխանորդէին։ Այս պատրանքով ահաւասիկ ծնունդ առաւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան կարելի, պաշտօնական կաղապարը որուն տիրական թէքնիսիէն ը` Թովմաս Թէրզեան անունով երջանիկ վարժապետը մնաց երկար տարիներ, չըսելու համար լման երկու քառորդ դար։

Վենետիկէն, Եւրոպայէն դուրս կա՞յ, ուրիշ ազդակ որ դեր մը ըլլար ունեցած այդ մարդոց ոտանաւորին (թէ՝ խորք, թէ ձեւ) կաղապարման մէջ։ Այսինքն` ո՞ր արտաքին ցանկութիւններ գոհացնելու կանչուած էին այդ մարդերը, իրենց տաղարանները երբ կը մատուցանէին հանրութեան: Գիտէք դուք բախտը Ժպիտք եւ Արտասուք ին։ Ունէի՞նք դասակարգը որ գրական սերունդները ոչ միայն կը ծնի այլ մանաւանդ կ՚ապրեցնէ։ Ի վերջոյ մեր իրապաշտ փաղանգը իր ետին կը զգար գրեթէ ժողովուրդ մը։ Հայրենիք օրաթերթը ուժ մըն էր։ Մեր Արուեստագէտ Սերունդը կը վայելէր պաշտպանութիւնը մեր կարելի, կարդացող հասարակութեան։ Նման հաւաստում մը դժուար է առաջարկել Կրտսեր Ռոմանթիքներուն համար։ Անոնք հասարակութիւն մը չունէին, գէթ այն իմաստով որով կար այդ հասարակութիւնը Պէշիկթաշլեանին, Ծերենցին, նոյնիսկ Տիւսաբին ետին: Ալ չեմ խօսիր Եղիայէն, Չերազէն որոնք փառքեր էին։ Կրտսեր Ռոմանթիքները իրենց մեծ ու պզտիկ ցաւերը, հաճոյքները, յոյզերը, «ժպիտն ու արտասուքը» երգեցին, իրենց Սոֆիները, Հէփտիւրէները, կուսանները քնարական պայծառութեանց մէջ անրջացուցին, փոյթը չառնելով իրենց ետին պակսող իրաւ մարդոց ջերմութեան, խռովքներուն, կիրքին, որոնց մով միայն անհատներու մէջ տնօրինաբար դրուած զգայարանքը կը բեղմնաւորուի, կ՚ըլլայ ազգային իրականութիւն։ Գաղտնիք չէ որ շրջանն ալ անատակ է մնացած այդ անձնաւորութիւնները արժեւորելու։ Թէրզեանը կրցաւ մոռնալ իր ժողովուրդը։ Եւ կամ մեր ժողովուրդը հազիւ յիշեց թէ Թովմաս Թէրզեան անունով տարտամ փառք մը ունէր գոյութիւն, որ կը գրէր սանկ տարօրինակ լեզուով մը ոտանաւորներ։ Ու ա՛լ չմտածեց ասկէ անդին: Այդ ժողովուրդը գիտէր որ Սէթեան անունով ուրիշ վարժապետ մը ունէր գոյութիւն, աւելի պարզ ու համեստ, որ կը գրէր զբօսանքի պէս իր յուզման ժամերը ու կը խօսէր տարտամ, նուրբ, հեռաւոր ինչպէս հեռալուր բաներէ։ Աճէմեանին ժողովրդականութիւնը պատուհան իսկ պիտի կազմէր իրեն, զինքը արգիլելով արուեստին, իրաւ ին՝ խղճահարութենէն, տագնապանքէն։ Քերթողութիւնը խակ օրերու կամ տարիքի զբաղում մըն էր ողիմպիական Պէրպէրեանին համար որ շատ լուրջ պաշտօններ կը դաւանէր իր լայն, պայծառ ճակտին ետին տրոփող մեծ իմացականութեան համար։ Այս ցուցմունքները կ՚ուզեն հասկցնել թէ շրջանն ալ չէ պաշտպանած Կրտսեր Ռոմանթիքներու մօտ իրաւ արուեստին զգայարանքը:

Կարիք կա՞յ, այդ անուններուն հետ դնելու ինքնատպութեան հարցը, որ միայն իրաւ արուեստագէտին մօտ փորձանք դառնալէ հազիւ կ՚ազատի: Մէջտեղն է Եղիային փաստը: Նուազ ինքնատիպ, այսինքն ատիկա ըլլալու համար աւելի զգուշաւոր, խնամածու, հետեւողական (գործ ածելու համար գէշ բայց իրաւ բառ մը) Եղիան մեր գրականութեան կտակած ըլլար թերեւս ճշմարիտ վաստակ մը մեծ գրագէտէ մը։ Այսօր զուրկ ենք այդ ախտէն վասնզի միայն ցաւագար, մենագար ուղեղի մը թափառկոտ ճիգերը չեն որ Եղիան զառածեցին ուղիղ արուեստէն, այլ ինքնատիպ արուեստագէտի մթին վարկ մը այս հիւանդը թէ հալածեց թէ շոյեց: Արդիւնքը մէջտեղն է։ Առէք Ներաշխարհ ը կարդալու: Վերցուցէք այդ կառոյցին մէջէն ինչ որ ինքնատպութեան մթին, չըսելու համար շիլ մարմաջ մը նետած է հոն, դուք պիտի ունենային իրաւ մատեան մը որ պատկանէր ժողովուրդի մը, շրջանէ մը ըլլար պարկեշտ կամ յանդուգն վկայութիւն մը ու ցեղային հարստութեան վրայ դառնար յաւելում: Արտայայտութեան ինքնատպութիւն մը գրեթէ կործանած է այս գեղեցիկ կարելիութիւնը։ Տուէք Մկրտիչ Աճէմեանին Մեծարենցի մը արտայայտութեան բարիքը, դուք կ՚ունենայիք սակայն հասարակ տաղաչափի մը փոխարէն իրաւ արուեստագէտ մը որ հասարակաց խմորէն իր ժամանակին կեանքը, ինչպէս կը տրուի մեզի զգալ Աճէմեանի թուլիկ, նոնոշիկ, սանկ ու նանկ տողերուն թափանցիկ աստառին ընդմէջէն պիտի ձեւ էր ճշմարիտ, մնայուն քանդակներ։ Ի՞նչ սրտառուչ իրականութիւն է Յետ յիսուն ձմրանը ։ Դրէք այդ հոգեխառնութիւնը ինքնատիպ քերթողի մը թէքնիքին ներսը, դուք կ՚ունենայիք անմահ էջերէն մէկը արեւմտահայ գրականութեան։ Առնուազն երկու բիւր մարդեր անցած են այն ապրումներէն որոնց գումարը դուք կը գտնէք Աճէմեանի մէկ ուրիշ քերթուածին մէջ, Խեղճ Մըկօ: Այսքան հարազատ այս խորքէն դժբախտ, անինքնատիպ աշխատաւորը ոտանաւորին հանած է հասարակ տեղիք մը, դժբախտ որքան տափակ: Հեղինա՞կը այս աղէտին։— Միշտ ու միշտ՝ տաղաչափութիւն: Այսինքն այս անգամ ոչ անբանաստեղծութիւնը, այլ գրական նանրամտութիւն մը, սնոտիքին վրայ խոշոր պատրանք մը։ Աճէմեանին համար քերթուած մը երբեք հոգեկան պահանջ [1] մը չէ, այդ թերթին մէջ հատորիկի մը ձեւով տարօրինակ ապրում մը, տեսակ մը վայելք չեմ ըսեր գովեստէ (շատ խուլ ապրող մը գերին կրնայ չըլլալ այդ սոսինձին։ Ու մենք գիտենք թէ որքան զգոյշ եղաւ անիկա իր օրերու հանդիսաւորութեանց մասնակցելու, շարժումներուն մէջ: երեւալու արարքները գրեթէ արհամարհելով) այլ պարզուկ, ողջամիտ հաճոյքէ մը զոր ծանօթ մը, երբեմն աւելի մտերիմ մը, քիչ անգամ հրապարակային բերան մը (խմբագիր, գրող եւ այլն) պիտի պատճառեն իր միայնութեան, ամայքին ներսը: Ի՞նչ կարիք` այս վայելքը դնել վտանգի ու գրել ինքը իրեն համար։

Ինքնատպութեան տագնապ մը խոտելի փառասիրութիւն պիտի նշանակէր Թէրզեանն, Uէթեանն, մանաւանդ Պէրպէրեանին համար: Այս երեքէն Թէրզեանը գրեթէ պսակաւոր պաշտօնեայ մըն է հարուստներու ապարանքներուն ներսը եւ Թուրք վարժարաններու, մեծահարուստ հայ եւ թուրք պալատներու մէջ իր ստեղծագործ ուժին վատնումը մարդ պիտի ընէր միայն ու միայն Թէրզեանին գինով։ Չեմ ըսել թէ հարուստներուն, մեծաւորներուն համար գրեց իր քերթուածները։ Բայց կը հաւաստեմ որ անոնց հաճելի եթէ ոչ սիրելի ըլլալու մտահոգութիւն մը դեր մը ունեցաւ իր քերթողականին հետզհետէ ստացած կերպարանքին մէջ։ Խօսեցայ իր ողբանուագներէն որոնք երկարելու, էջեր լեցնելու պարտք մը կը վճարէին, իրենց հասցէներուն: Բայց չխօսեցայ իր գրաբարախառն ընդարձակ կառոյցներէն, անայժմէ թարգմանութիւններէն [2] որոնք դժուար է հաշտեցնել Պոլսոյ պահանջներուն: Աճէմեան, Նար-Պէյ, Հէքիմեան, Թէրզեան իրենց գրաբար թարգմանութիւններով ի՛նչ կ՚ապացուցանեն ուրիշ եթէ ոչ Վենետիկեան փառքը։ Ու, ինչպէս որ այդ Վենետիկի աբբաներուն համար բանաստեղծութիւնը դարձեալ հոմանիշ է հասարակութեան, առնուազն անինքնատպութեան, նմանապէս այդ ոգին լայնօրէն հաղորդ Կրտսեր Ռոմանթիքներուն համար հասարակաց զգայնութեան մօտիկ մնալը ոչ միայն պարկեշտութիւն է այլեւ թերեւս պարտականութիւն։ Ու հիմա կ՚անցնիմ ամենէն ծանր տագնապին։ Աճէմեանը բացառելով, որ չէ այցուած երբեք արուեստի տագնապանքէն, միւսները խորունկ փառասիրութիւններու սպասարկու երիտասարդներ են։ Դիւրին է այդ անունները զետեղել շուքին, մշուշին մէջը իրենց հիացումներուն (ֆրանսացի ռոմանթիքների ու հետեւցնել անոնց հետեւակութիւնը: Այդ Լամառթինը ծծած էր Պ. Դուրեանն ալ։ Միւս կողմէն՝ աւելի քան ստոյգ է որ Սկիւտարի անմոռանալի տղան նախնական կրթութեան մը բարիքը միայն ունէր իր ուղեղին մատուցած։ Իր ամենէն ընկալուչ տարիները այս տղուն յայտարարեց պողոտայ զինքը զգետնող հիւանդութեան որպէսզի ցաւին ճիրաններուն մէջէն գտներ ժամանակ, աւելի ետքը, արուեստի տագնապները ճանչնալու: Բայց, միւս կողմէ, փաստերը կան Հովուական Սրինգ ին, Խոհք եւ  Յուշք, որոնք առնուազն պարկեշտ, որոշ ինքնութեամբ դիւաններ են։ Ինքնատի՞պ։ Գրեթէ։ Ի՞նչն է պատճառը որ բախտը ըլլայ զլացուած Թէրզեանի, Աճէմեանին, Սէթեանին ու դարձեալ այդ Պէրպէրեանին որ Խոհք եւ   Յուշք էն առաջ, Առաջին տերեւք էն տարիներ վերջը կոկիկ տաղաչափ մըն է, Արայ ստորագրութեամբ ոտանաւորներուն, թարգմանութիւններուն մէջը անկանգնելի կերպով տափակ։ Ստիպուած եմ համադրել իմ դատախազութիւնը։ Կրտսեր Ռոմանթիքները իրենց ժամանակինը ըլլալու գերագոյն ցանկութիւնը միայն ունեցան: Իրենց արուեստի զգայարանքը չանցաւ աւելի անդին քան ինչ որ կ՚ուզէր եւ ուզեց իրենցմէ այդ ժամանակը։ Ու հոս է որ կը զատէին այս մարդիկը, արեւմտահայ գրականութեան աշխատաւորներուն ընդհանուր հանդէսին մէջ։ Թշնամի հակառակորդ կամ բարեկամ ու իրարու պաշտպան մեր գրողները ինքնաբերաբար իրարու քով կամ իրարու դէմ դիրք են բռնած։ Կրտսեր Ռոմանթիքներուն դժբախտութիւնը կազմեց իրենց առանձնութիւնը, հարկադրեալ ինքնաբաւութիւնը ու հետեւանք անծակ միամտութիւնը, սնամտութիւնը։ Ներքին յաւակնութի՞ւն։ Գուցէ, որպէսզի այս առանձնացումը կերպով մը ըլլար հասկնալի։ Բայց արդիւնքը մէջտեղն է։ Ինչ որ գտան, Աւետարանի առակին մէջ պատահած էին նման (ածուներու առակը) ան միայն տուին: Ահա թէ ինչու արեւմտահայ գրականութիւնը այս մարդերէն ոչ մէկ իրաւ, տիրական գեղեցկութիւն է ժառանգած։ Վերցուցէք Թէրզեանին ընդարձակ դիւանը, թերեւս բարիք մը ըրած պիտի ըլլայիք նախ հեղինակին, երկրորդաբար` արեւմտահայ գրականութեան, Արեւելահայերը նուազ փաստեր պիտի ունենային մեր հոսհոսութիւնը ծաղրելու, դատապարտելու: Ու ասիկա ճիշդ է եղերապէս միւս երեքին ալ քերթողական գործին համար:

Դառնագին բան է խառնուածք եւ թերեւս տաղանդ ալ ունեցող երիտասարդներու երկար ասպարէզներուն հետեւիլ, գուրգուրագին ու ակնկալութիւններով տրոփուն հոգեվիճակով մը, իրենցմէ գալիք գեղեցկութեանց հաշւոյն մտածելով, ու ստիպուիլ այդ յոյսերուն թառամած պսակները ողբալ: Այս է սակայն վիճակը գրականութեան պատմիչին, երբ հազարաւոր քերթուածներ կարդալէ վերջը չունի մխիթարանքը գոնէ տասնեակ մը, նոյնիսկ կէս տասնեակ մը մնայուն արժէք մատնանշելու ցեղային հարստութեան: Իմ ինչուն պէտք որ այդ Աճէմեանին քերթուածները շատերու զմայլանքը արժեցին, Թէրզեանը պսակաւոր քերթողի մը պատմուճանովը իջաւ « ստուերներու արքայութիւնը »: Եւ կամ մարդիկ գողտրիկ հաւանութեամբ մը սիրեցին Սէթեանին տաղերը իրարու յանձնարարել իբր գործերը մարդու մը որ պարզ էր ու բարի, անյաւակնոտ էր ու աշխատող, որ լուռ ու մունջ քաշեց կիսադարեան լուծը հայ վարժապետին ու տառապեցաւ դասակարգին բոլոր վսեմ տառապանքները։ Այսօր իր այդ տաղերը ոչինչ կ՚ըսեն մեզի։ Ահա գումարը, հաշուեկշիռը, եթէ կ՚ուզէք այդ առանձնացեալ, « միանձնացեալ » քնարակիրներուն, պուէտներուն մեզի ձգած վաստակին։

117

Չունիմ կարիք որքան սիրտ, սա բացարձակ կորանքը բացատրել ջանալու: Ատիկա պիտի նշանակէր արեւմտահայ գրականութեան համար յօրինել հսկայական խարոյկ: Գալիք սերունդը, աւելի քիչ զգացական պարտքերով բեռնաւոր, ինքնաբերաբար պիտի գործադրէ այդ ստիպողական վանդալութիւնը։ Արուեստի զգայարանքը անգիտանալը երբեք անպատիժ չի ներուիր մարդոց։

Այս մարդերը իրենց ժամանակի՞ն մէջ։

Դարձեալ ողբերգութիւն: Դուք բաւական բան գիտէք անոնց ապրումներէն։ Բայց չէք կրնար ճիշդ տեսնել անոնց ներքին, խորագոյն իրականութիւնը։ Երբ աւելի քան ծանօթ են մեզի մինչեւ 1900 արեւմտահայ գրականութեան մեծ անկիւնադարձերը, մեր իրաւունքին մէջն ենք այդ մարդերը տեղաւորելու շրջանին իրական գատրա ներուն մէջը։ Որո՞ւ հետ է այդ Թէրզեանը 1870ին: Իր խուժ ոտանաւորը հերքումն իսկ է իրաւ բանաստեղծ Պէշիկթաշլեանին աւանդութեան: Իր սին խորքը տիրական հեգնումն է իրաւագոյն բանաստեղծ Պ. Դուրեանին անմահ կենդանութեան, արիւնին, կսկիծին։ 1890ին մեր ոտանաւորը կը լրջանայ, առնուազն կը ձգտի մերկանալ Վենետիկեան oripeaսները եւ հալումաշ, չըսելու համար ծթռած ռոմանթիզմին կարկատանները։ Բայց ինչպէ՞ս դատել քերթող մը որ 1900էն վերջ դեռ չի վարանիր Զարեհ եւ Նարդիկ կամ՝ Ճգնաւորն եղջերուաքաղը ստորագրել: Այս փաստերուն աւելցուցէք պալատական, մակագրական, մաղթական, մանկական, զաւեշտական կտորներու դիմաց իր Ալիշանեան լրջութիւնը ու ըսէք թէ ո՞ր սերունդին կը պատկանի այս ոսկեգիր անունը։ Ու փորձը, նոյն արդիւնքներով, միւսներուն համար ալ։

Իրաւ է որ Եղիան ալ մենաւոր մըն է: Բայց անոր արձակները, գէթ անոնց մէջ որոշ քանակ մը, բխած են այս ժողովուրդէն։ Իրաւ է որ Չերազ ալ անձնապաշտ, մենամոլ հովկուլ մըն է գրականութեան դաշտերուն երեսին, բայց խելքն է ունեցած իր երիտասարդութեան շուքերը, փէշերը հաւաքելով հեռանալու, ուրիշ դաշտերու մէջ աշխատելու հաստատ առաջադրութեամբ: Բացի Պէրպէրեանէն որ իբր ուսուցիչ ունեցած է որոշ դեր, բայց մանաւանդ իբր արձակագիր իր ժամանակը դատած է, չըսելու համար ըստ արժանւոյն ապրած, միւսները որեւէ ատեն, որեւէ տեղ կարելի տաղաչափներ են, ինչպէս արդէն տուած ալ են փաստը այդ հրաշքին։ 1858ին Բազմավեպ ի բոցաճաճանչ Թէրզեանը, ըսի անգամ մը, հեղինակն է, ճիշդ յիսուն տարի վերջ, Տաղ վերակենդանութեան վերտառուած քերթուածին, հաւասար այլուրութեամբ մը իր ըրած էին անհեթեթութենէն: Ու այս փաստը դարձեալ իրական է Սեթեանին որ 1920ին ալ կը գրէր… արձակ ողբեր։ Ինչպէս իրական է դարձեալ Աճէմեանին։

Այս կնիքէ զուրկ, իրենց անձնականութեան խորխին ներսը ամրակուղպ արուեստին համար բութ, չըսելու համար անգոյ զգայարանքով մարդերու գործը արեւմտահայ գրականութեան մեղքերը ուռեցնելէ զատ ուրիշ դեր մը պիտի ունենա՞յ: Գրականութեանց պատմութիւնները մեզի կու տան բազմաթիւ օրինակներ այս կարգի դժբախտութիւններէ։ Բոլոր շքեղ համբաւները, գէշ ճաշակին թեւերովը տարածուած, երկու սերունդ վերջը կը գտնեն առնուազն արդար հասարակշռութիւն մը: Մարդիկ սանկ երեք քառորդ դար Վ. Հիւկոյի անունը արտասանեցին աստուածներու վայլող երկիւղածութեամբ մը։ Այդ կուռքը տապալող հոգեբանութեան մէջ այդ պաշտամունքին դէմ բնական հակազդեցութիւնը աճեցուն չափով մը արժեւորել պիտի նշանակէր քիչ բան հասկցած ըլլալ մարդկային հոգիէն: Հիւկոն տապալեցաւ որովհետեւ բառի, բանի, պատկերի գործաւոր մըն էր, խաղարկու մը, գրեթէ յանգահարուստ խաբեբայ մը։ Իր տուրքերը տուրքերն էին խօսքի կշիռներուն։ Բայց բանաստեղծութիւնը խօսքը ունի իրեն միջոց եւ ոչ թ է նպատակ: Չեն կարդալ այդ շքեղ արհեստաւորը` անոր մէջ կեանքին բաժինը շատ քիչ, չըսելու համար աննշան գտնելուն։ Յիշեցէք մեր Սիամանթոն, առանց որմէ ոտանաւորի մը ար տասանման սանկ քառորդ մը գար մենք չբացինք մեր հանդէս ները սուգէ, յիշատակէ, դպրոցէ ու հանգանակութենէ։ Կրտսեր Ռոմանթիքներէն այս մեծատարած փառքը աւելի քան երեսուն տարի մեր բանաստեղծական հորիզոնին վրայ փայլեցաւ «մեծապայծառ», գործածելու համար կասկածելի Չրաքեանէն ոչ նուազ կասկածելի փաղաքշական մը, այդ դպրոցին գլխաւորին հասցէին:

Հաշուեյարդար մը չէ որ կ՚ընեմ։ Ալիշանին, Մխիթարեան տաղաչափներուն, Դուրեանին ու Պէշիկթաշլեանին համար գրական սա գործողութիւնը ներելի գտնելով հանդերձ, անոնց գրեթէ ժամանակակից, անոնց ոգիին ու ձգտումներուն շարունակող ները ըլլալ սիրող Կրտսեր Ռոմանթիքներուն համար ստիպուած եմ ընդհանուր չափերով բաւարարուիլ, վասնզի 1950ին չեմ կարծեր որ 1940ի բանաստեղծական մեր խաւարումը պիտի ինքզինքը ազատագրած ըլլայ դարձեալ գէ շ ճաշակի մը պատուհասէն ։ Այսօր չեմ զարմանար որ Ամերիկայի մէջ Կաշտի քաջեր (Կ. Սիտալ) անունով ծիծաղելի եղջերուաքաղ մը ողջունուի իբր հսկայ, շքեղ դիւցազներգութիւն մը, ինչպէս չզարմացայ երբ Աբուլալա Մահարի անունով ուրիշ բառակառոյց կեղծաւորութիւն մը դասուեցաւ արուեստի մարզին մէջ բացա ռ իկ մեծութիւն, գեղեցկութիւն։ Եւ որովհետեւ Համապատկեր ը չի գրուի ր աս ու ան մարդերը գա հ առաջնորդելու կամ գահընկէց ընելու տրտում փառասիրութիւններու սպասարկու ոգիով, անոր հեղինակը կը սիրէ ծանրանալ այդ կարգէ իրողութեանց դերին, տարածութեան ու ասոնց արդիւնք մոլորանքին, կորանքին վրայ ։ Պէտք պիտի ըլլար որ Մեծարենց մը, Վարուժան մը, Թէքէեան մը մեր պատրուած աչքերէն վերցնէին խառը գովես տ ով հիւսուած սուտափուտին ու մենք տեսնէ ինք հարազատ բանաստեղծութիւնը, ու չպարծենայինք Թէրզեանի, Սէթեանի, Պէրպէրեանի, Աճէմեանի ոտանաւորներովը, ինչպէս ըրինք, այնքան լրջութեամբ, ստեղծելով 1900ի տաղաչափներուն այլապէս դժբախտ դպրոց, որոնցմէ ահա արտօնուած կը զգամ, ինքզինքս հոս, այս առիթով, անունները Գ. Խաժակը, Մ. Ուղուրլեանը, Ա. Նաւարեանը, Մ. Պարսամեանը, Ե. Գոլանճեանը, Լ. Էսաճանեանը, Ժ. Սայապալեանը, Լ. Լարենցը, յիշելու համար քանի մը շատ շփացուած փառքերը այդ դպրոցին: Արտաշէս Յարութիւնեան՝ ուրիշ ողբերգութիւն։ Ասոնք կարելի եղան որովհետեւ գրելու սկսող այդ տղաքը կ՚ապրէին ծիրանեծին փառքին մէջը Կրտսեր Ռոմանթիքներուն ու ասոնցմէ սերած ոչ նուազ անբանաստեղծ բայց ավելի մեզ ամօտ տաղաչափներու (Սիպիլ)։

Ինչ տրտմութիւն որ իրերը ըլլան դասաւորուած սա պայմաններով, այսօր հիմնովին մոռցուած Թովմաս Գոռնէ յ լ մը (եղբայրը մեծ Գոռն է յլին) իր օրերուն ըլլայ աստուածը ֆրանսական թատրոնին ու իր փառքին տակ խեղճութիւններու վերած է իր եղբօրը իրաւ հանճարը եւ անցնի իբրեւ անհաւասարելի թատերագիր։ Չէ՞ք յի շ եր, այս պզտիկ օրինակին ե տ եւէն, մեծ Թէրզեանը որմէ ակնածանքով պատկառ կեցան մեր գրականութեան տաղանդաւոր ու անտաղանդ բոլոր աշխատաւորները։ Քննադատը անկարող արարած մըն է այս կարգի հրաշապատում իրողութիւններ բացատրելի ընելու դերին մէջ իսկ։ Այս է պատճառը որ այդ հսկայ սրբագրութիւններուն նախաձեռնութիւնը ձգուի ժամանակին ։ Կրտսեր Ռոմանթիքներէն գրեթէ չունիմ անուն մը հոս յիշելու որմէ քերթուած մը կարդացուի, ինչպէս ինքզինքը կը կարդացնէ Դուրեանը, լաւ երակէ Պէշիկթաշլեանը: Չեմ ըսեր որ Տրտունջք ը անթերի գլուխ-գործոց մըն է։ Հեռի ինձմէ նման միամտութիւն մը։ Բայց կ՚ըսեմ որ իր բոլոր վրիպանքներուն հակառակ, ասոնցմէ վեր՝ այդ քերթուածը բանաստեղծութիւն է, այսինքն իրաւ ձայն մը իրաւ խղճմտանք է մը, ջղային կիզանուտ դրութենէ մը ։ Ու կը յայտարարեմ որ գրական, տաղաչափական, լեզուական բոլոր շնորհներուն դափնեպսակները եթէ լիաբուռն բաշխենք Կրտսեր Ռոմանթիքներու դիւաններուն, դարձեալ այդ քերթուածներէն եւ ոչ մէկը պիտի նուաճէ արուեստէ հասկցող, արուեստին բացուած միտք մը, սիրտ մը ։ Ասիկա վճռական է: Եւ սակայն այս մարդիկները հազիւ թէ կը զատուին մեր օրերու զգայնութենէն. այնքան քիչ է տեւողութեան խաւը ընդմէջ Մեծարենցին եւ Թէրզեանին, քանի որ Թէրզեան հող իջաւ Մեծարենցէն տարի մը վերջը նոյնիսկ, գրելէ ետքը Տաղ վերակենդանութեան ը, 1908ի Յուլիսեան դէպքերուն ազդեցութեանը տակ:

Երկրորդ մեծ մեղադրանքս այդ դպրոցին դէմ իր չարափառ հ երձուածողութիւնն է արեւմտահայ գրականութեան գործիքին, լեզուին վրայ իրենց կամայական, չըսելու համար տղայական խաչակրութեամբ։ Ով որ կը կարդայ 1870ի աշխարհաբարը Դուրեանին գրիչին տակ, յստակ զգայութիւնը կ՚առնէ թէ կը գտնուի լեզուի մը դիմաց որ կը բաւէ խորագոյն ապրումներն իսկ առարկայելու ամենէն մեծ բանաստեղծական զգայնութեան։ Կը նշանակէ թէ գտնուած է գրականութեան մը գործիքը: Այդ ո՞ր ճիւաղային փառասիրութիւնը կը միջամտէ որ այդ թուականէն ասդին Կրտսեր Ռոմանթիքներու քերթուածները գրուին լեզուով մը որ ոչ գրուած է որեւէ ատեն եւ ոչ ալ խօսուած՝ որեւէ բերանէ, միշտ որեւէ ատեն: Այսօր կատակի կ՚առնենք ուղղախօսութիւնը, ընտրողական աշխարհաբարը, Գուրգենեան աշխարհաբարը, մոռնալով թէ ինչ գիրքերու արտայայտութիւններ էին անոնք իրենց ժամանակին: Կրտսեր Ռոմանթիքները (Աճէմեան աշխարհաբարը ուրիշ տկարութիւն, քանի որ երրորդական գրիչի մը ներքեւ լեզուն միշտ ենթակայ է աղաւաղուելու, առնուազն չաճելու, ճռչելու վտանգին: Դուրեանի տողին եւ Աճէմեանի տողին մէջ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը միայն տաղանդներով բ ացատրելի իրողութիւն մը չէ, այլեւ հարազատ գրագէտին եւ անբաւ գրագէտին ձեռքերուն մէջ դրուած գործիքէն մեր գտնելիք ուրիշութիւնը: Աճէմեանին հետ մեր լեզուն չէ ըրած ոչ մէկ նուաճում: Բայց իրմէն շատ քիչ աւելի տաղանդ ունեցող, դարձեալ անբանաստեղծ Սիպիլը այդ լեզուին ձեւին մէջ դրած է բարերար ազդեցութիւն մը ողջամիտ ճաշակին: Ա շ խարհա բ ար գրաբար պայքարը դիւրին է այսօր սնոտիք անուանել. ինչ որ անոր տակ թաքնուած գրական խորունկ իրողութիւնը անտեսել կը նշանակէ) ոչ միայն մեր մէջ վնասակար դարձան բանաստեղծական յղացքը ԱՆԱՃՈՒՆ հ ետեւաբար մեռած պահելու, այլ մեր աշխարհաբարին ինքնացման, հասուննալուն մէջ ձգեցին իրենց չարաշուք ազդեցութիւնը: Իրենք ոչ միայն գրեցին լեզ ու ին համար (իրենց դիւանները ուրիշ քիչ բան կ՚ապացուցանեն), այլ լեզուական ճարտարանքը գիտակցօրէն շփոթեցին խառնուածքին անմահ հ եղումին հետ, ինչպէս տեսեր էին իրենց վանական վարպետներուն գործին մէջ երբ գրաբար քերականութեան նրբանուրբ ու իրարմէ խրթնախրան օրէնքներու կիրարկումը բա ւ սեպեցին իրենց կառոյցները արդարացնելու:

Ինծի կուգայ թէ անիրաւութիւն ինչպէս անգթութիւն պիտի ըլլար Կրտսեր Ռոմանթիքներու ետին գրական սերունդ մը ընդունիլ, այս իրողութեան կապուած յղացքներուն հետեւանքները փնտռելու պարտքով մը անոնց դիւաններուն մէջ։ Արդէն Պէրպէրեանը իբրեւ միտք չի պատկանիր խմբակին, քանի որ անիկա կուգայ Եղիայէն, Չերազէն։ Աճէմեանը օտարական մըն է գրական հանրապետութեան մը մէջ ու անմասն է հաւաքական ապրումներու յոյզերուն, ինքզինքը, իր պզտիկ հաճոյքները, զինքը սիրողներուն նոյն քան պզտիկ, ճիղճ ախորժակները հաճ ընելուն մէջ դնելով տաղաչափեալ փառասիրութիւն մը։ Իր մէջ արուեստին մարդը հիմնովին կը պակսի, ըսել կ՚ուզեմ՝ կիրքի, կրակի, սլացքի ճակատագրական նուիրեալ, որ իր յոյզերը կը փոխադրէ իր շրջապատին, զանոնք իրը ընելով, առնելէ վերջ հում, նախնական կերպարանքներու տակ։ Թէրզեանին մէջ ի՛նչ գտնել որով ներելի ըլլար յատկան շ ել սերունդ մը։ Այո, իր բոլոր ձախաւեր, անճարակ, արուեստին հիմնովին անհաղորդ գործին քանակով ու որակովը Մկրտիչ Խրիմեան Վանեցին, պատրիարք եւ կաթողիկոս ըլլալէն առաջ Զարթօնքի Սերունդին եռանդն ու հաւատաւոր աշխատանքի կիրքը կը բաժնէ հաւասար ուժգնութեամբ ու կը պատկանի այդ սերունդին որուն բոլոր ցանկութիւնները հաշտ են արդէն Վանեցի գործիչին ա խորժակներուն հետ: Նոյնն է պարագան Սրուանձտեանցին: Նոյն՝ պարագաները Զօրայեաններու, Ռուսինեաններու, Օտեաններու, Իւթիւճեաններու: Ո՞ր սերունդին կը պատկանի սակայն Թէրզեան ըսուած թատրերգակ վարժապետը։ Այս հարցումին պատասխանը մենք կը փորձենք գտնել ա) կեանքէն, բ ) գործ է ն: Երկուքն ալ անցան բաւարար վերլուծումէ որպէսզի պատրանք մը ըլլայ ներելի, այս մասին։

Քերթուած գրելը, թէկուզ նրբանուրբ գրաբարով, կամ ոսկեճամուկ ռոմանթիզմով, սերունդի մը յատկանիշ չապահովել անշուշտ։ Այդ մուսա յ իկ, մ ուսայապա շ տ զբաղանքէն դուրս այդ մարդերը ոչ ինչ ունին իրերա հ աշտ։ Անոնց երեքին ուսուցչութիւնը դարձեալ շ ատ հեռուէն, չըսելու համար շատ խո տ որ կը համեմատի գրականութեան կրքոտ կրթանքին հետ ։ Թովմաս Թէրզեան ոչ ոքի մուխդ դեպի քեզ չէ ըսած։ Աճէմեան հուր ու ջուր ապրած է մեր քաղքենիին ու ազնուական հարուստներուն լըվանթ է ն խաւերուն հետ ։ Պէրպէրեան ունի իրեն կռնակ պատրիարքարանը, այսինքն այդ թուականներու իմացական կեդրոնը: Իր վարկին տկարացումը (Իրապաշտներու օրով) չէ տեւած ու Իրապաշտներուն հրապարակէն քաշուելէն վերջ, աւելի քան մեծապայծառ, ճաճանչաւէտ շարունակած է ապրիլ այդ փառքը, հասարակաց ներման մէջ կրկնապէս աղուորցած։ Սէթեանը չեն կրնար մոռնալ զինքը ճանչցողները, ոչ անշուշտ իբրեւ բանաստեղծ մը, այլ անմռունջ, միսթիք աշխատանքի իր տիպարային հերոսութեանը փառքին մէջ։ Այս մարդերը սերունդ մը չեղան որպէսզի ինծի տայի հոգը անոնց գործին ընդմէջէն այդ սերունդին յատկանիշերը սեւեռելու:

Ի՛նչ որ կը մնայ իբր բանաստեղծութիւն այս մարդերէն (բացառէք Խոհք եւ Յուշք ը գէթ իբր ցանկութիւն) կը նոյնանայ մէկ կողմէն Վենետիկի գրաբար քերթողութեան, միւս կողմէն Պոլիսին հոսհոսական տաղաչափութեան որուն պսակաւորներ կայացուցիչն էր Ալփասլան։

 

 


 



[1]        Այս հաւաստումը իր բոլոր ծանրութիւնը կը գտնէ երբ կը կարդաք Խունկի բուրումներ ը։ Նոյն հոգեբանութենէն Պէրպէրեան գրեթէ մարդկային գիրք մը հանած է ( Խոհք եւ Յուշք Աճէմեան անշուշտ մարդ էր մեր ամենուն պէս ու երբեք` ջլախտաւոր փառամոլ մը։ Ցաւերուն ամենէն կսկծալին (իր ձեռքով իր կեանքին կէսը հողքը իջեցնելուն անդարման ցաւն էր ատիկա) զինքը այդքան քի՞չ խռովեալ պիտի ընէր որպէսզի գրուէին այդ տափակ ոտանաւորները: Առնուազն տողերուն վրայ թեթեւ խնամք մը աւ էր իրեն, անոնցմէ վտարելու համար կիսադարեան իր վարժութիւններուն սնոտիքը (տող չափելու) ու անոնց տեղ դնելու բառեր ու պատկերներ որոնք իրն էին եղեր, անդառնալի կերպով մը։ Մահը գրական թեմա է երիտասարդին համար։ Անիկա երբ տուներու մէջն է, այն ատեն կը բացուին մեր աչքերը ու կը տեսնենք բաներ որոնց կասկածը չունէինք, կը զգանք բաներ որոնք առնելու անատակ էին եղած մեր զգալու կեդրոնները: Բայց մանաւանդ մահէն անդի՜ն։ Կ՚ակնարկեմ կեանքին որ մեռելինն է չատոնց հող իջած։ Անիկա ամէն առարկայի հետ կը բուսնի կողքիդ, գիրքիդ էջէն կը նայի քեզի. հայելիի մը երեսին կը շինէ իրեն կաղապարը քու դէմքիդ քովիկը։ Սենեակէ սենեակ, կայքէ կայք։ Յիշատակ իսկ չի կրնար ըլլալ։ Ու ողբերգութի՜ւնը քունին որ երբեմն տարիներ կ՚ըլլայ կեանքէն աւելի իրաւ հանդէս մը: Աճէմեան քովէն է անցած այս ամենուն, ինչպէս քովէն էր անցած իր կէս դարին։

[2]        Անակրէոն մը փոխել մեր գրաբարին կը նշանակէ Բագրատունիին ստուերը հաճեցնել։ Ապստամբք ը որ ազատ թարգմանութենէ մը քիչ կը տարբերի, դարձեալ երախտագիտութեան տուրք մըն է Վենետիկեան գրաբարին։ Իր թատերական յարմարցուքներն ալ ուրիշ փառասիրութիւն չեն հետապնդեր։ Չեմ կարծեր որ Թէրզեան ըլլար անծանօթ Անակրէոնի մը անարժէք արժէքին։