Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՆԵԱՆ
(1843-1891)

Դէպի Իրապաշտները խումբը բարերարող ու արեւմտահայ գրականութեան մէջ սեռի մը վրայ տիրական նուաճումներ իրագործող բացառիկ մարդ մըն  է Էտիրնեցի այս պարզուկ տոմարակալը, որուն հողքը կէս դարով ծանրացած ըլլալուն հակառակ, ճշմարիտ մագնիս մըն է մեր արժէքներով մտահոգ ամէն աշխատաւորի։ Օրինակ մը մեծութեան։ Խորհրդանշան մը աշխատանքի։ Արձան մը անսահման թշուառութեան։ Ու առակ մը ուր միտքին ու հոգիին կշիռը ըլլար ինքզինքը յարդարած: Ոչ մուսաներ ունէր, ասոնց դարպասը ոսկեզօծելու, ոչ ալ պատրանքներ, ասոնցմով ինքզինքը շուրջառելու։ Իր հանդէսները աշխատարանները իրեն պէս անկայուն, թշուառ։ Իր գիրքերը, ուրիշները հարստացնելու սահմանուած, բայց իրեն արժող՝ տունին հացը ու զաւկըներուն անբաւարար սնունդը որպէսզի իրենց ծիրումը երկարաձգէ ազգային հիւանդանոցի պատսպարաններուն մէջ։ Հանճա՞ր։ Բացառիկ տաղա՞նդ։ Մեծ գրագէ՞տ: Գործածեցէք որը որ կ՚ուզէք սա պիտակներէն իր անունին հետ։ Սխալ մը պիտի չընէիք։ Ու լայնցուցէք ձեր սիրտը, մանաւանդ միտքը, ինծի հետ խոստովանելու որ միայն Պարոնեան մը տուած ըլլալը բաւ է արեւմտահայ գրականութիւնը ազատագրելու, արձակելու իր մեղադրանքներուն մեծագոյն մթերքէն: Դրէք Նուագքները (Ալիշան) տասներկուերորդ դարուն։ Ըսել կ՚ուզեմ Շնորհալիի ոտանաւորները բերէք տասնըիններորդ դարուն։ Բառեր միայն կ՚ըլլաք տեղափոխած։ Հայ ժողովուրդը կը պակսի երկու գործողութեանց ալ ետին։ Բայց փոխադրեցէք Պարոնեանի գործը, դարձեալ, տասներկուերորդ դարուն։ Ըսել կ՚ուզեմ Մագիստրոսի եւ Սարկաւագի արձաններուն տեղ դրէք իրաւ մարդու մը ապրումները։ Այսօր, նման հրաշքի մը գինով, դուք կ՚ունենայիք մեր ժողովուրդը։ Յ. Պարոնեան, առանց գրագէտ մը ըլլալու, արեւմտահայ գրականութեան բոլոր քանքարաւոր մշակներուն հաւասար չափով մը բարիքն է ըրած մեր ժողովուրդին. բարիքը զայն, այդ ժողովուրդը, գեթ իր հիմնական քանի մը երեսներուն վրայ, վճռապէս սեւեռած ըլլալու։ Հիմա  ձեզ կը հրաւիրեմ որ փորձէք սա մտածումը ձեր ուզած ոեւէ արեւմտահայ գրագէտի վաստակին վրայ: Պիտի զգաք տարազին մեծափառ ճնշումը ձեր գնահատութիւնը հարուածող։ Յուզիչ գեղեցկութիւն ու յուզիչ արժանիք։ Ահա Յ. Պարոնեանը։ 

 

Իր պարզագոյն կերպարանքին տակ այսպէս դրուած սեղան, Պարոնեան, նման իր գիծէ մարդոց շատերուն, նոյն ատեն հեղինակն է մէկէ աւելի հէքեաթներու որոնք հաւանաբար բան մը կ՚արտայայտեն գրողին ինչպէս իր ընթերցողներու մտայնութենէն։ Իր փառքէն անցնող մօտ երեք քառորդ դարը գրական իրողութիւն մը աւելորդ անգամ մըն ալ կը յանձնէ մեր ուշադրութեան, ըստ որուն՝ մենք կը քաւենք մեր համբաւը գրեթէ միշտ, երբեմն տժգունելով, երբեմն հիմնովին ուրացուելով։ Չեմ կարծեր որ յիսուն տարի վերջը սա օրերէն՝ Ալիշանի մը, Մամուրեանի մը, Ծերենցի մը, Պէրպէրեանի մը, Թէրզեանի մը փառքերը վերադառնան իրենց հասցէներուն: Բայց Երուխանի մը համար, Թլկատինցիին համար վերափառք մը մտածելի արդարութիւն մըն է։ Պարոնեան ութսունական թուականներուն մեծատարած գեղեցկութիւն մըն է, արեւմտահայ ողջմտութեան առաքեալը, հայ ժողովուրդին պարզուկ առաքինութեանց գումարը։ Պարոնեան այդ թուականէն քառորդ դար վերջը յիշատակ մըն է, նոր հեգնողներու աւելի արդիական արդիւնքին ընդմէջէն գրեթէ կորսնցուցած իր փայլը։ 1920ին արեւելահայերը անոր արձանը կ՚առաջարկեն որ բարձրացուի Երեւանի ամենէն փայլուն մէկ հրապարակին, ոչ անշուշտ միայն Պոլսեցիները ծիծաղելի ընող մարդու մը յիշատակը կոչ թողնելու նպատակով, այլեւ մասամբ մը նպատակ այն մտայնութեան որուն ետին մենք կը զգանք հանճարային ողբերգութիւնը կարգ մը մարդոց։ Այսպէս է որ իմ մէջ կը թարմանան անհեթեթ վարկածներ։ Ամբողջ արեւմտահայ գրականութիւնը Պարոնեանին միայն վերածող արեւելահայ դատաստանը մէկն է անոնցմէ։ Գաղջ, արգահատագին զիջուած շնորհը 1910ի մարդոց, արեւմտահայերէն, Պարոնեանը արժեւորելու՝ մէկ ուրիշը։ Այս կեցուածքները մէկու մը դէմ որուն գործէն գրեթէ ոչինչ է մեռած այսօր, Համապատկերին հեղինակը կը տպաւորեն սակայն։ Կանխահա՞ս է ուրեմն, համադրական ու վերջնական գնահատում մը Պարոնեանի գործէն։ Նման հարցական մը զիս չի մատներ տագնապի իր խումբէն ոչ մէկուն հետ։ Որքան ալ կործանէք Եղիան, կամ փառաբանէք, այդ մեծ հիւանդին անկարող եք  բարիք կամ չարիք հայթայթելու: Մեջտեղն է գործը: Որքան ալ ձեր հիացումը ոսկեզօծէք, չէք կրնար թարմացնել բանաստեղծ Ալիշանի մը եռամեծար փառքը։ Մէջտեղն են Նուագք տաղարանները։ Անժամանա՞կ, սակայն, Պարոնեանի գործին վերջնական նկատառումը։ Արեւելահայերը, գործնական, արագ, չեն տնտնար սակայն։ Պետհրատը հաւաքած է Էտիրնեցի տոմարակալին ամբողջական գործը, ոչ անշուշտ միայն հրատարակչական մտահոգութիւններով, այլ լռելեայն խոստովանութեամբ մը անոր գործին հանդէպ։ Արեւելահայերը այդ քայլով տուած կ՚ըլլան անդրանիկ վաւերացումը հայ գրականութեան մեծ արժէքներէն մէկուն։ Մի աճապարէք տպագրական ձեռնարկ մը գրական իրողութիւն մը իբրեւ գնահատել։ Ոչ մէկ գինով անոնք պիտի յօժարէին Թէրզեանի մը, Պէրպէրեանի մը գործերը հաւաքել մէկ ծածկի տակ, այնքան կանուխ։ Ու անցէք փաստէն անդին, արեւելահայերեն համար Պարոնեանի գործը այլեւս շահուած, անվերածելի, ազգային հարստութիւն մըն է, ինչպէս, նոյն չափերով ու տարբեր նկատողութիւններով՝ ազգային այդ հարստութիւնն է դարձեալ, այս անգամ արեւմտահայերուն համար, Սրուանձտեանցի գործը։ Արեւմտահայ երկբայանքը Պարոնեանը արժեւորելու՝ թերեւս ծնունդ կ՚առնէ անոր գրականութեան իսկ նկարագրէն։ Պարոնեան մարդեր ու բարքեր միայն տուած է։ Եթէ այդ մարդերը իբրեւ անուն գոյութիւն չունին այսօր, բայց իբրեւ տիպար մերձաւոր իրաւութեամբ մը կը պտտին մեր մէջ։ Պարոնեանով սեւեռուած բարքերը սփիւռքին մէջ դեռ ի զօրու են որոշ համեմատութեամբ։ Արուեստի գործերը ժամանակէն բացարձակ զերծումով մը կը գտնեն իրենց փառքը, իմաստը։ Ահա թե ինչու ինքզինքս չեմ զգար իրաւասու, Պարոնեանի հանդէպ գործադրելու վերլուծումը, այսինքն ասոր չափերը, կշիռները, զոր առանց խղճահարութեան, մեծ վստահութեամբ մը նոյնիսկ գործածեցի Զարթօնքի Սերունդին, Ռոմանթիքներուն վրայ, զոր գործադրած եմ Իրապաշտներուն, Արուեստագէտներուն համար ալ։ Պզտիկ լուսաբանութիւն մը թերեւս ընէ ձեզի մատչելի սա նկատողութեանց ծփուն կորիզը։ Ռոմանթիքներուն, Զարթօնքի մարդոց գործէն գրականը (որով կը զատուին այդ գործին միւս հանգամանքները), մեծ չափով մը անձնական` ընդգրկելի է առանձնանալի է այսօր, շրջանին քմայքներուն, ախորժակներուն, գովեստին եւ ուրացումին ընդմէջէն։ Ուրիշ խօսքով՝ այդ գործը կը մնայ հպատակ ամենէն առաջ հեղինակներուն հանգամանաւոր, պարագայական անձնաւորութեան եւ Ալիշան մը բանաստեղծ` իբրեւ դասատու կրօնքի, ազգային պատմութեան ու քիչիկ մըն ալ… երազանքի։ Պէշիկթաշլեան մը բանաստեղծ՝ իբրեւ գործիչ, թատերագիր, դաստիարակ, ճառախօս ու միշտ քիչիկ մըն ալ… անձնական եղերերգակ։ Կը ճշդենք բաժինները ու կ՚ըսենք մեր խօսքը։ Այն պարագային ուր ինծի տրուէր հաստատել ասոնցմէ անդինը, այսինքն ցեղային խորունկ ձայներէ արձագանգ մը որոնք չեն կրնար տեղաւորուիլ ծոցը մէկ երկու սերունդի հոգեկան փորձարկութեանց (Պետրոս Դուրեան, Ռաֆֆի, Մեծարենց, Տէրեան, Թէքէեան), վերլուծումը պիտի չվախնար այս վերջիններուն սիրոյն ինքզինքը կանխել։ Պարոնեան կ՚ապրի տակաւին. գիտէք թէ ինչ կը նշանակէ ասիկա։ Վերլուծումը գիտութեան սառեցնելն է կեանքը թուղթի վրայ ու անցած կ՚ըլլայ իր յաւակնութիւններէն անդին երբ կը փորձէ դարձեալ կեանքը որ անտարազելի է։ 

 

Եթէ ենթարկենք արեւմտահայ գրականութիւնը ժամանակի կշիռին, Պարոնեանի գործը մեզի կը ներկայացնէ հասկնալի միջին մը ընդմէջ երկու յիսուններու (1850-1950)։ Այս իրողութեան թելադրա՞նքը։ Ա՛ն՝ որ անիկա կուգայ գրական ծանր երկունքի մը սկզբնական մղումէն, կը վկայէ մեր զարթօնքին (ատ է անունը գրական այդ երկունքին) համայնական ձգտումներէն, շատ աւելի հանգամանաւոր ձեւով մը, քանի որ նուաճուած է գրեթէ օրը օրին, առանց գրականութիւն մը ծանրաբեռնող թեթեւ յաւակնութեանց մեղքերուն, այդ զարթօնքը կերպարանող մարդոց շքախումբին վրայ պայծառ լոյսով մը որ ո՛չ Վենետիկը ո՛չ ալ Բարիզը հոտէր, եթէ կը ներէք փոխաբերութիւնը, այլ ըլլար միջին մը, այդ մարդոց թերութեանց ինչպէս պերճ արժանիքներուն, զանոնք, այս անգամ գործերը ինչպէս մարդերը երկարաձգելով մեր լրջագոյն շարժումին (Իրապաշտ շարժումը) ընդմէջէն, հասնելու համար մեր դարու կէսերը մինչեւ, պաղելու տեղ, փոշիանալու տեղ՝ ամրանալով, պահելով իր ներքին տուրքը, միշտ մեր ժողովուրդին միջին առաքինութիւններով, պարարուն։ Այս տողերը կ՚իյնան թուղթին Պարոնեանի փառքին բովանդակ պայծառութեանը մէջ երբ մէկ կողմէն մեր նոր զոյգ գրականութեանց մէջ ո՛չ ոք՝ որ մտածէր ծաղրին, ու ո՛չ մէկ տրամադրութիւն` մեր անցեալը ոտնակոխելու, գէթ գրական այդ սեռին ճամբաներով։ Փո՛րձը՝ այդ փառքը ստուերելու, արեւմտահայոց մէջ կը խորհիմ թէ վրիպած՝  է, թերեւս այն պարզուկ փաստով որ ժամանակը իր կիսադարեան կշիռը չէ խնայած անոր ներքին Constitutionին։ Մեռելէն կ՚իյնան ամենէն առաջ զարդը, ներկը, փոշին։ Այսօր Գրիգոր Արծրունի մը չ՚ապրիր անշուշտ, բայց Պարոնեանի Արծրունին աւելի իրաւ է քան Մշակի տէր եւ տնօրէն գործիչը: Ու հարկ կա՞յ, մեծ տարազներ գործածելու որպէսզի բացատրուի այս հրաշքը որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ արուեստը ինքնին։ 1870ին, Յուշիկքներու եւ Նուագքներու կոթողային փառքի շրջաններուն որո՞ւ միտքէն կ՚անցնէր որ եռամեծ քերթողը, պատմաբանը երեսուն տարի վերջը յոբելինական հսկայ մը միայն պիտի դառնար, այսինքն փառքէ մը ազատելու, զայն մոռացման անդունդը նետելու արարքին քաւութ եան նոխազ մը, 1940ին երջանիկ, երախտաւոր մեռել մը որմէ անունն իսկ հազիւ կը յիշուի: Ասիկա ոչ հրաշք է սակայն, ոչ ալ հրէշութիւն։ Աշխարհի փառքերուն ինչպէս զրկանքներուն մէկէ ճակատագիրը։ Պրպտեցէք դիւանները գովեստներուն որոնք մարտկոց (pile) կազմեցին ԺԹ. դարու մեծ բանաստեղծներուն անձն ու գործը դիւցազներգող (օտարներուն դիմեցէք մանաւանդ) ու ըսէք թէ քանի՞ քերթուած կ՚ազատի անոնցմէ։ Մե՞նք։ 1910ին, Օտեանի Փանջունին իր ստեղծած խանդավառութեան շուքովը պահ մը թուեցաւ թէ կը գերազանցէր Ազգային Ջոջերը շարքին կշիռը։ Այսօ՞ր։ Անհռետոր, գրելու արարքին հանդէպ պատրանքէ զերծ, դէպքերու միայն սպասարկում ու բարքերու փառքի համար խենթ իմ սերունդը կը վերադառնայ իր սխալէն, գրեթէ մոռնալու համար զաղփաղփուն շնորհները Օտեանի հեգնութեան, բառական միջոցներով ու ժպտուն, համով սրամտութեամբ մը միայն սնանող։ Ի վերջոյ Ծապլվարը հայ գիւղ մը չէր իր օրին որպէսզի, այսօր, այդ շնորհներուն ցնդումէն վերջը (գրական գործերն ալ մարդկային ունին ճակատագիր ու աղուամազը` երիտասարդութեան որուն գիրն է դարձեալ թափիլ, երբեմն մահէն առաջ) գրականութեան պատմիչ մը փորձէր զայն արժեւորել յետնագոյն զիջողութիւն մը ընելով հոն փրկուած բարքի մթերքին: Միջնորդ Տէր Պապան կուգայ անշուշտ Պոլիսէն։ Բայց ո՞ր Պոլիսէն։ Այսօր արտօնուած ենք այդ հարցումը դնելու Օտեանի բոլոր գործին համար ալ ուր քմայքը (ինք պիտի ըսէր ֆանթէզին) կը մնայ տիրական ազդակ ու երգիծանքը` չորրորդական միջոց մը այդ քմայքը համեմելու: Դիտեցէք Օտեանին գիրքերը վրայէ վրայ: Հոն ձեր գտնելիք բարքին քանակը չի բաւեր լեցնելու, օրինակի մը համար՝ Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն  մէջը: Մի ըսէք թէ հեգնութիւնը եւ բարքերու մթերքը տարբեր իրողութիւններ են։ Կ՚ըսեմ որ գրողի մը ամենէն վաղանցուկ արժանիքը իր գրելու շնորհն է։ Հեգնող է մը ամենէն շուտ հինցող մասը` իր հեգնանքն իսկ։ Երկուքէն ալ ազատուողը` ուզենք չուզենք փնտռելու, ընդունելու ենք մնայունին բաժինին մէջ որ բարքերով է պայմանաւոր ամէն բանէ առաջ։ Կ՚ուրանանք Նար–Պէյի քերթողական վաստակը, միակտուր գրեթէ, բայց չենք կրնար վրիպած Ալաֆրանկան (իբր թատերական կառոյց) չօգտագործել, շրջանի բարքերէն իր փրկած փոքր մասերով։ Կ՚ուրանանք Տիւսաբի վէպը ամբողջութեամբ, այդ բարքերէն իր հիմնական անմասնութեանը պատճառով։ Կը վարանինք նետել Աղջկան մը սիրտը վէպը, հոն գնուած փառքի մթերքին սիրոյն, որ կը բաւէ գիրքին կէսը լեցնող գրական սնոտիքը: Հիմա, այս նկատողութիւններէն վերջ որոնք հանգամանօրէն պիտի բացուին, վերլուծուին իրենց տեղերը, ձեզ կը հրաւիրեմ՝ միակտուր մտապատկերել Պարոնեանի գործը։ Ես իմ կարգիս ըրած եմ ատիկա ու կը խոստովանիմ թէ պատկառագին զմայլանքէ մը տարբեր ապրում չեմ ունեցած այն շքեղ կառոյցին դիմաց որ հայ բարքերու մթերքն է Պարոնեանի վաստակին մէջ։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իրապէս պիտի ըլլար մեծ գեղեցկութիւն եթէ երբեք անոր բոլոր մշակները նոյն մտահոգութեամբ թափէին իրենց քրտինքը: Միջին մեր գրականութիւնը պիտի ստանար, այսօր, մեր աչքերուն, բոլորովին տարբեր պատկեր մը։ Մեր վէպը պիտի ըլլար մեր իրաւ ժողովուրդը, եւ ոչ թէ հատուածական նմոյշներու հանդէս մը այդ ժողովուրդէն։ 

 

Ու կ՚ըսեմ, ինծի յատուկ աննկար պարզութեամբ մը. Արեւմտահայ գրականութեան մէջ որ լաւ հասկցէք ասիկա, միանգամ ընդ միշտ ոչ լուսին է ոչ ալ ժանեակ կամ բառակոյտ, այլ իմ ժողովուրդին ապրումներուն աւազանը, ոչ մէկ գրագէտի վիճակուած է սանկ կէս դարու կեանք մը լիակատար համադրած ըլլալու բախտը, ու ձգելու մեզի անվերածելի ինչպէս ամենաթանկ տախտակները մեր բարքերուն, ճշգրտութեամբ մը, փայլով մը, կարկառով մը, նոյնիսկ խորհրդանշանական տարողութեամբ մը, որոնք անցած են ահա փորձի շրջանը, դիմացած՝ ճաշակին վերիվայրումներուն ու գտած կը հաւատամ իրենց վերջնական հանգստարանը, պատուանդանը, երբ նկատի կ՚առնեմ Սփիւռքը, որ ուրիշ ժողովուրդ մըն է գրեթէ. ըսել  կ՚ուզեմ՝ Պարոնեանով փրկուածէն թեթեւ անդրադարձումներով։ Այնպէս որ Պարոնեանի գիրքերը ազգային թանգարանին ամենէն կենդանի, վաւերագրական փառքերը կը կազմեն։ 

 

Ոչ միայն երեք լման սերունդ, այլեւ մանաւանդ մեր գրական ճաշակներուն գլխովին անհաղորդ, չըսելու համար հակադիր, հակոտնեայ ուրիշ զանգուած մը (Արեւելահայերը) Պարոնեանի մէջ կ՚ողջունէ [1] արեւմտահայ գրականութեան, ճիւղի մը վրայ, ու դուք գիտէք թէ որն է անիկա, անհաւասարելի վարպետը։ Ամէն սերունդ երկար տատանումներու ընդմէջէն կ՚արժեւորէ իր նախասիրութիւնները, անշուշտ որոշ չափով մը ապրելով զինքը կանխողներուն ամենէն մնայուն արժէքները։ Պարոնեանի փառքը (չեմ գրել վերափառքը, վասնզի իր խաւարումը եղաւ չափազանց թեթեւ ու շատ շուտ գտաւ վերջ) սփիւռքի գնահատման չեմ զիջիր սակայն։ Ինչպէս որ Հալէպի, Պէյրութի, Պաղեստինի, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի քաւարանին մէջ անոնք որ դեռ չեն մոռցած խաչ մը հանել ու կը գրեն իրենց անունները մեր գիրերով, բայց շատ հեռաւոր գիծեր միայն կը կրեն այն շքեղ ու սրտառուչ բանէն, որ այդ մարդերուն պապերն էին Մշոյ դաշտին, Եփրատի ափունքներուն, Բարձր Հայքի լեռնանիստ ամբարտակներուն ներսը (Սրուանձտեանցի գործին մէջ այնքան անուշիկ ձեւով մը զգալի), այնպէս ալ ի՛նչ որ Պոլիս կը մնայ այսօր 1860ի շքեղ ու սրտառուչ մարդոց արիւնէն, այդպէս այլասերված, այլանդակուած, անճանաչելի ըսուելու աստիճան պարպուած իրենց ցեղէ (այդ մարդիկը ոչ միայն կը տառապին, կ՚ամչնան իրենց հայութենէն, այլ ասիկա ուրանալու, հալածելու արարքներուն մէջ կը պարզեն թուրքն իսկ ապշեցնող, զզուեցնող մոլեռանդութիւն մը) այսինքն մեր սփիւռքը, ամբողջ ու համապատիւ զիս չի մատներ շփոթանքի։ Մենք կ՚անցնինք։ Բայց փա՜ռք Պարոնեանին, վասնզի ան է որ փրկած է այդ մարդերուն պապերը, զանոնք մասնաւորող, տեսակաւորող հոգեբանութիւնը ուրիշ ոեւէ մէկէ մը աւելի հաւատարմութեամբ սեւեռելով։ Պոլիսին ամենէն իրաւ արտայայտութիւնն է անիկա։ Միակ այս ծառայութեան գինով անիկա իրաւունքն ունի իմ ամենախոր յարգանքին, հիացումին։ Կրնայ պատահիլ որ ժամանակը յաղթահարէ արեւմտահայ գրականութեան ամենէն բարձրահայեաց փառքերը, ամենէն բարձրադիր արժէքները, վարկերը, համբաւները։ Իմ կարճ կեանքս որքան շատ տեսաւ այն բարձրակառոյց հռչակներուն գետնի հաւասարումը։ Ատոր համար է որ, շատ մը օրինակներու մէջէն, չեմ զարմանար Սիամանթոն ընդոտնող ուրացումին ես ապրել եմ այդ բանաստեղծին փառքը իր լման պերճութեանը մէջ ու մատնուեր խռովքի։ Պարոնեանին ուրուականը չի տառապիր դարձեալ տառապանքը Աւետիս Ահարոնեանին խաւարման։ Փոխուած չէ, սա տողերում գրուած պահուն, մեր ճակատագիրը։ Այսօր ալ մեր տղաքը կը մեծնան զրկանքին, անօթութեան, հոգեղէն սպանդին զարհուրանքին մէջ: Փոխուած են սակայն այդ ամէնը դիմաւորելու մեր եղանակները։ Ու ինչ դժբախտութիւն որ ասոնցմէ մէկն ըլլայ այն արժեզրկումը որ կարգախօս է դարձել։ Սփիւռքի աջ թեւը՝ իր կուռքերուն։ Ձախը՝ իր կրքերուն։ Արեւմտահայ գրականութիւնը` ամայաստան։ Այս Complexներուն ընդմէջէն է որ սփիւռքի տղաքը կռնակ կը դարձնեն այն ամէն պատկերներուն, գործերուն, ձայներուն, որոնց ներսը մեր գերութեան, ցաւին մէկ արձագանգը կը կարծենք վերզգալ: Չեմ զարներ հաւարին շեփորը: Մեզի կը սպառնան իրենց ընելիքներովը։ Թող գան բարի այդ ընելիքները։ Բայց թող մնան զգոյշ անարգելէ հսկայ փառքը արեւմտահայ իրաւ գրագէտներուն։ Երկու պոռնիկի պատմութիւն, չորս կտոր սրամիտ, լաւ դարձուած հայհոյութիւն ու քաշքշուք չեն կրնար զիրենք իրենց աչքին մեծցնել: Պարոնեան իր կեանքովը վճարած է փրկանքը մեր գրականութեան, իր գործով` պարտքը շրջանային ճաշակներուն, նորոյթին քմահաճոյքներուն։ Անիկա գտած է իր յիշատակարանային գեղեցկութիւնը: Արեւելահայերուն պիտի իյնար փառքը զինքը իր պանթէոնը առաջնորդելու

Յետագայ էջերը կը կազմեն այդ փառքին հասկացողութիւնը դիւրացնող ձեռնարկ մը։ 

  



[1]        Աւելի անդին, այս ուսումնասիրութեան վախճանին, ես կուտամ բաղադրիչ տարրերը սա գնահատման։ Հոս, իմ թելադրածը, Պարոնեանի հանդէպ գրական կեցուածքներու զանազանութիւնը բացատրելու տեսակէտէն, կը մեկնի մեր նախապաշարումներէն։ Ոչ Եւրոպա ոչ Ամերիկա տեղ ու դեր մը ունեցած են Պարոնեանի կազմաւորման մէջ ու մենք կը դժուարանանք գրական մեծութիւն մը զետեղել մեր մտքին մէջ առանց բարձրագոյն կրթութեան. մանաւանդ չենք ուզեր սեռին հեգնութիւնը երկրորդական սեռէ նկատուած մեր ինչպէս օտարներուն մօտ նկարագիրը մոռնալ երբ Պարոնեանի գրական պարզութիւնը, հաստութիւնը, իր լեզուին շուկայիկ, երբեմն գռեհիկ հասարակութիւնը կը մեծցնենք, անգիտակցաբար, կարծես ոտնատախտակ գտնելու համար մեր վարանքներուն։ Մեծ, իրաւ գրագէտը գիրքի արուեստին գործաւորն է անշուշտ: Բայց ատիկա ըլլալէ առաջ՝ ծնունդ է անիկա։ Այլապէս ամէն տարի մենք կ՚ողողուէինք մարդերու բանակներով, որոնք աս ու ան ձեւով մը կրթութեան, զարգացման միջոց մը կրնային ճարած ըլլալ ու քրմանալ մեր գլխուն։