Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ
Յակոբ Պարոնեան զօրութենական թատերագիր մըն է 

Պարոնեանի կենսագիրները յատկանշական մանրամասնութիւն մը կ՚արձանագրեն որուն համեմատ Պարոնեան Պոլիս, քանի մը տարի դերասանութիւն ալ ըրած է։ Ահա, այդ մասին Հրանդ Ասատուրի վկայութիւնը. «Պարոնեան որ իր առաջին երիտասարդութեան մէջ դերասանութիւն ըրած էր եւ շատ կը շատ հագրգռուէր թատերական խնդիրներով, Թատրոն ին [1] մէջ զբաղած է նաեւ թատերականով։ Այդ ատենները Վարդովեան կը վարէր Օսմանիյէ թատրոնը, ուր յաջողութեամբ կը ներկայացնէր օբերէթ ներ։ Իր գլխաւոր դերասաններուն մէջ էին Ֆասուլիաճեան, Թրեանց, Չափրաստճեան, Պէնկլեան, Թոսպաթեան, Բաբազեան։ Դերասանուհիներուն մէջ նշանաւորագոյն տեղը կը գրաւէին Գարագաշեան քոյրերը։ Անոնց ամենուն մասին Պարոնեան կը յայտնէր իր դատաստանները թատերագետի ճաշակով»: Յիստակ է այս վկայութեան արժէքը։ Ունինք այդ շրջանէն Ատամնաբոյժն Արեւելեան (1868) եւ Երկու Տէրանց Ծառայ մը որ իր մահէն բաւական տարիներ վերջը լոյս է տեսած (1911) սրբապիղծ խաչագողի մը ախորժակովը անշուշտ։ Ատամնաբոյժն Արեւելեան ին համար ունինք գեղեցիկ ալ աւանդութիւն մը։ Պարոնեան զայն հրապարակէն հաւաքած է, անոնց վաճառումը արգիլելու համար, ու այս հերոսութիւնը՝ հակառակ իր նիւթական «միշտ անձուկ» վիճակին։ Երկու Տէրանց Ծառայ մը ին համար իր վերապահութիւնը՝ ուրիշ փաստ է Պռոյգ ը, Շողոքորթ ը` իրմէն ուրիշ խաղեր։ Ըսի՞ թէ այս վերջինին պակսող արարը Օտեան իր կողմէն գրած է կրկին։ Պաղտասար Աղբար ը եւ Մեծապատիւ Մուրացկաններ ը յարմարացումներ են, ուրիշներու կողմէ կատարուած իր արձակ պատմումներէն։

Այս դիտողութիւններուն, փաստերուն պարզ է հետեւանքը։ Արիստոֆան ու Մոլիէռ վերծանող, բեմ ելլող, ներկայացումները դատող, դերասանները իրենց ասպարէզին մէջ առաջնորդելու չափ խելք [2], թափանցում պարզող, թատրոնի վարիչները իրեն բարեկամ ունեցող սա մարդուն թատերական սա վրիպա՞նքը: Թէեւ դժուար, բայց ո՛չ - անբացատրելի: Բազմաթի՛ւ՝ ազդակները որոնք արգիլած են գործողութեան զգայարանքով մը ամենէն առատ օժտուած մեր մէկ գրողը, մեզի կտակելէ առնուազն միջինէն վեր տարողութեամբ կատակերգական յօրինումներ [3] ։ Անոնք մերձաւոր նմանութիւն մը կը  պարզեն այն միւսներուն որոնք միջամտած էին Պէշիկթաշլեանի, Դուրեանի, Թէրզեանի, Նար–Պէյի ողբերգութիւնները կործանելու։ Չեմ տարածուիր. չեմ ըներ վերաքաղը այդ ամենուն։ Նոյն համայնական կարի՜քը՝ մեր բանաստեղծները իր բռնութեան ենթարկող։ Նոյն կարիքը ու աւելին, այս անգամ տաղանդի մասնայատուկ նպաստ մը որպէսզի գրուէին Պարոնեանի խաղերը։ Կ՚ընեմ հպումներ որոնք լոյս նետէին Պարոնեանի վրիպանքին վրայ։

ա) Բացառիկ, չըսելու համար մինակն է անոր թատերական զգայարանքը (որ աւելի է քան le sens comiqueը) արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Այդ զգայարանքն է որ կարճութեան, արագութեան, շարժումի տարրերով կը դիմաւորէ իրեն մատուցուող կեանքը։ Նոյնիսկ հոն ուր խօսակցութիւնը կը պակսի ( Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ ը, Հոսհոսի Ձեռատետր ը, Ազգային Ջոջեր ը), կեանքը գործօն սարուածներով ինքզինքը կը յօրինէ։ Պարոնեանի նախադասութիւնը մտածում մը ծածկելու ատենն իսկ կը քալէ, կը գործէ: Այս առաքինութիւնն է ահա ինչ որ գիրքերը կ՚անուանեն թատերական զգայարանք։ Հիմա, փոխադրուեցէք մեր ռոմանթիք թատրոնին երկար tiradeներուն որոնք բառ են, բացագանչութիւն, բաջաղանք։ Անոնց մէջ նախադասութիւնը հայեցողութիւն է, ոչ-գնայուն, եթէ կը ներուի բացատրութիւնը: Ի՜նչ աղէտ, որպէսզի թատերականը պայմանող այս գործողութեան տուրքը Պարոնեան ըլլայ վատնած օրը օրին, համաձայն ստիպողական կարիքներու, երբ աւելի քան անհրաժեշտ էր զայն տնտեսել, խնայել, պահեստի պահել, խտացնել ու կազմակերպուած արդիւնքներու համար միայն գործածել։ Թէ Թատրոն ը, աւելի առաջ՝ Եփրատ ը, աւելի վերջ՝ Խիկար ը ձեռագիր կը պահանջէին. թէ հրապարակի թերթերն ու 

  հանդէսները անոր գիրը կը մուրային, իրողութիւններ են միայն։ Դերասանները, թատրոնապետները խրատելու չափ փորձարութիւն ամբարած ու առաջնակարգ գրագէտ Յակոբ Պարոնեան պարտքին տակն էր այդ փորձառութեան դասերը իրեն համար օգտագործելու: Հոս դուք ազատ էք վկայ կոչելու իր միջավայրը, կեանքին պայմանները, բաւարար չափով մը ծանօթ, ներսէն ու դուրսէն հազարումէկ արգելքները որոնք մեր ներշնչումը կը կտրատեն, մեր ուշադրութիւնը կ՚աղան ու մեզ մեր գործին կը նետեն դեռ չսկսած, յոգնութեան, լքումի շատ յստակ հոգեվիճակով մը։ Գլխաւոր պատասխանատուն Պարոնեանի թատերական զգայարանքը ապարդիւն ձգող` խմբագրական իր աշխատանքն էր։ Հանդէս մը խոշոր վառարան մըն է ուր ամէն րոպէ պէտք է իյնայ մեր ուժերէն մասնիկ մը գոնէ որպէսզի կրակը մնայ վառ։ Արուեստի գործը՝ ծանր կեդրոնացում, ծանր ուժերու գրոհ

բ) Իր տիպարները, ուրիշ ազդակ, իրենց իսկ նկարագրովը, որոշ ադրելու խաղին կեանքը, գնացքը: Կ'ընդունիմ որ անոնց բոլորին ալ շնորհուած է բացառիկ կենդանութիւն: Բայց թատրոնը կ՚ապրի յարաճուն կեանքով մը ։ Ուրիշ խօսքով՝ կենդանութիւնը բաշխելու, երկարատեւ ընելու արարքը՝ աւելի հրամայական: Բոլոր այս նկատումները կը վերածուին կառուցման փաստին։ Չեմ ըսեր որ միջին քաղքենին անընդունակ է ծանր ապրումներու: Բայց կ՚ըսեմ որ տրուած պայմաններու մէջ, ամէն բան նոյնը պահելով Պարոնեանէն տիպար մը նուազ տոկուն պահելու հանդէս մը պիտի պարզէր մեր դէմ, քան Շիրվանզադէի մը մէկ տիպարը: Տաղանդը հոս կշիռ չունի։ Յիշեցէք Թլկատինցիին տիպարները որոնք ունեն իրենց սուր գիծերն ու պատերը բայց չեն թատերական, վասնզի չեն ապրիր աճելով ։ Պաղտասար աղբարը եւ Աբիսողոմ աղա ն մօտիկն են անշուշտ տիպարային առաքինութեանց։ Բայց բացի կենդանութեան կարճ պահերէ, գործողութեան գնացքին վրայ զուրկ են տարրական ազդեցութենէ։ Արդ, գործողութիւնը, միս մինակը, թատրոնն է երբ կ՚ըսեմ, չափազանցութեան մէջ չեմ։ Ու գործողութիւնը կեդրոնական քանի մը անձերուն հոգեկան ուժին պահեստովը կրնայ զարգանալ: Ալ իմ ինչուս պէտք քովնտի մարդերը, սիրուն, տաք, համակրելի կամ հակակրելի։ Անոնք դուրսէն զարկեր են իր գնացքը շարունակող մայր գործողութեան: Այն պատրանքն է որ մեր նոր գրականութեանց մէջ թատրոնը ենթարկած է ծանր վրիպանքներու։ Մեր վէպին ինչպէս թատրոնին մէջ առաջնակարգ անձնաւորութեանց տագնապը եւ երկրորդական անձնաւորութեանց յաջողուած մը մէկն է մեր գրականութեան ամենէն յատկանշական երեւոյթներէն (ազատ էք սա երեւոյթը ընդարձակ տեսնելու, այսինքն մեր պատմութեան մէջ ալ հիմնականէն ձախողանքը, երկրորդականէն յաջողանքը հասկնալու նոյն իրողութեան իբրեւ մէկ ուրիշ երեսը)։ Ասկէ դուրս կայ Պարոնեանի՝ տաղանդին իսկ ճնշումը, որ, մարդերը տեսնելու մասնագիտութեան մէջ զարգացած իրագործում մըն է, այսինքն թատերական կառոյցի մը համար երկրորդական, նոյն իսկ վնասարար շնորհ մըն է։ Վերլուծողները չեն ճկիր համադրելու հակադիր գործողութեան։ Ու մեր տիպարները, վերլուծօրէն յօրինուած, չեն դիմանար ծանր համադրումներու ճնշումին։ Աբիսողոմ աղան կը պահէ բեմը ոչ իրմով, այլ իր շուրջը յուզուող անասուններուն եռուզեռովը, այսինքն բարքերով ։ 

գ) Մեր հրապարակին ընկալչութիւնը ու ասոր անդրադարձը: Դուք մի անցնիք իրար, զձեզ հասարակութիւն մը կարծելու որ ըլլար ընդունակ թատրոն մը ապրեցնելու: Ձեր պապերը լեցուցին ռոմանթիք մեր խաղերուն սրահները, թատրոնին հազիւ իսկ մտածելով։ Ձեզմէ շատ ստուար մաս մը թատրոնը կ՚արհամարհէ, բայց իր դրամը չի զլանար այդ ներկայացումով շահադիտուած բարիքին հաշւոյն։ Ձեզմէ շատ փոքր թիւ մը դարձեալ կ՚արհամարհէ այդ թատրոնը, քանի որ իր զարգացումը զինքը կ՚արտօնէ օտարներուն յաճախել, առնելու համար թատերական վայելքը ։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն ի՞նչ բանի պէտք կուգայ թատերական գրականութիւն մը որ իրմէն առաջ կարօտ է շատ մը ուրիշ բաներու։ Պարոնեանի օրերուն այդ գրականութիւնը աւելի քան նախնական վիճակ մը կը պարզէ: Թուրքերու կայսրութեան մէջ դարեր ու դարեր թատերական ներկայացումները չեն զատուած փողոցայինին մակարդակէն։ Ոչ մէկ թատերական գործ՝ թուրքերէն։ Ընդարձակեցէք տրուածը դէպի հազարամերը արեւելքին որպէսզի համոզուիք իրականութեան։ Չորս հինգ մեծ գրականութիւններ, հազարամերը հաշուող գործօնութեամբը (չինականը, հնդկականը, պարսկականը, արաբականը, թրքականը) չեն ազատագրած թատերական միջակ յաջողուածքէ մը յիշատակ մը: Սաքունդալա ն բացառութիւն մըն է ու իբր այդ կ՚արժեւորուի։ Երբ սեղմէք ձեր նկատողութեան շրջանակը մեր ժողովուրդին պատմութեան, ձեր գտածը տարբեր բան մը չէ: 1860-ն պոլսեցիներուն համար ազնուապետական բարքերու ու դպրոցական պէտքերու դիմաւոր խաղարկութիւններ են մեր թատերական գործերը, որոնք աչքերը կը շլացնեն, ականջները կը պղտորեն բայց ուրիշ ոչ մէկ ազդեցութիւն ընդունակ են իրենցմէ անցընելու հանդիսականներուն։ Այս գինով է որ դպրոցական հանդէսները ծնունդ պիտի տան քանի մը կատակերգութիւններու։ 1862-Ն ունինք Ալաֆրանկա ն (կատակերգութիւն ի հինգ արարուածոց, գրեաց՝ Խորէն Վ. Գալֆաեան), քսան տարի վերջը` Սէֆիլենց Տղան (Մամուրեան), ու քիչ մը աւելի վերջը՝ Թապլաքեար Վարժապետը, որուն հեղինակը ամբոխն է գրող մը ըլլալէն առաջ։ Յիշելու էք վարժութիւնը, մինչեւ մեր օրերը իր ուժը պահող, որուն համեմատ Սեւ Հողեր էն, Արշակ Երկրորդ էն, Սանդուխտ Կոյս էն վերջ, հասարակութիւնը կը պահանջ էր իր Եrից Քաջաց ները. այնքան անլուրջ, գրեթէ յիմարական է մեր մէջ թատերական հասարակութիւն որակուած բանը։ Պարտաւոր էք հաշտուիլ սա անհեթեթութեան, ըսել կ՚ուզեմ իմացական ու հոգեկան այն վիճակին ուր քանի մը արարներու ընթացքին ամենէն վերնաթռիչ բացագանչութիւններ, վարագոյրի մը ելեւէջովը պիտի փոխուին ամենէն գռեհիկ փողոցաբանութիւններու, ականջներու համար կարծես անհրաժեշտ սնո՜ւնդ: Սփիւռքը դեռ չէ ազատագրուած այս վարժութիւններէն։ Պարոնեանի օրով այս բարքերը, ռոմանթիք խենթութեանց կողքին, իրական նկարագիրը կը կազմէին թատրոնը լեցնող մարդոց ճաշակին։ Այս նկատողութիւններու շարքը, այդ հասարակութեան ախորժակներուն, արժէքին շուրջ եւ կարելի է երկարաբեռնել։ Գումարը բաւական չէ սակայն Պարոնեանի ի թատերականն վրիպանքը հասկնալի ընծ այելու։ 

դ) Կա՞յ, կարիք մը, թատերագիր գրագետի իր հայեցողութիւնը ենթարկելու վճռական վերլուծման, որպէսզի մեզի համար յստակ դառնայ անըմբռնելի իրողութիւնը ըստ որուն կենդանութիւն, բարքեր, տիպարներ, որոշ էնթրիք, մանաւանդ այս ամէնը ամբոխին վայելումին մատուցանող աշխոյժ dialogue մը, որոնք իր անկախ, թոյլ պատկերներուն մէջ այնքան տիրաբար կը նուաճեն նիւթը, քանի մը արարնոց գործողութեան մը համար մնային անբաւարար։ Այս փորձը, թէեւ վճռական, բայց պիտի արժէր սուղ, Պարոնեանի մէջ գրագէտը խոր կերպով վիրաւորող։ Աւելի անդին երբ մեր գրականութեան հեգնողները դրուին սեղանի, իրար լուսաւորելու առիթով, պիտի ըսուին անհրաժեշտ լուսաբանութիւններ։ Երուանդ Օտեան առանձին անտանելի խաղեր է ստորագրած ( Հերոսախաղ, 67րդ Յօդուածը Չարշըլը Արթին Աղա ն գրուած է Միքայէլ Կիւրճեանի հետ  որ այդ ընկերակցութիւնը փորձել էր Փրկանքը ին համար, Կամuարականին հետ։ Արդ, Փրկանքը ն եւրոպական հենքով խաղ մըն է։ Արփիարէն չունինք կազմակերպուած բեմադրում մը: Վերջին երեք անունները ժամանակակից խաղը ոչ միայն տեսած են եւրոպական բեմերու վրայ, այլեւ ազատագրուած են… Մոլիէռէն։ 1870ին Պարոնեան թատրոնէն կը հասկնայ այնքան որքան անոնք որ կը ներկայացնեն Սանդուխտ Կոյս ը, կամ Լա Պէլ Էլէնը, Ժերոֆլէ Ժէրոֆլան, Քորրատօն, Մատամ Անկօ ն, եւ կամ Հէքիմեանի գրադարէն իտալերէնի թարգմանած Վահրամ ը։ Թէ չըլլայ փառասիրած ռոմանթիք ողբերգութիւնը, անշուշտ նիշ մըն է աւելի իր ողջմտութեան։ Բայց այդ ողջմտութեան վրայ պակաս մը` գէթ Մեծապատիւ Մուրացկաններ ուն կամ Պաղտասար Աղբար ին, իր ձեռքերով տուած չըլլալը ներկայացման մը կերպարանքները։ Կան տակաւին վրիպանքները Առանց Միջնորդի Փեսացու Գտնել, Երեք Փեսացուներ, Սիրոյ Միջնորդներ ը անուններու տակ ծփուն գործադրումներուն, երեքն ալ պզտիկ յարդարանքով մը բեմադրելի, բայց այն ձեւին մէջ որով երեւցած են Խիկար ի մէջ, չեն պատկանին թատերական գրականութեան

Այս բոլոր նկատումներով է որ զինքը որակեցի զօրութենական թատերագիր մը: Նպատակս էր այդ թեթեւ, թերի կեցուածքը յատկանշել, սիրուն, անամբողջ, այնքան ալ բազմազան դրուագներու վրայ ինքզինքը կրկնած, թեւաւոր ու աշխոյժ խօսակցութեան մը բարիքին ընդմէջէն։ Ի վերջոյ, օրուան ողջ բերգութ եամբը կալանաւոր աշխատողի մը ուժերը երբ կուգան անբաւական՝ շաբաթներ, ամիսներ, երբեմն տարի պահանջող ստեղծագործ ճիգ մը բեղմնաւորելու, մեր կողմէն անխղճութիւն պիտի համարէինք հաւար փրցնելու եւ գրական անբաւարարութենէ մը բարբառելու։ Արտօնուած էք մտածել այդ անբաւարարութեան թատերագիր Երուանդ Օտեանի մը խաղերուն խեղճութեան դիմաց։ Յետո՞յ: Պաղտասար Աղբար ը, Մեծապատիւ Մուրացկաններ ը, Քաղաքավարութեան Վնասներ ը, Առտնին Կռիւներ ը, Առտնին Տեսարաններ ը, նոյնիսկ Մեռելոց Խօսակցութիւնք ը փոքր հպումներով կը դառնան արտակարգօրէն բեմական յաջողուածքներ։ Այնքան հիւթեղ, հարուստ, բարքերու անփոխարինելի մթերքով պաշտպանուած, մտայնութիւնները այնքան վճռական կենդանութեամբ ու հարազատութեամբ սեւեռող այդ ընդարձակ պահեստն իսկ սուղ գին մը չէ՞ անոր վրիպանքը գնող, կազմակերպուած խաղերէն։ 

 


 



[1]        Թատրոն ը հանդէսն է Պարոնեանին (1874-1877)։

[2]        Կայ աւանդութիւնը որուն համեմատ 1873ին Դուրեանի գործերը հաւաքող մարմինը անոր թատրերգութիւնները եւ քննութիւն յանձնած ըլլայ Պարոնեանի նկատառման։

[3]        Շէյքսփիր, Քոռնէյլ, Ռասին, առաջնակարգ ողբերգակներ, չեն մերժած զբաղիլ կատակերգութեամբ, սեռին երկրորդական նկարագիրը պատրուակ առնելու նանրամտութիւնը խարանելով գործնապէս։ Արդի ամենէն տարածուն թատերական կաղապարը, ֆրանսացիներուն խաղը, piece կոչուած, կը սնանի կեանքին ամբողջական մատոյցովը: Մոլիէռի Մարդատեաց ը ողբերգութեան մը չափ տրտում բարեխառնութեամբ կը զարգանայ: Ու խնդրական՝ բացառաբար գոմիքի զգայարանքէ մը պահանջը որպէսզի բացատրուին Մոլիէռի միւս կատակերգութիւնները։ Ողբերգութիւնը, հիներէն կաղապարուած իր կերպարանքովը, մեր օրերու ընկերային յօրինուածքը չի մերժեր անշուշտ, բայց կը տառապի ինքը իրեն հաւատարիմ մնալ կրնալու: Թատերական զգայարանքը, ահա հիմնականը։ Ու Յակոբ Պարոնեան, իր ընդարձակ գործին գրեթէ ամէն էջին տուած է փաստը անոր գոյութեան։