Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ ՀԵԳՆՈՒԹԻՒՆ 

Պարոնեանի գրականութեան ընդհանուր յատկանիշները, պայծառութեան պէտքի մը համար միայն ենթարկուած են վերի վերլուծման։ Վիպողը, քրոնիկագիրը, կատակերգակը Պարոնեանի մէջ իրենց բովանդակ իմաստը, տարողութիւնը կը զգենուն, երբ լուսաւորուին սա բացառիկ որքան բացարձակ վկայութեամբ, արեւմտահայ գրականութեան մէջ իր նմանը չունեցող. ատիկա հանգամանքն է անոր բովանդակ գործը ընդգրկող

Երեք հազար էջերու վրայ տարածուած այդ գործին մեջ չկայ կես էջ իսկ որ պատկաներ հեգնութենէ դուրս ուրիշ հետաքըրքրութեան

Հոս է ահա սխրագին, սրտառուչ, պատկառելի մեծութիւնը այս գործին։ 

Այս պարագան է որ պիտի պաշտպանէ այդ մթերքին պարագայական տկարութիւնները։ Ծիծաղ ը, իր յղացման իսկ անարդիութեամբը, իր ատենին, մեր օրերուն (ուր անմիջական, ուղղակի եղանակը կը մնայ տիրական) կը թուի հնադրոշմ, առնուազն անտեղի կենդանաբանութեամբ մը ծանրաբեռն։ Բայց Պարոնեան ապագայի վրայ շահարկու ցնորամիտ մը չէր։ Այդ գառագեղը, կանխող դարու վերջին քառորդի սկիզբներուն թափանցիկ, ամենուն մատչելի հանդիսարան մըն էր։ Ու Պարոնեան անոր բնակիչները բարոյախօսելու իսկ առիթ չէ գործածած, թէեւ ամէն պատմում աւանդական բարոյականին համար քանի մը տող ստիպուած ըլլայ զիջելու: Ազգային Ջոջեր ը, միշտ այդ թուականներէն, այսօր մեզի կը թուին անբաւարար իբրեւ պատմական ատաղձ, առնուազն ազգային պատմութեան համար ոչ-վստահելի դրուագում. բայց Պարոնեան մտքէն պիտի չանցնէր հայոց պատմութեան համար նախանիւթեր հաւաքել: Ու ասիկա այսպէս՝ իր բոլոր մեծ միութիւններուն համար։ Պօղոս Մակինցեան, իր Պոլիս իբրեւ գործավար բնակութեան ընթացքին ապրած է սարսափը մեծապատիւ մուրացկաններուն գրոհին։ Պարոնեանի գործէն երեսուն քառասուն տարի վերջը տիպարին անբաւականութիւնը (Աբիսողոմ եւ Կուռնելիոս աղաները 1920ին չունէին գոյութիւն, բայց բանաստեղծները, խմբագիրները, եկեղեցականները, ազգային սափրիչները նոյնիսկ գրոհ կու տային Խորհրդային Հայաստանի խեղճ ու պատառ պիւրօ ները, իրենց ձեռագիրներուն կապոցները տնքալով փոխադրելով այդ խաներուն վերնայարկերը մինչեւ) չէ փոխուած անշուշտ, բայց գտած է ներկայացուցչական նկարագիր մը։ Պոլսոյ թաղերը չկան այսօր Պարոնեանէն սեւեռուած pittoresquenվ, բայց գործը կը վայելէ բոլոր յարգանքը թանգարանային գեղեցկութեանց: Ամբողջ Պարոնեանը չ՚ապրիր այսօր, ինչպէս չ՚ապրիր Թլկատինցիին Խարբերդը, Հրանդին Բալուն, Զօհրապին Պոլիսը։ Այս հաւաստումը երբ վերածէք սակայն իր եզրերուն, պիտի գտնէք որ Պարոնեանին, Թլկատինցիին, Հրանդին, Զօհրապին գրական արժանիքներէն աւելի, իրենցմով փրկուածն է որ հետզհետէ կը դառնայ թանկագին, իր արժէքէ սա աճման մէջ աճեցնելով փառքերն ալ այդ հեղինակներուն։ Այսօրուան ամենայետին թշուառականն իսկ որ դպրոցի մը անցած է, ի վիճակի է գործածելու Թլկատինցիի, Հրանդի հայերէնը։ Ինչ որ այդ ողորմելին կը զատէ վաւերական գրողէն՝ նիւթը գտնելու ներքին աչքն է ապահովաբար։ Տեղը չէ տեսութիւններ դարբնելու։ 

 

Անբաւականութի՛ւն, թեթեւութիւն, մանաւանդ անամ բողջութիւն ու ասոնցմէ դուրս ու վեր՝ ստեղծագործական արարքին հանդէպ անփութութիւն, երբեմն հասարակութիւն, եր բեմն զառածում, ահա Պարոնեանին դէմ բանաձեւուած, կամ բանաձեւելի հիմնական մեղադրանքներէն մէկ քանին։ Աւելի անդին ես կը զբաղիմ ասոնց իրական կշիռովը։ Պարոնեանի պէս գրագէտի մը մեղքե՜րը: Երանի թէ հարիւրապատիկ ունենային անոնցմէ իր ընկերները ու ըլլային փրկած իր ժամանակէն անկէ տասը անգամ ավելի քիչ, ես սիրով պիտի տայի իրենց արձակումը: Ժամանակը կ՚աշխատի ի հաշիւ Պարոնեանին ու ի վնաս Թէրզեանին։ 

 

Հրա՜շք, գրեթէ սա մարդուն սա խստամերժ մեկուսացումը, ոչ անշուշտ գրքունակօրէն կազմակերպուած գրական դաւանանքի մը ներսը։ Երբ կ՚ըսենք որ իր ոճը յարմարագոյն գործիքն էր զինքը օրուան բոլոր կարիքները դիմաւորելու ընդունակ ընծայող, կը խորհինք իր ընկերներուն: Աւելի ջղուտ արձակ մը չէ որ կը գործածեն Մամուրեանները, Եղիաները, Պէրպէրեանները եւ ընկերք։ Պարոնեան այդ հասարակաց գործիքը, կոկ, ուղիղ, տրամաբանական Բիւզանդ Քէչեանին, Օգսէն Խօճասարեանին, Մատթէոս Մամուրեանին, Կարապետ Փանոսեանին, Կարապետ Իւթիւճեանին, Գրիգոր Չիլինկիրեանին չափ գիտէ գործածել: Մի աճապարէք այդ մարդոց իմացական կարելի բարձրութիւնները նեցուկ նկատելու այդ մարդոց լեզուն կամ դերը լուսաւորող, զօրացնող։ Պարոնեան՝ դեղագործի աշկերտ, տուներու եւ թաղային դպրոցներու ուսուցիչ, անպաշտօն տոմարակալ ու անաթոռ երեսփոխան, յորովայնէ ընտրեալ խմբագիր, չի՞ թելադրեր տիպարը իմացական pariaյին։ Այդ գործիքով` վերի անունները առնուազն կուշտ սեղան մը գիտցան ունենալ: Այդ գործիքով Պարոնեան պարտքեր ընելու մասնագիտութիւն մը իւրացուց։ Իր նկարագիրը, իրաւ, խոր, քիչիկ մը դէգ, անճկուն, բա՛ւ՝ զինքը հանրային սպասին յարմար անձնաւորութիւն մը հանդերձելու, առանց տաղանդի նպաստին։ Մեռած հանդէսներ թաղուելու համար յանձնուեցան իրեն ու ոչ միայն յարութիւն առին, այլեւ դարձան մեր գրական հրապարակին ամենէն բարձր բարիքները։ Թատրոն ը, Խիկար ը հանդէսներ են որոնք ամբողջովին անցած են Պետհրատ ի կազմած հաւաքածոյին մէջ իր ամբողջական գործէն։ Կրնա՞ք ինծի տալ անուն մը հանդէս ի մը ուրկէ տասնեակ մը էջ աւելնային ազգային պահեստին։ Կ՚ըսեմ ասոնք՝ ցոյց տալու համար թէ անոր իմացական շնորհները, գրական տաղանդը բաւ էին զինքը իր աղքատութենէն ազատագրելու առնուազն եթէ երբեք անիկա այդ շնորհներն ու տաղանդը զիջէր յարդարելու հրապարակին պահանջներուն, այսինքն ընելու ինչ որ կ՚ընէին իրեն քով Եղիա մը, Իւթիւճեան մը, Չերազ մը, Քէչեան մը, օրինակի համար, քանի որ անոնց բոլորին չափ գիտէր իր լեզուն ու բոլորին չափ, եթէ ոչ աւելի, ունէր ողջմտութիւն, խելք։ Չէ ըրած այս զիջումը, չեմ կարծեր՝ արմատական անկարողութեամբ մը արգիլուած։ Դարձեալ չէ ըրած այդ զիջումը գրական չափազանց հպարտ ինքնավստահութեան մը գինով, քանի որ կան այդ անզիջողութեան նմոյշները։ Այն ատե՞ն։ Պատասխան չունինք։ Կը գոհանամ՝ իրողութիւնը հաստատելով։ Ի՞նչ է հանճարը: Շատ ու շատ են բացատրութիւնները։ Պարոնեանի համար առաջարկուած պարագային՝ այդ տարազը պիտի թելադրէր գրական ընդունակութիւն մը որ այլամերժաբար ինքզինքը ըլլար իրագործած իր ճամբովը, առանց ուրիշների տարուելու: Ու այդ ճամբուն առաջին ու առանձին գործաւորը ըլլայ մնացած գէթ մինչեւ իր մահը։ Պարոնեան այդ գրական ընդունակութիւնը, հին բառով մը՝ շնորհը, օգտագործած է բացառիկ խղճահարութեամբ մը հեգնականին վրայ ու համար

Տալէ առաջ մեծ գիծեր այդ յղացքին հեգնութեան աւելորդ չէ թերեւս դիտել տալ որ մեր միւս վաւերական հեգնողներուն (Արփիարեան, Ե. Օտեան, Միքայէլ Կիւրճեան, մասամբ` Առանձար) գործերը ստուար իրենց մասերով կը պատկանին արտահեգնական բազմազան հետաքրքրութեանց կալուածին։ Օտեանի մը քսանը անցնող հատորներուն մէջ զուտ հեգնականը չ՚աւելնար հատորէն։ Արփիարեանի նոյնքան ընդարձակ ժառանգութենէն մենք հազիւ կը յաջողինք միջակ թանձրութեամբ հատոր մը կազմել։ Միքայէլ Կիւրճեանի գրական ուսումնասիրութիւնները, խմբագրականները իբրեւ ծաւալ հաւասար կու գան իրմէ ստորագրուած երգիծական էջերուն։ Յակոբ Պարոնեան ապրած է, ստեղծած է միայն ու միայն հեգնութեան մէջ ու հեգնութեան հետ ։ Մի մոռնաք ասիկա։ 

 

Հիմա, քանի մը ցուցմունքներ, այդ հեգնութեան հանգամանքները լուսաւորող, ճշդող։ 

ա) Բացարձակութիւն, ինք պիտի գրէր թերեւս միապետութիւն: Բառը հոս կը յայտնաբերէ Պարոնեանի հեգնութեան ամենէն տիրական յատկանիշը, ու անոր յայտարարը` անոր գրական խառնուածքին։ Այս հաւաստումին վկայ իր հատորները ամբողջ որոնց մէջ չեմ չափազանցեր եթէ ըսեմ որ չկայ էջ առանց հեգնութեան: Պարոնեան մեր միւս հեգնողներէն ասով է որ կը զատուէր, ըսի քիչ վերը։ Տաղանդի սա բացարձակ որակաւորումը չէ ինկած սեղմումի, այլայլումի, անոր գրչի կեանքին բովանդակ հասակին: Ժողովուրդը զինքը դասաւորած էր այդ կենդանակերպին տակ։ Այդ ծաղրէն զերծ ոչ մէկ վիճակ, մտայնութիւն, մահկանացու: Արեւելքը, դարերով, ծնունդ չէ տուած երգիծանքին։ Ու Պոլսոյ մէջ, մեր գրականութեան անդրանիկ շրջանին Պարոնեան մը փաստ մըն է տաղանդի չափ, մեր ժողովուրդէն ուրիշ ալ յատկութիւններու: Մեր պատմութեան դասերը չեմ թարմացներ։ Բայց 1870ին Պոլիսը, այսինքն արեւմտահայութիւնը ամբողջ, մանրանկար պատմութիւնն է այդ ժողովուրդին: Բոլոր խառնակութիւնները: Բոլոր պզտիկութիւնները: Բոլոր ունայնամտութիւնները։ Ու բոլոր գձուձ կիրքերը: Գերութեան դարերուն դարբնած անկումի Complexները։ Յետոյ, խոյանք, արդարութեան ծարաւ, զրկանքին դէմ կիրք ու պայքար։ Խօ՜սքը՝ որ մեր գործելու արգելքները կը թուէր փարատել։ Պարոնեան Պոլսեցի եպիսկոպոսներուն, երեսփոխաններուն չափ գիտէ մթնոլորտին խտութեան աստիճանները։ Բա՜յց։  Ու հոս է տռամային գագաթը, climaxը, ինչպէս կ՚ըսեն։ Ի պաշտօնէ անիկա ստիպուած է այդ ամէնը ձգելու իր ծաղրին։ Ու յիշելու էք անհուն, ահաւոր դիւրազգածութիւնները աւագանիին։ Պոլսոյ եկեղեցիներուն մէջ քանի քանի անգամներ մուտք պիտի գործեն կառավարութեան ուժերը, աս ու ան խռովարարը ձերբակալելու: Չեմ վերակազմեր այդ բարքերը։ Ու կուտամ օրինակ մը։ Ութսունական թուականներուն կիսաստուածի մը փառքը ապրող Ներսէս Վարժապետեանին կենդանագիր մը նուիրել, Ազգային Ջոջեր ու շարքէն, իր ամբողջ տաղանդը նժարի նետել ու զայն կորսնցնել պիտի նշանակէր որեւէ հեգնողի համար։ Պարոնեան տկար էր ընդհանուրէն դուրս, մասնակի ալ ազդակներէ արգիլուած։ Այդ թուականին հաստատուած է արդէն գրաքննութիւնը ու Վարժապետեան Սուլթանին սիրելի պատրիարք մըն է։ Այս փաստը մի առնէք թեթեւութեամբ։ Բայց կայ աւելին։ Ներսէս Վարժապետեան թերեւս այն մէկ հատիկ մարդն է որ Պարոնեանի հոգեյատակին պահած էր յարգանքի իր շէնքը անաղարտ, քանի որ պատանութեան ամենէն ընկալուչ շրջանէն ինկած էին այդ դէմքին հոգեկան գիծերը անոր ուղեղին պաստառին։ Ներսէս Վարժապետեան գերազանց բարերարն է նեղ օրերու (Պարոնեան լայն օր չէ տեսած) անմերժելի ապաւէնը ու, կ՚ենթադրեմ, հեռուէ հեռու ամենէն սեւ ճգնաժամերուն անոր տուին աղուհացին հասնող մը։ Այս հանգամանքներն ալ արժեւորեցէք «ըստ արժանւոյն»: Ու մարդը, ինքիր մէջ։ Մեծ։ Արի։ Խոհեմ։ Լայն շնորհներով պաշտպանուած խօսքի, վարչական ուժի: Մեծատարած հմայքէ մը ամպհովանուած։ Թերեւս իրաւ հայրենասէր մը։ Բայց անպայման իրաւ քաղաքական անձնաւորութիւն մը (իր անունին շուրջը ստեղծուած հէքեաթը ունի սեւ մասեր, որոնք աստիճան մը աւելի բարդ կ՚ընեն ստոյգ գիծերուն բարիքը հանելու պարտքը), մեր մեծ հոգեւորականներու գիծէն։ Այո՞։ Անշուշտ։ Բայց մարդիկ բաղնիք կ՚երթան մերկանալու եւ ոչ թէ զարդարուելու, ու կ՚իյնան Պարոնեանի գրչին տակ ծաղրուելու, ոչ թէ գեղակերտ նկարազարդուելու: Պարոնեան յաջողած է այնքան դժուար սա աշխատանքը կիսաստուած մը մարդերու սովորական գիծին բերելու ու ըստ այնմ՝ դատելու կատարել, երկկողմանի վտանգներէ ազատելով թէ՛ ինքզինքը, թէ՛ Ներսէս Վարժապետեանը։ Անիկա փոխանակ մեկնելու, ըստ իր սովորութեան, թերութիւններու պաշարէ մը, խելքն է ունեցած արժանիքներու հանդէս մը ծաղրանկարային ճոխութեան բարձրացնելու: Կը մեղադրէ իր հերոսը, այդ արժանիքներու առատութեան մեղադրանքով մը, որոնք զինքը կը մատնեն դժուարութեան։ Դիմանկարը (Ներսէսին) յօրինուած է 1880ին, բայց թելադրող՝ Վարժապետեանի հիմնական, տիրական գիծերը։ 1884ին Ծիծաղ ին մէջ այդ մարդը դարձեալ կը պահէ իր սկզբնական կենդանագրէն կարեւոր գիծերը։ Կենդանիներու Ժողովոյ (իմացէք Պոլսոյ Հայ Երեսփոխանական Ժողովը ) նախագահը, առիւծը, նոյն ինքն Պոլսոյ հայոց պատրիարքն է իր հրաժարականներուն basculeովը, իր շփացուած եկեղեցականի քիչ մը անտեղի, ծփանուտ հմայքովը սպառազէն։ Այս օրինակը անոր համար որպէսզի հասկնալի դառնայ ընդարձակութիւնը այդ ծաղրին։ Ազգին ամենէն բարձր անձնաւորութիւնն իսկ զերծ չէ մնացած անոր հեգնութեան պղպեղէն։ Պարոնեան կանգ չէ առած որեւէ նկատումի առջեւ համայնքի մը մէջ ուր նկատումները տուն կը շինեն ու տուն կ՚աւրեն, շրջանի մը` ուր գրաքննութիւնը (Վարժապետեանի ծաղրանկարը կը զբաղի բարքերու սա տկարութիւններով ալ երբ կը դրուագէ սա տեսակ ճարտար խոստովանութիւններ. «Խիստ քիչ թերութիւններ ունի եւ ան ալ իմ գրիչիս սիրտը չկոտրելու համար, հակառակ պատրիարքութեան պաշտօնին ուր ամէն օր առիթ կը ներկայանալ սխալներ գործելու: Սրբազան պատրիարքն իրեն թշնամի կը նկատէ այն ամէն թերթերն որուն խմբագիրը իւր մէկ արարքը կը քննադատէ։ Այսպէս, իրեն թշնամի նկատելով դադարել տուաւ Թատրոն ն որ յանդգնած էր նորին Սրբազնութեան մէկ շրջաբերականը հարուածել. այսպէս խափանել տուաւ Ասիա ն որ կրօնաւորի մը անբարոյականութիւնը կը ձաղկէր։ Սակայն միւս կողմէն ալ իրեն դէմ խօսող դադրած լրագիրներուն հրատարակման կ՚աշխատէր», Ազգային Ջոջեր, Ն. Վարժապետեան ) ուժովին, քսուին, գործունեային բնական դաշնակիցն էր ու սպառնալիքներուն գերազանցը իբրեւ կը մնայ կախ գլխուն ամէն խմբագրի: Իր մտերիմին, պաշտպանին, ազգին մէջ ամենէն ընդարձակ համբաւին իսկ հանդէպ անվերապահ սա ծաղրը որ քան արդար, ամուր, ամբողջ, բացարձակ պիտի ըլլար հանդէպ ուրիշներու, թէկուզ ջոջ կամ մեծապատիւ մուրացկան, կամ՝ եւրոպական դիւանագիտութիւն, կամ թրքական վարչութիւն, ու շարունակելը ձեզմէ, որպէսզի ձգէք սա ծաղրին ասողութեան մարդերը ինչպէս մտայնութիւնները, բարքերը ինչպէս հոսհոսութիւնները մեր ընկերութեան բարձր խաւերուն սփիւռքովը։ Վերին խաւերէն ցած՝ ժողովուրդը, լման ու կատարեալ, իր ամբողջ խայտաբղետ  կենդանութեամբը, պարզութեամբը, միամտութեամբը, մեղքերովը, արժանիքներովը, այնքան զիւրին, մշտապատրաստ որս ամէն ժամանակներու հեգնողներուն, քանի որ չէ պաշտպանուած։ Պարոնեանին ծաղրը հաւասարաբաշխ ձեւով մը, իր բացարձակութեամբը կ՚իյնայ իր շրջանին վրայ: Անկէ զերծ՝ ոչ ոք։ 

բ) Ժողովրդականութիւն: Այս բառը ունի ընդհանրացած իր իմաստը։ Անով իմ հոս թելադրել ուզածը տարբեր բան [1] մըն է։ Անիկա կը հակի թելադրել Մոլիէռի peuple ծաղրը, այսինքն այն հաստ, հաստատ, առողջ, ողջամիտ, ուղղակի, խոշոր, աներանգ ու միակտուր խնդուքը որով կը մատուցուին զանգուածին դիւրընկալչութեան մեր թերութիւնները, մեզի հասած անարդարութեանց դէմ մեր հակազդեցութիւնները, կը լուծէին մեր վրէժները ու կը յագենայ մեր հարուած եալ արժանապատուութիւնը: Անով է որ գոհացում կը գտնեն պարզ մարդոց կսկիծները, օրուան իրադարձութիւններուն մթին արձագանգները չեն զարգանար դէպի տռամա։ Իրար հանդուրժելու ամենէն պարզ ու բնական միջոցն է անիկա։ Անշուշտ՝ մագիլնե՜րը։ Որոնք մանաւանդ արեւելքի մէջ այնքան խժդուժ կ՚ըլլան, արժանապատուութիւնները պահպանելու ատեն։ Թուրքերը, պարսիկները դարեր հալածեցին երգիծող բանաստեղծները որոնցմէ շատերուն գլուխը քաշեց լեզուին սլաքը: Ծանօթ է Անտոնիոսի վրէժխնդրութիւնը Կիկերոնի փողոտուած գլուխին վրայ երբ յիմար եռապետը զինուորի մը սուրովը իր ուսերէն անջատուած այդ գլուխէն կը բանայ բերանը, կը քաշէ լեզուն  ու կը մխէ անոր արծաթ ասեղը փոխ-վրէժին։ Հակառակ պատմական սա վսե՛մ օրինակներուն (թարմացնել մահն ալ Տիմոթենէսին, նոյն հանգամանքներու արդիւնք) ծաղրը կը պահէ իր մլար հրապոյրը։ Քրիստոնեայ մը, մեծ արդարութեամբ մը կրնայ ըսել «ո՞րը մեզմէ ազատ է մեղքէ»: Տարազը նոյնութեամբ կը գործածուի ծաղրին համար ալ. «ո՞վ է մեր մէջ ան որ ըլլայ զերծ ծիծաղելիէն»: Թուրկենէֆ Սերվանդէսի վրայ ուսումնասիրութեան մը մէջ ըսած է սա յատկանշական խօսքը. «Մեր մէջ ո՞վ Տոն–Քիշոթ չէ, չէ եղած կամ պիտի չըլլայ»։ Տրուած ըլլալով Պարոնեանի լայն ընտանութիւնը Արիստոֆանին ու մանաւանդ գաղիացիներու մեծ հեգնողին գործերուն հետ, ու, 1870ին Ֆրանսան որուն բարքերը, լեզուն, արուեստները տիրական էին Պոլիս եւ Իզմիր, մեր ընկերութեան բարձրագոյն խաւերէն ներս դժուար է հասկանալ Պարոնեանի ծաղրին թանձրութիւնը, առանց սա խառնուածքի փաստին ու ասոր հետ այն միւս իրողութեան որուն համեմատ բարձր խաւերու ծաղրանկարը գրեթէ միշտ հեշտագին կը դիմաւորուի խոնարհ խաւերէն։ Պարոնեանի երգիծանքը, երիտասարդութեան օրերուն, բնական երեւոյթի մը կը նմանի, հաստ ու առատ, ինչպէս Մոլիէռինը իր rigole խաղերուն մէջ։ Սրամտութի՜ւնը` որու հաշւոյն այնքան կ՚ախորժին փառասիրել գաղիացիք։ Պարոնեան իր ծաղրին ժողովրդական սա նկարագիրը ամրախարիսխ տարիներ ու տարիներ պահպանելէ ետքը Խիկար ով որ Թատրոն էն տասը տարի վերջ կուգայ, կուտայ այդ espritին ալ գրաւականները։ Նետ ը շքեղ փաստ մըն է այդ սրամտութենէն, գլխաւորաբար բարձր, գրական, ազգային–եկեղեցական շրջանակներէ սնանող։ Բայց այդ սրամտութեան գլուխ-գործոցն է անտարակոյս Հոսհոսի Ձեռատետրը, ուր առանց միջանկեալ տարրերու թանձրացնող կամ ծանծաղող չարիքին, Պարոնեան սկզբնական վիճակէ մը, մտայնութենէ մը, դէպքէ մը կ՚առնէ իր ծաղրին ծաղիկը, ան որ ապագային Օտեանի քրոնիկը պիտի հանդերձէ եւ ատկէ առաջ Պարոնեանին տուած էր Օրագրութիւն ը, Դիտողութիւնք ը, Գրպանի Տետրս ը, Նետ ը բոլորն ալ Խիկար ով։ Ֆրանսական սրամտութիւնը, սալոնեան բարքերու եւ ախորժակներու ծնունդ, բարեկրթութեան, պատշաճ լեզուին ու արտայայտութեան, մանաւանդ խորքին օրէնքները խորապէս յարգող ընկերութիւն մը ունի իրեն մրցարան։ Մեր Պոլի՞սը։ Ձեզի կը ձգեմ՝ յօրինել զայն, իր հարուստներու ապարանքներէն մինչեւ արհեստաւորներու համեստ բնակարանները, այսինքն անոնց տանիքներուն ներքեւ բոյծի  դրուած իմացական ու բարոյական մղումները։ Այս դարուն սկիզբը մեր ամենէն « արագորեար » վաճառատուներուն մէջ սխտորի հոտը էամաս մը կը կազմէր…։ Գաղիացիք իմացական նրբութեան մշակներն են կայ երեք հարիւր տարի։ Մոլիէռէն ասդին այդ ընկերութիւնը շարունակած է իր եղափոխութիւնը։ ԺԹ. դարը չէ տուած մեծ հեգնողը. փոխարէն առատ է թիւը անոնց որոնք վերապահ նրբութիւն մը, տոհմիկ զուարթամտութիւն մը, խոշորնալ, հաստնալ, ժողովուրդ դառնալ չուզող ջանք մը, կարճ` ազնուականներու, բարձրորակ մտաւորականներու, առնուազն եռահարուստ քաղքենիներու եղանակ մը օգտագործել հեգնելու տեղ այն կոճկուած, համով, վայելուչ հաճոյքը որով պայմանաւոր են Mondeին օրէնքները: Կրնայ պատահիլ որ նուրբ, ինքնատիպ, խորունկ դիտողութեամբ օժտուած միտք մը այդ իսկ ճամբով հասնի մարդկային հոգիի հեռանիստ ալքերուն եւ այդ տեղերէն այդ հոգիին վրայ նոր ըսուելու չափ քիչ սեւեռուած դիտողութիւններ է Մոնթենեը մէկն է անոնցմէ։ Վովնարկ մը, Վոլթէռ մը` ուրիշներ: Միւս կողմէն նոյնքան ճիշդ է որ այդ ալքերէն Ռապըլէ մը տիրական սեւեռումներ իրագործէ, այս անգամ հաuտ, ժողովուրդ ծաղրին ճամբովը։ Արեւմտահայերուն ԺԹ. դարը ընկերային ու իմացական իր երեսներով կը կրկնէ՞ ֆրանսացիներուն տասնըվեցերորդը։ Թերե՛ւս։ Ահա թէ ինչու քառորդ դար մը բաւ՝ որպէսզի Արփիարեանի եւ Օտեանի երգիծանքները ըլլային այնքան տարբեր, առաւելապէս նրբութեամբ, սրամտութեամբ կացաւոր՝ իրողութիւն մը։ (Ուշագրաւ է որ արեւմտահայ գրականութեան մէջ դարերը խտանան տասնեակներու վրայ եւ իրար ու յաջորդեն մտայնութիւններ, բարեխառնութիւններ ու զանոնք սեւեռողներ, կերպադրողներ, այնքան իրարու ներհակ պատկերներու մէջ, երբեմն նոյնիսկ մեկ անձի վրայ տիրաբար զիրար հերքող։ Դժուար է ողորմելի Նայինի Պատանի էն (Եղիշէ վարդապետ Դուրեան) բարձրանալ Անառակը քերթուածին առնուազն տաղաչափական հազուադէպ փառքին։ Բայց հազիւ քսան տարիներ կը զետեղուլն երկու բանաստեղծութեանց միջեւ։ Ասիկա մի բացատրէք տաղանդին յառաջարու հանգամանքովը։ 1880ին, այսինքն երբ Դուրեան Եղիշէն քսանը նոր է մտած, մեր բանաստեղծական ճաշակը կը մարմնանար այդ անկնիք պատմումին կերպարանքովը։ Քսան տարի վերջ մեր արուեստագէտ սերունդը ընդմիշտ կործանած էր տափակ այդ տաղաչափութիւնը Ազդակնե՞րը սա փոփոխութեան։ Իմ բանաձեւել փորձած օրէնքը, թերեւս որուն համեմատ մեր իմացական շրջափոխութիւնը ոստումներով ինքզինքը կիրագործէ։ Մի մոռնաք Ե. դարու գրական արշալոյսն ալ։ Եթէ Պետրոս Դուրեանին արուեստին եւ իր շրջանին միջեւ անջրպետը անչափելի ըսուելու աստիճան ընդարձակ է, - Պարոնեանին եւ իր շրջանին միջեւ ոչ մէկ անջրպետ: Զայն չհասկցող մը երեւակայելի չէր այդ 1880ին։ Օտեանին ու Արփիարեանին երգիծանքը ուրիշ տուփերու, վիճակներու կը մնայ կապուած։ Միջազգային յեղափոխական jargonին անծանօթ մը քիչ չափով, չըսելու համար երբեք, պիտի ըլլայ հաղորդ Ծապլվարի Առաքելութեան շնորհներուն: Իտիոտոֆը (Արփիարեանի հերոսը) ունի անջրպետը ընդմէջ միջին ընթերցողին եւ եւրոպական espritն սիրող, գործադրող մտաւորականին։ Աւելի անդին ես կը փորձեմ բաղդատութիւնները տանել իրենց եզրակացութիւններուն։ Պարոնեանի ծաղրը, գէթ իր գործադրուած ընդարձակ մասերուն մէջ, քիչ անգամ կը նրբանայ: Անիկա ժողովրդական է, նախ տաղանդին իսկ բխումով, երկրորդ արար շրջապատին ախորժակներուն ըլլալով ենթակայ։ Գահիրէ Աբիսողոմ աղա մը չի կրնար մարսել, անոր ծնունդ տալէ վերջ։ Համաձայն եմ։ Բայց որքան բնական գտան մարդիկ Կիւրճեանի Մարտիկ աղան որ աւելի Corsé, աւելի faisandë Աբիսողոմ մըն է սակայն խորքին մէջ։ Երկու գործերուն ետին կենդանի մասը՝ մեր յիմարութիւնը։ Այսօր չենք կրնար Մոլիէռի բժիշկները, փաստաբանները կենդանագրել, բայց կրնանք անոնցմէ աւելի յիմարներու յանձնել մեր հիւանդները, դասերը: Քանի մը տարի առաջ ես փորձեցի Աբիսողոմ Աղա մը նետել ոտքի (տիպարը առնուած էր իրականութենէն, intrigueը՝ դարձեալ իրական։ Ազգային մուրացկանները նոյն, բայց տարբեր դիմակներով։ Ազգային սափրիչին, խմբագրին տեղ՝ ազգային գործակատարը որ Աղեքսանդրիոյ առաջնորդարանին վկայագիրովը կը կողոպտէր քարափ ելող ազգային ճամբորդը, հինգ ղրուշին տեղ հինգ ոսկի պահանջելով իր մուրացած ծառայութեանցը փոխարէն) միշտ Պարոնեանին միջոցներովը, ու առանց անոր… տաղանդին։ 

գ) Իրաւութիւն ։ Հակառակ անոր որ Պարոնեանի ծաղրը կուգայ ժողովուրդէն ու կը սնանի ասոր հաստութիւններով. քիչ անգամ մենք կը գտնենք զայն, այդ ծաղրը վերածուած ծաղրանկարի։ Այդ ծաղրին դաշտը մեր կեանքն էր. ըսի ասիկա։ Առօրեային դառնութիւնները, փորձառական կորանքները Պարոնեանի ամէն մէկ էջին։ Բայց ձեզի այնպէս կուգայ որ այդ ամենէն հանելու համար իր ծաղրը, Պարոնեան չէ դիմած գրական ոչ մէկ չափազանցութեան։ Հոս է որ Պարոնեան կը զատուի մեր միւս հեգնողներէն որոնք այս բառով թելադրուած գործաւորը ըլլալէ շատ աւելի, շատ առաջ՝ գրագէտներ են, առնուազն խմբագիր։ Պարոնեանի ծաղրը անմիջական, բնական բխում՝ այս իսկ հաւաստումով, կը դառնայ իրաւ: Իրաւ չէ Փանջունի ն, այդ անմիջականէն դուրս պայմաններու ըլլալով ծնունդ։ Օտեան չի տառապիր արդէն այդ իրաւութեան հաշւոյն։ Իրեն համար անհրաժեշտը՝ տիպարը ծիծաղելի ընող գիծերուն կարկառի բարձրացուիլը։ Պարոնեան ծաղրին չէ իսկ մտածած։ Գիտենք իր կեանքէն՝ որ ինչ քիչ էր անոր ժամանակը, իր գրելիքը կազմակերպելու։ Չէ ուսումնասիրած, որ հոմանիշ է գրականութիւն ընելու արարքի մը։ Ու կրած է իր գործերը, հաստ, առողջ անասունի մը բնականութեամբը, կրնայ ըսել անզգածութեամբը եւ կամ պարտէզի ծառի մը այլուրութեամբը, դնելով զանոնք աշխարհ (գաղիացիք կ՚ըսեն՝ mettres bas) նոյն բնականութեամբ ու իրաւութեամբ որ այդ արարքինն են կենդանիներուն, բոյսերուն մօտիկ: Գիտեմ թէ կը խուզարկէք ձեր գիրքերը ուր կան ամենազօր բանաձեւներ, ստեղծումը դիւրացնող կախարդական տարազներ։ Ատոնք կրնան ճիշդ ըլլալ, դեր մը իսկ ունենալ մարդոց համար որոնք իրենց տաղանդը կը բաժանեն գիրքերուն արգանակովը։ Իրաւ կեանքը ոչ ոքի պարտական եղաւ: Իրաւ տաղանդը ոչինչ ունի սորվելիք, Պարոնեան երգիծանքը մէկ հարուածով գրական սեռի մը բարձրացնելու համար դաս չառաւ անշուշտ Սվաճեանէն, ինչ պէս Դուրեան իրաւ բանաստեղծութիւնը գտնելու համար չաշկերտեցաւ… Բագրատունիին կամ Ալիշանին։ Չեմ դներ Պարոնեանին համար հարցականը՝ իր տաղանդին երգիծական նկարագիրը հասկանալ ուզող։ Գրագէտ մը կը դաւանիմ որ մեծ գրագէտ մըն է Պարոնեան իր ժամանակին բոլոր հարցերուն ինքնաբերաբար կ՚ըլլայ հաղորդ։ Պարոնեանի շրջապատին մէջ կեանքը չունէ՞ր ուրիշ կողմեր, ուրիշ տագնապանք, ուրիշ կարիք, առնուազն մեր յիմարութեանց եղերականութիւնը, իրմով զբաղելու արժանի: Բայց, եթէ այդ կեանքը հոսած է անդարձ, անկէ կը նշխարներ կը մնան մեր դիւաններուն։ Մեր գրականութիւնը, 1880ին, կը պարզէ դժբախտ պատկերը այդ տկարութեանց։ Կատակ չէ՛։ Տասնէն աւելի տաղանդաւոր մարդեր, սանկ մինչեւ 1890, կը գործեն, կը գրեն, կը յոխորտան, կը սպառնան, կը քրմանան, միշտ այդ կեանքին անունով, անոր պակասները բեմերէն ու լրագրի սիւնակներէն գալարափող պոռպռալով, անոր  անուշութիւններն ու հեշտանքները քնարերգելով որպէսզի կառուցուին իրենց մեծ համբաւները ու հայ գրականութիւնը այդ բարձրաղաղակ փառաբանենքէն չըլլայ ժառանգած ոչ իսկ մէկ հատիկ իրաւ վկայութիւն ։ Ո՞ւր է այդ սերունդին արդարացումը։ Սեւ Լերին Մա՞րդը: Մայտա՞ն: Սէֆիլենց Տղա՞ն: Վարդ եւ Շուշա՞ն: Դպրութի՞ւն (Գարագաշի քերականութիւնը)։ Գրական Փորձէ՞ր: Ստուերք Հայկակա՞նք: Առաջին Տերե՞ւք: Յուզման Ժամէ՞ր ։ Գրեթէ անուանած եղայ խումբին իրագործումներէն ամենէն յատկանշականները։ Ու բարի եղէք այդ հատորները աչքէ անցընելու որպէսզի ձեր իրաւ ժողովուրդը գտնէք, թէկուզ խեղճ ու տկլոր, բայց վերջապէս մարդու մը նմանող խումբ մը իբրեւ: Ու անմիջապէս ձեզ կը ղրկեմ, նոյն մտահոգութիւններով, Իրապաշտներուն, Արուեստագետներուն: Կարճ ըլլալու համար՝ անուններ չեմ յիշեր։ Անհետացած Սերունդ մը մեծ գիրք մը չէ, բայց որքա՞ն իրաւ։ Որքան իրաւ՝ Զարդարեանի Սեւ Հաւը կանչեց ը, իր համեստուկ ծաւալին մէջ։ Այս փոքր ընդլայնումը անոր համար՝ որպէսզի արդարանայ փառքը Պարոնեան իրաւութեան։ Այդ 1880ը գտնելու համար մենք խումբէն գրեթէ ուրիշ աղբիւր չունինք Պարոնեանի գործէն զատ (այնքան անբաւարար են այդ ուղղութեամբ Եղիայի, Պէրպէրեանի, Ծերենցի քրոնիկները)։ Ուրիշ խնդիր՝ Պարոնեանի տաղանդին ընդարձակութիւնը այդ աշխարհը լիութեամբ ընդգրկելու [2] ։ 1910ին Երուանդ Օտեան գրեթէ կը  վայելէր նոյն վարկը եւ հմայքը որոնք Պարոնեանինն էին երեսուն տարի առաջ։ Ըսել կ՚ուզեմ` ունէր իր խօսքը օրուան բոլոր հարցերուն շուրջ։ Բայց կայ տարբերութիւն մը։ Օտեանն ալ յաւակնած է դատելու արեւմտահայ գրականութեան բարձրագոյն, ձախ ձգտումները ու դուրս եկած բոպիկ 1880ին, երբ Երկրագունտ ի մէջ Եղիա, Պէրպէրեան բարձրացնելիք երկիրնք մը կը փնտռէին Մայտա յին համար, Պարոնեան Ծիծաղ ին մէջ գացած է առաջ, այդ վէպը դատելու արարքը գրական քննադատութեան մօտեցնելու: Որ դատաստանները` վիպելու արուեստին, տիպարներու բնականութեան, գործողութիւնը զարգացնելու հարցին, մանաւանդ գիրքը լեցող գաղափարներուն արժէքին վրայ կը պարզեն որոշ արդարութիւն, ազատութիւն, ինչպէս բուն, իրաւ վէպէն հիմնական անհասկացողութիւն, բան մը որուն վրայ մի զարմանաք, քանի որ մէջտեղն է իր վիպական գործը։ Իրաւ է Պարոնեան, համեմատական իրաւութեամբ մը երբ մեր իմացական ընտրանին վրայ կը գործադրէ խոշոր իր ծաղրը, հոս ալ յիշեցնելով Օտեանին անծակ միամտութիւնը երբ այս վերջինը իր եւրոպական քանի մը գործերու ծանօթութիւնը իրեն չքմեղանք արած, կը յաւակնէր գրական ուղղութիւններէ խօսիլ: Պարոնեան կը քաւէ սակայն այս անբաւարարութիւնը, գրական ին մէջ, հրապարակի ընդհանուր բարեխառնութեան լիալից իր ընտանութեամբը։ Եղիան գիտցող մը չէր, ոչ ալ Պէրպէրեանը աւելի անդին կը նայէր քան իր վարժապետները Գուզէնն ու Գարագաշը։ Այս համեմատական անբաւարարութիւնը կը լուծուի սակայն տիրականութեան վստահ զգացումի մը մէջ, որ համազօր է իրաւութեան, որով անիկա նուաճած է իր աշխարհին ըսէք իմացական միւս երեսները, երեսփոխաններէ, գրողներէ, խմբագիրներէ, եկեղեցականներէ։ Պարոնեանին Արծրունին ոչ միայն կենդանի յօրինում մըն է, այլեւ իրաւ Croquis մը: Նար-Պէյը՝ նմանապէս։ Ծերենցը`  դարձեալ։ Ազգային Ջոջեր ու շքահոյլը իր արժէքը կ՚առնէ ոչ թէ ծաղրէն, այլ այն իրաւութենէն որուն մէջ խնամքով տեղաւորուած են այդ մարդերուն անվերածելի նկարագիրները։ Կենդանութիւնը, նկարի մը վրայ, հոգեղէն տարրը յայտարարող շնորհ մըն է: Բնական որքան անառարկելի այդ բառը համազoրել իրաւութեամբ ։ Բայց չէք միամիտ վտանգը անգիտելու աստիճան։ Իրաւութիւնը հոմանիշն է նոյն ատեն տափակութեան, միջակութեան, առնուազն անկնիք պատկերին։ Պարոնեան չէ ընդօրինակած: Պարոնեան չէ ալ ծաղրանկարած: Առաջինը սա արարքներէն մատչելի զբաղանք մըն է ամէն դպրոցականի: Երկրորդը չարափոխեալ ստեղծումը կը թելադրէ։ Երկուքին ալ կարօտ չէր անիկա. Իր նիւթերուն առատութիւնը, պարզ վերբերումով մը, բաւ էր լրացնելու իր պահանջները մարդերէն ու իրենց ունայնամտութիւններէն (երգիծանքը կ՚ապրի այս մեղքով)։ Նոր մարդեր ստեղծելու ի՜նչ կարիք։ Ինք մինակն էր Տէրոջը այգիին մէջ, պիծակներու բոյնը շալակը։ Ու իրաւ էր այդ թշուառականը իր ընկերներուն բոլորէն աւելին՝ 

դ) Համապարփակ եւ ինքնաբուխ էր այդ հեգնութիւնը։ Կուտամ անուններ. Արփիար Արփիարեան, Երուանդ Օտեան, Միքայէլ Կիւրճեան, Յարութիւն Յովհաննէսեան (Թլկատինցի), Յ. Գույումճեան (Առանձար), Սուրէն Պարթեւեան։ Բարի եղեք այդ անուններուն ձեր մէջ արթնցուցած զգացումները առանձնացնելու, աւելի յստակ տեսնելու համար, ձեր մտքին մէջ, անոնցմէ իւրաքանչիւրէն պատառ մը իրաւ, վճռական նկարագիր։ Ու ինծի հետ էք, կը խորհիմ, ընդունելու որ բոլորին համար ալ հասարակաց է գրական նկարագիր մը: Հիմա չեմ՝ լայննար։ Գիտեմ միայն որ այդ անունները գրական այդ նկարագիրը թելադրած էին երբ կը գրէին մեր հրապարակին վրայ: Արփիարեան ծաղրող մը ըլլալէն առաջ՝ քրոնիկագիր մըն էր։ Պարթեւեան` վիպող մը ու խմբագիր մը։ Երգիծականը՝ այդ անուններուն հետ երրորդական, չորրորդական կողմ մը ինչպէս: Պարոնեանին համար այս առանձնացումը (նկարագիրներու) կը վերածուի միշտ մէկ ու նոյն յայտարարին։ Ըսի թէ երգիծանքէն դուրս բան մը չըրաւ անիկա։ Ինքզինքս չեմ կրկներ։ Միջակ վիպող, գէշ թատերագիր եղաւ անիկա, վասնզի անխառն երգիծողն էր, այսինքն մարդը որ կեանքին տուածը կ՚առնէ, անմիջական ու ինքնաբուխ, կը թօթուէ անկէ իրեն ոչ անհրաժեշտ ամէն մասնայատկութիւն, վար կը դնէ իրեն պիտանին ու կ՚ընէ գրական անհրաժեշտ գործողութիւնը, փոխադրում (transposition), իր միակ զգայարանքի միջոցով։ Այդ զգայարանքէն ծորուած ամէն իսկութիւն կ՚առնէ գոյնը գործարանին։ Այս կեդրոնացումը Պարոնեանը պաշտպանած է տարտղնումէ։ Հոս է անոր ուժին գաղտնիքն ալ։ Անոր համար կեանքին բոլոր մեծ ու պզտիկ երեսները, պահերը կը բացուին ու կը կոչուին այդ աստղին տակ ։ Թէ կեանքը, այսինքն առօրեայ ապրումը այս մարդուն կը պաշտպանէր նաեւ անոր գրական զգայարանքը, պարագայ մըն է որ զուրկ չէ իմաստէ: Դեռ ոչ իսկ պատանի, անիկա թուաբանութեան դասի մը մէջ իր տկարութիւնը կը կարծէր գնել՝ գրելով սեւ տախտակին «հրաժարիմք ի դիւաբանութենէ»։ Պատմած եմ Արեւելքի Բոցեր անունով գրքի մը դրուագը Օտեանին առիթով։ Պարոնեանի կենսագիրները զինքը կ՚ըներ կայացնեն ցուրտ, վերապահ, սակաւախօս։ Իր կենդանագիրն ալ կը վկայէ այդ վերապահ խառնուածքէն: Կրնամ արտօնուիլ երազելու, հետքերն ի վեր իր կեանքին, երբ մէկ գործէն միւսը կը թափառի, անկարող ինքզինքը բռնել տալու, դառնալից ու պատրանայեղց, մէկ մաղազա յէն միւսը, իր հացագինը որսալու նսեմ զգացումէ մը տառապելով ուրիշներու վրայ խնդալն իսկ չներելով իր դժբախտութեան։ Եղա՞ծ է անիկա, գէթ Օտեանին չափ, Արփիարին պէս, Արամ Անտոնեանին գիծէն մէկը որ գիտէ իր մերկութիւնը, մինակութիւնը, անօթութիւնը ոսկեզօծել առնուազն զուարթութեան բախումներով որոնք գրականութեան կրնային վերածուիլ: Իր կենսագիրները լուռ են այդ ուղղութեամբ։ Կ'աւանդուի թէ Պէշիկթաշ գիշերէ գիշեր օղիի սեղանին շուրջը կ՚ախորժէր համախմբել պարզ մարդեր, թաղին արհեստաւորները, հաւանաբար հանգստաւոր վարժապետները, սանկ համով, կճան լեզուի տէր միջակ դասակարգը ու անոնց պարզ զուարթութեան կը խառնէր իր ալ բնածին զուարթութիւնը: Ամէն մարդ իր ներքին բխումին մէջէն կ՚ընտրէ իր նմանները։ Կան որ պիտի փնտռեն մեծերը, հարուստները։ Ուրիշներ պիտի փախին անոնցմէ, գտնելու համար բոլորովին խոնարհ կարգէ տիպարներ։ Չունինք աւանդութիւն թէ հնչպէս կ՚ընդունէին զինքը ազգային շրջանակները ուր իր ստեղծած վախը հէքեաթ մըն ալ լաստակերտած ըլլալու էր իրեն։ Բարձր դասակարգը Պոլիսի՞ն։ Ունէ՞ր մուտք գոնէ պատրիարքարան որուն գահակալը հանդիսաւոր փառք մըն էր, իր երբեմնի ուսուցիչը, յետոյ, հաւանաբար, իր պաշտպանը: Ցաւցուցած էր ջոջերը: Ատկէ չէր տառապեր անշուշտ, քանի որ զանոնք սիրաշահելու տաղանդէն զուրկ էր ծնած։ Կ'ըսեն թէ խնայած է Մամուրեանին որ այդ վարկը Պարոնեանէն արժեւորած է իր վարկին կերտումին համար։ Կենսագրական սա վերհպումները աւելորդ չեմ նկատեր։ Պարոնեան ինքնաբուխ, համապարփակ հեգնողը ըլլալու իր փառքը իր մե՜ղքը պիտի քաւէ անհուն պարկեշտութեամբ մը։ Համաձայն եմ: Բայց գրագէտի մը դժբախտութիւնները չեն օգտագործելի միշտ, անոր վաստակը հասկնալու պարկեշտ պարտքի մը ատեն։ Ո՞վ ավելի լայն, խաղաղ, «հանգստաւէտ», ինչպէս կ՚ըսէին 1880ին, կեանք մը վարեց քան Թովմաս Թէրզեանը: Իր ոտանաւորներէն այն մասը, ուր իր խառնուածքին հեղումը շատ քիչ չափով մը կ՚ըլլայ զգալի, կը պատմէ եղերական տրտմութիւնները, չըսելու համար կեղծիքը։ Այս մերձեցումները կ՚ընեմ որպէսզի պարզուի մեր աչքերուն Պարոնեանի ծաղրին տիրական նկարագիրը։ Իր անձին յուսախաբութիւննե՞րը, որպէսզի Մեծապատիւ Մուրացկաններ ուն մէջ խմբագիրը, տպարանապետը, թղթավաճառը, տէրտէրը քաւէին, իրենց ծիծաղելիութեամբ, Պարոնեանի իրենցմէ զգացած դառնութիւնները։ Իր արժանապատուութեան հասած հարուածները կը մնան սկզբնական ազդակները որպէսզի կենդանագրուին Ազգային Ջոջեր ը։ Իր պարզ մարդու հակազդեցութիւննե՞րը, որպէսզի իյնան թուղթի մեծ ու պզտիկ կարաւանները անոր տիպարներուն: Ու մանաւանդ իր գրողի ցա՞ւը, երբ այնքան անգութ կերպով կը զարնէ բանաստեղծները, ցուցամոլ, խառնակիչ, շահախնդիր խմբագիրները։ Կարելի է որ այս ամէնը առնեն բաժին մը անոր գործին կառույցին մէջ։ Բայց սխալ չըլար գերազանց ազդակը փնտռել իր իսկ անձնաւորութեան յօրինուածութեան մէջ։ Բնազդական ու տարերային էր այդ երակը (հեգնութեան) իր ներսը։ Թերեւս ոմանք փորձուին սա հաւաստումին ետին գտնել կատարեալ, անխառն, իրաւ արուեստագէտը, իր գործին համար միայն եկած սա մեր աշխարհը, անկէ դուրս շատ քիչ բանի ընդունակ։ Մեր ժողովուրդը ունի բառ մը այս գիծէ ողբերգութիւնները պատկերող։ Անիկա անճարակ տիտղոսով կը պատուէ այդ բացարձակ, համապարփակ, անսրբագրելի տիպարները: Պարոնեան, գրականին վրայ այնքան շքեղութեամբ իր ապացուցած սա բացարձակութիւնը կենցաղականին վրայ ալ ապացուցած է նոյնքան շքեղ ողբերգականութեամբ մը։ Պոլսոյ ու արեւմտահայ բոլոր քաղաքներուն մէջ ամենէն շատ կարդացուող մարդը թոքախտաւորներու փեթակ մը կտակեց Ազգային Հիւանդանոցին։ Իր դիակը վերցուցինք ողորմութեամբ, ըսել կ՚ուզեմ՝ ազգային իր թաղումն անգամ չհասաւ փառքի  պարզագոյն պսակներուն։ Ու իր՝ գերեզման իջած օրն իսկ իր այրիին ու զաւկըներուն հացը ճարելու համար ազգային հանգանակութեան ձեռնարկեցինք։ Հայրէնիք ու Արեւելք թերթերը սրտայոյզ է կարդալ, այդ տռաման դատելու համար: Ու խորհիլ որ անոր գրածները ծախողները տունի, դիրքի, նոյնիսկ փառքի արժանացան (մեր մէջ գրավաճառը չ՚իյնար Մեծապատիւ Մուրացկաններ ուն շարքին. է ազդեցիկ արարած մը ու ազգային գործերու, գէթ ասոնց պատմութեան մէջ կշիռի ելած մէկը): Պարոնեան անճարակն է, պարզ ու վսեմ։ Միակտուր ծաղրին միակտուր պատուհասումը։ 

ե) Հայեցիութիւն, որ հեգնութիւնը որակող տարազ մը չէ հոս։ Անիկա կը բռնանայ սակայն իմ գրչին երբ յստակութեան փափաք մը կը միջամտէ սա վերլուծումներուն։ Փանջունի ն, Փրկիչներ ը ուրիշ ժողովուրդի մը չեն պատկանին անշուշտ: Բայց Պաղտասար Աղբար ը, Պապիկ եւ Աբիսողոմ աղաները, Հոսհոսի Ձեռատետրը եւ Խիկար ը իրենց օրագիրներով մեզի կը թելադրեն տարբեր ապրումներ։ Առաքելութիւն ի Ծապլվար ի հերոսը հայ իրականութեան մէջ ոտքի նետելու համար կարիք կայ լուրջ աշխատանքի, առնուազն անոր խօսած լեզուն, գործածած terminologieն կարօտ են որոշ զարգացման աստիճանի մը, մարսելի դառնալու համար։ Միջազգային ընկերվարութեան ընդհանրացած jargonը որ հեգնութեան բանալին կուտայ, իր կարգին բեռ մըն է գիրքին: Անհրաժեշտ է, ասկէ զատ, շրջանային հոգեբանութեան, կուսակցական վէճերուն, խօսակցութեանց լայն ծանօթացում: Կայ տակաւին անհրաժեշտութիւնը տիպարին մօտեցող փակումներու հետ յուսահատիչ շփումին որպէսզի այդ անգնելի յիմարը տեղաւորուի իր ժողովուրդի լուսանցքին։ Ընթերցողը տակաւին պարտաւոր է վարժութիւն ըլլայ ստացած ֆրանսական սրամտութեան նրբութիւններէն։ Ուրիշ չէ պարագան Արփիարեանի ծաղրին։ Այդ Իտիոտոֆն ալ ու նման ուրիշ յօրինումներ մեզի կ՚ըլլան մատչելի բացառիկ յարդարանքներէ վերջ։ Պարոնեանի բոլոր անձնաւորութիւնները, ասոնցմով պարզուած մտայնութիւնները, լեզուն, վիճակային գռեհկութիւնները ու ներքին անխելքութիւնը, անոր գործը ամրօրէն իր վրայ կրող բարքերը անվերածելի կերպով հայ են, առանց արտաքին միջամտութեան։ Յետոյ, այս ամենը կատակերգականին մէջ ապրեցնելու եղանակին մէջն ալ Պարոնեան կը մնայ թերեւս ենթակայ ոչ-գիտակցուած ազդմունքներու, ցուցմունքներու, այս ժողովուրդին հեռաւոր ակունքներէն փրթած, անոր հոգեբանութեան յայտարար ու ատով խորապէս հայեցի։ Հրանդ, Թլկատինցի արեւմտահայ գրականութեան մէջ այդ որակումը ամենէն արդար ձեւով մը արժեւորող գրագէտներ են։ Թէրզեան եւ Պէրպէրեան այդ որակումէն հիմնովին զերծ ուրիշ մարդեր։ Պարոնեան ոչ գաւառացին է ոչ ալ Պոլսեցին։ Կը ներուի՞, սա հաւաստումին բնական հետեւանքը, այսինքն` հայ ը։ Համապատկեր ը հայ հոգիի գիւտին նուիրուած աշխատանք մըն է, հեղինակին հոգիին մէջը։ Ու այս խոստովանանքը, կատարուած այնքան անգամներ, իրարմէ տարբեր առիթներու եւ գործերու վրայ, առաւել անկեղծութեա՛մբ ու տարողութեա՛մբ, մանաւանդ այնպիսի դէմքերու եւ վաստակներու դիմաց որոնց հարազատութիւնը, համայնականութիւնը դուրս է կասկածէ: Ընթերցողը ինծի հետ է այս գետինին վրայ, Պարոնեանի անձին ինչպէս գործին առջեւ, կ՚ենթադրեմ։ Ու հարցումը. Մեր ժողովուրդին ո՛ր կողմերը՝ սա Էտիրնեցի միշտ պարզուկ տոմարակալին անձին ու գործին մէջ։ Քերթուածներ, վէպ, իրաւ թատերական կառոյցներ չեն եկած մեզի իր անունով։ Ու գիտէք թէ ուր է ծանրութեան կեդրոնը անոր վաստակին։ Հեգնութիւնը ազգայի՞ն իրողութիւն։ Այս հարցականը հոս կը հետապնդէ ծանր վախեր։ Արուեստը չեմ կապկպեր անհակակշռելի օրէնքներով։ Մարդկային հոգին ընդունակ է ամենէն տարօրինակ իրագործումներու։ Մօտ տասը դար միակտուր գերութիւն մը մեզ չէ կրցած զերծ ընել մտքի անկախութենէն։ Ուրիշները կը ծաղրենք մեր գերազանցութեան նպաստովը: Ու մինչեւ երէկ, այսինքն սփիւռք, այս ժողովուրդը կը հաւատար իր արժէքին, իր տէրերուն կրունկներուն տակ լացած ատենն ալ: Եթէ մեր գրականութեան մէջ (ամբողջ վաստակը հայ մտքին) կը պակսին յստակ փաստեր մտքի այդ ձեւէն որ ազատութիւնն է, սկեպտութիւնը, պայծառ ծաղրը, իրենք զիրենք գործերու մէջ կերպարանող. մեր բերանացի գրականութեան մէջ (Ֆոլք-լոր, ազգագրական հաւաքումներ, Սրուանձտեանց, Թլկատինցի, Պրօշեանց, Հրանդ որոնց գործը կը սնանի այս տարրերով) մեզի յատուկ կայ եղանակ մը աշխարհը ընդունելու, զայն դատելու: Այդ եղանակը իր արժէքէն հեռու ենք դասաւորած, մանաւանդ արեւմտահայ գրականութեան մէջ ուր գրքունակը, բառը, գրականը գրաւած են աններելի վարկեր, պատճառ դառնալով որ ստուերի տակ մնան իրաւ յատկանիշները ազգային գրականութեան մը։ Բայց արեւմտահայ գրականութիւնը հատուած մըն էր, չէք մոռնար ասիկա, հայ հոգիին որ ամբողջութիւն մը իբրեւ ինքզինքը մեզի կը պարտադրէ երբ  նկատի առնուի տարածութեան եւ միջոցի յղացքներով։ Այն ատեն է որ բացատրելի կ՚ըլլան դժուար փառքեր։ Թէ փայլը, տաքութիւնը, արագ ու հաղորդական յոյզերը մասերն են մեր ժողովուրդի հաւաքական զգայնութեան, ընդունուած իրողութիւն մըն է: Մեր քերթողութիւնը անթիւ փաստեր է ձգած մեզի այդ ամենէն։ Թէ ինքնամփոփ, վշտոտ, անկարող հեգնութիւնը անոր զգայնութեան մէկ ուրիշ կալուածը կը կերպարանէ, դարձեալ ստոյգ է բազմաթիւ վկայութիւններով եւ իր արիւնը, ասիկա հարուածող դէպքերը մեր պատմութիւնը կրնան օգտագործուիլ այս հակադրութիւնները հասկանալու համար։ Զուր տեղը չէ որ մեր բանաստեղծներէն մէկը, Յ. Թումանեան, մեր ժողովուրդին քնարական զգայնութիւնը (գաղիացիք կ՚ըսեն lyrisme), բարձունքներու մէջ պուտ պուտ կազմուած անոր հոգեխառնութիւնը արտաբերած պահուն (Թումանեանի գեղջուկ պոէմա ները) անզգալաբար ըլլայ իր տողերը բացած համով, զուարթ, սրամիտ ու հաճելի բանի մը զոր դեռ բառ մը չէ սեւեռած, բայց որ իբրեւ հոգեղէն շեշտ կը տաքցնէ, կ՚աղուորցնէ լեկենտա ները, փոքր, ժողովրդական պատմումները ( Գիքօն, օրինակի համար), զանոնք ընելով անվերածելի չափով մը ազգային, դուք ըսէք հայեցի։ Ու ասիկա դարձեալ ճիշդ է  Թլկատինցիին, Հրանդին համար ալ։ Հոս չեմ լայննար. դուք բազմաթիւ անգամներ պիտի շփումի մտնէք այս հարցին տագնապներուն հետ որոնք Համապատկեր ը կ՚ազատագրեն գրականութեան ուղղափառ պատմութեան մը դերէն, զայն ընելու համար հայ հոգիի կերպարանքներուն մէկ հանդէսը։ Պարոնեան պոլսեցիներուն մէջ թերեւս մարդն է որ ամենէն աւելի մօտիկը կը կենայ այդ հանդէսին։ Էջեր անբաւական պիտի գային սպառելու համար սա հաւաստումին բնական հետեւանքները։ Հեգնութիւնը հոս գրական ձեւ մը մի արժեւորէք: Պարոնեանին մէջէն մեզի կը խօսին մեր ողջմտութիւնը, գործնապաշտ իմացականութիւնը, կարգի, չափի, կանոնի հանդէպ խուլ վստահութիւն մը, արդարութեան շատ զօրաւոր ծարաւ մը, խորունկ վշտոտութիւն մը, այդ ցաւին դէմ մեր ներսէն ճարելիք գրեթէ ճակատագրապաշտ համեստութիւն մը. կարճ` ինչ որ մեր ժողովուրդը ըրած է արեւելքի ամենէն ուշիմ, փնտռուած, շինարար տարրերէն մէկը որ իր քաղաքական անկախութեան կորուստէն վերջն ալ գտած է կերպը ինքզինքը պահելու: Տարտամին մէջ ճարտարապետելու վախ մը զիս կ՚ընէ զգոյշ, սա նկատողութիւնները տանելու իրենց ուրիշ հետեւանքներուն։ Յ Պարոնեան դրական հայ ժողովուրդի մը խորհրդանիշ արտայայտութիւնն է, ինչպէս Խաչատուր Աբովեան երազայնութիւնը, ռոմանթիզմը, կրական (affectif) ընկալչութիւնները կը խորհրդանշէ այդ ժողովուրդին։ Պարոնեանի տաղանդը այսպէս արտայայտութիւնը կ՚ըլլայ իր ժողովուրդին ամենէն ամուր շնորհներուն։ Բացէք, օրինակի համար, վերի ստորոգումներէն արդարութեան ծարաւը, ու պիտի մնաք շուարուն դէպքերու խուժումէն։ Անոր ամբողջ պատմութիւնը պիտի յառնէր, իբրեւ պատասխան ձեր հարցապնդումներուն, պատմութիւն մը որմէ այնքան քիչ բան է ինկած թուղթերուն, բայց զոր ապրած է, մարսած ու արեան անոթներով զաւկէ զաւակ անցուցած է անիկա։ Մեր ներքին երկպառակութիւնները, իրար չհասկնալը, իրար հալածելը ուրիշ զգացումէ մը չի գար։ Պարոնեանի մէջ ծաղրը կը սնանի այդ զգացումին խոշոր մէկ երակովը։ Ու ասիկա այսպէս՝ միւսներուն համար ալ: Ըսի թէ կը վախնամ տարտամէն, արկածախնդրական շնորհներու աւետարանումէն, բայց չեմ կրնար լռել բաներ, որոնք իմ հոգին մէջ տուն տեղ են եղած վաղ պատանութենէն ու փոխանակ այլայլելու, թառամելու, սա աշխոյժին մէջ իսկ կը պահեն իրենց սկզբնական թարմութիւնը: Ազգայինը, հայեցին մօտիկն են ազգայնականին, արեւելահայերուն մէջ բախտաւոր տարազ շովինիստականին, որ կերպով մը կարծես կը ջանայ սրբագրել Վենետիկով ընդհանրացած միամիտ ու ռոմանթիք մեր հայրենապաշտութեան նեղութիւնը։ Պարոնեան ազատ է ազգայնականութեան մեղադրանքէն ոչ անշուշտ մեզ ծաղրելուն, այլ մեր մէջ գտնելուն այնպիսի զգացումներ որոնք ճամբայ կրնան ունենալ դէպի ամբողջական մարդը [3] ։ Գրեթէ ամէն տեղ, ամէն առիթի, Պարոնեանի անձնաւորութիւնները, մեծերէն մինչեւ պզտիկները հարազատ հայեր են ։ Դուք իր սերունդին ստեղծովի անձերը զուր տեղը պիտի գտնէիք նման պիտակի մը տակ։ Անուններով չէ որ մարդիկ ազգի  մը կը պատկանին։ Միւս կողմէն, թերեւս բացառիկ ընթերցողներ դժուար հաշտուին սա վերագրումներուն որոնք գրողը կը փոքրեն, ասոր ստեղծումներուն ծիրը չափազանց սեղմելով։ Թէ մեր երկու նոր գրականութիւնները վիպական ու թատերական մարզերու վրայ ոչ ինչ ունին իրենց շրջանակը կոտրող, անցնող դէպի համամարդկային շնորհներ, մէկէ աւելի անգամներ թարգմանութիւններով ապացուցուած իրականութիւն է։ Միւս կողմէն, արեւմտահայ բանաստեղծներէն անոնք որ թարգմանուելով ընդունակ կը թուին տպաւորութիւն գործելու, Մեծարենց մը, Թէքէեան մը, Վարուժան մը, Դուրեան մը— այդ հարազատութեան պայմանները կը զանցեն։ Այն ատեն։ Ո՞ր իրաւունքով մեծ գրագէտ մէկը որուն գործը ծովէն ելած ձուկի պէս կը նուաղի երբ փոխադրուի օտար բարեխառնութեան։ Չէ՞ որ մեծ տիպարները մարդկային են ըլլալու, ազգային ըլլալնուն չափովը ու ասկէ քիչիկ մըն ալ առաջ։ Մի աճապարէք: Հայեցիութիւնը, հարազատութիւնը գիրքերու տարազներ ըլլալէ առաջ հաստատ իրականութիւններ են, ապրուած ամենօրեայ վկայութիւններ։ Եթէ Պէրպէրեանէն, Մամուրեանէն քրոնիկ մը մեզ անտարբեր կրնայ թողուլ այսօր, ատիկա արդիւնքն է թերեւս միջակ–մարդկային որուն բանապաշտ առաքեալները մնացին երկու ուսուցիչները։ Եթէ Պարոնեանի քրոնիկները բառին իմաստը լայնօրէն վերլուծուած է ասկէ առաջ մեզ կը գրաւեն տակաւին այսօր, այս հրաշքը չեն պարտական անոնք ոճին կամ լեզուին, ոչ ալ դրուագային համերու, այլ ցեղային այն երանգին որ այդ դրուագումները կը պաշտպանէր երբ առաջին անգամ կ՚իյնային թուղթի, չէ դալկացած ժամանակին մէջ ու կը պահէ իր թարմութիւնը։ Այս մասնայատուկ իրողութիւններն են որ կը մոռցնեն օրէնքները, հանգանակային պահանջները, Պարոնեանի նման միջին գիծէն դուրս ինկող գրագէտները երբ կը ջանանք դատել: Այն մեծ մեղադրանքը որ թերեւս հարիւր տարի ետքը պիտի բանաձեւուի, արեւմտահայ գրական ճիգը երբ պատմութեան կը յանձնեն մեր թոռները, զայն ընդհանրութեան մէջ վրիպանք մը պատգամող, թերեւս իր pieces justificatrices-երը արժեւորէ Դեպի Իրապաշտներ խումբին քիչ մը շատ ընդհանուր ապահայութենէն։ Բայց Պարոնեանի մը գործը պիտի մնայ հոն, եթէ ոչ բանաձեւը կործանելու, գէթ զայն մասնավորելու: Մնաց որ, կը հաւատամ թէ մեր օրերու հասարակաց հասկացողութիւնը ինքնին կ՚ըլլայ սրբագրուած որպէսզի խմբագիրները, վարժապետները, լրագրողները, գործիչները, բարոյախօսները, սուտ ու փուտ քերթողները վերադարձուին իրենց յատուկ փարախներուն ու գրականութիւնը վերագտնէ իր արդար սահմանին նեղ կամ լայն իրաւունքը։ Ոսկեդար կ՚ըսէին ու կ՚երթայինք, առանց անդրադառնալու որ Կորիւն մը, Փարպեցի մը եկած են մեզի այդ շրջանէն, մնացած գործերը յունարէնէ, ասորերէնէ փոխադրումներ ըլլալով։ Ու գիտենք որ մեր հին մատենագիրներուն մէկ տասներորդն իսկ չի պատկանիր գրականութեան։ Այդ մէկ տասներորդը սակայն բա՜ւ՝ հայ հոգիին որոշ կերպառութիւնները թելադրելու մեզի այսօր։ Նոյնն է բախտը արեւմտահայ գրականութեան։ Որքան շատ են անունները որոնք ա՛լ պիտի չյիշուին հայ գրականութեան ձեռնարկի մը մէջ։ Ու որքան քիչ թիւը այն միւսներուն որոնք այդ գրականութենէն պիտի փոխակերպուին ազգային փառքի։ Վստահ եղէք որ այդ անուններուն գլխաւորը, թափօրապետը ոչ Ալիշանն է, ոչ ալ Պէշիկթաշլեանը կամ Կրտսեր Ռոմանթիքները, եւ կամ այն միւսները որոնք Չերազ, Եղիա, Մամուրեան կ՚անուանուին։ Թափօրապետը, իմ հավատքովը, Էտիրնեցի միշտ պարզուկ տոմարակալը պիտի ըլլայ։ Կարելի է տարապայման ընդարձակել սա վերագրումին տարողութիւնը, քանի որ հիմնական հարցերէն մէկն է անոր յատակ կազմող գրական իրողութիւնը։ Ամբողջ արեւմտահայ գրականութեան ճակատագիրը engagé է անոր մէջ։ 

Բաւ, սակայն այսքանը հոս, Պարոնեանի հեգնութեան սա նկարագիրները երբ կը ջանամ արտահանել։ Աւելի անդին, երբ համադրումը պահանջէ, ես կու տամ աւելի լայնքով տարրեր

 


 



[1]        Օտարներու մօտ մէկէ աւելի են բառերը, որոնք ծածկելով հանդերձ հասարակաց նկարագիր մը, կ՚անձնաւորուին մասնաւորումներու ալ գիծերով։ Կը յիշեմ ֆրանսացիներուն ironieն, espritն, satireը, farceը, pamphletն, humeurը, տարազներ որոնց իւրաքանչիւրին ետին երանգներ, մասնայատուկ միտքի կերպեր խտացուած կը մնան: Ուրիշ երանգ՝ անգլիացիներուն honourը, flagmeը: Կը յիշեմ բոլոր ժողովուրդներու լեզուին ու մտայնութեանցը անցած comiqueը, յունարէն բառ որ իր ծագման մէջ իսկ կը թելադրէ հասարակը, գռեհիկը, այսինքն խոնարհ դասակարգը որ բագոսեան տօնակատարութիւններուն կը խենթենար գինիով ու ծաղրով։ Փիլիսոփաներու ժողովուրդը նոյն բարձրութեան էր հանած կատակերգութիւնը (comédie) ուր հանած էր նոխազերգութիւն ը (tragédie), գործածելու համար այսօր ինկած, բայց ատենին մեծ ժողովրդականութիւն շահած ուրիշ տարազ մը։ Mimen, patomimeը՝ ուրիշ կերպարանքներ։ Պարոնեանին մօտ իմ դնել ուզածը ժողովրդական ծաղրն է, հելլենական իր առումով։

[2]        Գրագէտի մը աշխարհին աշխարհագրութիւնը յատուկ անուններու առատութեամբ մը, յիշատակութիւններով չիրագործուիր։ Լեւոն Սեղբոսեանի վէպն ու տռաման, իրենց թուական փաստովը ընդունակ էին աշխարհ մը թելադրելու, մինչ անոնք ոչ մէկ վկայութիւն ձգած են մեր բարքերէն, այնքան զանոնք շահագործող գրագէտը զգայարանքը չունի կեանք ըսուած թանձր իրողութեան, իր ուշադրութիւնը յատկացուցած ըլլալով գաղափար ըսուած ծփուն մշուշներուն սեւեռումին։ Ամբողջ աշխարհ մը կայ, պայծառ ու անվերածելի, Խրճիթներէն Մինչեւ Խորհրդարան անունին տակ սեւեռուած ութսուն էջերուն ներսը։ Գիւղը, Անձրեւը աշխարհի մասեր են, նոյն յստակութեամբ։ Իրապաշտ Նորավէպը ՝ աշխարհ մըն է ինքիր մէջ կատարեալ։ Աւերակներու մէջ ը՝ ուրիշ աշխարհ մը։ Այս անուանումները կը ձգտին լուսաւորել գրական բարիքը որ գրեթէ կ՚անգիտանայ ոճը, լեզուն, ըլլալու համար երախտապարտ միայն ու միայն կեանքին։ Ու այդ կեա՜նքը որ չի բացատրուիր։ Կուտամ օրինակներ: Միջնորդ Տէր պապան, Թաղականին Կնիկը, Թիւ 17 Խաֆիյէն, յիշելու համար Օտեանին ծաւալուն աշխարհները, գիրքեր են որոնք մեր կեանքին ոչ մէ կ կողմը կը նուաճեն։ Անոնց ստեղծած հաճոյքը կը ցնդի օրուան մէջ ու հետ։ Պանդուխտի Կեանքէն քրոնիկներու շարքը լման աշխարհ մըն է։ Ու կայ տակաւին գրական գործողութիւնը որ կ՚աշխատի հում կեանքերու մէջէն նորին, թելադրական ին, կարելիին հասնելու: Կայծեր ը չի մեկնիր անմիջականի իրականութենէն։ Խենթ ը իր արտաքին աշխարհովը չէ որ շատ մըն է մեր գրականութեան։ Երկու գիրքերն ալ գրական գործողութեան ենթարկուած խոշորացումներ, խտացումներ են ու կ՚ապրին կեանքէն վերջն ալ, թերեւս գրականութիւն ընելու արարքը բարեբաստ ձեւով մը պաշտպանելով ժամանակին մէջ։ Ներաշխարհ ը աշխարհ մը չէ։ Սիլիհտարի Պարտեզները ՝ մաս մը աշխարհ: Այս օրինակները ոչ ոք կ՚արժեզրկեն, Բայց կը ծառայեն Պարոնեանը արժեւորելու:

[3]        Այս թելադրանքը կը հրաւիրուիք պահել իր համեմատական կշիռին մէջը: Պարոնեան չի թարգմանուիր, գուցէ այդ ամբողջական մարդէն իր յայտնաբերած տարրերուն սակաւութեանը պատճառով։ Այս նուաղումը կը տարածուի մեր նոր գրականութեանց բոլոր վարպետներուն համար ալ։ Այնքան խիստ է մեր ներսը մեր ազգային գիտակցութեան տագնապը, մեր պահանջը այնքան զօրաւոր է մեր գրողներէն, այդ ազգային գիտակցութեան սպասին, որ մեր գրագէտները անզգալաբար այդ միայն ունեցած են իրենց մտասեւեռում, իրենց ստեղծագործումներուն մէջ։ Ամբողջական մարդը մեր պայմաններուն մէջ, Պարոնեանի համար։