Ա.
ՄԱՐԴԸ
ԵՒ
ԳՈՐԾԸ
Գնահատել՝
Զարթօնքի
սերունդը,
ինչպէս
Դէպի
Իրապաշտները
խումբը,
ինչ
դժբախտութիւն
որ
ը
լլամ՝
հարկադ
ր
ուած
գործերէ
աւելի
մարդերու
կշիռով
։
Պէտք
կա՞
յ,
յիշեցնելու
թէ
այս
երկուքէն
ո՞րն
է
դիմացկունը։
Երկու
խումբէն
ալ
մեզի
հասած
ժառանգութիւնը,
իր
ատենին
այնքան
մանրագին
արժեւորուած,
այսօր
այնքան
տժգոյն,
Խրիմեանի
առիթով
ալ
կը
գործադրէ
ճնշում,
դատողին
վրայ,
զայն
ստիպելով
շ
եղիլ
«
ուղիղ
ճանապարհէն
»
ու
գոհանալու,
կշտանալու,
փառաւորուելու
տեղ
գործերուն
խորը
անմեռ
գեղեցկութեանց
փաստերով,
—
անկապտելի
արժանիքները
գրականութեանց
–
զբաղիլ
անձերով
որոնց
սխրագին
գեղեցկութիւնը,
երբեմն
յուզիչ
ալ
չափերու
բարձրացող,
ենթակայ
է
սակայն
հակադիր
աղօտացման,
նոյնիսկ
աղաւաղման։
Կուտամ
անուններ.
Գ.
Օտեան,
Ն.
Ռուսինեան,
Մ.
Մամուրեան,
Ծերենց,
յիշելու
համար
ամենէն
յատկանշականները։
Ասոնք
երեք
քառորդ
դար
առաջ
ազնուագոյն
նմոյշները
կը
կազմէին
մեր
իմացական
ընտրանիին։
Սեղմեցէք
սակայն
այդ
անունները,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
անոնցմէ
պահանջեցէք
որ
պահ
մը
չհեռանան
իրենց
գործերէն,
որպէսզի
ասոնց
բարիքովը
աշխատինք
զիրենք
վերակազմել:
Պիտի
տեսնէք
թէ
որքան
դժուար
է
Օտեանի
ատենաբանութիւններէն,
նամականիէն,
կտոր
փրթուճ
քրոնիկներէն
վերակազմել
մեծ
փառքը
մեծագոյն
անձնաւորութիւններէն
մէկուն։
Ո՞ւր
դնել
հանգոյցը
այդ
մեծութեան։
Ո՞րն
է
էջը
ուր
մեզի
ներուէր
մեծ,
իրաւ
գրագէտը
զգալ
այդ
ցիրուցան
կտորներէն
որոնք
Գրիգոր
Օտեանի
անունով
մեզի
կը
մնան
իբրեւ
վկայութիւն։
Եւ
սակայն
այդ
կտորիկներուն
հեղինակը
մարդոց
մեծագոյններէն
մէկն
է։
Ու
ասիկա
այսպէս՝
միւսներուն
համար
ալ,
անձնաւորութեանց
աւելի
կամ
նուազ
փայլով
մը,
կարկառով
մը։
Բայց
Խրիմեան
բախտաւոր
է
դարձեալ
Ս.
Ոսկանէն,
Մամուրեանէն,
Նար
–
Պէյէն
աւելի,
քանի
որ
միւս
անուններէն
գրել
է
ոչ
ինչ
բացի
իրենց
կապուած
գործօնութեան
քաղցը
յի
շ
ատակներէն,
այսօր
մեզ
խանդավառող։
Անկարելի
է
կարդալ
Սեւ
Լերին
Մարդը,
Ստուերք
Հայկականքը,
Ոսկանի
é
pigrammeները,
երբ
մատենագրութեան
ուսուցիչ
մը
չէ
մէկը։
Ու
չի
կարդացուիր
անշուշտ
Հրաւիրակ
Երկրին
Աւետեաց
ը,
ոչ
ալ
Խաչի
Ճառ
ը
կամ
Ողբացող
Խորենացին
։
Պապիկ
եւ
Թոռնի՞կ
ը։
Այս
մասին
աւելի
ուշ։
Բայց
հիմակուընէ
իսկ
կրնանք
ըսել
թէ
այս
գիրքը
ունի
էջեր
որոնք
չեն
կրնար
մեռնիլ:
Ու
այդ
էջերը
կը
պակսին
միւսներուն:
Ուրե՞մն։
Խրիմեանի
գործին
այս
փոքր
մասը
կը
պաշտպանէ
զինքը։
Յօրինել
Խրիմեան
մը,
գրագէտ
մը
ոտքի
կեցնող
մեզի
ծանօթ
միջոցներով,
դժուար
աշխատանք
մըն
է։
Կը
զգուշանամ
ատկէ,
քանի
որ
ըսի
թէ
Հայոց
Հայրիկը
հայոց
գրականութեան
պատկանելէ
աւելի
կը
պատկանէր
հայոց
պատմութեան,
շատ
աւելի
իրաւ
կերպով
մը
թերեւս
որքան
չենք
կրնար
այս
հաւաստումը
գործածել
Զարթօնքի
մարդոց
որեւէ
մէկին
համար,
բացի
հանգամանաւոր
քերթողներէն։
Միւս
կողմէն
Համապատկեր
ը
նոր
շար
հայ
կենսագրութեանց
մը
չի
փառասիրեր։
Յօրինել
Խրիմեան
մը,
այնպէս
ինչպէս
ապրած
է
անիկա,
ազդած՝
իր
շրջապատին,
ազդուած
ալ
անկէ,
աշխատանք
մըն
է
զոր
կատարած
են,
ըսի
վերը,
մէկէ
աւելի
հեղինակաւոր
գրողներ:
Ընթերցողը
կը
ղրկեմ
ուրեմն
այդ
հատորներուն։
Եւ
սակայն
աւելի
քան
ստոյգ
է
որ
այս
«
պարեգօտաւոր
»
մարդը
ոչ
միայն
լեցուցած
է
իր
կէս
դարը,
այլեւ
յորդած
ալ
է
անկէ,
անշուշտ
ոչ
իր
հզօր
իմացականութեամբը,
ոչ
իր
վարած
բանակներուն
յաղթանակներովը,
ոչ
ալ
իր
կտակած
միլիոններուն
բարիքներովը։
Վեղար
մը,
նոյնիսկ
կաթողիկոսական
խաչով
պսակաւոր,
շատ
շատ
հայոց
հայրապետութեան
գաւազանագիրքին
մէջ
թուական
մը
պիտի
ապահովել
անոր։
Խրիմեանի
խօսքը,
հէքեաթին
մէջ
հասակ
առած,
թերեւս
օժտուած
էր
որոշ
ջերմութեամբ,
բայց
իբր
քարոզ,
այսինքն
կազմակերպուած
խօսքի
հանդէս,
կը
կրկնէ
իր
բարոյախօսական
տափակ
նկարագիրները,
գէթ
մեզի
մնացած
նմոյշներուն
մէջ
(
Խաչի
Ճառ,
հրաժարականը
)
։
Յետոյ,
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ի
հեղինակը
եթէ
չէ
ապրած
եկեղեցական
դասական
կենցաղը
(
ինչպէս
մենք
կը
տեսնենք
ասոր
մէկ
կերպարանքը
Աշըգեանի
մէկ
հատորին,
Կենցաղ
Եկեղեցականաց
անունին
տակ
),
չէ
ալ
ապրած
գրագէտի,
առնուազն
գիրքի
հանդէպ
որոշ
կիրք
մը
ունեցողի
աւելի
կամ
նուազ
խոր,
անկեղծ,
կամ
հակառակէն՝
ունայնամիտ,
փառամոլ
եպիսկոպոսի
մ
ը,
աբբայի
մը
ն
ման։
Դուք
հազիւ
թէ
կը
կարօտիք
Սրուանձտեանցի
մը,
Ալիշանի
մը
գործերուն
դիմաց
եկեղեցականի
մը
անհրաժեշտ
ստուերին,
իրենց
գործերը
դատելու
ատեն։
Վարդենիք
ը
կրնար
ստորագրուիլ
Առաջին
Տերեւքին
թէժ
հեղինակէն։
«
Բայց
իր
գիրքե՞րը
»,
պիտի
փութաք
թերեւս
հարցնելու:
Ու
այդ
հարցումին
պատասխան
մը
ճարելու
համար
է
որ
ահաւասիկ
կը
գրուին
այս
էջերը։
Եթէ
Սրուանձտեանցի
հատորները
բարիք
մըն
են
մեր
ժողովուրդին,
իրենց
գրուելու
ժամանակին
ինչպէս
եւ
այսօր
(
պարզ
է
այս
հաւաստումին
հետեւութիւնը
),
այդ
բարիքը
չե՞ն,
աւելի
կամ
նուազ
չափերու
վրայ,
գիրքերը
Զարթօնքի
մարդոց,
գէթ
իրենց
ատենին
համար։
Համապատկեր
ը
չկրցաւ
մերժել
Տերոյենցը,
Միսաքեանը,
Զօրայանը
։
Անշուշտ
այս
մարդոց
արդիւնքներէն
(
գրական
)`
չնուաճուելով,
այլ
այդ
մարդոց
կեանքին
փաստերովը
մտահոգ:
Մեր
օրերուն
գրողի,
գործիչը,
եկեղեցականի
յղացքները
անձնացած,
մասնաւորուած
են
ըստ
բաւականին։
Հարիւր
տարի
առա՞ջ։
Ունինք
«
գրոց
աշխատաւոր
»
ի
ընդհանրացած
տարազը
այդ
օրերէն։
Ու
այդ
տարազը
եթէ
քիչ
մը
տարօրինակ
է,
անսովոր
նոյնիսկ
Մեծարենցի
մը
կամ
Վարուժանի
մը
համար,
հարազատ
է
ու
պարկեշտ,
նոյնիսկ
արտայայտիչ
Խրիմեանին
համար։
Համապատկեր
ը,
իր
Ա.
հատորի
ընդհանրութեանց
ընթացքին
արեւմտահայ
գրականութիւնը
ըմբռնելու
իր
կերպերուն
մէջ
տեղ
է
տուած
օտարոտի,
առնուազն
ոչ
հայեցի
մեղադրանքները
դիմաւորելու
աշխատանքի
մը։
Այդ
քաջալերը
անշուշտ
ես
չէի
կրնար
առնել
ոչ
Նուագք,
ոչ
ալ
Յուզման
Ժամեր
հատորներէն։
Հայեցի
գրականութեան
տագնապը
լուրջ
տագնապ
մըն
էր
իր
օրին։
Այսօր,
այդ
գրականութեան
հաշուեյարդարին,
այդ
մտահոգութիւնը
կը
ստանայ
ուրիշ
նկարագիր։
Մեր
անցեալէն
կարելի
եղածին
չափ
շատ
բան
ազատել
կրնալու
սրտառուչ
փափաք
մըն
է
Համապատկեր
ը։
Ու
այդ
փափաքը
ահա
կը
պաշտպանուի
մասնաւորաբար
այն
գործերով
որոնց
խորքը
ամենէն
աւելի
հարազատ,
մօտիկ
կը
մնայ
մեր
ժողովուրդի
հոգիին,
որ
թէեւ
չի
հերքեր
Պոլիսը,
բայց
կը
գորովի
Վանին,
Խարբերդին,
Հայոց
աշխարհին
էին
հին
հոգեմասերուն
վրայ։
Ու
առաջին
հաւաստում՝
Մկրտիչ
Խրիմեան
իր
մարմնին
ինչպէս
մտքին
հէնքը
առած
է
մեր
հայրենիքին
սրտին
իսկ
մէջէն։
Եթէ
Այրարատը
դարեր
ու
դարեր
հայոց
աշխարհին
գանկը
հանդիսացած
է,
այսպէս
ըսելու
համար,
ես
ինծի
կուտամ
իրաւունք
այդ
աշխարհին
սիրտը
դաւանելու
Վասպուրականը:
Չեմ
կենսագրեր:
Դիտել
կուտամ
որ
1847
ին
Պոլիս
ուսուցիչ
(
ծնած
է
Վան,
1820
Ապրիլին
)
Մկրտիչ
Խրիմեանը,
առջի
երիտասարդութեան
իր
բովանդակ
հրայրքին
ու
խռովքին
մէջ,
տիպար
մըն
է
որ
անհնար
է
այսօր
վերակազմել:
Ատիկա
յաջողութեամբ
իրագործելու
համար,
պէտք
պիտի
ըլլար
վերստին
սեղանի
բերել
Համապատկեր
ին
Ա.
հատորին
հիմնական
տագնապները։
Վանէն
Պոլիս
զբօսաշրջիկ
մը
չէր
եկողը,
այլ
բանաստեղծ
մը,
Թորգոմ
Սրբազանի
պատկերուն
բացատրութեամբ՝
տրուպատուր
մը
որ
այդ
ճամբորդութիւնը
կատարեր
էր
Պարսկաստանի,
Կովկասի
վրայով:
Եթէ
այդ
արարքին
արդիւնքը՝
Հրաւիրակ
Արարատեան
ը
մեզ
կ՚ընէ
այսօր
յուսախաբ,
իր
բանաստեղծական
էն
առատութեանը
փոխարէն
տեղական
ին,
պատմական
ին,
իրական
ին
նիհարութեամբը,
ասիկա
չեմ
խոշորցներ:
Հայոց
հայրենիքը
1840
ին
երազ
էր
ու
մշուշ,
պատմութիւն
էր
ու
ոտանաւոր։
Ռաֆֆի,
որ
ըրած
է
Խրիմեանին
ճամբորդութիւնը,
իր
ապրումները
(
Կայծեր
)
մեզի
տուած
է
աւելի
հանգամանաւոր,
իրապաշտիկ,
նոյնիսկ
«
հեռապաշտիկ
»
(
եթէ
կը
ներէք
)
նպատակներով։
Մէջտեղն
է
Ալիշանի
շքեղ
յիշատակարանը։
Բայց
երեք
անուններուն
ալ
հասարակաց՝
ապրումներու
նոյն
հոգեյատակը:
Այս
ճշդումը
անոր
համար՝
որպէս
զի
զատուին
հոգեղէն
ուրիշ
դրութիւններ։
Վանանդեցիի,
Թաղիադեանցի
պոէմաները
այսօր
ծիծաղելի
յայտարարելը
ո՛չ
հերոսութիւն
է,
ո՛չ
ալ
վանդալութիւն։
Բայց
անոնց
ներքին
իրականութիւնը
հիմնովին
տարբեր
թելադրանքներ
ունի
մեր
վրայ:
Հայոց
հայրենիքը
Վենետիկի
մենաշնորհը
չէր,
բայց
անոր
այն
կերպարանքը
որ
պիտի
իյնայ
սեւեռման
Ռաֆֆիի,
Ալիշանի,
Խրիմեանի
գործերէն
ներս,
կ՚առնէր
իր
բոլոր
տարրերը
ոչ
Կալկաթայէն,
ոչ
ալ
Վենետիկէն։
Այլ,
պէտք
կա՞յ,
պոռալու,
—
Հայոց
հայրենիքէն,
որ
թէեւ
ռոմանթիք
կը
թուի
իբր
ձայն
ու
տարազ,
այո
1847
ին
Պոլիս
դասախօսող
Մկրտիչ
Խրիմեանի
շրթներէն,
անձէն,
կերպարանքէն,
կը
ստանար
բոլորովին
տարբեր
նկարագիր,
1850
ին,
մեր
մտաւոր
սպասին
բովանդակ
կշիռը
կը
գտնենք
մենք
կրօնական
ին
ու
ազգային
ին
մէջ։
Շարժումը,
դարուն
մեծ
մղումներուն
հպատակ,
կը
հակի
ազգայինին։
Չեմ
վերլուծեր
Մխիթարեաններու
հայրենասիրական
զգայնութիւնը
(
կրնաք
դառնալ
ետ,
Համապատկեր
ը
Ա.
հատորին
),
հիմնովին
պատմա
-
կրօնական։
Բայց
կը
թելադրեմ
ԺԹ.
դարու
արեւմտեան
մշակոյթին
մեծագոյն
յատկանիշներէն
մէկը
որ
զարթումն
է
շիջած
ազգայնութեանց,
ազգայնականութեանց։
Պոլսեցին,
Վենետիկէն
դարձող,
Բարիզէն
պսակաւոր
երիտասարդ
մտաւորականը
այսինքն,
տեսակ
մը
դժուար
յուզումով,
հիացումով
պիտի
մտիկ
ընէ
խայաստանցի
վարժապետը,
որ,
վաղ
երիտասարդութեան
փառքին
մէջ
թերեւս,
կը
շողացնէր
մեծ
երեսները
իր
տարօրինակ
անձնաւորութեան:
Մենք
մեր
մարմինն
ենք,
մեր
հոգին
ըլլալէ
առաջ։
Կ՚ընդունիմ։
Բայց
երբեմն
մեր
հոգին
կը
ստուերէ
մեր
մարմինը:
Մարդիկ
մագաղաթեայ
տժգունութեամբ
գլուխէն
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանին
`
գտան
գերագոյն
յուզումներ։
Խաս
-
գեղի
ոստանիկ
աղաները,
ոմանք
սերունդի
մը
շրջափոխումով
բաւական
քաղքենի,
ուրիշներ՝
տակաւին
անաղարտ
պահող
իրենց
երկրին
համն
ու
հոտը,
ի՜նչ
ապրումներով
մտիկ
ըրին
երիտասարդ
Վանեցին
որ
հայոց
հայրենիքին
սիրտէն
կուգար,
մօտիկ
ու
անմիջական
զգայութիւններու
կենդանի
հանդէս
մը
ինչպէս։
Աւելի՜ն։
Որ
կը
բերէր
հայոց
հայրենիքին
մշշամած
մասերէն
-
մոռցած
էինք,
ենք
տակաւին
մինչեւ
օրս,
պատուական
հայութիւնը
Պարսկաստանին
—
մանաւանդ
անոր
հոգեղէնութեան
ամենէն
ամուր,
նուիրական
սրբարաններէն,
Էջմիածինէն,
կենդանի,
ապրուած,
իրաւ
վկայութիւններ,
յորդ,
բանաստեղծ
զգայնութեան
մը
մէջէն
այլապէս
հզօր,
յուզիչ,
դղրդող։
Ի՜նչ
ապրումներ,
այդ
վարժապետէն,
դարձեալ
անցած
ըլլալու
էին
իր
աշակերտներուն:
Պատմութիւնը
մեզի
ձգած
է
այդ
ապրումներէն
կերպարանքներ,
մեծերու
վրայով։
Տարիէն
քիչ
պակաս
միջոցի
մը
մէջ,
հայաստանցի
այդ
վարժապետը
իջեր
էր
Պոլիսին
բոլոր
խաւերուն:
Զէնքը
կը
յանձնէին
իրարու,
Պոլսոյ
թաղերը։
Տուները
անոր
բացին
իրենց
դռները
(
այն
օրերուն
ազնուականութեան
փաստ
էր
մասնաւոր
դասերով
զաւակ
դաստիարակելը
)
։
Պէտք
կա՞յ,
մտածելու
թէ
ինչ
կը
խօսէր
այս
վարժապետը,
ոչ
մէկ
դպրոցէ
անցած,
միայն
իր
հօրեղբօր
խնամքին
տակ
Սաղմոս
ու
Աւետարան
ճանչցած։
1849
ին
անիկա
կը
բախտաւորուի
իր
հիացումներուն
կանխիկ
գինը
գանձելու,
Բագրատունիին
ձօնուած
իր
մէկ
քերթուածը
տպուած
գտնելով
…
Բազմավէպ
հանդէսին
մէջ։
Աղաները,
չըսելու
համար
ամիրաները
կը
հետաքրքրուին
այդ
վարժապետին
բանաստեղծութիւններովը,
գրուած՝
այդ
օրերու
ընթացիկ
գրաբարով։
Մէկը
կը
բանայ
շարքը
մեկենասեալ
հատորներուն։
1850
ին,
տուներու
մէջ,
հանդէսներու
առիթով
կարդացուած
այդ
ոտանաւորները
Հրաւիրակ
Արարատեան
անունին
տակ
կ՚իջնէին
հրապարակ։
Ունէ՞ր
սա
վարժապետը
ասպարէզին
սուղ
հոսհոսութիւնը
որ
նկարագիրի
մաս
կը
կազմէր
Պոլսոյ
մէջ
յաջողած
ուսուցիչներուն,
ընդհանրապէս
տաղաչափ
կամ
երաժիշտ։
Համբաւը,
որուն
հետ
անոր
յարաբերանքը
մեծ
հարցերէն
մէկը
կը
նկատեմ
տեսակ
մը
հոգեխօսական
վիճակի,
պիտի
վարուէր
այդ
մարդուն
հետ
բացառիկ
հանգամանքներով։
Գիտէ՞ք
թէ,
զինուորութենէ
փախուստ
տալու
աւագ
նպատակով
ձեռք
ձգուած
սա
Պոլիսը
գրեթէ
կը
կրկնէ
Պոլիսը
միւսներուն,
պարզ
գեղջուկներ,
որոնք
իրենց
կիներուն
հետ
քանի
մը
ամիս
միայն
ապրելէ
ու
անոնց
արգանդին
մէջ
տունին
ժառանգը
սերմանելէ
անմիջապէս
յետոյ,
ինկած
են
պանդխտութեան։
Խայաստանցի
վարժապետը,
Հրաւիրակ
ին
փառքէն
առաջ
կին
մը
ունէր
Վան,
աղջիկ
մըն
ալ,
որոնց
հետ
իր
յարաբերութիւնը
չեմ
կարծեր
որ
ըլլար
տարբեր
տիպարին
միջինին
վրայ
ընդհանրացած։
Պանդուխտը
սովորաբար
արկածախնդիր
մըն
է,
գրելէ
միշտ
փախստական
մը,
երբեմն
նիւթական,
երբեմն
հոգեկան
պարտքերէ։
Պոլսոյ
աւագ
տուներուն
փնտռուած
աշուղը,
բարձր
շրջանակներուն
փառաբանուած
բանաստե՞ղծը։
Մեր
ուսումնասիրութիւնը
շահ
մը
չունի
այդ
մարդուն
երիտասարդութեան
մէջ
զգացական
տռամաներ
հեռազգալէ։
Խրիմեան
ծանր
զրպարտութեանց
մատեան
մը
ունի
ձգած
իր
ետեւէն,
Պոլիս
ինչպէս
Վան։
Յովհաննէս
Քօլօզ
վարժապետը,
իրեն
նման
բանաստեղծ,
քնարա
–
դիւցազնական
շունչով
մը
սեւցուցած
է
էջեր
որոնց
ընդմէջէն
հայոց
Հայրիկին
սրբանկարը
կը
վերածուի
անասելի
թշուառութեան
մը։
Չեմ
խառնշտկեր
այդ
կոյանոցը,
ոչ
անշուշտ
Խրիմեանի
հանդէպ
յարգանքէ
մը
զգաստացած,
այլ
այն
քիչերէ
կասկածուած
փաստին
համար
որ
մեր
կեանքն
է,
երբ
զայն
պիտի
չգործածենք
վէպին:
Ու
Խրիմեան
վէպ
չէ
գրած,
ինչպէս
քնարերգական
տաղեր
չէ
ձգած
որպէսզի
ատոնց
արժէքը
լուսաւորելու
համար
ստիպուած
ըլլայի
քրքրել
կեանքի
մութ
մնացած
կողմեր,
տռամայի
շուքեր։
Իրողութիւն
է
սակայն
որ
յաջողած
վարժապետը
փոխանակ
մտածելու
իր
Վանին,
ուր
կ՚աճէր
իր
զաւակը,
հոն
դառնալու
մարդկային
իր
պարտքին,
պիտի
գտնէ
կերպը
աղաները
շահագրգռելու
…
նոր
իր
ոդիսականին
դէպի
Աւետեաց
երկիրը:
Այս
մարդը
ոչ
միայն
իր
գիրքերը,
այլեւ
իր
ճամբորդութիւնները
պիտի
յաջողի
մեկենասներու
վզին
բեռնալ:
1850
ին,
ուրեմն
Հրաւիրակ
Արարատեան
ի
ամենէն
հրատապ
փառաւորման
շրջանին,
Խայաստանցի
հայրենասէր
վարժապետը
պիտի
առնէ
իր
ուխտաւորութեան
ճամբու
ծախսը
ու
պիտի
իյնայ
Ս.
Յակոբ։
Անոր
հօրեղբայրը,
ըսի,
անոր
սորվեցուցած
էր
կարդալ։
Լիմ
ու
Կտուց
անապատներուն
մէջ
1840
ին
իր
ընթերցումը
կատարելագործա՜ծ
վարժապետը
տասը
տարի
վերջը
Ս.
Յակոբայ
Մայրավանքէն
ի՞նչ
ունէր
առնելիք։
Իր
կենսագիրը,
Թորգոմ
Սրբազան,
կը
խօսի
յուսախաբութենէ
մը,
առանց
կասկածելու
որ
Խրիմեան
մարդն
էր
որ
սահմանուած
էր
ոչինչ
սորվելու:
Կը
սորվին
անոնք
որ
քիչ
կամ
գէշ
կ՚ապրին։
Խրիմեան,
լայն,
լաւ,
խորունկ
ապրումին
տիպարն
էր։
Նմանները
կ՚իւրացնեն
միայն
ու
միայն
բնազդին
իրենց
մատուցածը,
մնացեալին
հանդէպ
խոր
անտարբերութեամբ
մը։
Հրաւիրակ
Արարատեան
ին
գրաբարը
Վենետիկէն
ալ
վեր
յաջողութիւն
մըն
էր։
Չեմ
դանդաղիր
սա
ճամբորդութիւնը,
այն
օրերու
բառով՝
ուխտաւորութիւնը
աճեցնելու
եւ
իբր
նախապատրաստութիւն
օգտագործելու՝
ապագայ
եկեղեցականին։
Խրիմեանին
Պոլիսը,
հեռուէն
տեսնուած,
այդ
շրջանին
մեզի
կը
թելադրէ
ամէն
կարելիութիւն։
Սփիւռքի
հոգեբանութիւնը
պարտաւոր
էք
չէզոքացնել
որպէսզի
հասկնալի
դառնան
ձեզի
կարգ
մը
տարօրինակութիւններ։
Դար
մը
առաջն
ալ
մի
մոռնաք:
Մեր
օրերուն,
Խայաստանցի
վարժապետին
առաջին
ընելիքը
հարուստ
ամուսնութիւն
մը
կնքելը
պիտի
ըլլար։
Իմացական
ճնշումներու
պարագային
`
Եւրոպա
մը,
մասնագիտական
ուսումի
մը
համար։
Յետոյ,
այդ
1850
ը
մեծ
ուսանողներուն
ոսկեդարն
է։
Ու
Խայաստանցի
վարժապետը
որ
այնքան
դիւրաւ
կը
ճարէր
մեկենասը,
Զօրայեանէ
մը,
Թէրզեանէ
մը,
Մամուրեանէ
մը
աւելի
նպաստաւոր
շնորհներ
կը
պարզէր
այդ
Եւրոպային
արժանաւորութեան
մը
համար։
Անշուշտ՝
անիկա
տառապեցաւ
իր
սխալէն,
—
իր
ամուսնութենէն։
Բայց
անկէ
առաջ,
կը
միջամտէր
անոր
իրական
խառնուածքը։
Խրիմեանին
տիպարը
ուսանողէն
վեր
ու
դուրս
է:
Ու
սխալի
մէջ
չեմ
երբ
համարձակիմ
այդ
տիպարին
հիմնական
նկարագիր
ընդունիլ
տեղ
փոխելու,
վիճակ
փոխելու,
նորին
վազելու
խորունկ
իր
ախորժակները։
Ի
վերջոյ
Ս.
Յակոբայ
մայրավանքը,
սորվելու
տրամադիր
միտքի
մը
համար
ունէր
բազմաթիւ
կարելիութիւններ։
Ասկէ
զատ՝
Ս.
Յակոբը
հարիւր
տարի
առաջ
հոգեբանութիւն
մըն
էր,
խորութիւն
մը,
հոգեղէն
դրութիւն
մը,
իրապէս
կրօնական
հոգեխառնութեան
հանդիսարան
մը։
Հրաւիրակ
Արարատեան
մը
իբր
գեղեցկութիւն
երբ
այնքան
վեր
է
Հրաւիրակ
Երկրին
Աւետեաց
էն,
այդ
իսկ
հանգամանքով
կրնայ
նպաստ
մը
դառնալ
իմ
առաջարկած
ըմբռնողութեան,
այդ
տիպարէն։
Էջմիածինը,
1850
ին,
հայրենասէր
Վանեցի
վարժապետին
հոգին
չնորոգեց
անշուշտ։
Բայց
տուաւ
անոր
հայրենասիրութեան
արդար
յատակ
մը։
Դեռ
մենք
թագաւորներով
չէինք
մտածեր
այդ
1850
ին,
այլ
հայրապետներով։
Կրօնազգած
հոգեխառնութեան
մը
համար՝
Սաղիմը
քանի
մը
պատիկ
աւելի
հզօր
ազդակ։
Խրիմեան
Երուսաղէմը
երազած
է,
ինչպէս
բոլոր
հայերը
երազած
են։
Տասնամեայ
մանուկ,
իմ
հոգին
տօնական
գեղեցկութիւն
կ՚ըլլար
մահտեսները
դիմաւորելու
օրը։
Բայց
ես
գաղթական
տղայ
մըն
էի։
Այսինքն
հայրենիքէն
տարակայ
խլեակ
մը։
Խրիմեան
մեր
հայրենիքն
էր։
Ու
մի
մոռնաք
դարձեալ
ազգային
առածը
որ
կ՚ըսէ.
«
Վանեցիին
կաղը
Չինումաչին
եւ
գացեր
»
։
Ես
տեսայ
աչազուրկը,
որ
միայն
Քիփլինկի
վէպին
հերոսը
չէ,
Ափրիկէն
խուզարկելու
յանդգնող,
չունեցած
իր
աչքերովը։
Համբարձում
Երամեան,
աչազուրկ
Վանեցին
Նեղոսի
ափերո՜ւն,
1924
ին,
երբ
1915
ը,
1918
ը,
1920
ը,
1922
ը
ահաւոր
իրականութիւններ
էին
Վանին
համար։
Ու
Համբարձում
Երամեան
Հայրիկ
մըն
ալ
չէր,
բայց
մարդն
էր
որ
հարիւրաչեաներուն
ձեռներեցութիւնը,
սատանորդիութիւնը
խմբած
էր
իր
կամքի
տունին։
Սաղիմէն
պիտի
շահի
Հրաւիրակ
Երկրին
Աւետեաց
ը
որ
քերթուած
ըլլալէ
առաջ
գիրք
մըն
է,
այսինքն
անոր
անունը
տարածելու
գահաւորակ
մը։
Այս
վերագրումը
չի
բխիր
չարութեան
զգացումէ
մը։
Հարիւր
անգամ
ու
հարիւր
տեղ
Մկրտիչ
Խրիմեան
ապացուցած
է
թէ
զերծ
էր
հոսհոսութենէ,
գրական
նախրամտութենէ,
չհանդուրժելով
ճառախօսութիւնները,
գրքունակ
ու
գիրքով
կառուցուած
հանդէսները:
Բայց
իր
գիրքերը
գրեթէ
միշտ
կը
զուգադիպին
նորութեան,
նոր
գործօնութեան
հովերուն։
Իր
թերթերը
(
Արծուի
Վասպուրականի
եւ
Արծուիկ
Տարօնոյ
),
դուք
ազատ
էք
գրական
ըմբռնողութեան
մը
կապելու:
Ես
չեմ
դժուարանար
անոնց
ետին
գտնելու
իմ
տիպարը
որ
բերան
–
փոխի
վարժութեան
մը
նման
պիտի
դառնայ
գիրքին,
երբ
խօսքին,
շարժումին,
երթեւեկին
յոգնութիւնը
կը
դառնար
տիրական:
Դիտեցէք
ոչ
իբր
ժամանակագրական
իրողութիւն
որ
այս
մարդը
իր
երկու
գաւառական
պաշտօնավարութիւնները
(
Վան
եւ
Տարօն
)
պիտի
զուգորդ
ընէ
թերթերով
գործունէութեան
փառքին։
Գիտէք
Հրաւիրակ
ներուն
պատմութիւնը։
1876-1879
ի
շրջանին,
այսինքն
երբ
հալածանքը,
յոգնութիւնը
ու
քաղաքական
տագնապները
զիրար
կը
յաջորդեն,
ազգին
խղճմտանքը
ալեկոծելով,
Խրիմեան
վրայէ
վրայ
պիտի
յանձնէ
մամուլին
Խաչի
Ճառ,
Ժամանակ
եւ
Խորհուրդ
Իւր
պրոշիւրները
1876
ին,
երբ
տասը
տարի
առաջ,
Մուշէն
դարձն,
հրատարակած
էր
Մարգարիտ
Արքայութեան
Երկնից
ը,
անշուշտ
եպիսկոպոսացման
իբրեւ
նախատօնակ։
1877
ին՝
Վանգոյժ
ը,
Հայգոյժ
ը։
Առաջինը
Վանի
շուկային
հրդեհումը
ողբալու,
երկրորդը
ռուս
-
թուրք
պատերազմի
ընթացքին
Պայազիտի
եւ
Ալաշկերտի
15,
000
հայերուն
փողոտումը
պոռալու։
Վան
իբր
առաջնորդ
երթալէ
առաջ,
1879
ին,
անիկա
պիտի
գործածէ
1867
ի
ռազմավարութիւնը
(
Մարգարիտ
Արքայութեան
Երկնից
),
իրարու
ետեւէ
տպագրութեան
յանձնելով
Դրախտի
Ընտանիք
(1878)
եւ
Սիրաք
եւ
Սամուէլ
ը
(1879)
։
Այսինքն
`
երբ
իր
մարմինը
անկարող
է
տեղէ
տեղ
փոխադրելու,
իր
գրիչին
պիտի
տայ
կարգը
իր
հոգեկան
այդ
խորունկ
ախորժակը
յագեցնելու:
Խրիմեան
կա՛մ
պիտի
խօսի,
կա՛մ
պիտի
գործէ,
արկածախնդրէ,
կա՛մ
պիտի
անցնի
սեղանին
ու
արարքէ,
գործօնութենէ
սա
անդիմադրելի
մղումները
պիտի
վերածէ
սեւ
տողերու
կարաւանին։
Գրական
փառասիրութի՞ւնը։
Բայց
այս
պոլսեցիութիւնը
անոր
մտքին
անկիւնն
իսկ
տեղ
չունէր։
Ու
իր
գրածին
վրայ
արժէքի
մը
տագնապը
բոլորովին
հեռու
էր
անոր
գրական
խղճմտանքէն։
Չունինք
ճիշդ
թուականը
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ի
խմբագրման:
Կ՚ենթադրեմ
սակայն
որ
Երուսաղէմ՝
իր
աքսորանքին
(1890)
նուէրն
է
անիկա։
Հայրապետական
գահէն
անիկա
պիտի
արտօնէ
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ին
հրատարակութիւնը
(1894)
։
1900
ին՝
Թագաւորական
Ժողով
ը։
1901
ին՝
Վերջալոյսի
Ձայնե
ր։
1902
ին՝
Ողբացող
Խորենացին:
Գործերու
սա
շարքը
չի
կանխեր
իմ
աշխատանքին
գնացքը:
Այս
նկատումներուն
մէջ
տեղ
կուտամ
իր
Կիլիկիա
ճամբորդութեան,
1852
ին։
Համապատկեր
ը
կենսագրում
չի
ներեր
իրեն:
Բայց
կը
հրաւիրուիք
լրջութեան,
հայութեան
պատմական
սրբավայրը,
Էջմիածին,
այսինքն
հայ
արեան
հանդիսարանը
եւ
Հայութեան
ամենէն
խորունկ
ուխտավա՞յրը,
այսինքն
հայ
-
քրիստոնեայ
յղացքին
արձակարանը,
Սաղիմ։
Կիլիկիա՞ն։
Այդ
դժբախտ
հողերուն
վրայ
1850
ին
երիտասարդ,
հայրենասէր,
արկածախնդիր
միտք
մը
ինչե՜ր
չի
հետապնդեր
իր
ներքին
պահանջները
յագեցնելու։
Կարեւորը
ան
չէ
թէ
ի՞նքն
է
Կիլիկիա
ճամբորդութեան
մը
գաղափարին
տարածիչը
թէ
դէպքերը,
կարիքներն
են
որ
կը
ստեղծեն
զայն։
Ասպետը
պատրաստ
է։
Դպրոցնե՞րը,
տունի
դասե՞րը։
Ազգային
զարթօնքին
եռուզե՞ռը։
(
Հիմնուած
է
Մասիս
ը։
Թոյլատու
է
ռեժիմը
։
Ամբողջ
Թուրքիա
կ՚անցնի
նորոգման
շունչէն։
Պոլիսը
կրակ
է
առած
ազգային
գործունէութեան
զգացումներէն
)
։
Արկածախնդրութիւնը
ահաւոր
կիրք
մըն
է
ու
Խրիմեան
ատոր
մղումին,
բռնութեան
տակ,
կը
ծալէ,
կը
ծրարէ
ու
կը
դնէ
մէկդի
միւս
բոլոր
նկատողութիւնները։
Կիլիկեան
մեր
քաղաքական
հասկացողութեան
մէջ
ի՜նչ
ոսկեհիւս
պատրանքներու
ծնունդ
չէ
տուած։
Շահեցա՞ւ
Խրիմեան
երիտասարդ
հայրենասէրը
Թորոսի
երկրէն,
ինչպէս
շահած
էին
Ռուսինեանը,
Ծերենցը,
Չրաքեանը
ու
Տիկին
Եսայեանը,
իւրաքանչիւրը
իրենց
ձեւերովը։
Հարցումը
չունի
պատասխան։
Ապագայ
գրական
անոր
գործունէութեան
մէջ
հազիւ
հետքեր
կան
անուններէ։
Բան
մը
չըսա՞ւ
Սսոյ
նուիրական
ստուերներով
հարուստ
Աթոռը։
Պատմութիւնը
լուռ
է։
Այդ
Կիլիկիան
անհետ,
«
աննշմարանք
»
պիտի
գրէր
ինք,
անցած
է
այդ
երիտասարդութեան
վրայէն։
Չեմ
զարմանար։
Գրելը
Խրիմեանին
համար
իր
գործօնութիւնը
շարունակել
է
…
թուղթի
վրայ,
այսինքն
խօսիլ,
շարժիլ,
թելադրել,
անցնիլ
ու
աներեւոյթ
ըլլալ։
Երբեմն
այդ
գրելը
կեցուածք
է
թերեւս,
դեր
մը,
եթէ
կ՚ուզէք։
Երբեք՝
գրական
ապրումներու
անդրադարձ:
1853
ին
վերջապէս
…
Վան,
ուր
դուք
գիտէք
թէ
ձգած
էր,
եօթը
տարի
առաջ,
կնիկ
մը
եւ
աղջնակ
մը:
Ի՞նչ
հոգիով
անիկա
կ՚ընէր
իր
անդրանիկ
դարձը
դէպի
հայրենի
տունը,
ինք՝
որ
ունէր
իր
ջիղերուն
հիւսուած,
ա՛լ
անքակտելի,
լման
աշխարհը
հայոց
պատմութեան,
իր
ամենէն
փառաւոր
յիշատակարաններուն,
աւերակներուն,
ասոնց
շուրջ
եւ
կենդանի
ապրումներուն
խռովքովը:
Ի
վերջոյ
Այրարատը
երգել
`
Հիւրմիւզ
կրկնել
մը
չէր
անշուշտ
սա
մարդուն
գրական
փառասիրանքին
մէջ։
Կ՚անցնիմ։
Բայց
չեմ
կրնար
զինքը
իր
աւերակ
տունէն
ներս
առաջնորդած
պահուն
չփռել
անոր
նայուածքի
ներսի
դաշտին
շքեղաշուք
Պոլիսը,
ասոր
ապարանքները.
շարունակելը
ձեզմէ:
Ուր
անոր
խորհուրդի
մը
պէս
հրապուրիչ,
ծանր
ձգողութեամբ
մը
տրոփուն
անձնաւորութիւնը
ճանչցեր
էր
փառքերուն
է՛ն
գեղանի,
գեղացի
մը
զգայարանքները
անհունօրէն
լարող,
-
գրական
փառքը,
երբ
իր
քերթուածները
կ՚անցնէին
ձեռքէ
ձեռք,
թաղէ
թաղ։
Ճանչցեր
էր
խօսքին
անտարազելի
գինովութիւնը
երբ
մենք
մեր
ծանր
անձնաւորութիւնը
կ՚ընենք
կենդանի
նուագարան
մեր
սիրտը
զարնող
յոյզերուն
ու
կ՚արձագանգենք
մեզմէ
դուրս
մեր
ներքին
կրակները,
անով
անցնելու
համար
ուրիշներուն
սիրտը։
…
Պէտք
է
քալել,
սակայն։
Անիկա
տեսա՜ւ
անշուշտ
լռին
ուրուականը
իր
կնոջ,
թաղուած
տարիներ
առաջ,
բայց
ելած
այդ
րոպէին
իր
գերեզմանէն,
մտած
հայրենի
սենեակը,
իր
մաշած,
հալած,
ծիւրումով
սպառած
մարմինը
դնելով
անկիւնի
անկողինին,
որուն
բարձին
մէկ
մասին՝
գլխիկը
իր
աղջնակին։
Մարդերու
կեա՜նք՝
Քեզ
ինչպէս
կ՚ուրանանք
երբեմն։
Ու
եղաւ,
միշտ
այդ
րոպէին,
մենաւոր,
մօրը
մահուամբ
փողոց
մնացած
իր
զաւկին
ալ
ուրուականը,
պզտիկ
պզտիկ
հալելով
ու
իր
անմեղուկ
մարմինը
տանելով
մօրկանը,
հողի
ծոցին,
կուշտ
կուշտի:
Ահա
տռաման։
Չեմ
երթար
առաջ,
պարտականութեան
զգացումին
ու
ասոր
զանցումովը
դատապարտութեան
ատեանին
կանչելու
ասպետը
որ
եօթը
ձիգ
տարիներ
թափառեր
էր
աշխարհէ
աշխարհ,
ու
ազգը,
հայրենիքը
սիրելու
առաքելութեան
մը
փողահարն
էր
եղեր,
այսպէս
մոռնալու
չափ
իր
արեան
հանդէպ
իր
աւագ
պարտքը։
Կը
խորհիմ
թէ
ձեռքէ
ձեռք,
սրահէ
սրահ,
երկրէ
երկիր
ու
պալատէ
պալատ
յափշտակուած
սա
երիտասարդը
ըլլալէ
առաջ
Խայաստանցի
հայրենասէր
գործիչը,
քարոզիչը,
առաքեալը
պարտքին
տակն
էր
իր
կնոջը
ամուսինը
ու
իր
զաւկին
հայրը
ըլլալու:
Այս
տողերուն
հետ
իմ
մտքիս
կը
բացուին
ընդարձակ
ողբերգութիւնները
որոնք
ապրուեցան
մեր
ժողովուրդին
բոլոր
խաւերէն,
քիչ
մը
ամէն
դարերուն:
Մեր
գրականութեան
մէջ
Պանդուխտի
Կեանքէն
ը
կը
փոքրէք
երբ
վերածէք
գրական
թեմայի։
Լման
տասնըհինգ
դար
այդ
ողբերգութիւնը
մեր
պատմութեան
ամենէն
սրբազան
տագնապներէն
մէկն
է:
Խորհեցէք
մեր
պատմիչներով
սեւեռուած
փաստերուն։
Տիկնայք
Փափկասունք
ը
թէեւ
կը
թուի
ներքին
տռամա,
իրականին
մէջ
այդ
էջը
քրոնիկ
մըն
է,
գրուած՝
ցաւին
մէջ
գերուած
նախարարներուն:
Ինչ
աղեխարշ
են
դրուագները
Ղեւոնդի,
Արծրունիի,
Դրասխանակերտցիի,
Ասողիկի,
Լաստիվերտցիի,
մինչեւ
Դարանաղցի
ու
մինչեւ
Արամ
Անտոնեան,
բոլորին
մէջ
ալ
մէկ
ու
նոյն
ցաւին
ծաղիկներ
ով
դրասանգուած,
անհունօրէն
յուզիչ,
սրտառուչ։
…
Ձեզի
կը
ձգեմ,
ուրեմն,
այս
ամէնը
ապրող
երիտասարդ
Խայաստանցիին
հոգեխառնութիւնը
յօրինել։
Ընթերցողը
երբեմն
կը
հրաւիրուի,
իր
կարգին,
ընելու
այս
աշխատանքները։
Մարդկային
կեանքը
տարօրէն
խիտ
է
ու
ընդարձակ։
Գրելը
տարօրէն
կարճ
է
ու
սահմանափակ։
Դուք
կարելիութիւն
ունիք
այդ
կեանքը,
կեանքերը
ձեր
ներսը
վերստին
ապրելու
…:
Կ՚անցնիմ։
Մինչեւ
կարգ
առնելը
Աղթամարայ
պատմական
տաճարին,
մէջ,
1854
ին,
Խրիմեան
պիտի
ապրի
շուքը
թերեւս
իր
անձնաւորութեան:
Վէպի
հերո՜ս
մը:
Ինչու
չէ։
Իմ
հետաքրքրութիւնս,
կեանքի
հարցերով,
Համապատկեր
ին
մէջ
չի
մեկնիր
սակայն
թիւերու,
թուականներու
փառքէն
կամ
պարտքէն:
Խրիմեանի
կենսագիրները
լայնօրէն
կը
զբաղին
այդ
կեանքին
բոլոր
փոխադրումներովը,
շրջումներովը։
Վարդապետ
ձեռնադրուելէն
մինչեւ
հողք
իջնելը
մենք
ունեինք
լման
կէս
դար
ու
քիչ
մը
աւելի,
մեր
առջին։
Ու
ի՜նչ
կէս
դար
է
անիկա,
սանկ
քիչիկ
մը
`
հեռուէն,
վերէն
դիտուած։
Ու
այդ
դարու
բոլոր
ծանրագոյն
յոյզերուն,
բախտորոշ
հանգոյցներուն
(
շինեցէք
լման
այդ
թուականները,
յարակից
ամբողջ
զարհուրանքներով,
յոյսի,
խանդի,
լքումի
ու
կործանման
փոփոխակ
կերպարանքներու
տակ
),
Լիմ՝
ու
Կտուց
անապատներուն
մէջ
սաղմոս
քաղել
միայն
սորված
թուող
սա
մարդը
դուք
պիտի
գտնէք,
սակայն,
ամենէն
պատասխանատու
դերերով,
անբացատրելի
է
ինչպէս
անխուսափելի:
Երբ
իր
ճակտէն
քաշեցին
վեղարին
կիսաքօղ
պատուարը,
Խրիմեան
տառապեցա՞ւ
որ
աշխարհին
կէսը
կ՚առնէին
այսպէս
իր
աչքերուն
ծիրէն,
ի՜նք
որ
նուաճեր
էր
ընդարձակ
փառքեր,
յօրիներ
գրագէտի,
բանաստեղծի,
գործիչի
անհաւասարելի
համբաւ
մը,
ճանչցեր
քաղաքը,
քաղքենին,
իր
ժողովուրդին
բարձրագոյն
ալ
խաւերը
։
Ու
տարիքի
գարունքին,
այս
ամէնը
առաթուր
անցնող
երիտասարդին
մէջ
ներելի՞
է
նկատի
ունենալ,
առնուազն
հեռուէ
հեռու
ընդզգալ
մասնաւոր
այն
հոգեխառնութիւնը,
վիճակը
որ
ԺԹ.
դարու
եւրոպական
մեծ
վէպերուն
մէջ
տեսակ
մը
դեուս
էքս
մաշինա
մը
իբրեւ,
լուծում
մը
բերած
է
անոնց
գնացքին։
Քօղ
կ՚առնէին
երբեմն
ամենէն
ազնուական
կիները,
սիրոյ
մը
դագաղակիրը
դառնալով։
Ու
պարեգօտ
կը
հագնէին
երբեմն
ամենէն
իրաւ
երիտասարդները,
միշտ
պատրանք
մը,
պարտութիւն
մը,
կործանում
մը
—
հոգիէն
—
դիմագրաւելու
կամքով
մը։
Կ՚անցնիմ
Ու
ատենը
եկած
է
որ
լրջանամ։
Մկրտիչ
Խրիմեան
խեղճ
ու
պատառ
բարոյախօսը
չէ
Uիրաք
եւ
Սամուէլ
ին,
Մարգարիտ
Արքայութեանան
Երկնից
ին,
ոչ
ալ
աւելի
կամ
նուազ
շատաբան
գիւղատնտեսը
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
հատորին։
Համապատկեր
ը,
առանց
ազգային
պատմութիւն
մը
փառասիրելու,
մեր
գրագէտները
տալու,
կերպարանելու
իր
աւագ
առաջադրութեան
մէջ,
ըսի
վերերը,
չի
տառապիր
սակայն
գրող
է
մի
մարդը
այլապէս
ազատագրելու,
երբ
այդ
մարդուն
ետին
աշխարհ
մը
կը
խտանայ։
Խրիմեան
մեր
վերջին
կիսադարուն
ամենէն
պատմական,
ժողովրդական
անձնաւորութիւնն
էր,
գիտէք
ատիկա։
Վաթսունէ
աւելի
տարիներ,
անոր
կրունկներուն,
մենք
կը
գտնենք
հաւատարիմ՝
փառքը,
ինչպէս
իր
ստուերը։
Ու
դարձեալ,
միշտ
այդ
ժամանակին
մէջ,
մենք
կը
գտնենք,
մեր
պատմութեան
բոլոր
բեմերուն
վրայ,
այդ
մարդուն
երեսին,
ետեւէն,
հասցէին
նախատինքը,
հալածանքը,
հաւասար
յորդութեամբ,
կենդանութեամբ։
Զինքը
պատուած
են
Հայոց
Հայրիկ
անկարելի
տիտղոսով,
ինչպէս
սեւցուցած
են
իր
անձն
ու
գործը
մեծատարած
աղմուկով,
թատերական
ելույթներով։
Չեմ
զբաղիր
համբաւներուն
քմայքներովը,
—
ընդհանրապէս
ճարտար
ձեռնարկներու
յայտարար,
երբեմն
մեր
միամտութեանց
անդրադարձ:
Cabale։
Արժանիք
։
Կ՚ընդունիմ։
Բայց
ժամանակը
բանջար
չի
քաղեր։
Ու
վաղ
կամ
ուշ
կը
բերէ
իր
հարուածը։
Գրականութեան
մէջ
մանաւանդ
համբաւը
անզօր
է
զիս
զինաթափելու։
Այսպէս
չէ
սակայն
չարափառ
համբաւը։
Կա՞ր
Սուրէն
Պարթեւեան
չարահամբաւ
փառքին
ետին
հանդէս
մը
մեղքերու,
ուժերու,
պայմաններու
որպէսզի
այդ
շատ
շքեղ
տաղանդը
ճռչէր,
այդ
համբաւին
թոյնէն,
չձգելու
չափ
մեր
երախտագիտութեան
արժանի
գործ
մը:
Խրիմեանի
գրական
համբաւը
այսօր
չի
յուզեր
զիս:
Բայց
իր
անձնաւորութեան
շուրջ
սա
քաղաքական
համբա՞ւը:
Իրաւ
է
որ
ժամանակը
չէ
եղած
Խրիմեանի
հակառակորդներուն,
d
é
tracteurներուն
հետ
որոնք
իրենց
կարգին
կողմեր
լուսաւորած
են
խորհրդաւոր
այդ
մարդէն
սակայն։
Իր
կենսագիրներուն
դրական
ու
պայծառ
գոյնե՞րը։
Ըսի
թէ
պատմութիւն
չեմ
փառասիրեր:
Բայց
մարդկօրէն
կը
տառապիմ
առեղծ
ուած
ին
առջեւ։
Ուրիշներու
շուրջ
գրուածք
ները,
առանց
այլեւ
այլի,
կը
հասնին
իրենց
առաջադրութեան։
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
(
իր
կեանքը
եւ
գործը
)
հատորը,
Արշակ
Չօպանեանի
կողմէ
գրուած,
կը
լրացնէ
Օրթագեղցի
քերթողին
իմաստը,
իրմէն
վերջն
ալ։
Քանի
կը
կարդամ
Խրիմեանի
նուիրուած
հանդէսները,
նոյն
համեմատութեամբ
կը
քայքայուի
հէքեաթը
անոր
անունին
շուրջը,
իմ
ներսը։
Ստոյգը
այդ
կենսագրութեանց
մէջ
սա
մարդուն
ստեղծած
անհուն
խանդավառութիւնն
է,
զոր
արդարացնող,
բացատրող
ազդակները
այնքան
քիչ
են,
քիչ
կուգան
սակայն։
Ամէն
տեղ
ճակատը
երկուք
է:
Իր
հետ
ու
իր
դեմ
։
Հանրային
մարդոց
ճակատագիրն
է
անշուշտ
քիչ
մը
ասիկա։
Բայց
Խրիմեան
աւելի
է
քան
հանրային
մարդը։
Ու
քանի
կը
կարդամ
իր
գործերը,
այնքան
իր
հէքեաթը
ներսէն
կը
տկարանայ,
միշտ
իր
առեղծուածը
մթնցնելով։
Ու
իմ՝
տագնա՜պը,
սա
պայմաններուն
տակ,
մարդը
լրիւ
ընդգրկելու
անկարողութեան
մը։
Անշուշտ
չէք
մոռնար
որ
Համապատկեր
ը
հայոց
ազգային
պատմութիւնը
չէր
փառասիրեր:
Ու
գրագէտներէն
իր
սիրածը՝
գործերուն
կշիռը,
կենդանութիւնը,
դերը:
Այս
մայր
մտահոգութեան
ընդմէջէն
`
պիտի
հրաժարիմ
հետեւելու
Խրիմեանի
կեանքին
ծանր
թուականներուն։
Վարդապետ
—
բառը
արդարացնող
կատարելութեամբ
մը,
քանի
որ
սորվեցուցած
է,
իր
իսկ
միջոցներով
հաստատելով
ուսուցման
կեդրոններ:
Հայաստանի
սիրտին
վրայ
Վարագայ
որբանոցը,
իր
դպրոցովը,
տպարանովը,
եւ
անհերքելի
վկայութիւն
մըն
է
ուսուցանողէն։
Եկեղեցական
—
Հայ
Եկեղեցւոյ
սպասը
մնաց
իր
սրտին
ամենէն
մօտիկ
սխրանքը։
Լիմ
անապատի
սաղմոսներէն
մինչեւ
հայոց
հայրապետութեան
փառքը
անիկա
ապրած
է
Խայաստանցի
տէրտէրին
հոգեբանութեամբը։
Քարոզիչ
—
շ
փոթութիւն
ստեղծող
մասնակիութեամբ
մը։
Զինքը
մտիկ
ընողներու
վկայութիւնը
չենք
կրնար
հերքել,
թէեւ
իր
ըսածները
ունինք
այդ
բեմերէն,
տարօրէն
պարզ,
տկար
նոյնիսկ,
իբրեւ
կազմակերպեալ
բան։
Ազգային
գործիչ
—
աւելի
քան
վաթսուն
տարի
անիկա
հայոց
պատմութեան
ու
ճակատագրին
մէկ
իշխանը
իբրեւ
խօսած,
գործած,
տնօրինած
է:
Գրագէտ
—
Իր
գիրքերուն
բազմաթիւ
տպագրութիւններովը։
Հայոց
Հայրիկ
—
որ
կը
համադրէ
կիսադարեան
իր
գործունէութիւնը:
Այսպէս
երեսներու
բաժնուած
Խրիմեան
անունը
գիտեմ՝
թէ
կը
նուաղի,
կը
տկարանայ
իր
խորհուրդէն։
Բայց
պատրանքներուն
գիրն
է
կանուխ
թէ
ուշ
շ
ոգիանալ։
Իր
աստուածացումէն
ու
զինքը
քայքայող
քիչ
մը
միամիտ
իմաստութենէն
ձերբազատ
տրամադրութեամբ
մը
կը
փորձեմ
մօտենալ
սա
երեսներուն։
Մի
առարկէք
թէ
Համապատկեր
ը
աւելորդ
հետաքրքրութեանց
սիրոյն
իր
սահմանները
կը
զանցէ։
Իմ
գործի
մուտքին
ես
տուեր
եմ
հիմնական
ազդակները,
նման
տեղումներ
արդարացնող։
1860
էն
մինչեւ
գրեթէ
1880,
արեւմտահայ
գրականութիւնը
ողողուած
է
ոչ
թէ
Խրիմեանի
գրական
չունեցած
հասկացողութեամբը,
այլ
այն
հոգեխառնութեամբ
որ
այս
մարդուն
խօսքին
ու
գիրին
ճամբաներովը
կը
դառնայ
մարմին։
Այդ
հոգեխառնութեան
global
որակո՞ւմ
մը։
—
Եթէ
կ՚ուզէք։
Հայրենախօս,
հայրենապաշտ
հոգեբանութիւնն
է
անիկա,
իրաւ
է
թէ
Վենետիկէն
փոխադրուած,
բայց
շատ
շուտով
գտած
իր
իրական
նկարագիրը։
Ոչ
մէկ
երանգ՝
Մխիթարեան
պատմութեան
եւ
բանաստեղծութեան
մէջ,
որ
մեզի
թելադրէր
1860
ի
մարդոց
հոգիին
իրական
կերպարանքը
եւ
Ազգային
Սահմանադրութիւն,
ազգային
թատրոն,
ազգային
գրականութիւն,
ազգային
դաստիարակութիւն,
բոլորը
մէկ
ու
նոյն
հոգեխառնութեան
բխումները
կը
մնան։
Չեմ
ըսեր
թէ
Խրիմեանն
է
ստեղծիչը
այդ
ամենուն։
Բայց
կը
հաւատամ
թէ
Բարիզ
կրթուած
մեր
Զարթօնքի
ուժերը
պիտի
առնէին
բոլորովին
տարբեր
ուղղութիւն,
պիտի
զարգանային
ոչ
-
փափաքելի
կերպարանքներով
(
ինչպէս
կը
գտնենք
ասիկա
Նար
-
Պէյին,
Թէրզեանին,
Ոսկանին
մօտ
)
եթէ
երբեք
իրենց
պատրաստութիւնը
չդիմաւորուէր
Խրիմեանէն
մարմնացած
մասնակի
ստուգումներով։
Այդ
մաuնակին
հայոց
ազգն
էր,
ոչ
իր
անցեալին
աւելի
կամ
նուազ
սեւցուած
կամ
լուսողող
պատկերացման
մէջ,
այլ
այնպէս
ինչպէս
կար
անիկա
հայոց
աշխարհին
տրտում,
տառապագին,
ահա
ւ
որ
իրականութեան
ներքեւ։
Ըսին
թէ
Խրիմեան
մարդը
եղաւ
իր
ժամանակին:
Չեմ
սր
բ
ագրեր
վարկածը,
բայց
կը
ջանամ
հասկանալ
այդ
տարողութեամբ:
Զարթօնքի
տղաքը
իրենց
ազգին
ծանրածանր
կարիքները
ընդառաջելու
յօժար
ընող
հոգեբանութեան
մէջ
մեծ,
եզակի
է
ահա
Խայաստանցի
այդ
վարժապետը։
Այդ
Խայաստանը
Վենետիկցի
աբբաներուն,
երէցներուն,
քերթողներուն
համար,
հարկ
կա՞յ,
կրկնելու,
դրախտ
է
ու
Նոյեան
տապան,
Արամ
է
ու
Վարդան,
Էջմիածին
է
եւ
Սիս:
Բայց
այս
բոլոր
անունները՝
նստած,
իրենք
իրենց
վրայ,
պատմութեան
փոշիներով
ոսկեհուռ:
Խրիմեանն
ալ
պիտի
շեփորէ
այդ
բառերը,
ասոնցմէ
ծորող
անցեալին
դիւթքը,
բայց
պիտի
աւելցնէ
ուրիշ
ալ
ճիչ
մը,
զոր
Մխիթարեան
աբբաները
ոչ
միայն
պիտի
չհամարձակէին
արձակել,
այլ
միտքէ
անցնելն
իսկ
պիտի
համարէին
սրբապղծութիւն։
Այդ
ճիչը՝
հրաւէրն
էր
այդ
աւերակները
ազատագրելու
։
Զարթօնքի
սերունդը,
այս
հրաւէրին
ընդմէջէն,
անցուած
կ՚ըլլար:
Դէպի
Իրապաշտները
փաղանգը
յստակ
չունեցաւ
հրաւէրին
խելամտումը.
—
այնքան
այդ
կոչը
կը
բախէր
անպատրաստութեան,
ամրակուռ
շահերու,
զգօնամիտ
պաշտօնեաներուն
հաւաքական
ընդդիմութեան։
Բայց
Իրապաշտները
անոր,
այդ
կոչին
ոչ
միայն
արձագանգը
կուտան,
այլեւ
կ՚անցնին
աւելի
անդին
քան
սկզբնական
զանգը։
Խրիմեան
Մկրտիչ
ժամանակին
ուզած
մարդը
չէր
(
ես
կը
զատուիմ
ուրեմն
ընդհանուր
մտայնութենէն
),
բայց
այդ
ժամանակին
համար՝
porte
-
parole
մը,
մունետիկ
մը,
եթէ
կ՚ուզէք։
Յետոյ,
ազգային
հարցը,
1880
ին,
այնքան
ծանր,
բարդ,
տագնապուն,
նուաճելի
չէր
սոսկականէն,
որքան
ալ
ուժ
ըլլար
մթերուած
այդ
անհատին
մէջ։
Արագ,
կը
մօտենամ
Խրիմեան
Հայրիկը
բաղադրող
վերադիրներուն։
ա
)
—
Վարդապետը
այս
մարդուն
մէջ
ինքնաբուխ
է,
ինչպէս
են
գրեթէ
բոլոր
միւս
միութիւնները
իրմով
ընդհանրացած
յղացքին։
Իր
թափառումները,
ժամանակէ
իր
նեղութիւնը,
մանաւանդ
խառնուածքին
աւագ
ցուցմունքը
կը
խօսին
ընդդէմ
ուսուցանողին
որ
չի
հ
երքեր
անշուշտ
պայքարի
փաստ
մը,
բայց
կ՚ախորժի
հանդարտ,
շրջահայեաց,
մանաւանդ
յարատեւ
գործօնութենէն։
Ունինք
իր
Պոլիսը,
Հրաւիրակ
ին
շրջանէն,
բայց
չունինք
իր
ուսուցումին
ուղղակի
հետքերը,
որոնք
աշակերտներու,
ասոնց
մէջ
մշակուած
լուրջ,
տիրական,
տեւող
վարժութիւններու
ձեւով
վարդապետի
մը
դէմքը
կը
ճշդեն:
Իր
Վարագը,
իբրեւ
վարժարան,
նորութիւն
մը
չէ,
քանի
որ
ուսմանց
ծրագիրը
կը
մնար
այնքան
նախնական
եւ
Խրիմեան
իր
հանգանակութիւնները
կատարած
է
յանուն
իր
վարժարանին
ու
մամուլին
։
Միւս
կողմէն
չարհամարհել
փաստը
որ
Զարթօնքի
սերունդին
գերագոյն
առաջադրութիւններէն
մէկը
կազմեց,
—
հայ
վարժարանը:
Եթէ
Նիկողոս
Զօրայեան
այդ
վարժարանը
փառաբանեց
իբր
պատրաստութիւն
շուկայի,
ու
Սկիւտարի
ճեմարանը
բարեխառնեց,
այդ
շուկայիկ
յղացքին
մէջ
դնելով
գրաբար
քերթուածին
ալ
համը,
Խրիմեան,
Վենետիկէն
ներշնչուած,
իր
վարժարանին
համար
ունի
հայրենասիրական
ծանր
փառասիրութիւն։
Սերունդ
մը
տուաւ
Վարագը,
որմէ
Ամիրճանեան,
Սրուանձտեանց
անցած
են
հայոց
գրականութեան
պատմութեան,
վերջինը
ծանր
ալ
փառքով։
1870
ի
մարդոց
պաշտամունքը
ուսման
հանդէպ
կը
գործէ
նաեւ
Խրիմեանի
մէջ։
Վարագայ
որբանոցն
ու
Արծուի
Վասպուրականի
ն,
իր
ձագուկ
Արծուիկ
Տարօնոյ
ով,
Խրիմեանի
մէջ
վարդապետ
յղացքը
կ՚ազատագրեն։
ԺԹ.
դարու
երկրորդ
կէսը
մեծ
վարդապետներու,
սորվեցնողներու
ոսկեղնիկ
մէկ
շրջանն
է:
Խրիմեան
առաջին
գիծի,
այսինքն
շրջան,
մտայնութիւն
սկսող
կամ
փոխող
ուսուցիչ
մը
չերեւիր
մեզի,
բայց
Վանի
նման
հեռանկեալ
խոր
շ
ի
մը
մէջ
իմացական
շարժումի
մը
մղիչ
ուժն
է
անիկա։
Ի՞նչ
փոյթ
որ
եւրոպական
պատրաստութիւն
մը
պակսէր
անոր։
Այս
մարդը
իր
սրտովը
իրագործած
է
ինչ
որ
իրագործելի
էր
գանկով։
Իր
պատրիարքութեան
ու
քարոզչութեան
Պոլիսը
ու
հայրապետութիւնը
չեն
բերեր
փաստեր
որպէսզի
վարդապետի
իր
հոգեբանութիւնը
ազատագրուէր
իր
ցանկութեանց
միջին
գիծէն։
Դուրեան
Սրբազան
վարդապետ
մըն
էր,
ինչպէս
բանասէր
մը,
բանաստեղծ
մը,
եկեղեցական
մը։
Խրիմեանի
համար
կրթական
շարժումը
չունի
այն
առինքնող
ձգողութիւնը
զոր
քաղաքական
կիրքը
կ՚արթնցնէր
իր
մէջ։
բ
)
—
Եկեղեցականը
որ
զիս
կը
հետաքրքրէ
իր
գրականութեան
հասկացողութեան
բերելիք
իր
բարիքովը
առաւելապէս:
Կրնա՞նք,
իր
կենսագրութիւնը
կարդալէ
յետոյ,
մեր
միտքին
մէջ
իր
կերպարանքը
արժեւորել
այն
պարզութեամբ,
օծուն
քաղցրութեամբ,
յուզիչ,
սրբանուէր
ինքնաբաշխումով
որոնք
իբր
յատկանիշ
կը
յառնեն
մեր
երեւակայութեան
դէմ
երբ
կանուանենք
մեր
մեծ
հայրապետները։
Իր
արիւնը
թափած
չըլլալը
մի
մեծցնէք,
սուրբի
լուսապսակ
մը
երբ
կը
պակսի
իրեն։
Չեմ
վերլուծել
մեր
պատմութեան
դասական
յղացքը
եկեղեցական
տիպարէն։
Շատ
մը
առիթներ
օգտագործեր
եմ
ես,
մեր
արքաներուն
այնքան
անփառունակ,
նսեմ
կերպարանքներուն
ընդդէմ
մեր
հայրապետներուն
շքեղ
գեղեցկութիւնը,
մեծութիւնը
արժեւորելով։
ԺԹ.
դարուն
դասական
հայրապետը
չեն
հերքեր
անշուշտ
մեր
մեծ
եկեղեցականները,
բայց
հեռու
ալ
են
զայն
հարազատ
թելադրելէ։
Հայոց
կաթողիկոսները
կրօնական
պետեր
չեղան
միայն։
Անոնք
իրենց
ժողովուրդը
հարուածող
աղէտներուն
մէջ
եղան
բարձր
խորհրդանիշ
անձնաւորութիւններ,
հասնելով
կարիքներուն,
երբեմն
խելքով,
երբեմն
սրտով
ու
սրբութեամբ
ղեկավարելով
աղէտները,
ասոնք
արձակող
ձեռքերը
կարկելով
աղօթքով
կամ
անէծքով։
Կայ
տակաւին
ժողովրդական
ալ
տրամադրութիւնը,
արեւելքը
ու
իր
բռնապետները,
նախապաշարումը
եւ
նրա
մեծութիւնը
եւ
Խրիմեան
սրտայոյզ
եկեղեցական
մըն
է
Վան
ու
Տարօն։
Այս
աշխարհամասերը
հարիւր
տարի
առաջ
չէին
պատկանէր
մեր
պատմութեան։
Հիմնական
երեք
ազդակները
—
հայը,
թուրքը,
քուրտը
—
իրենց
միջնադարը
կ՚ապրէին,
յաւիտենական
արեւելքին
անայլայլ
յօրինուածքը:
Ու
այդ
արեւելքը
կ՚ակնածէր
պարեգօտաւոր
մարդէն։
Հազիւ
կայ
քսան
տարի
որ
թուրքին
աշխարհահայեացքը
չի
գործեր
իր
կրօնականներուն
ցուցմունքովը:
Անկէ
առաջ,
դարեր
ու
դարեր,
կրօնականը
թուրքին
մէջ
ամէն
բան
է։
Խրիմեան
կը
ճանչնայ
թուրքը
(
իր
թափանցումը,
նրբամտութիւնը,
հասկացողութիւնը
կը
դառնան
նշանակել
իր
կենսագրողներուն
բոլորին
համար
ալ
),
բայց
կ՚ապրի
քուրտը,
ըսել
կ՚ուզեմ
այս
լեռնական
ու
խաշնարած
ժողովուրդին
զգացական
գրութիւնը
չի
հերքեր
իրմէն։
Իր
բոլոր
քարոզները,
երբ
մերկացնէք
աւետարանեան
իր
գործադրումներէն,
կ՚ըլլան
հողագործ,
խաշնարած,
լեռնական
ժողովուրդի
մը
անգիր
բարոյականին
թելադրանքները:
Ու
կայ
տակաւին
իր
ալ
ժողովուրդին
ճնշումը,
հայ
-
քրիստոնեան,
որ
կը
միջամտէ
իր
բարոյախօսութիւնները
պզտիկ
մը
գունաւորելու։
Կայ,
ասկէ
զատ,
հայոց
պատմութիւնը
որ
կ՚օգտագործուի
իր
օրերուն
իբրեւ
սրբազան
յուռութք:
Ու
կայ
իր
ժամանակը,
այնքան
նոր
յոյզերով
թրթռուն։
Դէմ
է
Խրիմեան
վանքերուն,
ոչ
անոնց
հոգեղէն
թելադրանքներուն,
այլ
հոն
որջացած
միաբանութիւններուն
պորտաբոյծ
ու
վնասակար
միջնադարին։
Դէմ
է
նմանապէս
քաղքենի
եկեղեցականներուն,
այսինքն
առաջնորդ
–
եպիսկոպոսներուն,
ազդեցիկ
վարդապետներուն
որոնք
իրենց
շահերը
ունին
պաշտպանելիք։
Ու
հարցը,
իսկոյն։
Հoտապե՞տը,
հովուապե՞տը:
Այս
մարդը
մասնագէտն
է
կռիւներ,
բախումներ,
առնուազն
անհանգստութիւն,
յ
ու
զում
յարուցանելու:
Պատմեցի
ձեզի
իր
Օրթագեղի
ժամուն
մէջ
պատարագը,
ամիրաները
սարսափի
մատնող
իր
բացագանչութիւններով։
Այն
ատե՞ն։
Այսինքն
որքան
իրարու
հետ
հաշտ
կ՚ընթանան
եկեղեցականը
ու
ամբոխներ
յուզող
յեղափոխականը,
—
երկուքն
ալ
տառացիօրէն
ճիշդ
Խրիմեանի
ասպարէզին
ամբողջ
հասակովը:
Կայ
տակաւին
միւս
փաստը,
ժողովուրդը
պառակտելու,
ինքնաբաւ
ու
ինքնահաւան
ճպուռները
սաստելու,
լրագրողները,
երեսփոխանները
արհամարհելու,
մանաւանդ
ազգային
բարձր,
պաշտօնական
շրջանակներու
մէջ
ձեւախնդիր
ոգիին,
պատշաճութեան
դէմ
ինքնաբուխ
պարզութեամբ
մը,
ինքնագլուխ
գործելու
բազմառատ
դրուագներուն
վկայութիւնը:
Քիչ
անդին
երբ
գործիչը
իյնայ
վերլուծման,
ես
կուտամ
յեղափոխականին
ալ
մեծ
գիծերը։
Խրիմեան
կրնայ
յորդել
դասական
կաղապարէն
հայ
եկեղեցականին։
Անշուշտ
իմաստուն
կ՚ըլլաք՝
այս
նկատողութիւնը
պահելու
իր
պատշաճ
սահմանին
ներսը։
Մեծ
եկեղեցականը
վեղարէն
չ՚առներ
այդ
ստորոգելին։
Վեղարէն
առաջ՝
մարդ
մը։
Այդ
մարդը
կա՞ր
Վանեցի
սա
շ
ուշտակ
վարդապետին
մէջ։
Իր
կենսագիրները
միաբան
են
հարցումին
պատասխանին
մէջ։
Ժողովուրդը,
իր
ինքնաբեր
գնահատումով,
տուած
է
պատասխանը:
Դժուար
է
հերքել
այսքան
յստակ
բանաձեւումներ։
Մարդ
մը
որակող
մեծ
ստորոգելիները
քիչ
մը
շատ
ընդհանուր,
պարտաւոր
են
մասնաւորուիլ
ժողովուրդէ
ժողովուրդ,
նոյնիսկ
շրջանէ
շրջան։
Մարդեր
էին
մեր
մեծ
հովուապետները
`
Տիզբոն,
Դամասկոս,
Գահիրէ,
Բիւզանդիոն,
նոյնիսկ
Մոսկուա։
Բայց
գործօնութեան
որքա՜ն
տարբերակներով։
գ
)
—
Քարոզիչը։
Խրիմեանի
գրական
վաստակին
կէսէն
աւելին
կ՚իյնայ
խօսքի
բաժինին
մէջ,
յստակ
է
ասիկա։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
առարկայական
քննութեան
ունինք
հնարաւորութիւնը:
Տագնապ
մը
սակայն
պարզ
է
դարձեալ:
Ասիկա՝
գիրի
ինկած
խօսքին
ճակատագիրն
է,
առանց
հիմնական
պաշտպանութեանը
իր
կենդանի
զգեստին։
Որեւէ
միջոց
չի
կրնար
դերասանին
արդարութիւն
ընել,
քանի
որ
բեմէն
դուրս
անիկա
հասարակ
արարած
մըն
է:
Քարոզիչը
կը
կրկնէ
նոյն
դժբախտութիւնը։
Եւ
որովհետեւ
խօսողին
սարիք
ը
—
ձայն,
ներքին
մագնիսականութիւն,
շարժուձեւերու
հանդէս,
կոկորդ
ու
թոք
գլխաւորները
կը
նկատուին
այս
սարիքին
—
դարձեալ
անբաւական՝
գրագետ
մը
ազատագրելու,
ստիպուած
եմ
գրուածը
ինքնին
մէջ
արժեւորելու:
Չեմ
բացուիր,
մեծ
ատենաբաններու
կեանքերը,
հմայք
ն
երը
մինչեւ։
Այսօր
ալ
յուզումով
կը
կարդանք
իրաւ
հռետոր
ն
երուն
մեզի
ձգածը։
Կը
պզտիկցնեմ
ծիրը
իմ
նկատողութեանց։
Խրիմեան
խօսած
է
կէս
դար։
Հայոց
հայրենիքը,
գաղթաշխարհը
տուած
են
բեմը
իր
խօսքին։
Հայոց
պատմութիւնը,
մանաւանդ
իր
ժամանակին
հայոց
իրա
ւ
ժողովուրդը
կազմած
են
անոր
խօսքին
տիրական
յատակը։
Վարժապետ,
վարդապետ,
եպիսկոպոս,
պատրիարք,
կաթողիկոս,
այս
մարդը
միշտ
ունեցած
է
պատեհութիւն՝
զանգուածներու
հետ
իր
խօսքը
արժեւորելու
։
Ըսի
թէ
դժուար
էր
զբաղվել
խօսողին
հանգամանքներովը,
քանի
որ
իմ
ընելիքը
Խրիմեան
մը
վերակազմել
չէ
ի
կատարելութեան,
ամբողջական
կենսագրումի
մը
հետամտող,
գրագէտին
համար
անհրաժեշտը
միայն
արտօնելով
ինծի
օգտագործել։
Անցել
է
ուրիշ
կէս
դար
մը։
Մահը,
որ
ջնջած
է
ապականելի
մասը
Խրիմեանին,
անզօր
է
մնացած
անոր
խօսքին
յատակը
յարդարող
տռաման
վճռապէս
լուծելու:
Խորագոյն
դժբախտութիւններու
կիկլոնէ
մը
վերջ
Մկրտիչ
Խրիմեան
փակած
է
իր
աչքերը,
որոնց
խնայուեցաւ
սակայն
գերագոյնը
այդ
դժբախտութեանց,
—
1915
ը:
Ու
այսօրուան
հայրենիքին
վերանորոգ
փառքը,
գեղեցկութիւնը
չեմ
աճեցներ
իրենց
իմաստէն
անդին,
մոռցնել
տալու
հա՝
ինչ
որ
ըրեր
էր
հայոց
Հայրիկին
կէս
դարը,
այնքան
խռովայոյզ,
այնքան
անսփոփ։
Գրականութիւնը
քարոզէն,
բ
արոյախօսութենէն,
թերեւս
պատմութենէն
կը
տարբերի
անով՝
որ
ասոնցմէ
աւելի
արտօնուած
է
իրմով
ծածկուած
վիճակները
կենդանի
պահելու:
Պզտիկ
ինքնամփոփում
մը,
պատմական
որոշ
կանխապատրաստութիւն,
ոգեկոչման
թեթեւ
շնորհներ
բա՛ւ՝
որպէսզի
1888
ին
քրոնիկ
մը
—
Պանդուխտի
մը
Կեանքէն
(
Հրանդ
)
—
մեզի
դարձնէ,
շատ
քիչ
տոյժով,
հոգեյատակը
մարդոց
որոնք
այդ
թուականներուն
Պոլսոյ
խաներուն
մէջ
դրուած
էին
ջիղ
ջիղ
փտելու,
Պալըգլըի
գերեզմանատունը
պարարտացնելու
ճակատագրով
մը,
երբ
անդին,
հայոց
հայրենիքին
մէջ,
այդ
մարդոց
կիները,
զաւակները,
տունն
ու
տեղը
իրենց
կարգին
կը
չորնային,
անժառանգ
ու
դժբախտ:
Այս
վերակեանքին
կարելիութիւնը
հաւատարիմ
չէ
սակայն
Սիրաք
եւ
Սամուէլ
ին
համար։
Նոյն
իսկ
խօսուած
Խաչի
Ճառ
ը
(
բնագիրը
կ՚ըսէ՝
Վերջին
Շաբաթ
-
Ճառ
Խաչի
)
մեզ
կը
ձգէ
անտարբեր,
մանաւանդ
երբ
զինքը
յօրինող
կախարդ
Հայրիկին
պաշտպանութիւնն
ալ
չունի։
Խրիմեանի
քարոզները
միամիտ
մի
ըլլաք
անոր
գրականութեան
բաղադրիչ
հիմնատարրեր
ընդունելու:
Բայց
կուգայ
մեր
նկատումին
խօսքէն
աւելի
`
ասկէ
շահուած
բարիքին
ճակատագիրը։
Խրիմեանի
մէջ
ես
զատած
եմ
գործիչը
որպէսզի
այս
բարակրաֆ
ին
տակ
զետեղեմ
այդ
տարիքին
վերլուծումը։
Հոս՝
կրօնականի
մը
խորքէն
մեր
սպասածին
կշիռը:
Ու
կը
լրջանամ։
Մարդկային
հոգին
անշուշտ
որ
անհուն
կարելիութիւններու
հանդէս
մըն
է։
Ու
Խրիմեան
եղաւ
շ
փումի
մէջ
այդ
հոգիին
ընդարձակ
յուզումներուն։
Կա՞յ,
իր
խօսքին
մեզի
մնացած
դէզին
ետին
այդ
հոգիին
մէջ,
իր
իսկ
աչքովը
սեւեռուած
քանի
մը
նորութիւններ։
Ուրիշ
բառերով՝
իր
քարոզներուն
մէջ
այս
մարդը
մօտեցա՞ծ
է
հոգեվիճակներու
որոնք
իրմէն
առաջ
չէին
յստակ
(
թէեւ
գոյ
)
եւ
իրմով
ինկան
հասարակաց
խելամտումին,
թափանցումին:
Կը
հրաւիրեմ
ձեզ
որ,
այս
թելադրանքին
ընդմէջէն,
աչքէ
անցընէք
անգամ
մըն
ալ
Մարգարիտ
Արքայութեան
Երկնից
ը,
Խաչի
Ճառ
ը,
Դրախտի
Ընտանիք
ը,
Uիրաք
եւ
Սամուէլ
ը,
ասոնց
ներսը
գտնելու
համար
ձեր
ժողովուրդին
հոգեկան
իսկութենէն
խորունկ,
իրաւ,
հեռահաս
վկայութիւններ։
Այո՛,
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
կը
պահէ
այդ
կեանքէն
որոշ
տարրեր։
Բայց
պզտիկ
ուշադրութիւն
մը
ձեզ
պիտի
մօտեցնէ
իրական
թափանցումին։
Այդ
գիրքին
գրական
վերլուծումը,
աւելի
անդին,
ինծի
առիթ
`
որպէսզի
իմ
ժողովուրդին
քանի
մը
շատ
խորունկ,
իւրայատուկ
ապրումները
այդ
էջերէն
ձգեմ
սեւեռման:
Բայց
գիտենք
որ
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
չէ
խօսուած։
Միւս
կողմէն
այս
մարդուն
խօսքէ
դիւրութիւնը
հաւասար
կու
գար
գիրէ
դիւրութեան։
Ունինք,
ինքնագիր
կամ
թարգմանածոյ,
դէզ
մը
քարոզներու,
որոնց
անկանգնելի
հասարակութիւնը
այլեւս
դադրած
է
մեզ
տառապեցնելէ:
Խրիմեանով
գլխաւորուած
սա
քարոզագրութիւնը
չի
բաւեր
դատապարտել:
Պարտաւոր
ենք
գիտնալ
որ
հայոց
հազարէ
աւելի
եկեղեցիներուն
տասը
հազար
է
աւելի
մարդեր
կը
տառապէին
Աստուծոյ
խօսքը
տաք
ու
կենդանի
իրենց
ունկընդիրներուն
հասցնելու
ու
կը
մնային
անկարող։
Իրողութիւն
էր
որ
Խրիմեանի
պատարագը
—
ու
ետեւէն՝
խօսքը
—
Պոլսոյ
քառասունէ
աւելի
եկեղեցիներէն
մէկուն
մէջ
ո՛չ
միայն
թաղականներուն
համար
նիւթական
վարձատրութիւն
մըն
էր
այդ
խօսքը
խմելու
վազող
հազարներուն
ժամուցովը
գոյացող,
այլեւ
այն
հոգեկան
խորունկ
վայելքին
համար
որ
այդ
գեղջուկ
բառերուն
կախարդանքն
էր
միշտ
հազարներու
ականջներուն։
Չմոռնալ
որ
1896
էն
առաջ
Պոլսոյ
մաքսատունը,
խաները,
թաղերը
հազարներով
կը
գործածէին
Վասպուրականի,
Տարօնի,
Բարձր
Հայքի
երիտասարդները,
բոլորն
ալ
յորովայնէ
ընտրեալ
հօտ
Վանեցի
եպիսկոպոսին:
Գունդագունդ
այդ
տղաքը
կը
թափէին
այն
եկեղեցին
որուն
թաղական
խորհուրդը
Շաբաթ
օրուընէ
Մասիս
օրաթերթին
մէջ
ծանուցումը
կուտար
Կիրակիի
Ս.
Պատարագին
«
զոր
հանդերձեալ
է
մատուցանել
»
Մկրտիչ
արքեպիսկոպոս
Խրիմեան,
մանաւանդ
Պերլինի
պատուիրակութենէն
վերջ։
Ու
գիտենք
տակաւին
այդ
պատուիրակութենէն
առաջ
Տարօնը,
Վանը,
այսինքն
անհանդարտ
բազմութիւններով
գերագրգիռ
թեմեր
որոնց
բազմաթիւ
տաճարներուն
մէջ
Խրիմեան
Կիրակի
չէր
փախցներ
առանց
քարոզի։
Ունինք
մանաւանդ
Պոլիսը,
իր
մայր,
պատրիարքական
եկեղեցիներով
ու
պատրիարքարանի
ներսը
բազմաթիւ
ժողովներով։
Այս
բոլորին
միտք
-
բանին
ա
՛ն`
որ
արդէն
խօսքի
մեծ
շնորհներով
օժտուած
այս
մարդուն
տուած
էր
պատեհութիւն
առնուազն
մեր
սրբազան
պերճախօսութիւնը
(
ա՛ն՝
զոր
գաղիացիք
իբր
գրական
սեռ
ընդունած
են
գրականութեան
դասագիրքերուն
մէջ
)
բախտաւորելու
հատորով
մը
ուր
մեզի
տրուէր
զգալ
իրաւ
մտածողը,
իրաւ
խօսողը,
մեզ
նուաճող
նոյնիսկ
առանց
գրական
ջնարակի։
Այդ
հատորը
չենք
կրնար
կազմել
իր
ամբողջական
գործէն:
Ըսի
թէ
իր
կենսագիրները
համաձայն
էին
իրարու
անոր
մէջ
ընդունելու
խօսքի
իշխան
մը:
Թէրզիպաշեանի,
Աճէմեանի
վկայութիւնները
բացարձակ
են
այդ
մասին։
Հրանդ,
Արփիարեան
այդ
խօսքին
վրայ
ձգած
են
մեզի
սրտայոյզ
խոստովանութիւններ։
Բոլոր
այս
հաւաստումները
կ՚ապացուցանեն
բան
մը
սակայն,
այսինքն
անոր
խօսքին
նիւթեղէնը:
Իր
կեանքին
բոլոր
շրջաններուն
անիկա
գիտէր
իր
մարմինը
հանդերձել
իր
դերին,
պարթեւ,
բարձրադիր,
լայն
պարեգօտով
անգամ
մըն
ալ
ընդարձակուած,
թեզանիքներուն
անդունդներէն
ադամանդակուռ
իր
մատներուն
քաղցր
հրապոյրը
անծանօթ
ստեղներու
վրայէն
կարծես
հաւաքելով,
մինչ
իր
կիսասքօղ
աչուըները
մոմերուն
լոյսին
մէջ
կը
կոտրտուէին
գոհարի
փշրանքներով
ու
իր
հարուստ
մօրուքը
կը
բացուէր
առատ
իր
կուրծքին։
Այսպէս
կազմակերպուած,
անոր
մարմինը
կենդանի
նուագարան
մըն
էր,
ծանրածանր
յոյզերով
թրթռուն։
Ու
պէտք
չէ
պատմութիւն
ընել
որպէսզի
թարմանան
ձեր
յիշողութեան
մէջ
իրարմէ
ուժգին
այդ
խռովքները։
Այս
հաւաստումներէն
վերջ,
չեմ
լայննար
դէպի
անբաւարարութիւնը
անոր
խօսքի
խորքին։
Քարոզ
մը
գրական
կամ
իմաստասիրական
մարզանք
մը
չէ։
Անոր
անդրանիկ
առաքինութիւնը՝
ինքզինքը
ըլլալը,
ապահովաբար։
Հըրաժարական
Քարոզըդ
տուիր,
Մեր
սիրտերուն
մէջ,
Հայրիկ
ճան,
Կրակ
վառեցիր
…
կ՚ըսէ
ժամանակին
շատ
սիրուած
երգ
մը։
1850-1890
ի
շրջանին
Խրիմեան
ժողովրդական
իրաւ,
ամուր,
յուզող
իշխանն
է
խօսքին,
անկախաբար
այդ
խօսքին
ներքին
տարողութենէն,
արժէքէն:
Անշուշտ
պիտի
ըլլար
շատ
ցանկալի
որպէսզի
այդ
խօսքին
ընդմէջէն
մենք
կարողանայինք
հաղորդուիլ
ուրիշ
ալ
ապրումներում,
բացառիկ
որքան
ազնուական,
որոնք
մտածման
կամ
փորձառութեան
փայլակներով
մեզ
մղէ
ի
ն
զգաստութեան,
մեր
մութ
ներսը
ողողէին
պայծառութիւններով,
առնուազն
բարիքը
ընէին
մեզ
մեզի
ճանչցնելու
մեր
այն
մասերէն
որոնք
անբաւարար
չափերով
հասած
են
մեր
խորագոյն,
ներքնագոյն
իրականութեան։
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ին
մէջ,
բնական
խրատներու
շարքին,
տեղ
մը
անիկա
կ՚ըսէ,
առանց
ձեւակերպութեան,
որ
թոռնիկին
կինը
պակսած
պարագային
(
կ՚ակնարկէ
մահուան
)
Աստուած
ողորմած
է:
Անոր
տեղը
տրտում
երկրորդ
պսակ
մը
կարող
է
լեցնել:
Ու
ահա՝
մտած
ուղին
տարօրէն
իրաւ
մաuը.
հողը
`
պակսած
պարագային
(
կ՚ակնարկէ
արտին
վաճառումով
ուրի
շ
ի
սեպհականութիւնը
դառնալուն
)
ԸՆՏԱՆԻՔԸ
ԿՈՐԱԾ
Է։
Այս
հիմնովին
արեւելեան
ապրումը
Խրիմեան
կը
վերածէ
ահա
փորձառական
իմաստասիրութեան
մը
պատգամին։
Իր
քարոզներուն
մէջ
նման
պատգամներու
պակասն
է
որ
ինծի
կը
թելադրէ
այս
վերապահանքը։
Փոխադրելով
հարցը
փորձառական
բարոյականէն
—
քարոզը
ատոր
արտայայտութիւնն
է
ամենէն
առաջ
—
հոգեկան
մարզ,
կը
տառապիմ
նոյն
անբաւականութեան
համար:
Այս
մարդը
մեր
հոգիէն
միայն
նիւթ,
սարք,
ընթացիկ
ապրումներ
է
սեւեռած
ու
անգիտացած
է
վսեմ
այն
պա
հ
երը
ուր
բարձր
իմացականութիւն
մը
եւ
ոսկի
սիրտ
մը
կը
միաւորին,
ծնունդ
տալու
համար
դարերուն
ազնուական
կտակներուն:
Խրիմեանի
դէմքին
ընդհանուր
յօրինուածութեան
(
կշիռ
)
մէջ
ես
կը
ճշդեմ
այս
պակասին
տարողութիւնը
դ
)
—
Ազգային
գործիչը:
Աւելի
քան
վաթսուն
տարիներ
այս
Խայաստանցի
հայրենախօս
մարդը
աշխատած
է
ազգային
իրականութեան
վրայ,
յամառ
ու
յարատեւ
կիրքով
մը
որ
տաղանդի
հետ
կը
շփոթուի
իր
մօտ:
Գերի
ժողովուրդի
մը
իմացական
ընտրանին
զարմանալի
չէ
որ
իր
նախասիրութիւնը
դարձնէ
այդ
ժողովուրդին
բարօրութիւնը,
չըսելու
համար
ազատագրութիւնը։
Մեր
Զարթօնքին
(
ԺԹ.
դար
)
գործաւորները
հասարակաց
ունին
այս
տագնապն
ու
կիրքը:
Մի
հարցնէք
թէ
որքան
պատրաստութիւն՝
իրենց
դերին
համար
ալ։
Էականը
կրօնականին,
վարժապետին
քաջածանօթ
յղացքին
մէջ
մուտք
առնելն
է
նոր
բանի
մը
զոր
կ՚անգիտանան
մինչեւ
1850
մեր
իմացական
սպասարկուները,
առաւելապէս
ուսուցանող
ու
կղերիկոս։
Անցելապաշտ,
կրօնամոլ,
եսակեդրոն,
սեպհական
բարիքներու
հետամուտ
կաղապարը
1800
ի
կաթոլիկ
աբբաներուն,
բազմալեզու
պատուելիներուն,
1850
էն
ասդին
կը
ստանայ
ուրիշ
նկարագիր։
Այս
նկարագիրն
է
ահա
որ
անձէ
անձ,
մտայնութենէ
մտայնութիւն
շրջափոխուելով՝
պիտի
ստեղծէ
մեր
Զարթօնքին
հերարձակ
գործաւորները,
լայնօրէն
աշխարհիկ
տարրերով
(
կրօնականը
առաջին
անգամ
ըլլալով
կ՚անցնի
երկրորդ
բլանի
մեր
պատմութեան
պաշտօնագործութեան
մէջ
),
բայց
մասնաւորման
շատ
զօրաւոր
կերպարանքներով։
Ազգային
գործիչներ
՝
մեր
Զարթօնքին
բոլոր
միաւորները,
նոյնիսկ
պատանի
Դուրեանը
երբ
իր
քերթուածները,
գոնէ
մէկ
մասը
անոնց,
կը
յատկացնէ
օրուան
յոյզերը
սեւեռելու
ու
կը
բերէ
իր
նիհար
ուժերուն
կարելի
բարիքը,
գրելով
ողբերգութիւններ
ու
զանոնք
բեմադրելով
չու
ն
եցած
իր
թոքերով։
Ազգային
գործիչներ
՝
մեր
բոլոր
երեսփոխանները,
մեծ
տոկոսը
բժիշկներուն,
պետական
պաշտօնատարներուն,
երգահաններուն,
ազգային
երեսփոխաններուն,
վարժապետներուն։
Այս
գործունէութիւնը
ժամանակին
հետ
ինքզինքը
պիտի
տեսակաւորէ:
1880
ին՝
արդէն
կերպով
մը
բիւրեղացում։
1886
ին՝
յեղափոխականը։
1890
ին
`
գործիչը
վտանգաւոր
ու
վտանգահար
կենդանին
է
մեր
ընկերութեան
մէջ,
պետական
հսկողութեամբ
ու
հալածանքով
կրկնապէս
լուսապսակուած։
Խրիմեան
անցած
է
յղացքին
բոլոր
մանրամասնութիւններէն։
Աղթամարէն
մինչեւ
Էջմիածին,
անիկա
ոչ
միայն
վարժապետը,
կրօնականը,
գրողը,
վարչական
մարդը
կը
կեդրոնէ
գործիչին
կաղապարէն
ներս,
նմանելով
այս
գետինին
վրայ
իր
սերունդին
բոլոր
կարեւոր
միութիւններուն,
այլեւ
կը
կերպարանէ
նոր
մը։
Կը
ղրկեմ
ձեզ
կենդանի
ուրուագիծին,
գտնելու
համար
հոն
այդ
նորին
տարրերը:
Այս
մարդը,
Պոլիս,
չի
վախնար
վառ
օ
դապետ
ամիրայէ
մը
որ
դասին
մէջ
մտիկ
կ՚ընէ
իր
քարոզը,
վառօդ՝
ուզելու,
Խայաստանի
թշնամիները
հարուածելու։
Այս
մարդը,
միշտ
այդ
Պոլիսին
մէջ,
ճարտարապետ
ուրիշ
ամիրա
մը
կը
հրաւիրէ
իր
Խայաստանը
որպէսզի
ասոր
աւերակները
վերակառուցուին,
տաճարները
փառապսակ
բարձրանան։
Ու
գիտէք
իր
ստեղծած
խանդավառութիւնը
Կովկաս։
1860ի
ն
արդէն
գործիչը
իրմով
խանդ
է
ու
գեղեցկութիւն։
Իր
Վանը,
Տարօնը
բացառիկ
շրջաններ
են
այդ
կեանքէն։
Երկու
ամենէն
հարազատ
հայ
կեդրոններուն
մէջ
այս
տարօրինակ
մարդուն
գործունէութիւնը,
քանի
մը
ծանր
խաւերէ
բաղադրեալ
ընկերութեան
մը
մէջ,
հրաշալիք
մըն
է
ճկուն,
իմաստուն
բայց
սրտէ
փրթած
ալ
վարչութեան
մը։
Կրնաք
առարկել
ինծի,
իր
հիմնովին
անպատրաստ
ասպարէզին
մէջ
անոր
դիմաւորած
կորանքներուն
փաստերը
օգտագործելով։
Ատեն
մը,
գոնէ
մինչեւ
Վարժապետեանի
մահը,
այս
ազգին
քաղաքական
շարժումները
հակակշռուած
են
յառաջամարտիկ
ինչպէս
վերջապահ
ուժերու
դաշն
գործակցութեամբ
մը։
Խրիմեան
1878
ին
պարզ
միջին
մը
չէ,
ոչ
ալ
եւրոպական
արքունիքները
տպաւորելու
կանչուած
շքեղ
խորհրդանշան
մը,
պարեգօտաւոր
դասակարգին
յատուկ
հմայքով
մը։
Իր
հետ
ունի
իմաստութիւնը,
փայլը,
կարտինալութիւնը
յանձին
Նար
-
Պէյի
որուն
գրաբար
քերթուածները,
պերճախօսութեամբ
հանրահռչակ
ատենաբանութիւնները
եւ
ազդեցիկ
սիրուհիները
բաւ
էին
հակակշռելու
Վանեցի
եպիսկոպոսի՛ն
—
նախկին
ալ
պատրիարք
—
նախնական,
պարզամիտ,
անկով
ներկայութիւնը
երբ
չուզենք
կշի
ռ
ին
մէջ
նետել
ազգին
գերագոյն
ճպուռներուն,
Չերազին
եւ
Փափազեանին,
դպրոցական
սրահներու
մէջ
վաստկած
մեծափառ,
դափնեպսակ
վկայութիւնները։
1885
էն
վերջ
ազգային
երազին
ամենէն
թանձրացեալ
խորհրդանիշը,
հակուած,
հալածուած,
թուրքէն
սարսափուած,
հայէն
նախանձուած։
Մէկ
կողմէն
մղձաւանջային
անձնաւորութիւն
մը,
քանի
որ
Պոլսոյ
աւագերէցը,
քաղքենին,
հարուստ
դասակարգը,
մեծաքանակին
առեւտրականը
բնազդաբար
դիրք
կ՚առնեն
իրմով
անձնաւորուած
քաղաքականութեան
դէմ,
հաւանական
բարդութիւններէ
զարհուրած։
Միւս
կողմէն՝
լման
հայութեան
խուլ
ցանկութիւններուն
մագնիս
մը
ինչպէս,
հայրենիքին
ազատագրման
պատգամ
ու
ապահովութիւն,
թուրք
կայսրութեան
բոլոր
գաւառներուն
մէջ
ցրուած
բազմութիւններուն
ու
Կովկասի
մէջ
նորանորոգ
հայրենասիրութեամբ
խանդավառ
զանգուածներուն
համար։
Իր
հրամանին
տակ՝
բանակը
պանդուխտներուն,
որոնց
թիւը
կ՚անցնի
յիսուն
հազարը
(1896
ին
ջարդերէն
վերջ
միայն
պաշտօնապէս
թուահամարեալ
գաւառացի
ամուրի
երիտասարդներուն
գումարը
46,
000
էր,
որոնք
բռնահա
ւ
աք
տարագրուեցան
Պոլսէն,
իրենց
հայրենիքները
վերադարձուելու
ակնապատիր
պատրուակին
տակ
եւ
հալեցան
ճամբան,
առանց
իրենց
գեղերը
հասնելու
)
։
Որոնք
զայն
կը
դաւանին
իրենց
սուրբը
ու
պատրաստ
են
անոր
համար
իրենց
անձը
զոհելու,
առանց
այլեւայլի։
Մրցակցութիւնը
բարձրաստիճան
կղերականներուն։
Ազգին
խղճմտանքին
մէջ
գոյաւոր
երկուութի՜ւնը
`
որ
զայն
կ՚ուզէ
իր
հետ
ունենալ:
Հնչակեանները
կը
հաւատան
անոր
հեղինակութեան
ու
դերին։
1870
էն
մինչեւ
1890,
ազգային
ճակատը,
իր
խայտաբղետ
բանուորներովը,
կրքոտ
երեսփոխաններովը,
զգուշաւոր
պէյերովը,
փաշաներովը,
մանաւանդ
ամենապատիւ,
գերապատիւ
եպիսկոպոսներովը
փոխնիփոխ
կ՚ապաստանի
այս
մարդուն
հմայքին։
Միայն
ազգային
ժողով
անուանուած
համախմբումի
մը
մէջ
անոր
ստեղծած
խռովքը
բաւ
է
խորտակելու
ամենէն
ամուր
ջիղերը
հանրային
սպասաւորի
մը։
Խրիմեան
տառապելուն
չափովը
տառապեցուցած
է
ազգային
բարձր
շրջանակները:
Զինքը
իշխանութեան
—
պատրիարքութեան
—
բերողները
կը
զգան
իրենց
ոչ
թէ
սխալը,
այլ
ողբերգական
անկարողութիւնը,
քաղաքականութիւն
խաղալու
հոն
ուր
ազգային
ազատ
գործունէութեան
մը
մեքենականութիւնը
անհնարին
բան
մըն
էր,
պարզ
այդ
ժողովուրդին
գերութեամբը
զգետնուած։
Ազգային
գործիչէն
այս
մարդը
ունի
տիրական
քանի
մը
նկարագիրներ։
Ատոնցմէ
մէկը
`
իր
խորունկ,
գրեթէ
անշահախնդիր
հայրենասիրութիւնը։
Ապրած
է
օրը
օրին,
առանց
ճոխութեան,
երբեմն
անհրաժեշտին
համար
իսկ
նեղուելով։
Մարդիկ
կը
վստահին
իր
ժուժկալութեան,
հանրային
իրին
հանդէպ
իր
խորունկ
յարգանքին։
Դրամէն
վեր
եպիսկոպոս
մը
Պոլսոյ
մէջ
ոչ
միայն
ուշագրաւ,
այլեւ
սրբութիւն
մըն
էր։
Ազգային
գործիչի
ուրիշ
յատկանիշ
մը
իր
մօտ՝
իր
տաք,
կրքոտ
խառնուածք
ը
որ
ձեւերէ,
ձեւակերպութենէ,
զգուշաւոր
անդաճմունքներէ
գիտէ
անցնիլ
անդին
եւ
օրուան
ծանր
մղումները
կը
դիմաւորէ
սկզբնածագ
(
spontan
é)
խանդով
մը։
Չմոռնալ
որ
1850
էն
մինչեւ
իր
Երուսաղէմ
աքսորը,
այսինքն
մօտ
կէս
դար
արեւմտահայ
զանգուածը
կրունկին
տակն
է
իրարմէ
ծանր
դժբախտութիւններու:
Այս
քառասուն
տարիներուն
ամէն
իրաւ
տագնապ,
ազգային
հարցի
ճակատին
վրայ,
պիտի
գտնէ
զինքը,
անշուշտ
իրեն
չհարցուցած,
տեսակ
մը
ժողովրդային
մղումով։
Երբ
այդ
շրջանին
մեր
պալայով
պատուանիշ
փաշաները,
պէյերը,
պետական
ծանր
համակրանք
վայելող
էֆէնտիները,
բժիշկները,
առնուազն
Եւրոպա
ըրած
պաշտօնատարները
հանգամանաւոր
անձերն
են
ազգային
քաղաքականութեան
իբր
ազդակ
ծառայելու,
ազգը
ինքնաբերաբար
կը
յառի
Խայաստանցի
վարդապետին
սրածայր
վեղարին։
Անիկա
գիտէ
առիթները
տաքը
տաքին
օգտագործել։
Թող
պետական
չարաշուք
կարգադրութեամբ
մը
1876
ին
Վանի
շուկան,
իր
1500
խանութներով,
մոխրանայ,
քաղաքին
հայ
բնակչութիւնը
մատնելով
միակտուր
անօթութեան,
Խրիմեան,
առանց
անդրադարձի,
պիտի
անցնի
սեղանին,
քանի
մը
օրուան
մէջ
գրէ
իր
արձակ
քերթուածը
(
Վանգոյժ
),
գտնէ
անմիջական
մեկենասը,
ու,
տեղն
է
ըսել,
դեռ
հրդեհին
մուխը
չցամքած,
նետէ
հայութեան
յուզումին
վրայ
կրակէ
բառերուն
փոթորիկը,
անսանձ
որքան
աննկատ,
իրաւ
որքան
սրտառուչ:
Անիկա
քաջ
էր
եղած
ուղղակի
ամբաստանելու
թուրք
կառավարութիւնը։
Ու
ասիկա
այսպէս՝
բոլոր
ծանր
տագնապներուն
համար։
Անիկա
անըմբռնելի
դիւրութեամբ
մը
կը
ճարէ
դրամը
իր
բոլոր
հանրօգուտ
ձեռնարկներուն,
չնմանելով
դրամէն
առաջ
կազմակերպեալ
ծրագրով
աշխատաւորներուն
որոնք
ԺԹ.
դարուն
մեր
հարուստներուն
բարեկամեցողութիւնը
օգտագործելու
համար
պայման
կը
նկատէին
պիւտճէն,
ծրագիրը,
նախահաշիւը։
Ազգային
գործիչէն
այս
մարդը
ունի
անհուն,
անսպառ
կորովը
աշխատանքին։
Կ՚ընդունիմ
զինքը
երբ
իր
փառասիրութեանց
ծիրին
մէջ
կը
նկատէ
ամէն
բան,
Պոլիսէն
ինչպէս
գաւառներէն:
Ի
վերջոյ
մոռնալու
չէք
Վանի
համար
խմբագրուած
բայց
Պոլիս
տպագրուած
հանդէսի
մը
իր
խմբագրապետութիւնը։
Մ
շ
տագործօն
ու
մշտաշարժ
այս
մարդը
գրչով,
բերնով,
մօրուքով,
ձայնով,
արցունքով,
պարզ
իր
ներկայութեամբը
պիտի
կատարէ
առանձին
այնքան
գործ
որքան
Զարթօնքի
սերունդին
գործաւորները
միասնաբար։
Ուրիշ
խնդիր՝
կատարուածին
որակը։
Վանի
մէջ
Կեդրոնակա
ն
մը
`
1860
ին
անըմբռնելի,
բայց
իր
Վարագայ
որբանոցը
նախաստուերն
է
1910,
Վանայ
Կեդրոնականին
։
Այս
յոգնիլ
չգիտցող
գործօնութեան
ի՞նչն
էր
պակսածը
որպէսզի
անոր
ճիգերը
մնային
առանձին,
այսինքն
չտային
իրենցմէ
սպասելի
բարիքը։
Ահա
ճակատագրական,
գուցէ
անիրաւ
ալ
հարցապնդումը:
Զինքը
դատափետողները
կը
ծանրանան
իր
կեանքին
վերջին
տասնամեակին
բացառիկ
անարգասաւորութեան
վրայ
ու
չեն
մտաբերեր
որ
Լուսաւորչի
Աթո
ռ
ին
ղրկուած
Խրիմեան
կաթողիկոսը
բանտարկեալ
մըն
էր
նախ
իրմէն,
յետոյ
դէպքերէն
—
արտաքին
քաղաքականութեան,
-
յետոյ
Լուսաւորչայ
իսկ
գահէն։
1900
ին
անոր
խեղճ
ու
պատառ
քերթուածները
երբ
կը
փորձեն
օգտագործել
անոր
անփառունակ
կաթողիկոսութիւնը
արժեզրկելու,
արագ
կը
սահին
գերագոյն
իր
ժեսթէն,
ազգային
կալուածները,
գլխուն
գինովը,
կառավարութեան
չյանձնելու:
Կեցէք
վաթսունէ
աւելի
գիտակից
գործօնութեան
իր
տարիներուն
գումարին
առջեւ
ու
ըսէք
ինծի
թէ
ո՜րն
էր
հայ
եկեղեցականը
որուն
օրերը
ըլլային
լեցուն
այդքան
ծանրածանր
ապրումներով,
իրենց
կարգին
շօշափելի
արարքներու
վերածուած
երբեմն։
Կը
տառապինք
որ
այդ
արարքներէն
ոմանք
ըլլան
կերպարանքն
առած
անտանելի
գիրքերու:
Բայց
իր
ճիշդ
գեղեցկութեան,
արժէքին
մէջ
չենք
տեսներ
անոր
Վանը,
անոր
Տարօնը,
որոնք
հայութեան
ամենէն
սրտոտ,
յառաջահայեաց
հատուածները
պիտի
ըլլային։
1896
ը
չյաջողեցաւ
կործանել
Վանը
որ
միս
մինակը
մնաց
1915
ը
անվտանգ
անցընելու
շքեղ
դիւցազնութեան
մէջ։
Քառորդ
Միլիոնի
մօտ
հայութիւն
մը
երբ
փարեցաւ
խեղճ
ու
պատառ
իր
զէնքերուն,
ընդդէմ
գերման
կատարելատիպ
զէնուզարդով
զրա
հ
աւոր
կառավարութեան
մը
գրոհին,
կը
գործէր
հեռու
բայց
զօրաւոր
ուժերու
ունկնդիր,
ցանուած
այդ
մարտիկներուն
հոգեդաշտին,
քառորդ
դար
առաջ,
Խրիմեան
Մկրտիչին
մատուըներէն
ու
բերնէն:
Ազգային
գործիչ
միայն
արարքի
մը
գործադրիչը
չէ,
այլ
է
նոյն
չափով
արարքները
կարելի
ընող
հոգեխառնութեան
մը
ստեղծիչը:
Խրիմեանի
համար
ազգային
գործիչը
ամենէն
տիրական
վերադիրն
է:
Չեմ
գտնել
շատ
իմ
վերլուծումը։
Համապատկեր
ը
գրականութեան
պատմութիւն
ըլլալուն
չափովը,
ազգային
մեր
ապրումներուն
հանդիսարանը,
յայտարարեր
եմ
այնքան
անգամներ։
Քիչ
անդին,
երբ
ես
կը
տարբաղադրեմ
իր
մեծագոյն
տիպարը,
Հայրիկը,
կը
նետեմ
նժարին
ուրիշ
ալ
նկատողութիւններ:
ե
)
—
Գրագէտը
`
զոր
կը
վերլուծեմ
առանձին,
ուրիշ
գլխու
մը
մէջ։
զ
)
—
Հայրիկ
հայոց
։
Համապատկեր
ի
Ա.
Հատորին
մէջ,
Գրիգոր
Օտեանի
առիթով,
ես
խօսեր
եմ
ազգային
համբաւին
տարողութենէն։
Հոն
Խրիմեան,
Ալիշան
կը
յիշուին
իբր
այդ
համբաւին
ամենէն
ընդարձակ
մարմնառութիւնները։
Գրիգոր
Օտեան
այդ
երկուքէն
տարբեր
տարողութեամբ
անուն
մըն
էր,
անշուշտ
թափանցումի
տեսակէտէն
նուազ
հեռահաս,
քանի
որ
զանգուածները
հազիւ
լսած
էին
զայն։
Խրիմեան
համահայկական
գերագոյն
անունն
է
լման
կէս
դար։
Գրականութեան
պատմիչը
գիրքերու
անուններու
հաւաքիչ
մը
չէ։
Անիկա
այդ
գիրքերը
լեցնող
հոգիին
հետ
ամենէն
շատ
ունի
պարտքեր։
Կրնայ
պատրանքը
միջամտած
ըլլալ,
աս
ու
ան
անունը
աստուածացնելու
արարքին
մէջ։
Ժամանակին
պարտքն
է
լուսաւորել
առեղծուածը,
փարատել
պատրանքը
ու
արժէքներու
կշիռը
գործադրել
ժամանակէն
դուրս
չափերով։
Ունինք
Մամուրեան
մեծը,
մեծապայծառ
իմացականութիւն
Պէրպէրեանը,
ազնուական
քերթող
Թէրզեանը,
անհունն
Ալիշանը,
անզուգական
քերթողուհի
Սիպիլը։
Ու
շ
արունակելը
ձեզմէ։
Մօտեցէք
վերադիրներուն
առանց
նախապա
շ
արման։
Առնուազն
կը
վարձատրուիք
զանոնք
յօրինող
հոգեխառնութիւններուն
վրայ
ձեր
գտածովը։
Ըսի
թէ
ոչ
մէկ
անուն,
մերձաւոր
ընդարձակութեամբ
մը,
ըրած
էր
թափանցում
դէպի
զանգուածներուն
հոգին
որքան
ատիկա
կը
հաստատենք
Հայոց
Հայրիկին
համար։
Կանխող
էջերու
մէջ
տրուած
են
տարրեր,
եզրեր,
այդ
հրաշքը
ընդունելի
ընել
աշխատող։
Կ՚անցնիմ
շատ
արագ,
անխուսափելի
կործանիչներէն,
ոչ
անոր
համար
որ
այս
մարդիկը
սխալ
էին
զգացած
կամ
դատած
մարդն
ու
իր
գործունէութիւնը,
այլ
միւս
փաստին
ուշադիր,
որուն
համեմատ
այս
ծաւալով
ամէն
համբաւ
ինքնաբերաբար
կ՚այլակերպուի,
կ՚աղաւաղուի,
տեւողութեան
որքան
միջոցին
մէջ,
ինքզինքը
պաշտպանելու
անկարող։
Մահ
մը
երբեմն
փրկութիւն
է,
քանի
որ
կը
սառեցնէ
համբաւները
ու
ողջերը
միշտ
քիչ
տրամադրութիւն
պիտի
ունենան
մեռելներով
զբաղելու,
մանաւանդ
վերջնականապէս
քանդուածը
անգամ
մըն
ալ
քանդելու:
Հայոց
Հայրիկը
ժողովուրդէն
բխող
տարազ
մըն
է,
ամենէն
առաջ։
Այդ
ժողովուրդը
այդ
գնահատումները
կազմակերպած
ատեն,
ամենէն
քիչ
մտիկ
պիտի
ընէ
իրմէն
դուրս
ազդակներու:
Գրողներու
ընկերութիւն
մը,
կուսակցութիւններ
ի
վիճակի
էին
այս
ու
այն
անուններ
լուսապսակելու:
1860
ին
Պէշիկթաշլեան
իր
տաղանդին
բոլոր
ուժովը,
շատ
շատ
Արսէնին
(
Բագրատունի
)
գահ
մը
կրնար
ճարել,
Պառնասի
մէջ,
ան
ալ
Վիրգիլիոսին
ձեռքովը,
բայց
չէր
կրնար
Հայկ
Դիւցազն
ը
իջեցնել
ընթերցումի։
1870
ին
Պետրոս
Դուրեան,
հաւանաբար
ընդհանուր
խանդավառութեան
անձնատուր,
Մկրտիչ
Խրիմեանին
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
մէջ
փառքի
աթոռ
մը
կը
փառաբանէ,
գրելով
այսպէս
իր
ամենէն
միջակ
քերթուածները
(
երկու
հատ
են
Հայրիկին
ուղղուած
բան
նաստեղծութիւնները
այդ
տղուն
կողմէ
)
։
Հայոց
Հայրիկ
ը
ուրեմն
գրողներու
հնարք
մը
չէ,
ու
իբր
այդ՝
թելի
արտայայտիչ։
Կասկած
չունիմ
որ
Խրիմեանի
գիրքերը
այդ
վերադիրին
դարբնումին
մէջ
հիմնովին
անազդեցիկ
մնացած
են։
Ու
կայ
միւս
փաստը
—
բարձրաստիճան
եկեղեցականութեան
գրեթէ
աննուաղ
հակառակութիւնը՝
Վանեցի
այս
վարդապետին,
եպիսկոպոսին,
պատրիարքին
ընդդէմ։
Չեմ
կրկներ
կենսագրութեան
մայր
գիծերը:
Պաշտօնական
եկեղեցականութիւնը,
այսինքն
ժողովները,
առնուազն
զչարած
են
զայն։
Երկրորդ
փաստն
ալ
չեմ
հեռացներ
աչքէ,
—
ազգին
բարձր
դասուն
ընդդիմութիւնը
իր
մանաւանդ
քաղաքական
ձեռնարկներուն։
1876-1877
ի
տագնապներուն,
Համիտի
խաղարկութիւնը
հայ
դատը
վարկաբեկելու,
ատեն
մը
գետին
է
շահած,
Վարժապետեանով
ու
անոր
ետին
գործող
թրքական
ուղղութեան
պաշտպան
հայ
աւագանիով:
Խրիմեան
մինակն
է
պաշտպանելու
անպաշտպանելին։
Այս
հաստատումները
կը
ձգտին
հասկնալի
ընել
Հայոց
Հայրիկ
ին
վարկը,
որ
կը
յօրինուէր
իր
բնական
կալուածէն
դուրս
բարեխառնութեան
մը
մէջ։
Խրիմեան
հալածուած
է
քիչ
մը
ամէն
տեղ,
մասնաւոր
սաստկութեամբ
մը
իր
եղբայրակիցներէն
ու
գործակիցներէն։
Այս
իրողութենէն
անդին
կը
ծագի
իր
ժողովրդականութիւնը:
Զայն,
այդ
ժողովրդականութիւնը
ընդունիլ
ծնունդ
իր
մարդոց,
Պոլիս,
ուր
գիտէք
թէ
որքան
մեծ
էր
թիւը
Վանեցի,
Տարօնցի
պանդուխտներուն,
պիտի
նշանակէր
աններելի
պարզապաշտութիւն
մը։
Հայոց
Հայրիկ
ը
կուգայ
թերեւս
շատ
աւելի
խորունկ
հոգեխառնութիւններէ։
Տարազին
անդրադա՞րձ
մը
`
խոշոր
այն
տագնապին
որ
արեւմտահայ
ԺԹ.
դարն
էր,
մանաւանդ
իր
կէսէն,
երբ
Կալկաթա,
Էջմիածին,
Վենետիկ
որոշ
հասունութիւն
մը
ճարող
մեր
Զարթօնքը
կը
ձգէր
այլեւս
վանքերու,
գիրքերու,
արկածախնդիրներու
խանձարուրն
ու
պաշտպանութիւնը
ու
կ՚իջնէր
իր
իրական
գետինը,
ծոցը
այն
ժողովուրդին
որմէ
վկայութիւն
էր
ըլլալու
սահմանուած
…
։
Եւ
կամք,
միշտ
ԺԹ.
դարուն,
մեր
շուրջը
հոլովող
քաղաքական
մեծ
դէպքերու
հակազդեցութի՞ւն՝
երբ
առտու
մը
կ՚արթննային
մեր
մեծերը,
մեզի
բախտակից
ժողովուրդներ
գտնելով
քարտէսին
վրայ,
այլեւս
ազատագրուած
դարաւոր
ստրկութենէն։
Ու,
շարունակելով՝
բողոքի
լռին,
անկարող
եղանա՞կ
մը,
քանի
մը
միլիոն
մարդոց
վրայ
գործադրուիլ
սկսած
սառն
հալածանքին
դէմ,
մինչ
մեր
երկրին
մէջ
մեր
հողերը
կը
բռնագրաւուէին
մեզմէ,
տրուելու
համար
գաղթական
իսլամներու,
մեր
երիտասարդները
կը
բռնադատուէին
գեղն
ու
քաղաքը
լքելու
ու
Պոլիս
վազելու,
հոն
հալելու
համար,
ու
մեր
տուներուն
վրայ
կը
հիւսուէր
ահաւոր
սպառնալիքը
մահուան,
ամէն
օր
գործող,
ամէն
օր
օճախ
մը
մարող
է
առանց
որ
մէկը
կարողանար
իր
կարգին
սպառնալ
այդ
մահուան
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
Մկրտիչ
Խրիմեանին
հետ
դրուած,
ապրումները,
իրենց
կարգին,
ամենէն
ընդարձակներն
են
մեր
այդ
շրջանի
պատմութեան։
Ալիշան
մը
ուսումնասիրել
կը
նշանակէ
մարդ
մը
անդամազննել,
այսինքն՝
ուղեղ
մը
խորաչափել
ու
գրեթէ
միայն
այնքան,
քանի
որ
պատուական
պենետիքթէն
ը
գրած
է
իր
քերթուածները
ամենէն
առաջ
իրեն
համար,
իր
հաշւոյն,
հազիւ
մտածելով
իրմէ
դուրս
ընթերցողներու,
ասոնց
հոգեկան
պահանջները
ընդառաջելու
սրտոտ
ցանկութեամբ,
երբ
գրական
փառասիրութիւնը
կը
յաջող
էր
լռեցնել։
Անոր
պատմական
վաստակն
ալ
հայոց
պատմութեան
կը
սպասարկէ,
ու
շատ
ալ
հեռուէն
`
այդ
պատմութեան
մէջ
հոգի
փնտռող
մարդոց։
Այդպէս
չէ
Խրիմեանին
ո՛
չ
անձը,
ո՛չ
գործը:
Այդ
անձնաւորութիւնը,
գիտէք,
եղած
է
մեր
ժողովուրդը
յուզող
ամենէն
ծանր
տագնապներու
ոչ
միայն
խանձարուրին,
այլեւ
յաճախ
պատանքի
հանդէսին։
Ու
եղած
է
անկարող
հանդիսականի
ամենէն
նսեմ
ճակատագիրով։
Ձգեցէք
արագ
թուումի
այդ
մարդուն
կեանքին
հիմնական
թուականները,
ու
պիտի
գտնէք
որ
այդ
թուականները
իրենք
իրենց
արդէն
մեր
պատմութեան
ամենէն
բախտորո
շ,
ամենէն
տռամաթիք
տարիներուն
կը
զուգադիպին։
Ասիկա
մի
համարէք
արդիւնք
պատահման։
Ասիկա
ն
շ
ան
մըն
է
թէ
այդ
թուականները
ծնունդ
կուտան
մարդերու,
գործօնութիւններու,
տռամաներու,
որոնց
համագումարը
երբեմն
կ՚ամփոփուի
անունի
մը
ետին,
երբեմն
տարեթիւն
մը։
Հայոց
Հայրիկ
ը
մէկն
է
այդ
անուններէն։
Ապրիլ
24
ը
`
մէկ
ուրիշը։
Կատարեցէք
փորձը
անոր
անունին
կապուած
հարցերը
հասկանալու,
առանց
իր
ներկայութեան։
Պիտի
զգաք
որ
այդ
բոլոր
տագնապները
իրենք
իրենց
վրա
են
արդէն։
Գաւառական
լուսաւորութիւնը,
Խրիմեանով
գլխաւորուած
ու
լուսապսակ,
ինքնին
իրականութիւն
է
1860
ի
խղճմտանքներուն
համար։
Գաւառի
հայերուն
հարստահարութիւնը
այս
մարդը
չգործածեց
Պոլիս
խուժելու
համար։
Կար
անիկա,
այդ
հողերուն
երեսին,
հեռու
դարերէն
սկսեալ։
Խրիմեան
երկու
տագնապներն
ալ
կեդրոնացուց
իր
անձին
ներսը
ու
հագաւ
զանոնք
արմատապէս,
բացարձակութեամբ
մը
որ
զինքը
կ՚ընծայէ
առանձին։
1860
ին
մեր
Զարթօնքին
աշխարհիկ
ինչպէս
կրօնական
գործաւորները
տոգորուած
էին
անշուշտ
խանդով,
կիրքով,
հայրենասպաս
գաղափարներով։
Բացի
Ծերենցէն,
որ
իր
արհեստը
իբրեւ
վահան
գործածեց
իր
գրական
ձգտումներուն,
միւսները
կը
գործեն
իրենց
հունովը,
սեպհական
ծիրին
մէջը
ոչ
միայն
իրենց
կարողութիւններուն,
այլեւ
կարելիութիւններուն։
Ոսկի
գանձի
մը
գինով
դուք
պիտի
չյաջողէիք
Լուսինեան
Խորէն
եպիսկոպոսը
ղրկել
Վան
կամ
Տարօն։
Խրիմեան,
զանգատան
յատուկ
հայրենասիրութեամբ
մը
չէ
որ
ձգած
է
Պոլիսը,
ինչպէս
փառքի
հետամուտ
ախորժակներով
չէ
որ
հեռացած
է
պահ
մը
Վանէն։
Անիկա
այդ
երկու
կեդրոններուն
ալ
խուլ,
անմերժելի
ձգողութեանը
մէջ
գործած
է,
գործածած
է
իր
ուժերը:
Այս
անձին
չմտածելու,
պէտքին
առջեւ
թեւաբաց
վազելու,
ու
երբեմն
ալ
կարիքը
յաղթահարելու
բախտ
մը
սխալ
չ
ը
լլար
նկատել
Հայոց
Հայրիկ
ին
անդրանիկ
խանձարուրը։
Այս
վարկածը
իր
բոլոր
լոյսը,
ստուգութիւնը
կը
գտնէ
երբ
մօտիկէն
քննէք
1860
ի
երիտասարդ
հոգեւորականներուն
պարզած
կեդրոնաձիգ
ախորժակները։
Մայրաքաղաքը
ասպարէզն
է,
փառքը,
հանգիստը,
գերագոյն
դիրքերու
հեռակէտ
մը,
առնուազն
պատրիարքութիւն
եւ
…
կաթողիկոսութիւն։
Գաւա՞ռը։
Ձեզի
կը
ձգեմ
պարտքը,
այդ
շրջաններուն
լիովին
մտապատկերելու
մեր
եկեղեցիներուն,
մանաւանդ
առաջնորդանիստ
թեմերուն
իրական
պատկերը
։
Բայց
Խրիմեանի
տիտղոսը,
ծնունդ
առած
ժողովուրդին
ծոցէն,
Պոլսոյ
մեջ
տակաւ
պիտի
ամրանայ
ի
հեճուկս
բոլոր
չկամութեանց,
իր
կարգակիցներէն
որքան
գործակից
աշխարհականներէն
հանդերձուած
բոլոր
արգելքները
նուաճելով։
1870
ին
այդ
մարդը
ազգին
խղճմտանքն
է
որ
կը
փոխադրէ
Գում
–
Գաբուի
աթոռին։
Մօտ
քառորդ
դար
իր
զարգացումը
անշեղ
առաջ
վարող
յղացք
ը
–
Զարթօնքը
արդէն
կերպարանք
է
կրօնական,
ընկերային,
կրթական,
գրական
մարզերու
վրայ։
Քաղաքակա՞նը։
Հոս
կը
ն
երուի
զետեղել
հանրահռչակ
արեւելեան
խնդիրը
որուն
մէկ
երեuակն
է
մեր
քաղաքական
կացութեան
խորհուրդը։
Ոսկեդա՜րը
`
եւրոպական
դիւանագիտական
հակամարտութեանց,
ռուս
հիւպատոսներուն
ու
սկսող
գերման
փառքին։
Ազգային
պատմութիւնը,
Խրիմեանին
հետ,
իր
հարազատ
գետնին
վրայ
է
սակայն,
քան
մեր
ուրիշ
որեւէ
գրողին
հետ։
Ու
ընդարձակ
զուլումը,
որ
մեր
լրագիրներուն
մէջ
հարստահարութեանց
հարց
անունն
ունի,
Խրիմեանի
ոչ
միայն
պատրիարքութիւնը
կը
կանխէ,
այլեւ
կ՚ապրի
Վանեցի
պատրիարքին
հռչակաւոր
հրաժարականէն
վերջն
ալ
այդ
Աթոռէն։
Պ.
Դուրեան
Հայոց
Հայրիկ
ը
Աթոռէ
առաջնորդած։
Իր
մահէն
վերջը
մեր
գրողները,
լրագրողները
Հայոց
ը
հալեցուցած
են,
թերեւս
քաղաքական
իմաստութեամբ
մը
ու
վերածած
են
հայրենախօս
վարդապետը
Խրիմեան
Հայրիկ
ին:
Բիւրեղացումը
կատարեալ
էր։
Խրիմեան,
1850
ին,
Հրաւիրակ
Արարատեան
քերթուածը
սապէս
կը
մկրտէ.
յօրինեալ
ի
չափս
հայկականս
ի
Մկրտիչէ
Խրըմեան
Վանեցւոյ։
1867
ին՝
Մարգարիտ
Արքայութեան
Երկնից
արձակ
հատորին
համար
կը
գրէ
խուն
վաստակ
երկոց
Մկրտիչ
Վարդապետի
Խրիմեան:
1876
ին՝
երկու
հատորներ
ա
)
—
Վերջին
Շաբաթ
եւ
Խաչի
Ճառ
բ
)
—
Ժամանակ
եւ
Խորհուրդ
Իւր
կը
հոգեգրուին
եւ
կը
խորհրդածուին
Խրիմեան
Հայրիկէ։
1894
ին
`
Պապիկ
եւ
Թոռնիկ
ը
կը
գրէ
Հայոց
Հայրիկը:
1900
ին
հրատարակուող
Թագաւորաց
Ժողովը
հեղինակ
ունի
Հայոց
Հայրիկը:
Այս
նկատողութիւնները
բան
մը
կ՚ընեն
պարզ։
—
ատիկա
այդ
տիտղոսին
(
Հայրիկ
)
գրականութեամբ
նուիրագործումն
է
զոր
գրական
տաղանդին
չափովը
անշուշտ
յաջողագործած
է
քաղաքական
գործունէութիւն
մը։
Նահապետ
Հայոց
ը,
անմոռանալի
այդ
1860
ին,
չհասաւ
ժողովրդական
լայն
խաւերուն։
Ալի
շ
անի
համբաւը
մահէն
վերջ
պիտի
աճէր,
գերաճէր
…
դիմելու
համար
իր
մահուան
Ինչ
որ
ալ
ըլլայ
Հայոց
Հայրիկ
խորհրդանշանային
տարազին
կշիռը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
երբ
գործադրենք
անշահախնդիր
վերլուծումը
Վանեցի
վարդապետին
գրական
վաստակին
վրայ,
մենք
հարկին
տակն
ենք
Հայրիկ
ը
փոխադրել
իր
գրական
կալուածէն
դուրս,
իր
հարազատ
միջավայրին
մէջ
որ
կիսադարեան
մեր
քաղաքական
կեանքն
է,
առանց
այլեւ
այլն։
Ու
անմիջապէս
անողոք
հարցականը,
—
Ի՞նչ
է
ըրած
այս
անզոյգ
վարդապետը,
մանաւանդ
այդ
գետինին
վրայ,
արժանանալու
համար
սա
համայնական
գնահատման։
Գրականութեան
պատմութիւնը
չի
կրնար
հանգամանօրէն
լայնՆալ,
իր
մէկ
վաստակաւորը
գնահատելու
ատեն,
ասոր
արտագրական
վաստակը
ազատօրէն
օգտագործելու
։
Զարթօնքի
գործաւորները,
առաւելազանց
աստիճանով
մը,
կը
պատկանին
մեր
մշակութային,
ազգային
պատմութեան
մանաւանդ։
Հայոց
Հայրիկ
ը
խորհրդանիշ
տարազ
մըն
է։
Քիչ
վերը
զանազան
բաժիններու
մէջ
(
եկեղեցականը,
վարդապետը,
ազգային
գործիչը
)
ես
տուի
մաս
մը
բան
այն
նկարագիրներէն
որոնց
գումարը
կը
հալի
տիտղոսին
ներսը։
Կայ
ուրիշ
եղանակ
մը,
կեանքին
չափ
նպաստաւոր,
տիտղոսը
թելադրելու։
Ատիկա՝
իր
անձնականութեան
հզօր
ճառագայթումը
պիտի
ըլլար,
իր
արարքները
լուսաւորող
ու
ասոնք
ազգային
մեծատարած
նշանակութեան
մը
առաջնորդող։
Պոլիս,
պատրիարքութենէն
վերջ,
այս
մարդը,
մինչեւ
Պերլինի
Վեհաժողովը,
գրավաճառներու
եւ
թաղականներու,
քաղքցիներու
եւ
մաքսատան
բանուորներու
ընտանութիւնն
է
նախասիրած։
Իր
բախումները,
պատրիարքական
Աթոռին
վրայ
իր
sommaire
գործելակերպը,
երեսփոխան
էֆէնտիները
եւ
կայսերական
պալատին
մէջ
լաւ
դիտուած
պէյերն
ու
փա
շ
աները
իր
դէմ
հանելու
իր
թերեւս
դիտումնաւոր,
թերեւս
ակամայ
monoeuvreները
մէկ
կողմէ՝
երբ
կը
յօրինեն
իր
հէքեաթին
հակադիր
երեսը,
ի՞նչն
է
միջամտողը
որպէսզի
զանգուածը
իր
բոլոր
ուժերը
յատկացնէ
չքաւորելու
հէքեաթին
միւս
երեսը։
Իր
գիրքերը,
մանաւանդ
Վանգոյժ
ը
որոշ
յանդգնութիւններ
էին,
որոշ
վտանգ՝
իր
քարոզներէն
վերջ։
Հարիսան
եւ
երկաթե
շերեփը
Պերլինէն
վերջ
անոր
անունը
լուսապսակեցին
նոր
վտանգներով։
Իր
կենսագիրները
կը
ներկայացնեն
Պերլինէն
վերջ
անոր
քարոզները,
լայնօրէն
յեղափոխական։
Հնչակեան
կուսակցութեան
պետերէն
Խան
–
Ազատ,
իր
յուշերուն
մէջ
կուտայ
այդ
հոգեբանութեան
անդրադարձը,
թէեւ
կը
պզտիկցնէ
Հայրիկը։
Իր
քարոզները,
1880
էն
վերջ,
գրաքննութեան
ամրանալը,
յեղափոխական
կուսակցութեանց
սաղմնաւորումը
վաթսունամեայ
այս
մարդը
կը
բերեն
ժողովրդական
լուսապսակի
մը։
Հայկական
խնդիրը
Մասիս
ին
մէջ
քանի
մը
տարի
սիւնակի
մը
վերադիրը
կազմելէ
վերջ,
կամացուկ
մը
պիտի
անհետանայ:
Մեր
գրականութիւնը,
վարժապետներու
ազդեցութեան
տակ,
պիտի
զգուշանալ
այդ
խնդրով
զբաղելէ.
Մեր
քաղքենին
իր
համակրութիւնը
բացէ
ի
բաց
կը
ցուցադրէ
թրքասէր
շրջանակին,
կազմուած
կայսրութեան
սպասարկող
հայ
պաշտօնատարներէ։
Ազգային
ժողովը
նուաճուած
է
փաշաներէ,
վսեմաշուքներէ։
Հին,
արի
տրիբուններուն
ձայները,
երգերը
տակաւ
կը
դասուին
վտանգաւոր։
Մինչեւ
Հայրիկի
աքսորուիլը
Երուսաղէմ
(1890),
հայութեան
ճակատագիրը
մտած
է
վճռական
փուլի
մը
մէջ։
Յեղափոխութիւնը,
մութ
իր
հմայքովը,
հասկնալի
իր
սարսափովը,
իր
ստեղծած
ահաւոր
լարումովը,
եւրոպական
դիւանագիտութեան
ստորին
հաշիւներուն
վրայ
իր
միամիտ
վստահութեամբը,
ոչ
միայն
շրջանին
ծանրագոյն
հոգեխառնութիւնն
է,
այլեւ
կ՚անդրադառնայ
զանգուածին
ալ
դարաւոր
հիմունքներուն։
Առանձին
գի՛րք՝
շրջանը
որ
կը
փակուի
1895-1896
ի
փողոտումներով։
Խրիմեանի
վարկը
ոչ
միայն
չի
տժգունիր,
այլեւ
կ՚առաւելու։
Երուսաղէմէն
ազգը
զինք
երբ
Էջմիածին
կը
ճամբէ
իբր
հովուապետ,
հայրապետ
Լուսաւորչի
Տունին,
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
փաստը
տուած
կ՚ըլլայ
Հայոց
Հայրիկ
տիտղոսին
աննուաղ
կենդանութեան։
Չեմ
զբաղիր
այդ
տիտղոսին
ճառագայթումովը
հայոց
հայրապետութեան
գահին
վրայ:
Խրիմեան
իր
կորովը
լիովին
սպառած
մարդ
մըն
էր
երբ
Իջման
տեղին
ըրաւ
իր
պատարագը։
Այդ
կորովէն
վկայութիւն
անշուշտ՝
իր
ճամբորդութիւնները
դէպի
Ձարերու
քաղաքները,
փոխարքաներու
վերջնագիրներուն
դէմ
(
կալուածներու
եւ
Էջմիածնի
գանձին
յանձնումը,
դպրոցներու
պետականացումը
)
իր
կտրուկ
ընդդիմութիւնները,
Մայր
Աթոռոյ
տաճարին
ներսը
իր
նորոգման
ձեռնարկները։
Ու
ահաւոր
կաֆ
ը
Վերջալոյսի
Ձայներ
ուն
եւ
Ողբացող
Խորենացի
ին։
Հայկական
հարցը
կ՚ապրէր
իր
հոգեվարքը,
այնպէս
ինչպէս
դրեր
էին
զայն
սեղանի
1870),
1880
ի,
1890
ի
մարդերը:
1900
ին
մեր
ժողովուրդը,
արեւմտեան
իր
կէսին
մէջ,
կը
դիմէր
մահուան
(1915
ը
գերեզմանն
էր
այդ
մեծ
հոգեվարքին
):
Արեւելեան
իր
կէսը
կը
մտնէր
պայքարի
ճամբան։
Ու
Հայրիկը
անկարող
հանդիսատեսն
էր
այս
երկու
մեծ
աղէտներուն:
Իր
գերեզմա՞նը,
Լուսաւորչի
Տան
մէջ .
—
Անպատմելի
տրտմութիւն։
Իր
բոլոր
ձեռնարկներուն
մէջ
ձախողած
այս
մարդը
գոնէ
փրկած
էր
իր
տիտղոսը,
իրմէն
վերջը
ապրող։
Հայոց
Հայրիկ
ը,
դասական
յղացքէն
բոլորովին
պարպուած,
այսօր
սրտառուչ
é
pitaphe
մըն
է
գերեզմանին
վրայ
մարդու
մը
որ
աւելի
քան
վաթսուն
ձիգ
տարիներ
պայքարեցաւ
իր
ժողովուրդին
համար,
յուսաւէտ,
քիչ
անգամ
յուսակորոյս։
Կտրեց
այդ
տարիները
անհուն
տրտմութիւններով
ինչպէս
քիչ
խանդավառութեամբ։
Հաւատաց,
նման
ամէն
Վանեցիի,
իր
ժողովուրդին
ոչ
միայն
դատին
արդարութեան,
այլեւ
այդ
ժողովուրդին
պատմութեան
ու
մեծութեան:
Խոնարհագոյն
սեմերէն
մինչեւ
բարձրագահ
ապարանքները
պտտցուց
իր
խորհուրդը,
ազգային
ազատագրութեան
սրբազան
երազը,
բաժնելով
իր
ժողովուրդին
տագնապանքն
ու
կարօտները
մարդկօրէն
ապրելու,
ստեղծելու
եւ
մեռնելու։
Ու
արգիլուեցաւ
տարրական
իսկ
սփոփանքէն։
Մահուան
առտուն,
հաւանաբար
անոր
հոգիի
աչքերուն
շ
ինուեցաւ
Աղթամարայ
նսեմ
տաճարը,
իր
ծնրադրումը,
ընդունելու
Հայաստանեայց
Եկեղեցիին
կարգաւորի
իր
պաշտօնը
ու
այն
50
–
60
տարիներուն
պողոտան
որ
քալեց
իր
հրայրքներուն
հետ,
ինչպէս
կախարդ
գօտի
մը,
ժապաւէն
մը,
որոնցմէ
մեր
նոր
պատմութեան
ամենէն
ծանր
տռամաները
կը
պարզուէին։
Ի՜նչ
կը
տանէր
անիկա,
այդ
վերջին
րոպէին,
այս
ա
շ
խարհէն,
դէպի
այն
միւսը
ուր
իր
Պապիկը
հաւանաբար,
արքայութեան
ոսկեբեր
արտերէն
մէկուն
մէջ,
իր
լուծքը
կը
դնէր
հանգիստի,
ընդունելու
համար
ալեփառ
հայրապետը,
ու,
գորովոտ,
հպարտ,
անոր
յանձնելու
—
մաճը,
որուն
արoրը
հերկելու
էր
այլեւս
յաւիտենութիւնը
…
։