Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.

Մինաս Չերազի գրական փառքին ոսկեդարը շատ վաղատի եղած է, շատ ալ կարճատեւ։ 1880ին, Իրապաշտները երբ կը ճլտորին, գրել է կանգիտանան դեռ երեսունը չանցնող մեծ ահամբաւ այդ փառքը։ Այս տարօրինակութիւնը անով աւելի ցցուն կը դառնայ երբ հոս նկատի առնուի հետզհետէ ամբարձող, որ կատարելութիւնը հագնիլ աշխատող հէքեաթային փառքը Եղիայի գրականութեան ու նոյն գիծով՝ հետզհետէ ամրացող, լրջացող համբաւը Ռ. Պէրպէրեանի, երկուքն ալ Չերազի տարեկից է գաղափարակից եւ իրենց ռոմանթիզմին մէջ Չերազի հետ երրորդութիւն մը կազմելու չափ միատարր։ Երբ 1885ի երիտասարդութիւնը կը ծրագրէ գրական հանդէս մը խմբագրել (Ասիական ընկերութեան Երկրագունտ ը), չի վախնար կէս խելագար Եղիայի մը մտածելու, անպատեհութիւն չի տեսներ Եղիայի  խմբագրութեանը վստահել թերթին ճակատագիրը։ Անշուշտ այդ թուականին Մինաս Չերազ վտանգուած չէ իր երբեք չունենցած յեղափոխական գործունէութեամբը Պատրիարքարանին մէջ պաշտօնեայ, Վարժարաններու մէջ տեսուչ կա՞յ աւելի ապահով պաշտօն քան գրական հանդէսի մը խմբագրումին սրտագին զբաղանքը: Բայց մարդիկ եթէ միշտ արդար չեն տեսներ, յաճախ իրաւ կը նախազգան։ Զօհրապ, որ այդ թուականին պատանի է տակաւին, չափած է Մինաս Չերազի մէջ գրագէտին տարողութիւնը, զայն զրկելու համար լուրջ հանդէսի մը խմբագրական ուղեղին մէջ իր դերէն։ Իրողութիւնը այն է որ Գրական Փորձեր, Ինչ Շահեցանք Պերլինի Վեհաժողովէն, Իտալիա եւ Հայաստան, ասոնցմէ առաջ՝ Ազգային Դաստիարակութիւն, մանաւանդ Գրիչ եւ Սուր (որ կը պարունակէ մէկ կարեւոր մասը իր մինչեւ 1881 գրած յօդուածներուն), կը բաւէին Մինաս Չերազին գրական կերպարանքը ամրապինդ սեւեռելու: Երբ փորձը կ՚ընեմ շատ ընդարձակ, տրտում որքան փառատոր քաղաքական գործունէութենէն այս մարդուն անջատել գրագէտի խառնուածք մը, տարօրէն ինքզինքս կը զգամ տպաւորութեանը տակ մէկ ու նոյն վիճակին, ընդարձակ, փառաւոր բայց վրիպած, ըսել կ՚ուզեմ՝ արդիւնքի մը չհասած գործունէութիւնը: Դիւրին է անոր վաթսունէ աւելի տարիները զետեղել ազգային կեանքի վեց հազար կարիքներուն ցանցէն ներս, այնքան շատ են մեր ծածքերը, այնքան քիչ` զանոնք հոգացող, դարմանող մեր աշխատաւորները։ Այս մասին ոչ մէկ կասկած։ Բայց ո՞վ կայ Չերազի քերթուածներուն ետին։ Ո՞վ` անոր քրոնիկներուն ետին։ Ո՞վ՝ անոր լրագրական, բանասիրական, դաստիարակչական էջերուն ետին։ Այս հարցումներէն առաջինին ստիպուած եմ տալ որոշ, յստակ, վճռական պատասխան մը, ո՛չ մէկը, եթէ երբեք այդ մէկուն ետին ես պարկեշտ ըլլամ տեսնելու 1860ի ընթացիկ ապրանքէն դուրս (ոտանաւորճի) զգայնութիւն մը, սիրտ մը, առնուազն ջղային դրութեան կծիկ մը որ իր ըսելիքը բան էր իր ներսէն, անոր տալով իր հոգիին միսերը։ Որչափ ալ կարճառօտ այս տարազը բաւ է իրաւ բանաստեղծ մը թելադրելու: Չերազը քերթուածներուն թիւը տասնեակը չ՚անցնիր։ Եթէ կը զբաղիմ հոս այդ քանակով եւ որակով հաւասարապէս զանցառելի արդիւնքով, պատճառը արեւմտահայ գրականութեան այս շրջանին ձգտումներէն, մտապատկերներէն մեզի ընծայած իր շատ յատկանշական, վաւերագրական հանգամանքն է: Չերազի քերթուածները չեն նմանիր զինքը կանխող ռոմանթիքներուն  մեզի ձգած աւելի կամ նուազ բախտաւոր վկայութիւններուն։ Բացի Նար-Պէյէն, միւսները երբեմն բանաստեղծներ (Դուրեան՝ հանճարային ալ), նոյնիսկ անտարազելի Թովմաս Թէրզեանը, Ռեթէոս Պէրպէրեանը, ահաւոր Եղիան: Ըսել կ՚ուզեմ՝ այս մարդերը կը հաւատան իրենց դերին, որոշ չափերով՝ իրենց ջիղերուն, ունին իրենց ապրումները առարկայող գէշ կամ աղէկ իրենց արտայայտութեան կերպը որ ճաշակն է 1860ին։ Մինաս Չերազ այն երիտասարդն է որ Հայր Սիմոն Երեմեանի մը նման շատ մը բաներու կարգին աւելորդ չի նկատեր տաղաչափել ալ: Փափուկ բառեր, քանի մը հռետորական ծաղիկ, հիւանդագին զգայնութիւն մը երբեմն բաւած են մարդոց, որպէս զի իրենցմէ քանի մը քերթուած անցնի ապագային։ Արեւմտահայ գրականութիւնը չի կրնար մոռնալ անունները, որքան ալ տժգոյն, Գ. Պեշկեօթիւրեանի, Գ. Շահինեանի, Կ. Ոսկեանի, բոլորն ալ իրենց լիութիւնը չգտած բայց իրենց խառնուածքին փաստը արձանագրած երիտասարդներ: Չերազին վրիպանքին պատասխանատու կը նկատեմ խառնուածքէն աւելի (որ առաւելակշիռ տեղ մը ունի անշուշտ) իր կանխահասութիւնը եւ ասոր անդրադարձ՝ իր բոլորովին անմօրուս պատանութեան վայելած անմեկնելի հռչակը: 1874ին, երբ քսաներկու տարեկան այս երիտասարդը կը խմբէ հատորի մը տակ իր գրական նախախայրիքը, պարզ մատենագրական պարկեշտութեան մը սիրոյն չէ որ այդ հատորիկին սկիզբը կը դնէ սանկ յիսուն էջնոց յառաջաբան մը ուր մէկիկ մէկիկ կը ծանօթագրուին քերթուածներուն ծնունդ տուող պարագաները, անոնց երեւման տարիները, ամuաթիւերով միասին, անոնց ստեղծած արձագանգը հայ մամուլին մէջ, շահած գովեստները, եւ այլն, եւ այլն։ Ասիկա ո՛չ հոսոհոսութիւն է, ո՛չ գրական ունայնամտութիւն։ Ասիկա բան մըն է որ անուն չունի։ Ասիկա գրել է իր գրածին աղմուկին արձագանգին սիրահար սնօպի մը հոգեբանութեամբ։ Ասիկա արհամարհել է արուեստը իր ամենէն սրբազան խորքին մէջ։ Զուր տեղը չէ որ այդ գիրքէն յետոյ անիկա չըլլար համարձակած nտանաւոր գրելու: Այդ փառքին համը վայելած է կուշտ ու կուռ։ Չերազի բանաստեղծութիւնները ամբողջութեամբ դուրս կը մնան արեւմտահայ քերթողութենէն, նոյնիսկ դժբախտութեամբ մը Թէրզեանի տաղարանը նախընտրելի ընելու: Ըսի թէ կը զբաղէի այդ քերթուածներով, վաթսունական թուականներուն բանաստեղծական ճաշակին վրայ իր բերած նոր մէկ փաստովը։ Իր, Եղիայի, Պէրպէրեանի, որոշ չափով Սէթեանի քերթողական  վաստակները ինծի առիթներ կուտան այդ ճաշակը, համաձայն այդ անուններուն անձնական բխումին, ենթարկելու վերլուծման։ Հոս Չերազի պատկանող մասը աւելի քան տխուր հաստատում մըն է բանաստեղծական զգայարանքէն հիմնովին զուրկ ծնած որեւ է մարդու որ ուրիշ շատ բաներու կարգին փառասիրութիւն է ունեցած ոտանաւոր ալ գրելու։ Տարօրինակ է անշուշտ այս տեսակ վճիռ մը, բայց տարօրէն արդար՝ երբ Մինաս Չերազի վաթսուն տարիները նետենք կշիռի մէջ։ Այս մարդը ի՞նչ բանի համար էր ծնած։ Ի՞նչ ըրաւ լման։ Ո՞ւր է իր արդիւնքը։ Այս հարցումները կը տարածուին անոր բոլոր արարքներուն (գրելը մէկն է անոնցմէ Ու ինչպէս որ այս հարցումներուն մէկ է պատասխանը, դժբախտ անբաւարարութիւն մը, նոյնպէս մէկ է դատաստանը բանաստեղծական իր տագնապին։ Կ՚ընդունիմ որ քսանէն վար տղան տաղաչափութեան մէջ յամառի փառք հետապնդել: Բայց չեմ ընդունիր որ այդ տղուն միտքը պահէ իր տղայութիւնը, պատանեկան այդ ներշնչումներուն հաւատարիմ մնալու, անոնցմով խանդավառուելու, երբ քալած է տարիներն ի վեր: Պարոնեան, Հրանդ Ասատուր, նույնիսկ Չերազէ աւելի փառամոլ Որբերեան մը ունեցած են զգաստութեան այդ պահը, մերժելու համար իրենց նախախայրիքը իրենց գրական ընդհանուր վաստակին: Անշուշտ տասնըվեց տարուան, տասնըութը տարուան պատանիի մը ստորագրութեանը տակ հաճելի տողեր են

 

Զեփիւռ գարնան ով դուք ծաղիկ գեղապար,
Դու բնութեան փափկասուն հարս օդավար,
Թո՛ղ մի վայրիկ զանհունութիւն եւ կեցիր,
Վար առ մանուկ թեւերդ անխոնջ, ունկնդիր:
 

Պեշիկթաշլեայ գնա գիտ տապանն, ով զեփիւռ,
Թեքերէ հոն գրկէ բազկօքդ համասփիւռ.
Հոն մեծութիւն հանգչի, մի վեհ Տաղ հնչես,
Որոյ յանկերգ լինի. «Յաւէտ անմահ ես»։

 

Մէկդի՝ այս տողերուն մանկականութիւնը: Բայց չէ կարելի վտարել անոնցմէ բառերը փափկօրէն գործածող շատ զօրաւոր բնազդ մը, չըսելու համար ճաշակ մը, որուն լիալիր փթթումը մենք կը գտնենք Եղիայի, մանաւանդ Պէրպէրեանի մէջ։ Այս երեքին համար ալ ոտանաւոր մը շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ՝ գեղեցիկ բառերու յարդարանք մըն է։ Բայց մինչ Եղիան տարիքին հետ իր թեւաբեկ երեւակայութեան փաթթուած, անկէ բռնութեամբ գրեթէ պիտի կորզէ թռիչքի ուրուացումներ, խոյանքի ճիչեր, երբեմն երբեմն այդ շարժուկոծումին մէջը նետելով շատ իրաւ ապրումի մը ճենճերը։ Պէրպէրեան՝ դասական հռետորութեան մը մէջ վարկ վայելող ըսուածքի ձեւերու, ակնարկումներու պիտի սիրէ պաշտօն ընծայել, բայց այդ քաղցրահունչ յօրինուածքին գտնելու համար, շատ աւելի վերջ, իր կնոջ մահուան առիթով, քանի մը իրաւ ալ շեշտեր խորունկ ապրումի. Չերազ պիտի մոռնայ իր հաշւոյն քերթել, շատ աւելի ուշ քերթելու համար այս անգամ օտարներու լեզուով թարգմանութիւններ։ Poètes Arméniennes հատորիկը (1913) կը պարունակէ արեւելահայ եւ արեւմտահայ բանաստեղծներէն կտորներ ֆրանսերէն արձակի վերածուած։ Այս արարքը ինքնին կշիռն է Չերազի բանաստեղծական ըմբռնողութեան։ 

Արեւմտահայ գրականութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այսօր Զարթօնքի սերունդին եւ իրապաշտներուն կողմէ իրեն կտակուած քրոնիկներու դէզին։ Իբր այդ Մինաս Չերազ մանաւանդ Գրական Փորձեր հատորիկին մէջ հիւրընկալած է իր քրոնիկները։ 

Իրեն համար լրագրէն առաջ բեմն է այն տեղը, ուր պիտի փորձէ օրուան կեանքին առիթով թելադրուած իրողութիւններուն շուրջ գրուած խօսքեր արտասանել: Ասոնք Չերազի ճառերն են։ Կը նկատուէր արի, տպաւորիչ, անկաշառ, մանաւանդ պերճաբան ատենախօս մը։ Այս վերադիրները դուրս են գրականութենէն։ Հետեւաբար կը ներեմ ինծի` զբաղիլ անոնցմով։ Բայց քրոնիկը խօսուիլը կամ գրուիլը քիչ բան կը փոխէ արդիւնքին մէջ ստիպուած եմ արժեւորել իր գրական վաստակ։

Ըստ տեսութեան, Չերազի ճառերը, բլան անոնք Գրական Փորձեր ու մէջ լոյս տեսած կամ Ազգային Դաստիարակութիւն հատորիկով խմբուած եւ կամ երեսփոխանական պարտաւորութեանց առթիւ ատենաբանուած, ունին լեզուական որոշ կորով, նիւթ մը ընդլայնելու ընդունակութեան փաստեր, խելքի տարրական քանակ, բայց ոչ մէկ կերպով իրաւունք կուտան դատողը արտօնելու ատոնց ետին գրական խառնուածք մը ճշդորոշելու, որու գինով Միայն այդ խօսքերը կը բարձրանան արուեստի, եւ նովին բանիւ՝ գրականութեան [1] ։ Կը հրաժարիմ տեսութիւնը  ընդարձակել օտար գրականութեան մեծ, հին վարպետները ոչ գեկոչելու փորձութենէ մը, ոչ անշուշտ Չերազին շատ տեսնելով նման փառք մը, այլ գլխաւոր պատճառաւ որ տիրական է Չերազի ամբողջ գործունէութիւնը կերպադրելու ճիգին մէջ: Ով որ կը կարդայ անկէ մեզի հասած գրաւոր վկայութիւնները, ով որ կը հետեւի անոր կեանքին մեծ ոլորքներուն, չի կրնար ազատագրել իր միտքը վերը թելադրուած անբաւարարութեան զգացումէն։ Հոս կ՚աւելցնեմ ուրիշ ալ տպաւորութիւն մը. անիկա ցուցամոլութեան, նանրամտութեան, ինքզինքը արժեւորելու մեղապարտ փառասիրութիւնն է։ Ատիկա ամէն առիթ շահագործելն է այդ անձը ամէն գետնի վրայ արձանակերպ փայլաւորելու (քիչիկ մը այս մեղապարտ հետաքրքրութիւնը սխալ չըլլար տեսնել իր ընկերներուն ալ վրայ: Եղիան, առանց ընկերային, բարենորոգչական, յեղափոխական յաւակնութիւննեու, Չերազի մօտիկ դեր մը կը վերագրէ իրեն, այս անգամ գրականին վրայ, երբ իրեն կը ներէ 1880էն ասդին լեցնել ոչ միայն շրջանի օրաթերթը, հանդէսները ամէն բանով, այլեւ գլուխը կ՚անցնի երկու ծանր գրական ձեռնարկներու, խմբագրելով Երկրագունտ ը եւ Գրական եւ իմաստասիրական Շարժումներ ը։ Ասիկա անշուշտ աւելի է քան ներելի յաւակնութիւնը։ Արշակ Չօպանեանը յիշեցնող այս գործունէութիւնը Եղիան վատնած է ի հաշիւ գրական իր անձնաւորութեան շփումին։ Նոյնը կարելի է ըսել Ռեթէոս Պէրպէրեանի համար, որուն կորովի անհատականութիւնը ինչպէս հաստատ իմացականութիւնը հազիւ կը բաւեն Խասգիւղի դպրոցին չարիքը հակակշռելու իր յիշատակէն)։ Այսպէսով է որ վարժապետական ժողովին մէջ (1875) այդ մարդը պիտի արտասանէ ճառեր, անոր տասնըվեց նիստերուն մէջ խօսուած, պաշտպանելու համար աշխարհաբար լեզուի դատը, գրեթէ մինակը ընդդէմ եօթանասուն ութսուն ջոջ վարժապետներու: Հոս իր այդ ճառերը հաւաքող հատորիկին սկիզբը շքազարդող յառաջաբանէն (ըսի թէ Մինաս Չերազի յառաջաբանները նորանշան երեւոյթներ են, մէկ ու նոյն մեղքէն տառապող) կ՚ընեմ մէջբերում մը ցոյց տալու համար թէ որքան ռոմանթիք լրջութիւն դրած է այս քսաներեք տարեկան տղան, այդպէս պատկառելի ատեանի մը առջեւ այդքան իրաւ դատ մը պաշտպանելու արարքը վերածելով շրջուած տօնքիշոթութեան 

« Վարժապետական ժողովն երկու պատճառի համար կործանեցաւ։ Առաջին, զի Ուսումնական խորհուրդն, որպէս զգացուցի նախորդ հատուածին մէջ, Վարժապետական ժողովի ազատ ձկտումներին խրտաւ, աւելի անձնասէր քան ազգասէր եղաւ, որով ժողովի դիւանն, ընդհանրապէս Ուսումնական խորհուրդի անդամների բաղկացած, տասվեցերորդ նիստին յետոյ ա՛լ հրաւէր չը կարդաց ժողովականներին: Երկրորդ, զի վարժապետներն, որպէս գանգատեցայ իներորդ նիստին մեջ, իւրեանց եռանդ ցրտացուցին հետզհետէ, չ՚ունեցան յարատեւութիւն, որով, լեցին նիստերին մեջ, ութսուներկու ժողովականներին հազիւ տասի չափ անձեր ներկայ գտնուեցան, որք, 1873ի սիպերական ձմեռին հակառակ, սաստկասառոյց փուքերի եւ դէզադէզ ձիւների դէմ կուրծք տալով, դեռ կը յամառէին հաստարիմ մնալ իւրեանց ուխտի »։ 

Թէեւ լեզուի խնդիրը մօտէն կը շահագրգռէ գրականութիւն մը, բայց Մինաս Չերազ թերամօրուս երիտասարդը, իր զարգացմամբը, հակումներովը, խանդավառութեամբը, ամենէն քիչ յարմար մարդն էր նման դերի մը իրագործումին։ Բանաստեղծ կրնանք ծնիլ, բայց բանասէր՝ պիտի ըլլանք, այսինքն պարտաւոր ենք ըլլալ՝ ժամանակով, յամառ ուսումնասիրութիւններով եւ արի հաւատքով, այլապէս՝ այդ կերթանքին շուրջ սանկ ու նանկ խօսքեր միայն պիտի զրուցենք

Չերազի վարժապետական ճառերն ալ չեն պատկանիր գրականութեան։ 

Գրական Փորձեր ը լեցնող կարեւոր քրոնիկները ունի ուրիշ վերնագիր մը, Արգոսի Խոհեր (Երկրագունտ, 1870, Յունուար 1-22 Օգոստոս)։ Ասոնք այդ օրերու հանդէսներուն մէջ կը գրաւեն այն տեղը, զոր, աւելի վերջ, շաբաթաթերթերու, օրաթերթերու խմբագրականները, գրական քրոնիկները պիտի ընէին աւելի յաճախ եւ աւելի ընդարձակ եղանակով։ Չերազ ատոնց հեղինակութեանը ժամանակ տասնըութ ամեայ պատանի մըն է. այս ճշդումը անոր համար՝ վասնզի այդ տարիքին մարդիկ երեւոյթներու հանդէպ մտքէ չեն անցըներ թուղթ ու մատիտ ի ձեռին ներկայանալ: Այդ շրջանը շրջանն է կեանքը ապրելու, զայն ճանչնալը՝ ուրիշ կրթանք, ուրիշ ժամանակներու վերապահուած։ Չերազ մտածած է կեանքին դիմաց, փոխանակ զայն ապրելու։ Ինչ որ ալ ըլլայ մեր կանխահասութեան աստիճանը, դարձեալ ատիկա մեզ չ՚արտօներ գիրքերու կշիռներով կեանքը չափելու [2] ։ 

Արգոսի Խոհեր ը ըսի թէ այն օրերու քրոնիկին հիմնական կաղապարը կուտայ։ Չմոռնալու Մամուրեան, որ ժամանակին հանդէսներուն մէջ Պոլսահայ կեանքին խոշոր իրադարձումները նիւթ կ՚ընէ իր յօրինումներուն, կ՚օգտագործէ այդ սեռին համար ուրիշ կաղապարներ։ Կայ դարձեալ Ծերենցը։ Պիտի սկսի Եղիան։ Գրական Փորձեր ու հրատարակման ժամանակ Պէրպէրեանի ճառերը, դատումները շատ մօտիկէն կը յիշեցնեն Արգոսի Խոհեր ուն հեղինակը։ Բայց ահա այս յիշատակութեանց յետին նպատակը Մամուրեանի յօդուածները կազմեցին Հայկական Նամականի ն, որ հակառակ իր բոլոր անբաւարարութեան, շրջանի մը կեանքին վրայ ունի ամփոփ թելադրանքներ: Ուրիշներու հետ չեմ այդ հատորը արեւմտահայ գրականութեան մէկ գլուխ-գործոցը դաւանելու (այս մասին տեսնել Համապատկեր ի Մ. Մամուրեան գլուխը)։ Եւ սակայն հայոց պատմութեան մէջ իր տեղը ունենալու սահմանուած երբեմն հետաքրքրական, կենդանի մանրամասնութեանց հանդէսով գիրք մըն է անիկա։ Արգոսի Խոհեր ուն նման բախտ մը դժուար է գտնել։ Մինաս Չերազ անոր մէջ կը սպասարկէ շատ մը ձգտումներու։ Երբեմն կ՚ընէ տեսութիւն, երբեմն կը պատմէ տպաւորութիւններ, երբեմն կը գծէ նկարագիրներ, ուրիշ տեղ մը կը խորհրդածէ պատմական անձնաւորութեանց ծանր յաճախանքի տակ։ Տեղ տեղ չի վախնար ուղղակի կեանքի դրուագներ ալ յօրինելէ, նախահամ մը թելադրելով կարծես Իրապաշտներու ապագայ այնքան յաջող կեանքի պատկերներէն։ Ուրեմն քիչ մը ամէն բան։ Եւ սակայն Մինաս Չերազ քրոնիկագիր մը չէ ծնած, որուն հիմնական առաքինութիւնները կը նկատեմ պարկեշտութիւն, սրամտութիւն, չափով մըն ալ ինքնատպութիւն: Այս ինքնիրմով յանհունս լեցուած պատանին չունի բաւական համբերութիւն, պարկեշտօրէն մօտենալու օրը յուզող հարցերուն, ասոնց զանազան երեuակներուն, անոնց  շուրջը ստեղծուած հոսանքներուն։ Այս արարքները ծնունդով լրագրողը, հրապարակագիրը, քրոնիկագիրը կ՚երաշխաւորեն։ 1870ին մենք ունինք այս մարդերը ( Իւթիւճեան, Փանոսեան, Խօճասարեան, Պարոնեան Չերազ ո՛չ փորձառութիւն, եւ ո՛չ պատրաստութիւն, ո՛չ ալ ճկունութիւն ունի այս կարգի կրթանքներուն։ Արգոսի Խոհեր ուն կը պակսի քրոնիկագիրը ճշդող երկրորդ մեծ հանգամանքը, սրամտութիւնը, որուն ընդմէջէն է որ օրուան իրողութիւնները կը ստանան իրենց համը, մոյնքը, անձնաւորուելով, մասնաւորուելով եւ մտածումի աշխարհէն կեանքի աշխարհը փոխադրուելու ժամանակ (կամ փոխադարձաբար) մեզ կը տպաւորեն քաղցր յոյզերով, պատրանքներով, եւ մեզ կ՚ընեն հանդուրժող, չըսելու համար ներողամիտ։ Սրամտութեան տեղ` Չերազ սպառած է մեծաքանակ կիրք։ Թերեւս այդ հրայրքին (passion) հանգամանքն է որ միջամտած է այս տղուն խոշոր յաւակնութիւնները, յանդգնութիւնները, չըսելու համար տօնքիշօթութիւնը ջերմացնելու: Բայց կիրքը առաւելապէս գրական կառոյցներու մէջ իր դերը կարող է արդարացնել: Ամբոխային ճառերուն անոր բերածը բոցի փայլ մըն է, ասոր պէս վաղաթիռ եւ անկշիռ։ Հմտական բեմերու առջեւ (ազգային դաստիարակութեան վրայ իր ճառերը) այդ գիրքը կը ստեղծէ հակազդեցութիւն, ջղայնութիւն, զայրոյթ, հանդարտ վերլուծումներու համար ալ, ինչպէս են մտածումով մը յղի մեր քրոնիկները, այդ վիճակը դարձեալ անբաղձալի է, քանի որ մտածելու արարքը անհանգիստ կը զգայ ինքզինքը՝ անոր մշուշին առաջ բերած կարելի այլայլումներուն մէջ։ Այդ գիրքէն եօթանասուն տարի վերջ որեւէ էջ մեզի համար կարդալը ոչ միայն հաճոյք մը չէ, այլ տառապանք մըն է։ Անոր տհաս ուղեղը չէր կրնար իր ձեռնած նիւթերը տիրապետել։ Եթէ տարիքին չքմեղանքը հոս ստիպուած եմ արժեւորելու, բայց չեմ կրնար չբանաձեւել մեղադրանք մը, այս անգամ իր խառնուածքը յատկանշող։ Մինաս Չերազ Գրական Փորձեր ուն մէջ անցած է փորձի սահմանը, իրմէն միայն արտօնելի յանդգնութեամբ մը։ Այդ հատորէն արեւմտահայ գրականութիւնը ոչ մէկ էջ շահած է մնայուն արժէքներու տոմարին համար։

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ միտքս կը տարուի, Գրական Փորձեր էն ետք, այս մարդուն գործունէութիւնը ազատագրելու համար սա վերապահումներուն կսկիծէն իր ետեւը ենթադրել՝ ուժով անհատականութիւն մը, բարենորոգիչ մը, չըսելու համար յեղափոխական մը։ Թերեւս այս ամէնը անոր համար՝ վասնզի կանխահաս իր շնորհները կը պահեն ամբողջ իրենց խռովիչ հրապոյրը ոչ միայն իր ժամանակին մարդոց վրայ, հապա նաեւ անկէ բաւական հեռու այդ շրջանը սեւեռել ձգտող դատողին ալ վրայ: Նեղութիւն է անշուշտ, բայց ոչ անկարելիութիւն՝ գրագէտ մը տեսնել, արժեւորել Մամուրեանի, Ծերենցի, Պէրպէրեանի, Եղիայի մեզի ձգած գրական վաստակներուն ետին։ Բայց այս կարելիութիւնը չի հաշտուիր Չերազը յօրինող տարիներու վկայութեանց հետ, Գրական Փորձեր էն վերջ։ Չեմ կրնար լայննալ պատուիրակին, երեսփոխանին, ուսուցիչին, տնօրէնին հանգամանքներուն վրայ: Այս բոլոր կողմերը թերեւս հաստատ, նոյնիսկ հպարտութիւն թելադրող ատաղձներ կը հայթայթեն մէկու մը համար որ նպատակ ունենար ներկայացուցչական անձնաւորութիւն մը կենսագրելու եօթանասունի մարդերէն, որոնցմէ մէկն է անկասկած այդ տիտղոսները խուրձ խուրձ առած, պտտած, անոնցքով ինքզինքը փառազարդած սա մարդը։ Ինծի համար պարագան տարբեր է բոլորովին։ Զբաղեցայ այս բազմահռչակ անունին երիտասարդութեան շրջանով [3] եւ այն գործերով որոնք կը հասնին մինչեւ 1889, այսինքն Չերազին վերջնական հեռանալը Պոլիսէն։ 

Այս կեանքի երկրորդ շրջանը, L'Arménieին հրատարակութենէն մինչեւ իր մահը, մեզի կուտայ պատկերը ուրիշ անձնաւորութեան մը զոր կազմող տարրերուն մէջ գրականը դարձեալ կը մնայ նիհար, չըսելու համար խնդրական։ Մինաս Չերազ խմբագրած է L'Arménie հանդէսը, Լոնտոնի մէջ, 1889ին, ֆրանսերէն (երբեմն անգլիական բաժինով)։ Անոր վերջէն թիւը լոյս կը տեսնէ 1906ին։ 

Մարդու մը կեանքին մէջ տասէ աւելի տարիներու վրայ երկարող ձեռնարկ մը, երբ մանաւանդ կը զուգադիպի հասունութեան, խելահասութեան, մտքի գերագոյն կորովի շրջանին, կը նշանակէ այդ մարդը խորհրդանշող տիրական վկայութիւնը։ Մենք տեսանք թէ որքան վաղահաս եղած էր անոր տաղանդը, բայց չտեսանք այդ տաղանդին արդիւնքները այն երկրորդ տասնըհինգ ամեակին մէջ որ կ՚երկարի Գրական Փորձեր էն մինչեւ L'Arménieին հրատարակութիւնը։ Ուրեմն կը կազմէ Չերազի գրական ալ  շնորհներուն վերջին հանդիսարանը։ Արդարեւ, մեր գրականութիւնը Չերազ է, ունի Արեւելեան Վիպակներ ը որ նախ քան հայերէն գրուիլը՝ ֆրանսերէն լոյս տեսաւ L'Arménieին մէջ։ Դարձեալ հօն է որ անոր գրական երկրորդ ճիգը, հայ գրականութիւնը Եւրոպայի ծանօթացնելու հաւատաւոր առաքելութիւնը, ինքզինքը կ՚իրագործէ հայ բանաստեղծներէն թարգմանութիւններուն կցուած նշմարներով։ Այդ հանդէսիկին մէջն է  որ կարեւոր չափով մը լոյս կը տեսնեն մեր ժողովուրդը հետաքրքրող բանասիրական, պատմական, ազգագրական իր առաւել կամ նուազ չափով խնամուած ուսումնասիրութիւնները։ Այս խօսքերը անոր համար` վասնզի Մինաս Չերազ, հակառակ պատրանաթափ մէկը ըլլալուն (Պերլինի վեհաժողովին fiascoն), երբեք ինքզինքը լքուած չի զգար, իր աւագ դերը կատարելէ, այս անգամ իր աշխատանքին տալով իմացական, գրական նկարագիր։ Եւ որովհետեւ իմ զբաղումը այս մարդուն մէջ գրագէտ մըն է բացառաբար նկատի առնող, հասկանալի է որ փորձուիմ հանդէսը արժեւորել այդ լոյսին մէջ։ Դժբախտութիւն է որ պարբերաթերթին հաւաքածոն, բացի պատմուածքներէն ( Արեւելեան Վիպակներ ), չունենայ ուրիշ շնորհներ այդ գրականութեան սպասին յայտարարէ Սպասելի էր որ պատանութեան այնքան լայն հորիզոններու հետամուտ, միտքը բաց սա տղան ժամանակին հետ ընդարձակէր իր գրական պաշարը, ճարէր իրեն համար գրական ճաշակ մը, կռթնէր քննադատ մը պայմանով հաստատ գաղափարներու գումարի մը։ Ասոնք կ՚ըսեմ՝ նկատի ունենալով իր տարիները որոնք 1889էն վերջ արեւմտեան մեծ ոստաններուն մէջ կը թաւալին։ Զօրաւոր իր յիշողութիւնը, սուր թափանցողութիւնը, մարդերու հետ բազմատեսակ իր յարաբերութիւնները, արքունիքներ, մեծ թերթերու խմբագրատուներ, մեծ ընկերութեանց իմացական, ազգագրական, աստուածաբանական, ուսուցչական համագումարներով համեմուած, արժէքի ելած, պարտաւոր էին անոր մէջ երեւան բերել envergureով գրագէտ մը։ L'Arménieին մէջ դժնդակ կերպով մը կը պակսի այս քաղցր փաստը։ 

Ստիպուած եմ սակայն պարբերաթերթը տարիներ կանգուն պահող ոգիին վրայ ընել արդար խօսքեր: Պզտիկ հերոսութիւն մը չէ միս մինակը մութ, դժբախտ դատի մը նուիրուած անապահով, անբաժանորդ թերթ մը տարիներով խմբագրել յամառել: Պզտիկ հերոսութիւն չէ ծաղրուիլ, ճամբու դրուիլ քաղաքավարութեամբ, երբեմն շնականութեամբ, մեծերու դիւաններէն ուր իր դատը կը յոգնեցնէ ամենէն բարեմիտներն անգամ, բայց մանաւանդ ուրացուիլ իր ազգակիցներէն անգամ որոնք նորակազմ յեղափոխական ընկերակցութիւններու ձեւին տակ քաշքշեն զինքը, իր հետապնդած քաղաքականութիւնը ցնորք որակելով, եւ կ՚առաջարկեն նոր կարգախօս, ատեանի եւ սպանդի քաղաքականութիւն։ Ճիշդ ու ճիշդ հակառակը իր ըմբռնողութեանց, որոնք, իրենց կարգին, ցեղային մեծ անձնաւորութեանց փորձառութեանը մէջ մարմին են առած, ապացոյցը տուած իրենց բարիքին, սահմանադրական մեծ մարդոց ( Օտեան, Սերվիչէն, Աղաթօն, Ռուսինեան ), եւ Վարժապետեանի նման իսկապէս բարձր հոգեւորականութեան բարձր շունչովը տաքցած են։ Կ՚երեւակայեմ տառապանքը այս մոլորեալին, արմատախիլ մտաւորականին որ ստիպուած է իր սեպհական կսկիծին բարդել հաւաքական աղէտներու հեռանկար մղձաւանջն ալ։ L'Arménieն այս հոգեվիճակը, այն յոյսն ու յուսալքումը, այն լաւատեսութիւնն ու յոռետեսութիւնը քով քովի ապրեցնող, վկայող վիշատակարան մըն է գրել է, դժբախտաբար գրուած գէշ գրագէտի մը կողմէ։ Անոր հաւաքածոն շատ թանկագին վաւերաթուղթերու հանդիսարան մը կը դառնար, եթէ երբեք անոր հեղինակը գիտնար մնալ առարկայական դիտող մը, դէպքերը իրենց կերպարանքին տակ ճիշդ տուող, արձանագրող մը, ու քիչ դնէր իր անձին զեղուն ձայնը իր պատմումներուն մէջ։ L'Arménieն մեր լրագրութեան պատմութեան մէջ արդար անուն մըն է, բայց մեր գրականութեան պատմութիւնը զայն կ՚անգիտանայ

 


 



[1]        Զարթօնքի սերունդի տիրական յատկանիշներէն մէկը` խօսքին ընծայած իր կշիռն է։ Խօսք ըսելով հոս ես կը հասկնամ բեմէ ինչպէս թերթէ հանրութեան մատուցուած գաղափարներու, յուզումներ ու այն գումարը որոնցմով հասարակութեան մը, շրջանին բազմաթիւ կարիքները կը բաւարարուին։ Ոչ ոքի համար գաղտնիք է որ 1860-1870, նոյնիսկ մինչեւ 1900, մեր հասարակութիւնը չէ բիւրեղացուցած գրական, հրապարակագրական, գեղարուեստական յղացքներ: Զուր տեղը չէ որ լրագրութիւնը մեր մէջ երկար ատեն հոմանիշ նկատուած է գրականութեան։ Այս շփոթումին հեղինակները իրենք, գրողները անշուշտ ամենէն առաջ։ Նկատի ունենալով քանակը բազմաթիւ կարիքներուն որոնց յանձանձումն է առած իր վրան այդ սերունդը։ Հասկնալի կը դառնայ որ ինքնաբերաբար ստիպողականութեան շեշտով մը աստիճանաւորուի անոնց գոհացումին արարքը։ Եւ կա՞յ աւելի գերազանց պահանջ մը քան լեզուի մը կերտումը որուն համար խօսքը, կանոնաւոր նախադասութիւնը, մաքուր քերականութիւնը եւ բառարանը եթէ կը մնան հիմնատարրեր, բայց այդ ամենը տաքցնող, հաղորդական ընծայող շունչը, հռետորութիւնը կը դառնայ, այդ իսկ պատճառով, գրեթէ գրական յատկանիշ։ Ահա թե ինչու այդ սերունդին մարդոց մեծ մասը խօսքի իշխաններ են: Նոյնիսկ բժիշկ մը, պետական մարդ մը, ի պաշտօնէ վարժապետներ, ազգային բարձրագոյն հեղինակութիւններ, այդ թուականին շեշտը կ՚ախորժին զիրէն աւելի խօսքին վրայ դնել Կ՚ըսեն թէ բանաստեղծութեան չափ քաղցր էր Գրիգոր Օտեան, երբ կը խօսէր: Չեմ զարմանար: Պատուական մարդը, որուն անձին հմայքը այնքան իրաւ պարուրած է իր ժամանակը, երբ կը կենար զինքը մտիկ ընողներուն դիմաց, խորունկ յուզումներ կ՚ապրէր իր ըրածին, ընելիքին շքեղ կարեւորութեամբը տարուած։ Իր դերին վրայ այսպէս հանդերձուիլ մը, անկէ ներշնչուիլ մը, անով խանդավառուիլ մը չէզոք արարքներու հանդէս մը չէ: Ատոր համար է որ այդ սերունդը խօսքին հաւատացած է, արուեստին չափ անոր մէջ արժէք տեսնելէ անդին անցնելով։ Երբ փոխադրենք սա արարքը բեմէն դէպի լրագիր, որ թուղթէ բեմ մըն է, բայց այս անգամ աւելի ընդարձակ տարողութեամբ, քիչ բան փոխած կ՚ըլլանք մեր ներքին տրամադրութիւններէն։ Ահա թէ ինչու քրոնիկն ալ մեր մէջ գրականութիւն է, այդ սերունդին ճաշակով։

[2]        Ի դէպ է աւելցնել որ Գրական Փորձեր ուն մէջ նամակներ ալ կան, աս ու ան երեւելի անձանց գրուած, կան նաեւ գրադատումներ, լոյս տեսնող, ներկայացուող թատերական գործերուն շուրջ։ Այս վերջիններուն մասին հոս չունիմ դատաստան, վասնզի զանոնք թելադրող ոգին, գրական պարկեշտութիւն մը, խստապահանջութիւն մը ըլլալէ աւելի, դարձեալ ինքզինքը ցուցադրելու տրտում փափաք մըն է։ Տրուած ըլլալով Չերազի իմացական կազմութեան հիմնական ազդակը Վիքթոր Հիւկօ ինծի զարմանալի չի թուիր որ աշխարհը հասկնալու, դատելու այլապէս պատասխանատու պարտքը Մինաս Չերազ այդքան թեթեւութեամբ ըլլայ դիմաւորած, նման իր վարպետին որ մտածած է իր դարու մեծ հարցերը (իմաստասիրական, գրական, ընկերային, պատմական) թուղթի մէջէն ու թուղթի վրայ, եւ իր հիմնովին անգիտած իրողութիւնները չափած է, կշռած է ահաւոր պարզմտութեամբ մը, չվախնալով ոչ միայն ծիծաղելիէն, այլեւ կեղծէն, բռնազբօսիկէն, հռետորական բաջաղանքէն։ 

          Այս ազդեցութիւնն է որ նոյնութեամբ ես կը հաստատեմ Չերազի գրական դատաստաններուն ետին։

          Արգոսի Խոհեր ը այդ ժամանակին համար նորութիւններ կը պարունակէ ուրիշ երակէ մըն ալ։ Ատիկա պատմական անձնաւորութիւններու օգտագործումն է ընթացիկ եղելութեանց լուսաւորման, պայծառացման, ճիշդ Հիւկոյի ըրածին նման։ Կ՚ենթադրեմ որ այղ խոհերը ափ ի բերան կարդացող միամիտներ որչափ զարմանագին կը տպաւորուէին յատուկ անուանց այդ հեղեղէն, բան մը զոր Եղիա ալ ըրած է նոյն միամտութեամբ եւ թերեւս մեղապարտ ձգտումներով։ Չերազ այս զեղծումը ժամանակին հետ պիտի թափէ քիչ քիչ, բայց զայն ծնունդ տուող ոգիին դէմ պիտի մնայ անկարող։ Եւ քանի որ այդ խոհերը թելադրող խորունկ ազդակները Չերազի շրջապատէն դուրս գիրքերէն, առ նուազն Եւրոպայէն կուգան, կը նշանակէ թէ անոնք ապրուած, իրապէս մտածուած խոհեր ըլլալէ աւելի՝ դալկացած արձագանգներ են։

[3]        Նմոյշ մը Գրական փորձերու յառաջաբանէն, այս տղուն միտքը, խառնուածքը, ոճը յայտնաբերող.

ԺԲ

          Ո՜վ գիրք, տկա՜ր արձագանգ մի սիրտի որ կը գոռալ, գա՜ղջ դու շունչ մի բոց լեզուի, աղօ՜տ նշոյլ մի հրաբուխ հոգիի, գնա ուր բախտը տանի ըզքեզ:

       Գնա սաւառնիլ հազարաւոր թեւերովդ հայ հորիզոնին վրայ, ողջոյն տուր հայ աշխարհին, եւ հայ ժողովուրդը յուզէ դու։

       Ո՞վ գիրք, կը գուշակեմ թէ դու ճշմարտութիւնի թշնամիները քեզ դէմ պիտի հանես, անմիտներին ատելութիւնը, անօրէններին զայրոյթր քեզ դէմ պիտի գրգռես, բուռն յարձակումներ պիտի կրես, շատ պատերազմների պիտի բռնուիս. այլ, ի՞նչ փոյթ. ի՞նչ կրնայ անել քեզ խաւարի. քանի մխայ այն սիրտը որ ծնաւ ըզքեզ, դու անպարտելի պիտի լինիս

       Գնա կատարել քո պաշտօնը եւ կոչումդ հպատակիլ. թէ բարութիւնը անճիտուած չէ, ազատամիտները, առաքինիները, ազգասէրները քեզ պաշտպան պիտի  կանգնին։ 

       Գնա դաստիարակութիւն պահանջել, լոյս աղաղակել, առաջդիմութիւն քարոզել, անձնուիրութիւն հռչակել, ազատ կեանք խնդրել, եւ անմահութիւն աւետել։ 

       Գնա երգել ճշմարիտը եւ վսեմը. գնա հեգնել ինչ որ կեղծ է, անգոսնել ինչ որ նուաստ, եւ ազնիւր պանծացունել։ Չարին կողին համար մի սլաք լեր դու, բարիին խոցին համար մի սպեղանի։ 

       Երբ ազգը տեսնես քունի մէջ, զարթեցու դու զայն . երբ ազգը տեսնես անմիաբան, հաշտեցու դու զայն։ 

       Դու այն կայծը լեր որ կը հրդեհ է, դու այն շիթը լեր, որ ժայռը կը փշրէ։ 

       Նոյի աղաւնին լեր դու, եւ փրկութիւն աւետէ Այրարատեան աշխարհին:

       Մի անկեղծ սիրտի խոստովանութիւնները պարզէ դու տարտամ էութիւնների առջեւ, եւ փարատէ այն մառախուղը որ ըզնոսա կը պաշարէ տակաւին

       Զի դու խանդ ես. աւիւն ծաւալէ քո շուրջը։

       Հզօրին առջեւ թումբ լեր դու, տկարին առջեւ ասպար:

       Միթէ Արդարութիւնը կը համբառնա՞յ։

       Միթէ ճշմարտութիւնը մարը կը մտնէ՞:

       Միթէ առաքինութիւնը մի անո՞ւն է միայն:

       Միթէ Ազատութիւնը մի ցնո՞ր է։

       Միթէ Աստուած կը մեռնի՞։

       Գնա՜։ 

          Ահագնագոչ հռչակէ դու քո նշանաբանը, մինչեւ որ հայութիւնը զայն իւրեան ալ նշանաբան ընդունի. քո հեղինակին հետ անդադար աղաղակէ եւ դու. «Աստուած եւ Լոյս, Ազգ եւ Հայրենիք »։ 

          Ո՜վ գիրք, գնա պատմել Հայաստան ժողովուրդին թէ քո հեղինակը նմա ուխտած է զոհել իւր մելանին մինչեւ յետին շիթը, իւր արիւնին մինչեւ վերջին կաթիլը

Հասգիւղ, 1 Յունվար 1874 

ՄԻՆԱՍ ՉԵՐԱԶ