Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Դ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՂԻԱ  ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ 
(18 51-1908) 

Այս անունին տակ արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը թերեւս կը գտնէ այն տարօրինակ պատմութիւնը, որով ամբողջ երկու սերունդի իմացական, հոգեկան բոլոր մասնայատկութիւնները կը ներկայանան արտակարգ վստահութեամբ մը կերպարանուած։ Ստոյգ է որ այդ երկու սերունդները (Զարթօնք, Ռոմանթիքներ) չեն նուաճելի իրենց ամենէն միակտուրը ու պայծառ փառքերուն մէջէն իսկ։ Կատաղի գիտապաշտ մը՝ Ն. Ռուսինեան, շքեղ բանաստեղծ մը` Պետրոս Դուրեան, ծփուն, իմացական խոր հետաքրքրութիւններով առլցուն, վրիպած բանաստեղծ մը` Գ. Օտեան, libéral գաղափարներու սպասարկու հաւատավոր խմբագիր մը՝ Մ. Մամուրեան, տաղանդ ունեցող վարժապետ մը` Ռ. Պէրպէրեան, միտքը բաց` բայց խելքը քիչ կանխահաս տղայ մը որ պիտի մնայ այդ տղան մինչեւ խոր ծերութիւն, չարժանանալով հասուննալու բախտին՝ Մինաս Չերազ բոլոր այս անունները այդ սերունդին մէջէն ըսի թէ կերպարանքներ են: Բայց ահա աւելին։ Եղիան ասոնք ամէնն է մէկ մարմնի եւ մէկ գանկի տակ։ Կրցա՞յ, թելադրել տիպարին տարօրինակ ընդարձակութիւնը: Ու ինչպէս որ օրէնքն է աշխարհի կարգերուն, այսքան բաներ մէկ անգամէն ըլլալու անկարելիութիւնը առանձին առանձին ինքզինքը արձանագրած է յիշուած անուններէն մեզի ձգուած գործերու ճակատին, Եղիային համար ալ գրականութեան պատմութիւնը հարկին տակը կը մնայ դժուարութեանց դիմաւորումին։ 

Մօտ երեսուն տարի ամէն տեղ բազմաթիւ ծպտումներու ներքեւ ինքզինքը տեղաւորած գրականութեան սա թիապարտին կեանքը ինքնին առանձին ողբերգութիւն է։ Մօտ երեսուն տարի գրեթէ ամէն շաբթու գուշակելի տարազներով վարագուրուած իր անունը մենք կը տեսնենք ամէն կարգէ [1] գրութիւններու տակ։ Այս ամենուն արդիւնք եղող հսկայ թոհ ու բոհէն արեւմտահայ գրականութիւնը պիտի հպարտանար մէկ երկու անխառն գեղեցկութեանց հատորաւոր փառքովը, բան մը որ չէ եղած։ Իր միջոցներով հատորի ելած նիւթերը հազիւ թէ շահագրգռեն իր մտքի յեղաշրջումը փնտռել ուզողներ։ Այնպէս որ աւելի խաղաղ օրերու աշխատանք մըն է Եղիան ազատագրել իր իսկ մեղքերէն եւ վերածել զայն իր տաղանդին արժանի շքեղ անունի մը, ճակատը` մէկ երկու գրքի որոնք մարդ մը, շրջանի մը զգայնութեան մէկ երեսը, շրջանի մը իմացական հետաքրքրութեանց մէկ պատկերը կը հանդիսացնեն։ Բանաստեղծ, քննադատ, վիպող, խմբագիր, իմաստասեր, գիտուն, artiste, հիւանդ. այս տարազները գործածուեցան իր անունին հետ ամբողջ քառասուն տարի, անշուշտ մեր հրապարակին յիմար մեղսակցութեամբը, բայց անոր չափ ու աւելի հեղինակին իսկ անառարկելի տկարութեամբը, չըսելու համար խաթարուած իմացականութեամբը։ Կասկածէ դուրս է որ վերի տարազներուն իւրաքանչիւրի զանակներ, փշրանքներ, երբեմն ամբողջութիւն մը թելադրող իրողութիւններ ըլլան հաստատելի Եղիայէն մեզի հասած գրուածքներուն խորը, բայց ինչ որ աններելին է՝ այդ տարազները բոլորը մէկ իրացած, արժեւորուած դաւանելու միամտութիւնն է մեր գրական աւանդութեանց մէջ։ Այսպէս գոյութիւն ունի հանճարային Եղիա մը որուն հէքեաթը դեռ կը մնայ կենդանի, իր մահէն բաւական վերջ։ Միւս կողմէն՝ դարձեալ իրականութիւն է ուրացուած, արհամարհուած, զգետնուած եւ անողորմօրէն ծաղրի ու ծանակի նշաւակ Եղիան (Իրապաշտները տրտում հերոսութիւն մը գործեցին այդ մարդը անգիտելու իրենց գործունէութեան թափին մէջ, նեղուելով անշուշտ Եղիայով մարմնաւորուած շատ անձնական, անհակակշիռ, նոյնիսկ բանաստեղծական, իրենց համար ապօգուտ թափառումներէն, ռոմանթիք, այլափոխուած ու Եղիայով յաւերժանալ ձգտող անլուրջ հետաքրքրութիւններէն)։ Այս երկու ծայրայեղութեանց մէջ եւ կը խորհիմ թէ քննադատը ունի արդար բաժին մը անհրաժեշտ ձգտումներու: Ստեղծագործ Եղիայի դադարէն կէս դար է անցած արդէն, բաւարար տեւողութիւն՝ որպէսզի հեղինակի մը լուրջ ինքնաբոյս մակաբոյծները ինչպէս որդերը, գովեստն ու պարսաւը թառամին ընդմիշտ եւ ձգեն զայն ինքը իրեն, իր ճակատագրի հետ դէմ դէմի: Զարթօնքի սերունդին եւ Ռոմանթիքներուն համար կատարուած է արդէն այս սրբազան սրբագրութիւնը։ Եղիան նման գործողութենէ չեմ կարծեր որ ունենայ մեծ կորուստ ինչպէս աւելորդ շահ։ Գրեթէ իր ողջուցը այս մարդը ճաշակեր էր փառքին մէկ տարրը եւ խաչահանումին քացախով խառնուած լեղին։

Հետագայ էջերը կը պարզ են գրական սա բացառիկ ողբերգութիւնը։ 

  



[1]        Եղիայի մահուան տարին ու անկէ քիչ մը առաջ պոլսահայ թերթերու մէջ փրցուած հաւարը, հոս կը յիշեմ իբր հետաքրքրական նօթ։ Ըստ այդ աղմուկին կառք մը ձեռագիր Եղիայէ (հէքեաթը անշուշտ կ՚ուզէ որ ըլլան անոնք անտիպ) ըլլայ ծախուած նպարավաճառներու։ «Եղերապէս» ճիշդ այս հէքեաթը չեմ կարծեր որ եղերական տարողութիւն մը ունենար Եղիայէն մեզի գալիք գեղեցկութեանց հաշուոյն: Եղիան մարդն էր որուն տախտակին վրայ հացը չչորցաւ երբեք, գործածելու համար ժողովրդական պատկերուն բացատրութիւնը։ Մնաց որ շատ քիչ անգամ ականաւոր հեղինակէ մը անտիպները շատ էին յետ մահու հրատարակութիւն մը: