Զ.
ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏԸ
ԿԱՄ
ՔՐՈՆԻԿԱԳԻՐԸ
Կուգանք
Եղիայի
համբաւը
մասամբ
հակակշռող
եւ
իր
դէմքը
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
անմոռանալի
ընծայող
այն
էջերուն
որոնց
դժուար
է
համապարփակ
տարազ
մը
գործածել։
Ասոնք
Եղիայի
տպաւորութիւններն
են
իր
ժամանակէն,
ազգային
կեանքէ,
օտար
մշակոյթներէ,
շրջապատէն,
ճամբորդութիւններէ,
ընթերցումներէ,
ներքին
երազանքէ,
թռուցիկ
խոկումներէ
թելադրուած,
բոլորն
ալ
զմայլելի
իր
ջիղերուն
ցանցովը
որսացուած
եւ
ինկած
անհամար
իր
յօդուածներուն
ներսը:
Անմիջապէս
կ՚աւելցնեմ
որ
այս
հատուածները
(միշտ
հատուածական
են
անոնք),
խառն
ի
խուռն
կը
ներկայանան
լրագրական,
դասախօսական,
դատողական
բազմատեսակ
խառնուրդներու
մէջ։
Երբեմն
դպրոցական
հանդէսի
մը
նկարագրութիւններէն,
յարակից
բոլոր
միամիտ
բաջաղանքով,
մեծակառոյց
անուններու
աղմուկին
մէջէն,
կամ
նոյնքան
խառնակ
դրութիւններու
բաւիղէն
անիկա
կը
գտնէ
տասը
տող
խոր
եւ
իրաւ
մտածում,
որ
կը
տպաւորէ
։
Անշուշտ
պիտի
ցաւիք
տասը
տողը
գտնելու
համար
վատնուած
տաժանքէն
որ
ընթերցումն
է
զիրար
չբռնող,
իրար
հերքող,
առնուազն
indigeste
ուրիշ
հասարակ
տեղիքի:
Երբեմն
լոյս
տեսած
գիրք
մըն
է,
վէպ
կամ
քերթուած,
որ
կը
թելադրէ
իրեն
բազմաթիւ
էջեր,
նիւթին
հետ
տարտամ
աղերսով,
բայց
որոնց
մէջ
կը
վարձատրուիք
կատարեալ,
խորապէս
գեղեցիկ
եւ
յուզիչ,
չըսելու
համար
շքեղ
դատումով
մը
որ
ոչ
միայն
կը
տպաւորէ,
այլեւ
կը
նուաճէ:
Իր
հիւանդութիւնը,
անհաստատ
խառնուածքը,
մտքին
ոստոստուն
խոյանքներն
ու
կորանքները
զինքը
անատակ
կ՚ընեն
լայն,
երկարաշունչ
աշխատանքներուն
(ի՞նչպէս
բացատրել
սակայն
իր
զարհուրելի
բառարանները,
իբրեւ
բռնավաստակ
իր
հանդէսներէն
պարտադրեալ,
սրբագրումի,
դասաւորման
այլապէս
դժնդակ
տարապարհակները,
զորս
հանդուրժած
է
քաջութեամբ,
յաճախ
«անօթի,
արիւն
թքնելով»)։
Գիտենք
թէ
իր
հատորիկները
չանցան
տասնըհինգ
ու
քսան
էջը։
Գիտենք
թէ
օր
մը
նպատակ
չունեցաւ
իր
անհամար
յօդուածներէն
հատընտիր
էջեր
խմբելու,
ինք
որ
ուրիշներու
հատընտիր
էջերը
չէր
վարանած
հատորելու
(
Հատընտիր
Ընթերցուածք
)։
Ո՞ր
վախին
ազդեցութեամբն
է
որ
տպագրութեան
այսքան
մօտիկ
այս
մարդը
չէ
համախմբած,
օրինակի
համար՝
Կատուի
մը
Յուշագիրքը,
Աղջկան
մը
Օրագիրը,
որ
չորս
տարիներ
անընդհատ
կը
շարունակուի
Երկրագունտ
ին
մէջ։
Ասոնք
հարցումներ
են
որոնց
պատասխանը
եթէ
չի
շահագրգռեր
գրականութիւնը,
բայց
լոյս
կը
բերէ
գրողին
ներքին
անձնաւորութեան
վրայ:
Նկատի
ունիմ
Աղջկան
մը
Օրագիրը,
Կատուի
մը
Յուշագիրքը,
գլխաւորաբար
այն
պատճառներով
որ
այդ
էջերը
առիթներ
են,
բայց
ոչ
ակադեմական
(խմբագրականները,
տռամասացութիւնները,
քննադատականները,
պատասխանները,
փիլիսոփայական
բառարանները
անոր
մէջ
այդ
ակադեմական
պատճառաբանողը
—
raisonneur
—
լիուլի
կը
գոհացնեն),
այլ
պարզ,
յաճախ
անսեթեւեթ
բանաձեւեր
կը
պարունակեն
օրուան
կեանքի
գրեթէ
ամէն
տեսակ
դրուագներու
(épisode)
շուրջ։
Կը
հասկցուի
թէ
նոր
ելլող
գիրք
մը,
հրաժարող
պատրիարք
մը,
անձնասպան
պէյ
մը,
հիւանդանոցի
հանդէս
մը,
յիշելու
համար
քանի
մը
նմոյշներ,
այս
մարդուն
տան
պատեհութիւն՝
օրագրի
ձեւին
տակ
իրենց
մասին
տպաւորութիւններ
արժեւորելու:
Ասիկա
դժուար
է
որակել
քրոնիկ,
որուն
պաշտօնական
կաղապարին
մենք
կը
հանդիպինք
Պարոնեանի,
բայց
մանաւանդ
Մամուրեանի
եւ
Ռ.
Պէրպէրեանի
գրիչներուն
ներքեւ
(
Ծիծաղ,
Խիկար,
Հայկական,
Նամականի,
Մարդիք
եւ
Իրք,
Դպրոց
եւ
Դպրութիւն
)։
Դարձեալ
չեմ
կրնար
զայն
բխած
ընդունիլ
Չերազէն,
թէեւ
այս
մարդուն
Գրական
Փորձեր
ը
նախակարապետ
էջեր
եղած
են
Եղիայի
տպաւորութիւններուն։
Թերեւս
աւելի
բանաւոր
է
Արփիարին
կապելու
սա
զօրաւոր
ցանկութիւնը,
օրուան
հարցերու
շուրջը
կարծիք
ունենալու
եւ
օրուան
ազգային
կեանքին
մէջ
դեր
մը
ողջունձեւելու,
քանի
որ
դեռ
1880էն
կը
սկսի
փառքը
Օրուան
Կեանքը
ներուն:
Այսպէս
դասաւորուած
Եղիայի
ճիգը
նկարագիր
կը
ստանայ,
միւսներուն
հարազատ
եւ
հրապարակին
ստոյգ
պէտքերուն
ծառայող
եղանակին
դէմ`
ազատ,
անպատասխանատու
քմայք
մը
իբրեւ:
Երբ
անոնք
հանդիսաւոր,
քիչ
մը
շատ
խոժոռ
ու
լուրջ
վարդապետական
իրենց
կեցուածքները
կը
փորձեն
արժեւորել,
Եղիա
ծանր
բաները
լսելու
համար
իսկ
աղջիկներուն
կ՚ապաւինի:
Միտքս
կուգայ,
այս
առիթով,
ժողովրդական
պատկեր
մը
—
վարդով
ծեծել
։
Ուրիշ
բան
չէ
Եղիային
ըրածը։
Ընդարձակ
երկու
օրագրութիւններուն
մէջ
ալ
մէկ
ու
անփոփոխ
է
սա
եղանակը,
բայց
եթէ
երբեք
կարելի
չէ,
անոնց
բարիքով,
օգտագործումը
մեր
գրական
ու
ընկերային
յեղաշրջումը
հասկնալու
արարքին
մէջ,
բախտ
է
որ
այդ
քմայքի
պահերուն
եւ
խաղերուն
ետեւէն,
մէջէն,
երբեմն
երբեմն
մեզի
տրուին
տեսարաններ,
զմայլելի
նկարչագեղութեամբ,
Չրաքեանի
մը
վայել
տոկուն
կառոյցով։
Կրնաք
նեղուիլ
հմտութենէն,
ցոյցէն,
անձնականին
չափազանց
զեղումէն,
օրինակի
մը
համար՝
Մեր
Պոսֆորը
հատուածին
մէջ,
որ
թէեւ
օրագրի
էջ
մը
չէ,
բայց
կը
կերպադրէ
Եղիայի
եղանակը,
այդպէս
ձեւերէն
ու
գոյներէն
անդին
մտածումներու
եւ
խաղերու
մարզանքին
ընդմէջէն
խոր
զգացողութիւն
հետապնդել:
Դարձեալ
թռուցիկ,
արագ,
թեթեւ
քանի
մը
ակնարկ՝
երբեմն
այդ
օրագրի
թերթին
մէջ
գիրք
մը
կը
դատեն
այնքան
անսխալ
եւ
իրաւ,
որ
զարմանալդ
կուգայ:
Ուրիշ
անգամ
դէմքեր
են
կամ
պատահարներ,
որոնք
առիթ
կ՚ըլլան
սրտագին
եւ
կամ
շատ
մանրամասնուած
ճշդումներու,
միշտ
մեր
հրապարակը
հզօր
կերպով
իրենց
շահեկանութեանը
ծիրին
մէջ
պահող։
Կը
հասկնաք
թէ
մարդիկ
պետք
է
մեռնին,
կամ՝
կարգուին,
կամ
թերթ
մը
խմբագրեն,
կամ
Եւրոպա
մը
երթան
ու
անկէ
դառնան,
որպէսզի
Նուրանիա,
Մելանա,
Թեւանեա
զանազան
տեղեր
էջերով
խորհրդածեն,
գնահատեն,
սխրագին
յուզուին
եւ
լրագրի
մէջ
կատարուած
աշխատանքը
յաւակին
փոխարինել:
Տարակոյս
չկայ
թէ
այդ
օրագիրներէն
կազմուելիք
հատորը
երբեք
չի
կրնար
ըլլալ
նման
միւս
անուններով
մեզի
հասած
ժառանգութեան։
Առնուազն
անձնական
գերաճուն
շատախօսութիւն
մը
կը
կործանէ
այդ
էջերուն
վաւերագրական
տարողութիւնը:
Ահա
թէ
ինչու
սկիզբէն
ի
վեր
հրապարակի
պահանջը
եղած
է
հատընտիր
Եղիա
մը:
Այսպէս
կազմուած
այդ
հատորը
պիտի
համախմբէր
իր
մէջ
թերեւս
ամենէն
lyrique
այն
քանի
մը
էջերը
որոնք
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
երբ
եւ
իցէ
ըլլան
գրուած։
Այնքան
իրաւ
բանաստեղծ
մը
կար
այս
յիմարին
ետին:
Դարձեալ
հոն
է
որ
մեզի
պիտի
տրուէր
երջանկութիւնը՝
կարդալու
անհաւասարելի
դաշնաւորութեամբ
էջեր
ուր
կը
շփոթես
ապրումն
ու
երազը,
իրականութիւնն
ու
քմայքը,
սիրտը
եւ
միտքը,
նիւթն
ու
հոգին,
տարօրէն
հաշտ,
սրտառուչ
խառնուրդի
մը
մէջ
որուն
ըլլար
խնայուած
տաժանքը
փիլիսոփայական
դաժան
հմտութեան,
գրական
թեթեւ
sophismeին։
Այս
շարքին
տակն
է
որ
կը
կարծեմ
թէ
սխալ
չըլլար
զետեղել
ինքնավերլուծական
այն
խոր,
մթին,
տարօրէն
նուրբ
եւ
զարմանալի
կերպով
իրաւ
քանի
մը
գրութիւնները
որոնք
Մոնազն
ստորագրութեամբ
երեւցան
Արեւելք
ի
մէջ։
Արտայայտութիւն,
վիճակ,
ախտագին
ճշդութեամբ
խորացումներ,
բոլորը
ըսուածքի
եւ
պատկերացման
անհաւասարելի
թարմութեամբ:
Չեմ
կրնար
ասոնց
առիթով
չյիշել
որձեւէգ,
յիմար
սեռը
որ
իր
փառքը
ապրեցաւ
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ,
արձակ
քերթուած
անունին
տակ,
մեզի
կտակելով
շքեղ
բառակոյտ:
Եղիան
դուրս
է
կարաւանէն,
առնուազն
խորքի
հարազատութեամբ
մը։
Անշուշտ
գրագէտին
հիմնական
մեղքը,
ըսել
կուզեք՝
կառուցման
մէջ
ընդոծին
թերութիւնը
հոս
ալ
ըլլայ
միջամուխ,
կործանելով
մեր
հիացումը,
բայց
պաշտպանելով
առնուազն
գրագէտի
անոր
վարկը:
Հետաքրքրական
պիտի
ըլլար
իր
սերունդի
մարդոց
գրական
եղափոխութիւնը
(évolution)
լուսաւորելու
տեսակէտէն
մօտենալ
Եղիայի
եղանակին,
որուն
մեծ
գիծերը
գրեթէ
նոյնն
են,
հակառակ
սեռերու
եւ
աշխատանքներու
մեծ
տարբերութեանց։
Այսպէս
է
որ,
յիշելու
համար
օրինակ
մը`
Մեր
Պոսֆորը,
անոր
տայ
առիթ
որ
իր
անձին
խոր
յուզականութիւնը,
եղերական
թախիծը,
իր
աչքերուն
զմայլելի
նրբութիւնը,
իր
իմացականութեան
անսանձ
խոյանքները
քովէ
քով
գան
միշտ
արագ,
երկրորդականէն
խղդուելու
վտանգին
մէջ,
բայց
ազատուին
այդ
վտանգէն
ու
վերածուին
տպաւորապաշտ
թէքնիքին
տակ
ծանօթ
եղանակին
կցկտուր,
անյարիր,
նոյնիսկ
հակասական,
բայց
միշտ
Եղիա։
Իր
ո՞ր
էջերուն
մէջ
այս
մարդը
չեղաւ
այս
ամէնը
միասին,
որպէսզի
չըլլար
զանոնք
հոն
ուր
անձնական
հակակշիռը
(կ՚ակնարկեմ
մտքին)
կը
վերածուի
իր
նուազագոյն
չափերուն։
Մեր
գրականութիւնը
չի
կրնար
մոռնալ
Ներաշխարհը,
Ուղեւորի
էջերը,
Սիլիհտարի
Պարտէզները
ոչ
թէ
որովհետեւ
այդ
գիրքերուն
ետին
ճշմարիտ
տաղանդ
մը,
առնուազն
խառնուած
է
մը
իրենք
զիրենք
կը
պարտադրեն
մեզի,
այլ
որովհետեւ
իրենց
առիթով
մեզի
համար
ընդմիշտ
շահուած
եւ
այս
անգամ
մեր
հաւաքական
զգայնութիւնը
շահագրգռող
մտավիճակներ,
հոգիի
պահեր
կտակուած
են
մեր
հաւաքական
հարստութեանց
թանգարանին:
1880ին
Եղիան
իր
սերունդէն
ի՞նչ
տախտակ
կրնայ
մեզի
ներկայացնել:
Այս
հարցումին
պատասխանը
դուք
կը
գտնէք
ո՛չ
թէ
խմբագրող,
վիպող,
դատող,
փիլիսոփայող
Եղիային
մէջ,
այլ
այն
կցկտուր
էջերուն,
ուր
քմայքը,
երազը,
զգացումը
կը
փայլակին
ու
կ՚անցնին։
Ասոնք
տպաւորապաշտ
էջեր
են։
Ըսի
թէ
Աղջկան
մը
Օրագիրը
կը
պարունակէր
Եղիայի
բանաստեղծական
քանի
մը
շքեղագոյն
էջերը։
Կ՚աւելցնեմ
թէ
այդ
էջերը
նոյն
ատեն
արեւմտահայ
գրականութեամբ
նուաճուած
գեղեցկագոյն
էջերն
են
դարձեալ,
ուր
սքանչելի
նայուածք
մը,
խոր,
սխրագին
թրթռականութեամբ
ջիղերու
սարուածք
մը,
մինչեւ
իր
եղունգները
ազնուական
գրագէտի
մը
ճարտարութիւնը,
բայց
մանաւանդ
Պոլսէն
խուսափուկ,
զաղփաղփուն
դալկութիւնները
մեզի
տրուած
ըլլար
հաստատել
այն
անորակելի
համն
ու
քաղցրութիւնը,
տրտմութեան
մէջ
իսկ
սրտառուչ
հայ
ոգեղէն
իրողութիւնը
զոր
ես
զգացել
եմ
այս
ժողովուրդին
բոլոր
մեծ
ու
զօրաւոր
ստեղծումներուն
ծոցը,
մեր
գրականութեան
նախաւոր
շրջաններէն
մինչեւ
մեր
օրերը։
Ինչ
որ
անորակելի
համն
ու
գեղեցկութիւնը,
շնորհը
կազմեց
Գողթան
երգերուն,
ինչ
որ
այնքան
սրտառուչ
կերպով
մեզ
կը
նուաճէ
մեր
շարականներէն
ոմանց
ներսը`
իբր
բիւրեղեայ
բխում,
մեր
աղօթքներուն
ծոցը`
իբրեւ
շոգիացած
սիրտը
այս
ժողովուրդին:
Այս
բոլոր
ինքնատիպ,
ուրիշներէ
զերծ,
սխրագին
ապրումներէն
—
որոնք
պառկել
են
մեր
գիւղերուն
ողկոյզներուն,
մեր
քաղաքներուն
այսօր
անհետ
հոգիին,
մեր
շարժուն
հայրենիքին՝
որ
մեր
լեզուն
է,
մեր
դէմքը,
մեր
արուեստը,
իր
ամենէն
բիւրեղացած,
մաքրամաքուր
կերպարանքներուն
տակ
—
այդ
էջերը
կը
վկայեն։
Դարձեալ
ըսի
թէ
իր
ժամանակը
դժուար
է
սեւեռել
այդ
քրոնիկներէն,
յուշագիրներէն։
Կ՚ուզէի
աւելցնել
թէ
իրենց
այդ
անյարիր
նկարագրին
իսկ
պատճառով
անոնք
կը
պահեն
տեսակ
մը
հրապոյր,
թեթեւ,
առանց
խորացման,
մեծ
ճիգի,
առօրեայ
ապրումներու
անդրադարձը
ըլլալու,
իրենց
բախտը
յաճախ
ազատելու,
արժանի`
մոռացումի։