ՓՕՍՏԱ՛Լ
Ա
Հաճի
Տիւրիկը,
սպասուհիներու
միջնորդը,
տասնըհինգ
օր
աշխատելէն
վերջ
միայն
յաջողեցաւ
ձեռք
ձգել
Կեսարացի
Ղազար
էֆէնտիի
կնոջ,
Սուրբիկ
հանըմին,
Գատըգիւղի
ամենէն
հարուստ
տիկիններէն
մէկուն,
ուզած
սպասուհին:
Հաճին,
Պարտիզակցի
մը,
ինքն
ալ
սպասուհի,
ստնտու,
լուացարար,
խոհարար
կին
եղած
էր
ատենով,
պարագային
համեմատ:
Ծառայութեան
ամեն
աստիճաններէն
անցեր
էր
մէկիկ
մէկիկ,
Պոլսոյ
հայ
տուներուն,
անոնց
կարծեցեալ
պարկեշտութիւններուն
մէջէն
հանելով
իր
հիմակուան
անկախ
դիրքը:
Այդ
տուներուն
բոլորին
մէջ,
Հաճի
Տիւրիկ,
որ
ան
ատեն
դեռ
Երուսաղէմ
գացած
չըլլալուն
համար՝
հաճի
չէր,
իբրեւ
ճշմարիտ
ու
կատարեալ
աղախին,
աղաներէն
մինչեւ
սպասաւորները
ճանչցեր
էր
մօտէն,
երբոր
մեծ
ու
պզտիկ,
գրեթէ
առանց
բացառութեան,
քիչ
շատ
զինքը
սղմեր
սղմրտկեր
էին
հոս
հոն,
սենեակներուն
մէջ,
հանըմները
տունը
չեղած
միջոցին,
սանդուխին
գլուխը,
դուռներուն
ետին,
երբեմն
խոհանոցներուն
անկիւնները:
Շատ
մը
տուներու
մէջ
իր
տիրուհիներուն
նախանձը
շարժելու
չափ
ընդունելութիւն
գտած
էր
առանց
գանգատելու:
Շատ
բան
տեսած
էր
իր
անձին
վրայ
եւ
աւելի
շատ
իրեն
շուրջը,
իր
բարակի
հետաքրքիր
քիթովը
հոտուըտալով
ամեն
ապականութիւնները
եւ
սուր
ականջովը՝
դուռներուն
ետեւէն
ունկնդրելով
կամացուկ
մը
ըսուած
խօսքերուն:
Եփուն
կնիկ
մըն
էր
արդէն,
երբոր
առած
պախշիշներէն
եւ
ամսականէն
աւելցուցած
ստակովը
Երուսաղէմ
գնաց,
ով
գիտէ
ուխտի՞
թէ
մեղքերուն
թողութիւն
ուզելու
համար:
Վերադարձին՝
Հաճի
Տիւրիկ,
սպասաւորութիւնը
թողուց,
ինք
իր
գլխուն
գործի
սկսաւ,
ծանօթ
տուներու
համար
կին
ծառաներ
գտնելու
ձեռք
զարկաւ,
թէլլալ
կնիկ
եղաւ:
Իսկոյն
յաջողեցաւ
այս
գործին
մէջ.
պատրաստաբան
ու
զուարճախօս
կին
էր.
էֆէնտիներուն՝
վրան
բաց
կատակներ
կ՚ընէր.
հանըմներուն՝
օրուան
գայթակղութիւնները
կը
բերէր:
Ամենքը
գոհ
էին
իրմէ.
ամեն
բանի
յարմար
սպասուհին
ինքը
միայն
ճարել
գիտէր:
Իր
տեղաւորած
ծառաները
տարիներով
կը
կենային
գտնուած
տեղերնին:
Մենծ
տուները,
հարուստի
տուները,
իրեն
կը
դիմէին.
անոնք
որ
իր
յաճախորդներն
էին
իր
անունովը
կը
պարծենային:
—
Մեր
թէլլալը
Հաճի
Տիւրիկն
է:
—
Մերն
ալ:
Հաճին՝
Շբիկըլին
կամ
Պիւռկիւին
պէս
բան
մը
կ՚ըլլար
հայ
հանըմներուն
համար:
Ասոր
համար
էր
անշուշտ
որ
Սուրբիկ
հանըմ
իրեն
լուր
ղրկեց
երբոր
իր
տանը
մէջ,
հին
օրուան
Մարիամին
քով,
նոր
սպասուհի
մը
աւելցնելու
որոշում
տուաւ
ու
անոր
ճշդեց
այն
յատկութիւնները
որ
նոր
գալիք
աղախինէն
կը
պահանջուէին:
—
Ըռնտիկ
մէկը
ըլլալու
է
ամեն
բանէ
առաջ.
հո՛գ
չէ
թէ
որ
սկիզբը
ձեռքէն
գործ
չգայ.
հոս
շուտով
խզմէթը
կը
սորվի.
արդէն
մեծ
բան
մըն
ալ
չունի
ընելիք.
տղուս
Օննիկին
սենեակը
պիտի
շտկէ,
զգեստները
մաքրէ.
սա
ալ
ըսեմ
որ
աղջիկ
զաւակ
չեմ
ուզեր
տանս
մէջ:
Եւ
վախնալով
որ
գալիք
սպասուհին
Օննիկին
սենեակը
շտկելու,
զգեստները
մաքրելու
սահմանելովը՝
պէտք
եղածէն
աւելի
բացայայտ
կերպով
իր
դիտաւորութիւնը
հասկցուցած
կ՚ըլլայ,
իսկոյն
աւելցուց.
—
Աչքը
երեսը
բաց
մէկը
չեմ
ուզեր
հա՛,
հաճի՛.
դուն
իմ
ուզածս
հասկցար,
թէ
որ
զիս
գոհ
ընես,
ուզած
թէլլալչէքդ
եւելօքը
կուտամ:
—
Հասկցայ,
օղուլ:
Միջնորդը
քիչէն
շատ
հասկցող
կին
էր.
անմիջապէս
չորս
դին
ինկաւ,
հարցուց
փնտռեց,
բայց
գտնուածները
Սուրբիկ
հանըմին
ուզած
պայմանները
լիովին
չէին
միացներ
իրենց
վրայ:
Գեղեցիկ
աղախիններ
չէին
պակսեր
իր
ձեռքին
տակ,
բայց
ասոնց
աչքերն
ալ,
երեսն
ալ
պէտք
եղածէն
աւելի
բացուած
էին
ու
Սուրբիկ
հանըմին
ծեր
էրիկը՝
Ղազար
աղան
գլխէ
հանելու
չափ
սատանայ
էին:
Հանըմին
ուզածը
միամիտ
աղջիկ
մըն
էր
եւ
ասիկա
Պոլսոյ
մէջ
դիւրին
չեղաւ
գտնել:
Այն
ատեն
Հաճի
Տիւրիկ
յատուկ
ճամբորդութիւն
ըրաւ.
Իզմիտ,
Պաղչէճիկ,
Արսլանպէկ,
Ատաբազար:
Վերջապէս
պտըտեցաւ
բոլոր
այն
գեղ
տեղուանքը
որոնք
սպասուհիներու
արտածումը
կ՚ընեն.
եւ
ահա
մեծ
յոգնութիւններէ
վերջը,
չորեքշաբթի
օր
մը
ցորեկին,
յաղթական
մուտքով
մը,
Սուրբիկ
հանըմին
ներկայացուց
իր
գեղէն
բերած
սպասուհին,
հազիւ
տասնըութը
տարեկան
կին
մը,
զոր
նոյն
օրն
իսկ
միասին
առեր
բերեր
էր
Պաղչէճիկէն:
Սուրբիկ
հանըմ
գլխէն
մինչեւ
ոտքը
զննեց
նորեկը
որ
դրան
մօտ
բարեւ
բռնած
կեցած
էր.
իր
հագած
պասմայէ
տձեւ
շրջազգեստին
հակառակ՝
իրօք
խիստ
շնորհալի
գտաւ
զայն,
քանի
որ
շուտով
ամսականին
վրայ
յարմարեցաւ
միջնորդին
հետ.
եօթը
մէճիտ
ամիսը
եւ
տարին
երկու
ձեռք
նոր
լաթ,
բացի
իր
մէկդի
նետածներէն
զորս
իր
յօժարութեան
համեմատ
պիտի
նուիրէր,
եթէ
գոհ
մնար
անոր
խզմէթէն:
Եւ
անմիջապէս
սկսելու
համար
կոկիկ
ու
մաքուր
շրջազգեստ
մը
հագցուց
անոր,
ճերմակ
գոգնոց
մը
կապեց,
գլխէն
եազման
հանեց
եւ
մազերը
շտկել
տուաւ.
այս
համառօտ
արդուզարդով
աղախինը
իր
գեղեցկութեան
բոլոր
շքեղութեանը
մէջ
երեւաց:
Մէջքը
բարակ
չէր,
բայց
հասակին
բարձրութեանը
եւ
բարձերուն
հարստութեանը
վայլած
էր:
Ձուաձեւ,
եւ
իր
գեղացի
ըլլալուն
հակառակ
դեռ
ճերմկոտիկ
դէմքին
վրայ
սեւ
խոշոր
աչքերը
սովորաբար
թարթիչներուն
շուքին
մէջ
կը
պահուէին
ու
երբեմն
միայն
ընքուիներուն
աղեղին
տակ
կը
խրոխտային:
Բերանը՝
իր
զմայլելի
գիծերովը
ու
երկու
դիի
անկիւնէն
իբրեւ
թէ
յատկապէս
վեր
առնուած,
անդիմադրելի
պչրանք
մըն
էր
ինքնին,
եւ
մոռցնել
կուտար
պռկունքին
անարիւնութիւնը:
Ոչ
ոք
կիներուն
չափ
գեղեցկութեան
ճաշակը
ու
հասկացողութիւնը
ունի.
գեղեցկութիւնը
այն
միակ
ճշմարտութիւնն
է
զոր
կինը
չի
կրնար
ուրանալ,
նոյն
իսկ
երբ
իր
թշնամիին
վրայ
կը
գտնուի.
շատ
հեղ
լսած
եմ
արամբի
կնոջ
մը
վրայ
պատմուած
չարախօսութիւններու,
բամբասանքին,
իրաւ
կամ
սուտ
ամեն
կերպ
աղտեղութեանց
ամենէն
տաք
վայրկեանին՝
սա
յայտնութիւնը
որուն
խորին
անկեղծութիւնը
կը
զարմացնէ
զքեզ
եւ
պատմողին
արդարասէր
մէկը
ըլլալուն
համոզում
գոյացնել
կուտայ.
—
Ասոնք
բոլորը
իրաւ
են,
բայց
շուն
կնիկը
աղուոր
է:
Սուրբիկ
հանըմ
հաւնեցաւ
ուրեմն
իր
սպասուհիին,
ապըսպըրեց
որ
վրան
գլուխը
մաքուր
պահէ,
աշխատութիւնը
սահմանեց,
վարքի
բարքի
խրատներ
տուաւ:
Յետոյ,
իմանալով
որ
հօրմէ
մօրմէ
որբ
ու
նոր
ամուսնացած
էր
Տիգրանուհին,
Սուրբիկ
հանըմ
որ
Հիւանդանոցի
խնամակալուհի
էր
ու
իր
ամուսնին
պէս
սրբասէր
ու
աստուածավախ
կնոջ
համբաւը
կը
վայելէր,
իր
սովորական
մեծախօսութիւններէն
քիչ
մը
ջարդեց.
—
Ես
ծառաներս
զաւկի
պէս
կը
նայիմ.
ուրիշ
տուներու
մէջ
անոնց
հորի
ջուր
կը
խմցնեն,
դուն
աղէկը
գիտես,
հաճի՛,
ես
աղբիւրի
ջուր
կուտամ
անոնց.
խոհանոցին
մէջ
երբոր
կերակուրները
չօգտեն
ձեզի,
ինծի
անպատճառ
իմաց
տուր.
խոհարարը
ծառաները
զրկելու
կ՚ելլայ,
ատանկ
բան
չեմ
սիրեր
ես.
սա
ալ
ըսեմ
որ
կերակուրդ
ուտելուդ
պէս
խոհանոցին
մէջ
կենալու
չես.
էրիկմարդ
ծառաներուն
հետ
պէտք
չէ
որ
խօսքի
բռնուիս.
հասկցա՞ր
աղջիկս.
հիմա
գնա՛,
թող
Մարիամը
գործդ
ցուցնէ
քեզի:
Մեղր
ու
կաթ
կը
վազէր
բերնէն.
Տիգրանուհին
կատարեալ
երանութեան
մէջ
զգաց
ինքզինքը: