ՃԷՅՐԱՆ
Ա
Բարձրահասակ,
ձաղկահեր
եւ
արիւնոտ
աչքերով.
արծուի
սպառնացող
քիթ
մը,
որ
յօնքերէն
ուղիղ
ու
պարկեշտ
գիծով
մը
իջած
պահուն,
յանկարծ
կը
զղջայ
կարծես,
կանգ
կ՚առնէ,
կը
գալարուի,
կնճիթ
մը
ձեւացնելով
հոն:
Եւ
ամեն
սոսկումները
բերելու
միացնելու
համար
այս
պատկերին
վրայ`
որպէս
զի
համապատասխանէ
իր
տիրոջը
ահարկու
հռչակին,
արածադէմ
մարդ
մը,
որուն
տեղ
տեղ
չբուսնող
պեխն
ու
մօրուքը
երեսին
աղջամղջին
սեւութիւնը
կը
մատնեն:
Այսպէս
կ՚երեւակայէի
ոճրագործը
որուն
երեսը
չէի
տեսած
դեռ
եւ
զոր
պաշտպանելու
համար
կրկին
մարդասպանութեան
մը
ամբաստանութեան
դէմ,
կ՚երթայի
ահա
ներկայանալ
Իզմիտի
եղեռնական
ատեանին
առջեւ:
Հայտար
Փաշայէն
շոգեկառքը
կը
մեկնի
խոյանալով
իր
երկաթէ
զոյգ
գիծերուն
վրայ.
մինչեւ
Բէնտիք
ոչինչ
կը
հետաքրքրէ
զիս.
ծանօթ
վայրէր
ամենքն
ալ:
Յետոյ
մշակեալ
դաշտերու,
շէկ
ու
դեղին
այգեստաններու
մէջ
կը
նետուինք.
իսկ
անկէ
անդին
ծովեզերքը
ձեռք
կ՚առնենք
նորէն,
շարունակ,
ծովեզերքը
այսուհետեւ
մինչեւ
Իզմիտ:
Դեկտեմբերի
ցուրտն
ու
բուքը
կ՚ընկերանան
մեզի.
եւ
քովիկնիս,
ծովին
կանանչ
երեսը
կ՚ուռի
շարունակ,
կը
փշտէ
ամեն
կողմէն,
անհամար
պալարներով,
որոնք
մի
առ
մի
կը
պայթին,
իրենց
վէրքին
ճերմակ
թարախը
ցուցնելով:
Ձախերնիս`
տարածուող
սարահարթներուն
հետ
այգիները
կը
շարունակուին
մինչեւ
վերջը,
հողին
գոյները
կը
փոխուին
միայն,
կը
մթննան,
կը
մուգանան,
շէկը
մանիշակի
կը
դառնայ,
սգաւոր
մանիշակ
մը:
Աջերնիս`
ծոցին
դէմի
եզերքը
ի
տես
կուգայ,
տարտամ
ստուեր
մը
նախ,
յետոյ
ցամաքը
ձեւացնող
լեռները
իրենց
պատռուածքներովը,
հովիտներովն
ու
սովորաբար
լերկ
կողերովը
որոշ
եւ
յայտնի,
որոնց
ստորոտը
տեղ
տեղ
գիւղերը
կը
ճշդուին,
արածող
երամակներու
պէս:
Աոաջին
անգամն
է
որ
Իզմիտ
կ՚երթամ.
ուղեւորութիւնը,
ծովին
ու
ցամաքին
այլազան
տեսարանները
չեն
զբաղեցներ
զիս,
ո՛չ:
Ճամբայ
ելլելէն
ի
վեր
գուցէ
տասներորդ
անգամը
ըլլալով
կը
կարդամ
ոճրին
մանրամասնութիւնները
պատմող
պաշտօնագիրները:
Ոչ
իսկ
յոյսի
նշոյլ
մը,
ամենէն
անլուր
ոճիրը
եւ
ամենէն
անհերքելի
ապացոյցները.
երկու
պայթիւն
եւ
երկու
դիակ
մէջտեղը,
մահաբեր
գնդակներէն
մէկը,
որ
ճշդիւ
կը
պատշաճի
ամբաստանեալին
հրացանին.
նոյն
իսկ
իր
հայտարարութիւնները,
որոնք
անհաւատալի
միամտութեամբ
ամեն
բան
կը
խոստովանին:
Եւ
ասոնց
ամենուն
վրայ
պատժական
օրէնքի
յօդուածին
կտրուկ
—
տառական
անձուկ
իմաստովը
—
տրամադրութիւնը,
որուն
կ՚ակնարկէ
ամբաստանիչ
ատեանին
տեղեկագիրը
եւ
որ
այս
արիւնալի
եղերերգութեան
վրայ
կը
պտըտի,
կը
սաւառնի,
օդին
մէջ
կախաղան
մը
ձեւացնելով
զոր
ահա
աչքիս
առջեւ
կը
տեսնեմ:
Ի՞նչ
ընելու
կ՚երթամ
Իզմիտ:
Պաշտպանողական
սովորական
հնարքները
աչքէ
կ՚անցնեմ
մէկիկ
մէկիկ:
Ուրացո՞ւմ,
կ՚զգամ
որ
անօգուտ
է:
Յիմարութեա՞ն
վերագրել
ոճիրը,
բոլոր
հարցաքննութիւնները
կը
հերքեն
այս
ձրի
ու
անմիտ
առարկութիւնը:
Պատժական
յօդուածին
վրայ
խծբծա՞նք
մը,
բայց
մարդասպանութիւնը
այն
յանցանքներէն
չէ,
որոնց
սահմանը
վէճ
ու
առարկութիւն
կրնայ
յարուցանել.
մարդասպանութիւնը
կոշտ,
բիրտ,
յայտնի
բան
մըն
է.
դիակ
մը
եւ
ահա
ոճիրը:
Մեղմացուցիչ
պարագա՞յ,
բայց
ոճրագործը
ոստիկան
մըն
է:
Այո՛,
մոռցայ
ըսելու
որ
այս
կրկին
մարդասպանը
Սափանճայի
ոստիկանութեան
տասնապետն
է:
Կը
խորհիմ
որ
զուր
տեղը
իմ
փաստաբանի
համբաւս
վտանգի
կ՚ենթարկեմ
այս
անկարելի
պաշտպանութիւնը
ստանձնելով:
Շոգեկառքին
բոլոր
արագութեամբը
—
մէկ
ժամու
մէջ
երեսուն
մղոնի
արագութեամբ
—
ստոյգ
ու
անկասկած
պարտութեան
մը
դէմ
կը
վազեմ:
Կը
խորհիմ
ինքնիրենս
թէ
ի՞նչ
պիտի
ըսեն
Իզմիտցիները
իմ
անյաջողութեանս
վրայ.
ահաւասիկ
Պոլսեցի
փաստաբան
մը,
որ
Իզմիտի
մէջ
չի
կրնար
յանցաւոր
մը
փրկել.
իրենց
ծաղրող
ծիծաղներուն
ձայնը
կը
լսեմ
ականջիս
մէջ:
—
Բայց
ի՞նչ
կարող
էի
ընել:
Մտիկ
չեն
ըներ
ինծի.
կը
խնդան,
կը
մարին
խնդալէն:
—
Ծօ՛,
ադ
տղա՜ն,
Պոլսուն
ապուքաթը:
Եւ
իմ
տատաս,
այն
որ
զիս
մեծցուցած
էր
գիրկին
մէջ,
Հաճի
Մարիամը,
որ
այնչափ
մեծ
գաղափար
մը
ունի
իմ
ճարտարութեանս
վրայ,
ի՞նչ
պատասխանէ
ամենուն,
երբ
այս
դատը
կորսնցուցած
ետ
դառնամ.
մինչեւ
այս
վայրկեանը
ինձմով
լեցուած
այդ
պարծուկ,
անծալք
ու
անձնուէր
սի՞րտն
ալ
կոտրած
ու
պարպած
պիտի
վերադառնամ
ուրեմն.
ես
որ
իր
անձուկ
մտքին
մէջ
քաջարուեստ
փաստաբանի
մը
անհպելի
արձանն
եմ,
պիտի
ցո՞յց
տամ
իմ
կաւակերտ
շինուածքիս
բոլոր
տկարութիւնները
ու
բոլոր
փշրանքները:
Անդիմադրելի
մարմաջ
մը
կ՚զգամ
անշշուկ
ետ
դառնալու,
աղմկալից
ամօթահարութենէ
մը
խուսափելու
համար:
Շոգեկառքը
կը
կենայ:
Իզմիտ
ենք
ահա,
դռնակս
կը
բացուի.
ոստիկանութեան
պաշտօնեայ
մը,
որ
ինծի
կ՚սպասէ
քարափին
վրայ,
պայուսակս
կ՚առնէ
կը
տանի,
մինչդեռ
ես
սրտադողիս
մէջ
կը
վարանիմ
իրեն
հետեւելու,
կը
կանչեն
զիս.
կարելի
չէ՛
որ
ետ
դառնամ:
Հարիւրապետն
է
որ
դիմաւորելու
կուգայ
այս
անգամ,
հարիւրապետը,
որ
իր
տասնապետը
փրկելու
համար
ջանք
չի
խնայեր:
Վար
կ՚իջնեմ
ակամայ,
կը
հետեւիմ
իրեն,
գլխիկոր
ու
մոլորած
գաղափարներով:
Ի՞նչ
ընելու
եկայ
Իզմիտ: