ՃԷՅՐԱՆ
Ե
Դուրսն
ենք.
ես,
միւսը,
ամենքս:
Ներսը
կը
խորհրդակցին,
կը
վիճին,
թեր
ու
դէմ
կարծիքներ
կուտան:
Քրանտիւքի
գլուխը
վիզին
վրայ
կ՚երերայ,
աջ
ու
ահեակ
կը
ծռի.
պիտի
փրթի՞
արդեօք.
երեսս
կը
նայի
դատապարտուած
ոչխարի
մը
նայուածքին
քաղցրութեամբը.
այդ
նայուածքը
հարցումներ
ունի,
որոնց
չեմ
կարող
պատասխանել.
ես
ալ
տասնապետը
դողացնող
յուզումներուն
մասնակից
եմ,
հոս
այս
անկիւնը
քաշուած,
ու
սրտատրոփ
կ՚սպասեմ:
Կէս
ժամ.
ոչինչ
դեռ.
ներսը
ձայներ
կը
բարձրանան
ու
զիս
սարսափով
կը
համակեն:
Կ՚աղաչեմ.
մի՛
ընէք.
որի՞
հետ
կը
խօսիմ:
Ժամ
մը,
ու
կը
շարունակեն
խորհրդակցիլ.
ձայները
կը
մեղմանան,
չեն
լսուիր
ա՛լ,
համաձայնած
են.
ինչի՞
վրայ
արդեօք:
Ու
յանկարծ
զանգակին
ձայնը,
սուր,
ուժգին,
սարսափելի
հնչիւն
մը,
որ
շունչս
կը
կտրէ
մէկէն.
տասնապետին
տժգոյն
դէմքը
կը
կարմրի.
ամենքը
սենեակէն
ներս
կը
խուժեն
ինձմէ
առաջ,
անհամբեր,
ա՛լ
չհանդուրժելով
սպասել:
Ես
ալ
կը
մտնեմ
վերջապէս:
Չնստած
դեռ
իր
աթոռին
վրայ`
նախագահը
կը
վարանի.
ամբաստանեալին
ներկայութիւնը
կ՚ստուգէ.
գէշ
նշան:
Եւ
դատավճիռը
կը
կարդայ,
համառօտ
գիր
մը,
չորս
տող,
որ
կեանք
կամ
մահ
կը
բերէ
հետը:
Առջի
պարբերութիւններէն
դեռ
բան
չեմ
հասկնար,
գլուխս
դէպի
առաջ`
բառերը
աւելի
շուտ
լսելու
յիմարական
ջանքեր
կ՚ընեմ,
շո՛ւտ,
աւելի
շո՛ւտ,
եզրակացո՛ւր:
Անձնապաշտպանութի՜ւն:
Փրկուա՛ծ
ենք:
Բանտ
կը
դառնանք
նորէն,
ցնծութեան
աղաղակներու,
ողջագուրումներու
մէջ:
Քրանտիւք
չի
խօսիր,
ձեռքս
կը
բռնէ
կուլայ
ու
սենեակին
պատէն
վար
առնելով
Չէրքէզի
դաշոյն
մը,
ինծի
կը
նուիրէ
զայն:
Ի՞նչ
ընեմ
ես
այդ
դաշոյնը:
Քրանտիւքի
բազմավէպ
կեանքին
անբաժան
ընկերը,
հո՛ս,
տան
մը,
սրահի
մը
կահ
կարասիներուն
մէջ`
անվնաս
զարդ
մը,
խաղալիք
մը
պիտի
ըլլայ
այսուհետեւ:
Իր
դաշոյնի
կեանքը
վերջացած
է.
կիները
ձեռուընին
պիտի
առնեն
զայն
երբեմն,
չհասկնալով
անոր
լեզուէն,
չըմբռնելով`
իրենց
աղկաղկ
ու
աշխարհիկ
կիրքերուն
անզօրութեանը
մէջ`
այս
երկաթի
կտորին`
սիրոյ
հետ
ունեցած
մշտնջենական
խնամութիւնը
եւ
չտեսնելով
այդ
անզգայ
գործիքին
մէջ`
սուրբ
ու
վայրենի
տոչորումներու
նախանձոտ
պահապանը: