ՄԱԳԴԱՂԻՆԷ
Գ
Այն
օրը
այսքան
եղաւ
մեր
բոլոր
ճանչուորութիւնը.
իմ
թախանձանքներս
ասկէ
աւելի
գոհացում
չստացան:
—
Ի՞նչպէս
կրնայ
ըլլալ,
Աւագ
շաբաթով,
կ՚ըսէր
զարմացած,
դուն
քրիստոնեայ
չե՞ս:
Իրօք
Աւագ
շաբթուան
մէ՞ջն
էինք:
Պահք
կը
բռնէր
անիկա
ու
վերջին
օրն
ալ
ծոմ
պիտի
պահէր:
Իր
ջերմեռանդ
ու
մեղաւոր
աղջկան
համոզումներուն
տարօրինակ
գիրկընդխառնումը
կը
պարզէր
ինծի:
—
Ո՞ր
օր
սրբութիւն
պիտի
առնես,
հարցուց
յանկարծ:
—
Չեմ
գիտեր
աղէկ
մը,
պատասխանեցի.
դուն
ո՞ր
օր
պիտի
առնես:
Երեսս
նայեցաւ
ապշած`
կարծես
ասանկ
անհարկի
հարցում
մը
ուղղելուս
համար:
—
Հիչ
մեզի
հաղորդութիւն
կուտա՞ն:
—
Ինչո՞ւ
չտան:
Քահանայի
մը
չափ
գիտէր
անիկա
բոլոր
կարգը
կանոնը
ասանկ
բաներուն,
ու
քահանայէ
մը
աւելի
խստապահանջ
էր
ինքզինքին
համար:
—
Չեմ
կրնար
հաղորդութիւն
առնել,
քանի
որ
վերջը
դարձեալ
մեղք
պիտի
գործեմ,
—
կը
բացատրէր
ինծի:
Ինչո՞վ
պիտի
ապրիմ
ես.
քոյրս,
եղբայրս,
ծեր
եաեաս
պիտի
ապրեցնեմ.
զղջումս
սուտ
զղջում
մը
պիտի
ըլլլայ:
Այս
պզտիկ
սենեակին
մէջ`
արտասանուած
այս
լուրջ
խօսքերը
ինծի
մտածել
կուտան:
Ամեն
անոնց,
կ՚ըսեմ
ինքնիրենս,
որոնք
իրենց
ապրուստի
բերմունքովը
մեղք
մը
գործելու,
սուտ
մը
խօսելու
հարկին
մէջ
են,
եթէ
Եկեղեցին
իր
հաղորդութիւնը
զլանար,
ի՞նչ
պիտի
ըլլար
ասոր
վերջը,
ո՞ր
վաճառականը,
ո՞ր
խանութպանը,
ո՞ր
օրագրողը
ու
ո՞ր
փաստաբանը,
նոյն
իսկ
ո՞ր
եկեղեցականը
հաղորդութիւն
առնելու
իրաւունքը
պիտի
վայելէր.
չէ՞
մի
որ
հետեւեալ
օրը
իրենց
առօրեայ
կեանքին
պիտի
վերադառնան
անոնք:
Ոչ
ոք
սակայն
մտքէն
անցուցած
է
Եկեղեցւոյ
սուրբ
խորհուրդներէն
այս
մարդիկը
զրկել:
Աղջիկը
կը
գրկէր,
կը
համբուրէր
զիս
անընդհատ:
—
Քանի՞
տարու
ես
դուն,
կը
հարցնէ
ինծի:
—
Քսան
տարու:
Անձնատուր
իր
գգուանքներուն`
մտքովս
կը
շարունակեմ
առարկութիւններուս
երկար
շարքը:
Եկեղեցին`
իր
արդի
ձեւին
տակ,
իր
զանազանութիւններուն
ակներեւ
անիրաւութեամբը,
մարդկային
քան
թէ
երկնային
հաստատութիւն
մըն
է.
մարդոց
բոլոր
թիւր
վճիռները
հոն
ալ
կը
տիրապետեն
ինչպէս
այլուր:
Աղջիկը
վերջին
համբոյր
մը
կուտայ:
—
Ես
ժամ
պիտի
երթամ,
կ՚ըսէ
ինծի.
Զատկէն
վերջը
եկուր,
բարեկամ
ենք,
չէ՞:
Գալուդ
պէս
հոս
զիս
հարցուր:
Ու
պչրանքով
մը,
որ
մէջերնիս
հաստատուած
համակրութեան
օծումն
էր,
կը
պահանջէ.
—
Ուրիշի
հետ
չպիտի
տեսնուիս,
խօսք
տո՛ւր:
Խօսք
կու
տամ,
քսան
տարու
երիտասարդի
խօսքս:
Անկէ
վերջը
տարիի
մը
չափ
սիրեցինք
իրար:
Անուս,
ռամիկ,
բայց
սրտի
տէր
աղջիկ
մըն
էր.
իր
սիրողներուն
թիւը
չկար.
ամեն
ազգէ,
տարիքէ
ու
դասակարգէ
մարդիկ՝
մոլորած
կուգային
հոս.
ալեւորածները,
ինչպէս
հազիւ
պեխերը
բուսած
տղաքը,
կուգային
ամենքը
իր
սիրովը
յափշտակուած:
Բայց
մանաւանդ
ստորին
դասէ
մարդոց
մէջ
իր
անունը,
իր
գեղեցկութիւնը
նախճիրներ
կը
գործէր:
Պատճառը
այն
էր
գուցէ,
որ
այս
տարօրինակ
աղջիկը
ուղղամտութիւն
մը
ունէր
իր
վաճառիկ
սիրոյն
մէջն
ալ:
Իմ
դէմս,
երբոր
քիչ
մը
աւելի
մտերմացանք,
իր
տգիտութեանը
վրայ
կ՚ամչնար,
բայց
երբե՛ք
իր
վիճակին
համար:
Անհուն
խնամքով
ու
գորովով
մը
իր
պզտիկ
քրոջ
ու
եղբօրը
վրայ
կը
շարունակէր
հսկել
հեռուէն,
ծախելով
շարունակ
իր
մարմնին
ճոխութիւնները,
առանց
զոհողութիւն
մը
ըրած
ըլլալու
գաղափարը
մտքէն
մազի
չափ
անցընելու: