Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԷՖԱՐԻԿ
Գ


Մարիամ կը կոչէինք զինքը: Մայրս ուրիշ անուն չէր ընդուներ սպասուհիներու համար. իր բուն անունը Աշխէն էր եւ այս կրկնամկրտութիւնը, որուն կ՚ենթարկուէր ահա առաջին քայլէն, օտար տուն ծառայելու սկսածին պէս, իր բոլոր անցեալին, իր գոյութեան, իր անհատականութեան ուրացման պէս տպաւորութիւն մը կը թողուր իր վրայ: Ոչ իսկ կը յարգէին իր անունը. օտարականներ` անփոյթ, անզգայ կ՚արտաքսէին զինքը իր եսէն դուրս. խօսելու նոր ձեւեր, հագուելու նոր տարազներ կ՚առաջարկէին իրեն, ապսպրելով իրեն թողուլ ինչ որ գիւղէն բերած էր հետը, անունէն սկսելով մինչ կօշիկները:

Եւ չէր հանդուրժեր այս նուաստացման. իր այդ անունը, որուն չէին հաւներ Պոլսեցիք, Արսլանպէկի տղոց էն հաճելի անունն էր: Իր ձեւերը, զգեստը, շալվարը գիւղին մէջ ամենէն շնորհալի կինը հանդիսացուցեր էին զինքը մինչեւ այն ատեն, եւ ահա պէտք կ՚ըլլար իր վայելչութեան բոլոր յաղթանակները ոտնակոխ ընել մի առ մի, անոնց ծիծաղելի ըլլալը խոստովանիլ:

Ես՝ երբեմն Աշխէն կ՚անուանէի զինքը ու կը վազէր կուգար ձայնիս, ձգելով ձեռքի գործը, բոլոր տնեցիներէն զիս գտնելով իր հոգեկան վիճակին գիտակից, պարծենալով որ իր անունը Պոլսեցի պատանիի մը համար սիրուն ու հաճելի կրնար թուիլ:

Ա՛լ կ՚սկսէինք խօսիլ իրարու հետ. ես Արսլանպէկ մեռած էրկանը, գիւղը ձգած զաւկին վրայ տեղեկութիւն կ՚ուզէի:

Մեղմիւ կը պատասխանէր, սիրտը բանալով. վիրաւոր, խոցուած սիրտ մը, որ սփոփուիլ չէր ուզեր, թերեւս անոր համար, որ այդ խոցոտանքը տանելի բան մը, սովորութիւն մը, պէտք մը դարձած էր, զոր ի բաց թողուլը դժուարին պիտի ըլլար, ճիշդ ինչպէս սիկառի վարժուող մէկը ծխելէ ետ կենալ ուզեր օր մը: