Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՐԻՆ
Ե


Հայ տիկինը հարուստ վաճառականի մը ամուսինն էր. շարունակ յօդացաւէ տանջուող էրիկէն զզուած` մոռցեր էր, որ այս ծեր բայց հարուստ մարդը աղքատութենէն դուրս հանած ու իրեն կին ըրած էր զինքը:

Այս հարստութիւնը` զոր ատեն մը աղքատութեան խոշորացոյցովը տեսած էր` չէր փոխարիներ հիմա հիւանդոտ ու ալեւոր մարդու մը կինը ըլլալու դժբաղդութիւնը եւ այս առուտուրէն` որ իր ամուսնութիւնն էր` պարագաներուն ներածին չափ` զղջումը յայտնած էր:

Անկախ, ինքնիշխան, իր անսահման ազատութիւնը ի՛նչ բանի գործածելու շուարած` այս կինը ամեն օր Բերայի խանութներուն մէջ թափառիկ, մեծածախ արդուզարդի մտմտուքով զբաղած, ոչ ոք գտած էր մինչեւ այն ատեն իր արտակարգ բնաւորութեանը յարմար: Շուրջը դարձող երիտասարդները միշտ մեծարանքով ու փայփայանքով վայելեր էին զինքը եւ սակայն այս թոյլ ու վատ եղանակը չէր իր տարփատենչ երազը:

Յանկարծ օր մը իր յաճախած խանութներէն մէկուն մէջ երիտասարդ մը տեսաւ առոյգ, գեղեցիկ ու կոպիտ, որ ճիշդ իր փնտռած առնական տիպարն էր, եւ այն վայրկեանէն ան եղաւ իր միակ կիրքը: Ալ չպակսեցաւ այդ վաճառատունէն մանր մունր բաներ գնելու պատրուակով: Անթիւ, անհամար ծրարներ կը ղրկէր տուն զորս Մարտիրոս յօժարափոյթ կը տանէր, ու երբ պատահէր, որ իր մեծաճոխ շրջազգեստը երիտասարդին դպէր, կամ դրամ տալու առթիւ իր քնքոյշ ու փափուկ ձեռքը անոր լայն, ամուր ու ջղուտ ձեռքին հանդիպէր, սարսուռ մը կ՚անցնէր իր մորթին վրայէն:

Երբեմն տունը կը գտնուէր ու մոռցուած յանձնարարութիւն մը լսելու համար Մարտիրոս մինչեւ հանըմին երանաւէտ սենեակը կ՚ելլէր:

Այսպէս շարունակեց տիկինը ատեն մը, բայց յետոյ համբերութիւնը հատաւ. վերջապէս այդ գեղեցիկ համալը սեպելու մարդ չէր: Բայց միշտ հնարամիտ ճարտարութեամբ իր տեսակցութիւնները կարգադրեց այս դրսեցի տղուն հետ որուն անփորձ պարզմտութիւնը իր տարփանքին սաստկութեանը չափ մեծ էր: Կ՚զգար, որ յիմարութիւններ ընելու կարող էր անոր համար. ու թաղուած գանձ մը գտնող ագահի մը պէս իրեն միայն վերապահել ու յատկացնել կ՚ուզէր զայն, մինչդեռ Մարտիրոս` որ իր լեռնցի մարդու բնութիւնը ձգելու ատեն ունեցած չէր, այս քաղաքի մարդոց ու կիներուն վրայ հաւասարապէս կը զարմանար:

Եւ այս զբօսանքներուն մէջ մոլորուած, հայրենի տնակին մէջ թողած օրինաւոր ամուսինը չէր յիշեր այլեւս. այն արցունքով գրուած տողերը զորս հէք կինը իր ձեռքը կը հասցնէր, անոր քարացած ու ապականած սիրտը շարժելու անկարող էին. ստակ կը ղրկէր որչափ որ ուզէին, բայց դառնալու խօսք մտիկ չէր ըներ:

Ու հէմշէրիները, անդին, իրմէ քայլ մը հեռու, խնայողութեամբ ու զրկանքով ստակ հաւաքած, մաս առ մաս կը վերադառնային հայրենիք, սիլանուն խաւուշմիշ ըլլալու: