Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓՕՍՏԱ՛Լ
Գ


Սուրբիկ հանըմին աղուոր պէսլէմէն ամենուն բերանն էր գեղին մէջ: Աղաներն ալ, հանըմներն ալ Սուրբիկ հանըմը կը շնորհաւորէին:

Պզտիկ ու անգիտակից պչրանքով կը հագուէր անիկա, իր հանըմին պատուէրին համեմատ, ճերմակ մաքուր գոգնոց կապած առջին: Իրիկունները, աշխատութիւնները լմննալէն ետքը, ամենէն վերի յարկը իր փոքրիկ սենեակը կ՚երթար, պատուհանին առջեւ կը նստէր, շոգենաւէն ելլողները դիտելու համար, մինչեւ որ վարէն կանչէին զինքը:

Տանը մէջ կ՚սկսէր վարժուիլ. իր առած ամսականը ամբողջութեամբը գեղ կը ղրկէր, էրկանը ձեռքը, ու գոհ էր այս կեանքէն: Միայն երբեմն խուլ անհանգստութիւնը ունէր վտանգի մը զոր չէր տեսներ, ճիշդ ինչպէս սենեակի մը մէջ ինքնիրենը նստած մէկը, նոյն իսկ աչքը գոց պահուն, կ՚զգայ ուրիշի մը ներկայութիւնը, աչքը դեռ չբացած:

Այս վտանգը աւելի օդին մէջն էր քան թէ շօշափելի բան մը: Չէր գիտեր հաստատ կերպով թէ ի՞նչ էր իրեն սպառնացող բանը, բայց զգոյշ կենալու պէտքը կ՚զգար:

Այս Պոլսոյ մարդիկը, իրենց բոլոր քաղաքավար վարմունքին հակառակ, կնկան նայելու ձեւեր մը ունէին, որ համբուրելու պէս կը դպչէր իր երեսին եւ իր նոր հարսի, գրեթէ կոյսի ամչկոտութիւնը կը վիրաւորէր ամեն վայրկեան: Միմիայն իր կնոջական բնազդովը կ՚զգար լուռ իղձերու հովը որ իր շուրջը կ՚ելլէր, կը բարձրանար, երբոր էրիկմարդոց առջեւ գտնուէր, անուշ բերած կամ ջուր տուած միջոցին: Եւ, դէպի դուռ դարձած՝ սենեակէն դուրս ելլելուն, ամեն աչքերը իր վրայ էին, իր յաղթ ու գեղեցկաշէն մարմնին վրայ որուն լեցուն գիծերը, իր քալուածքին համեմատ հազիւ թէ նշմարելի շարժումով մը կը խաղային: Մինչեւ անգամ իր հագուստը ու կապուստը, շինականի եւ սպասուհիի պարզութեամբ, եւ թերեւս ատոր համար, հրապուրիչ բան մը ունէր:

Այս ձգողութեան՝ Ղազար աղային տղան չդիմացաւ երկար ատեն:

Մարմնեղ ու տարփասէր երիտասարդ մըն էր, հօրը պէս իր բոլոր իղձերը թաքուն պահելու սորված ու, ատոր համար, ա՛լ աւելի ինքզինքը զսպելու անկարող, երբոր դիպուածով մինակ մնար սպասուհիին հետ:

Իր ծանր գլուխ տղու համբաւին հակառակ, շուտով սկսաւ կատակներ ընել Տիգրանուհիին հետ, փորձի ենթարկելով զայն, ջանալով հասկնալ դիմացինին ընդդիմութեան ոյժը: Երբեմն, իբրեւ թէ անզգուշութեամբ, անոր մարմնին կը դպէր, ձեռքը բռնել կ՚ուզէր: Այն ատեն Տիգրանուհին հասկցաւ անոր միտքը ու ետ քաշուեցաւ առանց խուճապի, այն վախկոտներուն պէս որոնք ծանր ծանր քալելով կը նահանջեն, շինծու քաջութեամբ եւ անփութութեամբ մը ծածկելով իրենց ներսիդիի դողը, դիմացինին յարձակումը չփութացնելու նպատակով:

Անկէ վերջը երիտասարդը բացէ ի բաց իր պահանջումները պարզեց անոր, այնքան աւելի բռնանալով, որքան վեց ամիսէ ի վեր տեւող մերժումները զինքը ամեն ծայրայեղութեանց տանելու աստիճանին հասցուցեր էին: Առտու, իրիկուն, գիշեր, աչք կապուկի կամ պահուըտուքի պէս բան մըն էր տանը մէջ, սենեակէ սենեակ, անկիւնէ անկիւն հալածանք մը, որուն մէջ աղախինը, պարտաւորուած անոր մօտ գալու ամեն անգամ որ խըզմէթ մը ապսպրէր իրեն, ինչ ընելիքը չէր գիտեր:

Վերջապէս, յուսահատած, օրին մէկը հանըմին գնաց ամեն բան խոստովանելու: Սուրբ ու առաքինի կին էր իր հանըմը, որուն գովեստը կ՚ընէր քարոզիչ Սրբազանը շատ անգամ Եկեղեցւոյ բեմէն: Ու իրեն պաշտպան մը գտնելու առաջադրութեամբ, ցորեկ մը իր հանըմին հետ մինակ մնացած մէկ ատենին, վարանելով կարմրելով ամեն բան հասկցուց անոր:

Սուրբիկ հանըմ զարմացաւ, չհաւտաց նախ ասանկ բանի մը գոյութեանը, թերեւս Տիգրանուհին սխալած էր: Յետոյ ըսաւ որ իրիկունը իր տղուն հետ պիտի խօսէր, բայց աւելցուց ժպտելով որ այս բոլոր պատահածին յանցանքը Տիգրանուհիին գեղեցկութեանն էր:

Աղէկ սիրտ ունի տղաս, բայց էրիկմարդ է, դուն ալ այնքան աղուոր ես որ չեմ զարմանար զքեզ սիրելուն: Մարդ քեզի չի կրնար դիմանալ:

Հաճի Տիւրիկ որուն Տիգրանուհին յայտնած էր իր վիճակը, խնդաց իր վրան:

Օղու՛լ, ըսաւ անոր, էֆէնտիիդ տղան կը սիրէ կոր քեզի, ա՛լ ի՞նչ կ՚ուզես:

Տիգրանուհին քիչ մը ատեն ալ շարունակեց պաշտպանել ինքզինքը անոր ձեռնարկութիւններուն դէմ, բայց կամաց կամաց վարժուեցաւ սիրոյ խօսքեր լսելու անկէ: Հանըմը այդ միջոցին շատ շատ պարգեւ կուտար իրեն. ամսականին մօտ գումար մըն ալ ասանկով կ՚առնէր: Տիգրանուհին կը խոստովանէր ինքնիրենը որ ասիկա մի միայն իր աշխատութեանը համար չէր: Յետոյ, բոլոր այս հետապնդումներուն, հալածանքներուն մէջ իր արիւնն ալ կ՚եռար, դող կ՚ելլէր ու կ՚սկսէր ինքն ալ փոխադարձ հաճոյք մը զգալ այդ ամենէն: Փախչիլ կը ձեւացնէր, բայց կը ձեւացնէր միայն ու կը ժպտէր:

Գիշեր մը Տիգրանուհին իր սենեակին մէջ գտաւ իր երիտասարդ էֆէնտին, պոռալ ուզեց, բայց վախցաւ ձայն հանելու, աղաչեց.

Ոտքդ պագնեմ էֆէնտիս, մեղք եմ:

Բայց էֆէնտին կորովի էր եւ իր ոյժին տակ զսպեց զինքը:

Հանըմս, հանըմս ի՞նչ պիտի ըսէ, կ՚ըսէր անիկա դողդըղալով:

Խե՜նթ, պատասխանեց երիտասարդը անոր, մայրս ինծի ըսաւ որ սենեակդ ես ու եկայ քեզ գտայ. մօրմէս բնաւ մի՛ վախնար:

Ետ ետ երթալով կինը պատին կռթնած էր ալ զինքը գրկող պողպատէ բազուկներուն մէջ անշարժ մնացած. հոս՝ դիմադրութեան ոյժը կը պակսէր. գլուխը պատին դարձուցած ըլլալով, իր պարանոցին վրայ կ՚զգար համբոյրներու կիզումը, ու Տիգրանուհին, անձնատուր ըլլալու մօտ ու անձնատուր ըլլալէ առաջ, իր արդարացումը կը փնտռէր հիմա, մտածելով որ ձեռքէն եկածը ըրեր էր ինքզինքը պաշտպանելու համար. ու յանցանքը իրը չէր՝ եթէ չէր յաջողեր: Անձնասպաններ կան որոնք վերջին պահուն զղջալով հանդերձ, չեն կրնար իրենց որոշումէն ետ կենալ եւ տող մը գիրով իրենց մահը կը բացատրեն, կ՚արդարացնեն. Տիգրանուհիին ըրածն ալ ատ էր: