Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՐԻՆ
Զ


Ձմեռնամուտին, շրջակայ գիւղերէն շատեր Պոլսէն դարձան եկան. ամուսիններ, նշանածներ ու աղջիկներ խնդացին. գիւղային ու ընտանեկան կեանքը իր բոլոր սուրբ ու մաքուր եռանդովը վերակենդանացաւ:

Խաչօն այդ վերադարձողներէն էր. արտ մը ու զոյգ մը եզ գնելու չափ ստակ ժողվեր ու եկեր էր. նշանած էր արդէն ու հարսնիքը չուշացուցին. Մարտիրոսի մէկ հօրեղբայրը կնքահայր եղաւ. ամենքը կը սիրէին Խաչօն. ուրախութեան, տօնի օր մը եղաւ հարսնիքին օրը:

Զարդար հոն էր. իրեն ալ ճիշդ վեց տարի առաջ այսպէս ուրախութեամբ տօներ էին հարսնիքը. դրացի ու գիւղացի եկեր էին, այո՛, ճիշդ այսօրուան պէս հազար մաղթանքներ ընելու: Բայց քանի մը օր վերջը էրիկը ձգեր գացեր էր զինքը ու ա՛լ չէր երեւցեր, եւ իր առանձնութիւնն ու լքումը ամօթ մը կը թուէր իրեն` այս ցնծայոյզ բազմութեան մէջ:

Ետ դարձան. հետեւեալ օրը իրենց ամայի տնակը բոլորովին մութ ու խաւար երեւցաւ իր աչքին:

Գուցէ տասներորդ անգամը ըլլալով սրտաբուխ ուխտով եկեղեցի վազեց ու Տիրամօր պատկերին առջեւ արտասուելով իր խնդիրքը ըրաւ. եւ Տիրամայրը, արծաթէ թագը գլխուն, ունկնդրեց իր սեւցած ոսկեզօծ շրջանակէն, ինչպէս շատերուն աղաչանքներուն էր ունկնդրած:

Ապա ձմեռը հասաւ իր բոլոր սաստկութեամբը, իբրեւ թէ այս հայրենիք դարձողներուն յիշեցնելու համար, որ յարմար ժամանակին հասած էին հայրենի վառարանը:

Ու Պոլսէն լուրեր, տեղեկութիւններ կու գային գիւղէ գիւղ անոնց վրայ, որոնք այս աշնան չէին կրցած միասին դառնալ: Կարապետ յաջորդ տարին, իսկ Կիրակոս միւսին պիտի դառնար: Միայն Մարտիրոսի վերադարձին խօսքը չկար: Յետոյ ձիւն ու սառոյց ամեն կողմ, ամեն ոք իր տան մէջ փակուած, եւ այսպէս տարի մը եւս լրացաւ: