ՃԻՏԻՆ 
    
     ՊԱՐՏՔԸ
    
     Բ
  
 
    
     Երեք 
    
     ամիս 
    
     շարունակ, 
    
     ամեն 
    
     հեղ 
    
     որ 
    
     սանդուխին 
    
     վրայ 
    
     կամ 
    
     մեր 
    
     դէմ 
    
     դէմի 
    
     սենեակները 
    
     զատող 
    
     սրահին 
    
     մէջ 
    
     հանդիպեցանք 
    
     իրարու, 
    
     բարեւ 
    
     մը 
    
     միայն 
    
     փոխանակեցինք:
  
 
    
     Յետոյ, 
    
     օր 
    
     մը 
    
     — 
    
     սաստիկ 
    
     հազէ 
    
     մը 
    
     կը 
    
     տանջուէի 
    
     — 
    
     խնդրեցի 
    
     որ 
    
     սենեակս 
    
     գայ. 
    
     եկաւ, 
    
     դժկամակելով 
    
     քիչ 
    
     մը. 
    
     բազկերակս 
    
     չքննեց 
    
     ու 
    
     լեզուս 
    
     չնայեցաւ, 
    
     այլ 
    
     գրքատունս 
    
     աչքէ 
    
     անցուց. 
    
     դեղեր 
    
     չտուաւ:
  
 
    
     — 
    
     Խաբեբայ 
    
     ու 
    
     սնոտի 
    
     բաներ 
    
     են 
    
     այդ 
    
     ամենը, 
    
     ըսաւ 
    
     ինծի. 
    
     հիւանդութիւնը 
    
     իր 
    
     շրջանը 
    
     պիտի 
    
     ընէ:
  
 
    
     Տարօրինա՜կ 
    
     բժիշկ:
  
 
    
     Յաջորդ 
    
     օրը 
    
     նորէն 
    
     եկաւ. 
    
     Վիքթօռ 
    
     Հիւկօի 
    
     հատոր 
    
     մը 
    
     ունէր 
    
     ձեռքը. 
    
     սնարիս 
    
     քով 
    
     նստաւ 
    
     ու 
    
     առանց 
    
     վիճակս 
    
     հարցնելու 
    
     «Ճին»երը 
    
     կարդաց: 
    
     Միւս 
    
     օրը 
    
     Լամառթինի 
    
     «Ժիռօնտէններու 
    
     Պատմութիւն»ովը 
    
     եկաւ 
    
     քովս:
  
 
    
     Ռնտցայ 
    
     ու 
    
     այնուհետեւ 
    
     բարեկամ 
    
     եղանք 
    
     իրարու:
  
 
    
     Առանձին, 
    
     բոլորովին 
    
     առանձին 
    
     էր 
    
     աշխարհիս 
    
     վրայ. 
    
     ազգական 
    
     ու 
    
     բարեկամ 
    
     չունէր 
    
     եւ 
    
     ունենալու 
    
     պէտքը 
    
     չէր 
    
     զգացեր 
    
     երբեք:
  
 
    
     Կիւլհանէի 
    
     շրջանը 
    
     աւարտելէն 
    
     ետքը, 
    
     քսան 
    
     տարի 
    
     ամբողջ 
    
     դուրսերը 
    
     շրջած 
    
     էր, 
    
     լեռնահոլով 
    
     ու 
    
     սառուցիկ 
    
     բարձունքներէ 
    
     մինչեւ 
    
     արեւակէզ 
    
     անապատներու 
    
     միայնութիւնը:
  
 
    
     Ու 
    
     կը 
    
     հնազանդէր 
    
     անտրտունջ, 
    
     ընկեցիկ 
    
     մանուկի 
    
     մը 
    
     պէս, 
    
     երթալով 
    
     միշտ 
    
     հոն 
    
     ուր 
    
     կը 
    
     ղրկէին 
    
     զինքը, 
    
     վայրապար 
    
     չտանջելով 
    
     իր 
    
     սիրտն 
    
     ու 
    
     միտքը 
    
     անիրականալի 
    
     փառասիրութիւններով, 
    
     հանգիստ 
    
     ու 
    
     հանդարտ 
    
     կեանքի 
    
     պահանջումներով:
  
 
    
     Ինքն 
    
     էր 
    
     որ 
    
     կը 
    
     կոչուէր 
    
     միշտ 
    
     Միջագետքին 
    
     մէջ 
    
     երեւցող 
    
     ժանտախտին, 
    
     Սուրիոյ 
    
     մէջ 
    
     երեւան 
    
     ելլող 
    
     քօլէռային 
    
     դէմ 
    
     առողջապահական 
    
     միջոցները 
    
     անմիջապէս 
    
     ձեռք 
    
     առնելու: 
    
     Այս 
    
     մահտարաժամներուն 
    
     մէջ 
    
     թրծուած, 
    
     եփուած 
    
     մէկն 
    
     էր, 
    
     սկեպտիկ 
    
     մարդ 
    
     զոր 
    
     բնութիւնը 
    
     իր 
    
     մեծագոյն 
    
     աղէտներուն 
    
     վարժեցուցած 
    
     էր, 
    
     անտարբեր 
    
     դարձնելու 
    
     աստիճան:
  
 
    
     Այսպէս 
    
     թափառայած 
    
     ու 
    
     վտարանդի 
    
     կեանքի 
    
     վարժութեամբ, 
    
     հաստատուն 
    
     կայանի 
    
     մը, 
    
     ծանօթ 
    
     ու 
    
     սիրելի 
    
     շրջանակի 
    
     մը 
    
     կարօտը 
    
     զգացած 
    
     չէր 
    
     երբեք. 
    
     իր 
    
     սրտին 
    
     խանդաղատանքը` 
    
     բոյն 
    
     չէր 
    
     դրած 
    
     տեղ 
    
     մը, 
    
     այլ 
    
     ցրուած 
    
     թօթափած 
    
     էր 
    
     ամեն 
    
     կողմ, 
    
     ամեն 
    
     տեղ, 
    
     բզիկ 
    
     բզիկ 
    
     եղած` 
    
     իր 
    
     անդուլ 
    
     ուղեւորութեանը 
    
     մէջ:
  
 
    
     Քաջ 
    
     վիրաբոյժ 
    
     էր. 
    
     այսպէս 
    
     կ՚ըսէին 
    
     գոնէ 
    
     անոնք 
    
     որ 
    
     ինձմէ 
    
     լաւ 
    
     կը 
    
     ճանչնային 
    
     զինքը. 
    
     բայց 
    
     երբեք 
    
     ամենափոքրիկ 
    
     վիրաբուժական 
    
     գործողութեան 
    
     մը 
    
     մասնակցիլը 
    
     չէի 
    
     լսած, 
    
     թէեւ 
    
     բժշկութիւն 
    
     ի 
    
     գործ 
    
     կը 
    
     դնէր 
    
     մեր 
    
     թաղին 
    
     մէջ, 
    
     ծոյլ 
    
     ու 
    
     անտարբեր 
    
     պաղարիւնութեամբ: