ՄԱԳԴԱՂԻՆԷ
    
     Դ
  
 
    
     Բազմութիւն 
    
     մը 
    
     աղտոտ 
    
     ու 
    
     ստորին 
    
     մարդոց 
    
     կը 
    
     խռնուէր 
    
     դրանը 
    
     առջեւ. 
    
     գողեր, 
    
     մարդասպաններ 
    
     կային 
    
     անոնց 
    
     մէջ. 
    
     ամենքը 
    
     կը 
    
     հրմշտկէին 
    
     իրար, 
    
     առաջ 
    
     անցնելու 
    
     ջանքով 
    
     մը, 
    
     կը 
    
     լեցուէին 
    
     իրարու 
    
     վրայ` 
    
     հետաքրքիր: 
    
     Յետոյ 
    
     ոստիկաններ 
    
     եկան 
    
     թուղթ 
    
     ու 
    
     կաղամար 
    
     ձեռքերնին, 
    
     կատարուած 
    
     ոճիրը 
    
     արձանագրելու 
    
     համար:
  
 
    
     Քովիններուս 
    
     հարցուցի 
    
     այս 
    
     հաւաքումին 
    
     պատճառը:
  
 
    
     — 
    
     Աղջիկ 
    
     մը 
    
     զարկին 
    
     սա 
    
     տանը 
    
     մէջ, 
    
     ըսին 
    
     ինծի:
  
 
    
     Նախազգացումս 
    
     որ 
    
     բնաւ 
    
     չի 
    
     խաբեր, 
    
     զիս 
    
     դող 
    
     հանեց. 
    
     միջոց 
    
     մը 
    
     գտայ 
    
     ճեղքելու 
    
     այս 
    
     մարդերէ 
    
     ձեւացած 
    
     պատնէշը: 
    
     Վեր 
    
     վազեցի 
    
     իսկոյն, 
    
     մեր 
    
     չորրորդ 
    
     յարկի 
    
     պզտիկ 
    
     խուցը. 
    
     տնեցիները 
    
     հոն 
    
     հաւաքուեր 
    
     էին. 
    
     բժիշկ 
    
     մը 
    
     վերջին 
    
     պահուն 
    
     եկած, 
    
     անկողնին 
    
     վրայ 
    
     ծռած 
    
     էր:
  
 
    
     Հոդ, 
    
     այդ 
    
     անկողնին 
    
     վրայ 
    
     տարածուած 
    
     տեսայ 
    
     զինքը 
    
     վերջին 
    
     անգամ: 
    
     Իր 
    
     սովորութեան 
    
     հակառակ 
    
     ամբողջ 
    
     ճերմակներ 
    
     հագած 
    
     էր, 
    
     ձիւնաթոյր 
    
     ու 
    
     շլացուցիչ. 
    
     ու 
    
     միայն 
    
     լանջքին 
    
     վրայ 
    
     ձախ 
    
     կողմը 
    
     շապիկը 
    
     կարմրած 
    
     էր 
    
     պզտիկ 
    
     բոլորակով 
    
     մը, 
    
     այդ 
    
     անբծութեան 
    
     վրայ 
    
     բացուած 
    
     վարդի 
    
     մը 
    
     պէս:
  
 
    
     Զիս 
    
     տեսնելուն 
    
     ժպիտ 
    
     մը 
    
     դժուարաւ 
    
     գծագրուեցաւ 
    
     իր 
    
     դէմքին 
    
     վրայ: 
    
     Բժիշկը 
    
     անյոյս 
    
     վճռեց 
    
     անոր 
    
     վիճակը: 
    
     Ինքը 
    
     հաղորդութիւն 
    
     առնելու 
    
     փափագ 
    
     յայտնեց 
    
     ու 
    
     մէկ 
    
     երկու 
    
     հոգի 
    
     իսկոյն 
    
     եկեղեցի 
    
     վազեցին, 
    
     բայց 
    
     տէրտէրը 
    
     մերժեց 
    
     գալ:
  
 
    
     Յետոյ 
    
     մահը 
    
     վրայ 
    
     հասաւ. 
    
     դանդաղ, 
    
     հանդիսաւոր 
    
     ու 
    
     մռայլ 
    
     բանը, 
    
     վերարկուն` 
    
     ուր 
    
     Նախախնամութիւնը 
    
     հոգածու 
    
     ձեռքով 
    
     փաթթեց 
    
     բոլորեց 
    
     այս 
    
     աղջիկը, 
    
     որուն` 
    
     մարդոց 
    
     ճղճիմ 
    
     հաշիւները 
    
     ու 
    
     սխալ 
    
     դատաստանը 
    
     ամեն 
    
     սփոփանք 
    
     զլացեր 
    
     էին 
    
     Աստուծոյ 
    
     անունով:
  
 
   
    Իր 
   
    պզտիկ 
   
    քրոջմէն 
   
    ու 
   
    եղբօրմէն 
   
    զատ 
   
    ոչ 
   
    ոք 
   
    անոր 
   
    անունը 
   
    տուաւ 
   
    մէյ 
   
    մըն 
   
    ալ: