Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓՕՍՏԱ՛Լ
Դ


Երկու տարի տեւեց այս կեանքը. ուզուած աղախինն էր անիկա որ էֆէնտիին տղան Բերա, գէշ տեղուանք երթալէն վազ բերած էր: Սուրբիկ հանըմ հարսի մը պէս հիմա կը հագուեցնէր զայն, ու եկողին գացողին անոր գովեստը ընելէ չէր դադրեր:

Օրին մէկը, սակայն, Տիգրանուհին հիւանդացաւ. գլուխը կը դառնար, սիրտը կը խառնուէր. այս անհանգստութիւնը շարունակեց քանի մը օր, բայց սպասուհին վախէն բան մը չըսաւ, բերանը չբացաւ մէկու մը. քիչ մը ատեն անցաւ ու ծոցուորութեան նշանները երթալով շեշտուեցան: Տիգրանուհին շուարած էր, ինչ ըսելիքը ինչ ընելիքը չէր գիտեր: Միւս ծառաները կ՚սկսէին քիթերնուն տակէն խնդալ, կատակներ ընել, չարչարել զինքը: Այդ միջոցին երիտասարդ էֆէնտին իր մօտը չէր գար, ու տանը մէջ երեսը չէր նայեր: Յանկարծ օր մըն ալ Սուրբիկ հանըմ զինքը ուշադրութեամբ դիտեց, նայուածքով մը որ կրակէ պատմուճանի մը պէս սպասուհիին գլխէն մինչեւ ոտքը շրջապատեց:

Մօ՛տ եկու, Տիգրանուհի, ըսաւ անոր բիրտ ձայնով մը:

Եւ տեսնելով անոր վարանիլը.

Սա՛նկ, աւելի՛ մօտ:

Մօտէն՝ յղութիւնը ակներեւ էր. շատ մը կիներու պէս Տիգրանուհին տգեղցեր էր. երեսին մորթը թուլցեր, կախուեր էր, փորը անշնորհ կերպով դուրս կը ցցուէր ու ամեն սիրտը զարնելուն՝ չափազանց մեծցած կուրծքին յարոյցքը աչքի կը զարնէր իսկոյն:

Այն ատեն բարկութենէն Սուրբիկ հանըմին խելքը գլխէն գնաց:

Փօստա՜լ, պոռաց անոր երեսն ի վեր, փօստա՛լ, տունս անպատուեցիր, թէ՛զ ճէհէննէմ եղի՛ր:

Մարիամ վեր վազեց հանըմին ձայնը լսելով:

Հաճի Տիւրիկը կանչեցէք շուտ, սա շունը առնէ տանի՛, կը պոռար հանըմը:

Երկու ժամ ետքը թէլլալը գտան բերին ու բերանը փրփրելով Սուրբիկ հանըմ իր զայրոյթը դուրս թափեց:

Կեղծաւորութիւնը անանկ բան մըն էր որ երբեմն ու վերջ ի վերջոյ անկեղծութեան հետ կը շփոթուի եւ անկէ չի տարբերիր, ինչպէս որ սուտ խօսողներ կան որոնք իրենց սուտին կը հաւտան:

Ասանկ ալ Սուրբիկ հանըմին բարկութիւնը շինծու բան մը չէր, անկեղծ էր. երբեք կարող չէր հիմա մտքէն անցընել որ իր գիտութեամբը, իր կամքովը, իր կարգադրութիւնովը ամեն բան եղած կատարուած էր: Իր բերնին մէջ ամեն վայրկեան յեղյեղուող պատիւ, պարկեշտութիւն բառերուն վարժութեամբը՝ ցաւագարի մը պէս կը պոռար, աղախինը, Հաճի Տիւրիկը ու բոլոր աշխարհը յանցաւոր գտնելու կ՚ելլէր:

Հիմա՛, հիմա՛, փօստալը թող կորսուի երթայ, վայրկեան մը չեմ ուզեր տունիս մէջ:

Այս եղաւ իր վերջին խօսքը:

Թէլլալը Տիգրանուհիին սենեակը ելաւ, մահուան դողերու մէջ գտաւ զայն. սաստիկ ջերմ եկած էր վրան, երեսները կարմրեր էին, մինչդեռ ակռաները իրարու կը զարնուէին:

Միջնորդ կինը գթաց անոր. բան մը հարցնելու պէտք չունէր. անցած դարձածը գիտէր. միայն հարցում մը.

Քանի՞ ամսու ես, ա՛ղջի:

Չեմ գիտեր, մրմնջեց միւսը:

Վար իջաւ հանըմին քով, բայց անիկա նորէն սկսեր էր ձայնը բարձրացնել ու ջանքեր կ՚ընէր իր զայրոյթը աւելցնելու համար. շարունակ կը յիշէր ասանկ աղքատ կին մը իբր սպասուհի իր տունը ընդունելով գործած բարիքը եւ ասոր փոխարէն, գտած ապերախտութիւնը. աս ազգը ասանկ էր միշտ. աղքատները ասանկ խայտառակ արարածներ էին բոլորն ալ. ու նստած տեղէն բէշը վեր կը քաշէր իբրեւ թէ այս տիղմին չքսուելու համար: Եւ յանկերգի մը նման, միեւնոյն նախատական բառը կուգար շուրթերուն վրայ, թուքի մը պէս.

Փօստա՜լը, փօստա՜լը, ով գիտէ ո՛ր ծառաս գլխէ հաներ է:

Այն ատեն Հաճին նեղացաւ ա՛լ. ձեռքերը մէջքին դրաւ ամբարտաւան ձեւով մը.

Ինծի նայէ՛, հանըմ, շտտակն ըսե՞մ, անիկա խեղճ կնիկ ծառայ մըն է, դուն քու տղուդ խօսք հասկցնելու էիր. հիմա ալ ելե՛ր ծառայի հետ տեսնուեր է կ՚ըսես. ասիկա մեղք է:

Ի՜նչ, հիմա ալ տղո՞ւս վրայ մուր պիտի քսէք. իմ տղաս ծառայի վրայ չի թուքներ. բոլոր գեղին աղջիկները, կնիկները իրն են:

Քու բոլոր գեղիդ մէջ ալ Տիգրանուհիին պէս աղուոր մը չկայ, հանըմ. դուն եկո՛ւր իմ խօսքս մտիկ ըրէ, իմ գլխէս շատ տաք ու պաղ անցած է. բան մըն է որ եղեր է. ասիկա առնել անցնելու չէ:

Բայց միւսը կը յամառէր. չէր ընդուներ որ իր զաւակը տեսնուած ըլլայ Տիգրանուհիին հետ:

Ու վէճը երկարեցաւ. երկուստեք բիրտ բառերով, նախատինքներով լեցուած վէճ, որուն մէջ ստորին ու աղտոտ դերը՝ թէլլալ կնկանը դերը չէր:

Սուրբիկ հանըմ ուրիշ բանի չէր բաղձար բայց միայն գայթակղութիւնը աւելի չտարածուած մէյ մը դուրս նետել Տիգրանուհին:

Հաճին խորամանկ էր, զգաց ասիկա եւ ջանաց օգուտ քաղել անկէ, սպասուհիին համար քանի մը ղրուշ ձեռք ձգելով.

Ամեն բան ստակով կ՚ըլլայ:

Անոր տալուս Հիւանդանոցին կուտամ, կ՚ըսէր Սուրբիկ հանըմ, կրկնելով այն խօսքը զոր իրենց պարտքը վճարել չուզողները, յայտնի աւազակ մը չհամարուելու համար, սովորաբար կը գործածեն մեր մէջ:

Ան ատեն Հաճին բերանը բացաւ:

Ինծի նայէ, ձեր տղաքներուն էյլէնճէին համար տունը աղուոր պէսլէմէ ուզողը փարա տալէն քաշուելու չէ, հասկցա՞ր օղուլ: Հիւանդանոցիդ ստակ տալուդ, տղուդ ծոցւոր ձգած աղքատ աղջիկին տուր. չունիկ չունեւորիկ չէք, փառք Աստուծոյ: Աս աղջիկը տեղ մը չի կրնար աշխատիլ, զաւակ պիտի բերէ, ապրուստ չունի, գեղը հիւանդ էրկանը ղրկելու ստակ չունի:

Սուրբիկ հանըմ պոռաց, հայհոյեց, սակարկեց, եւ վերջ ի վերջոյ քսան ոսկի տուաւ, բայց այն պայմանով որ նոյն վայրկեանին Հաճին առնէ տանի Տիգրանուհին: Ժամը տասներկուքը անցեր էր: Ղազար էֆէնտին ու տղան տուն դարձեր էին վերջին շոգենաւով եւ, դիմացի սենեակը նստած, առուտուրի վրայ կը խօսէին. տղան հօրը դէմ բարեւ բռնած էր գրեթէ, հնազանդ ու առաքինի զաւկի պարկեշտութեանը մէջ:

Այս ժամուն Գատըգիւղէն Պոլիս գալու շոգենաւ չկար: Հաճին պարտաւորուեցաւ, աղջիկը հետը առած, նաւակ մը վարձել Ղալաթիա անցնելու համար:

Աշունի իրիկուն մըն էր, ձմեռնամուտի մօտ: Անձրեւ մը կուգար միօրինակ եւ անընդհատ, սեւ քօղի մը մէջ պարփակելով ծովն ու ցամաքը: Նաւահանգիստին մէջ շոգենաւերը անշարժ հսկաներու պէս կեցեր էին իրենց խաչաձեւ կայմերովը, կարծես թէ բարեւ բռնած: Ծովէն՝ Ղալաթիան, ու աւելի բարձրը՝ Բերան՝ իրենց անհամար լոյսերը կ՚սկսէին մէկիկ մէկիկ վառել:

Ու սմքած՝ այս նաւակին մէջ, իր փոքրիկ պօղչան թեւին տակ, Տիգրանուհին, կամքէ ու գիտակցութենէ զուրկ, ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր թիերուն ծովին մէջ մխրճուելու ձայնին, եւ հեռուն մութին մէջ վառուող բիծերը կը դիտէր, երբոր, առաջին անգամ, իր զաւկին խաղալը զգաց որովայնին մէջ:

 

Գիւղին մէջ Ղազար աղային տանը համար գայթակղութիւն մը չսեպուեցաւ ասիկա. թէեւ ճշմարտութիւնը քիչ շատ իմացուեցաւ, բայց ամենքը ըսին որ Տիգրանուհին ծառաներէն մէկը գլխէ հանելուն համար վռնտուած էր: Սուրբիկ հանըմին բարեպաշտութեանը վրայ այս առիթով աւելի շատ խօսուեցաւ. անոր տանը բարոյականին համբաւը քիչ մըն ալ աւելցաւ կարծես: Տղուն աղջիկ տալ ուզող կիները միաբերան գովեցին մայրն ալ, զաւակն ալ:

Փօստալին մէկն էր, կ՚ըսէին սպասուհիին համար, ասանկ տան մը խըյմէթը չգիտցաւ:

Առուտուրի մէջ Ղազար աղային հետ գործ ունեցողներն ալ միեւնոյն կարծիքէն էին: Ղազար աղան, Սուրբիկ հանըմը կը մեղքնային, անոնց ի գործ դրած բարիքին դէմ եղած ապերախտութեան վրայ կը զարմանային շարունակ:

Աշխարհք է աս, կը կրկնէին գլուխնին երերցնելով: