ՓՕՍՏԱ՛Լ
Ե
Վրայէն
չորս
տարի
անցեր
էր,
երբ
այս
պատմութիւնը
իմացայ
ես
բարեկամ
տունի
մը
մէջ
ուր
Տիգրանուհին
կ՚աշխատէր
իբրեւ
սպասուհի:
Միշտ
աղուորիկ
կին
մըն
էր,
թէեւ
տարիքին
հակասող
ծանրութիւն
մը
կար
դէմքին
վրայ:
Յղութեան
վերջին
ամիսները,
տղաբերքը
Հաճի
Տիւրիկին
տանը
մէջ
եղեր
անցեր
էր,
կայտառ,
խնդումներես
մանչ
մը
ձգելով
իրեն,
այն
պահուն
ուր
անդին
գեղին
մէջ
էրիկը
թոքատապէ
կը
մեռնէր:
Մեծ
ցաւ
մը
չէր
զգացեր
Տիգրանուհին
այս
չճանչցած
էրկանը
մահէն.
բայց
նորէն
թիկունք
մը
պակսած
էր
իրմէն
այս
մահով,
որչափ
ալ
ենթադրական
բան
մը
ըլլար
ատիկա:
Ու
աւելի
մեծ
սիրով
մը
փարած
էր
այս
զաւկին
որ
հայր
չունենալուն
համար
կրկնապէս
իրենն
էր:
Ինքը
աշխատելու
ստիպուած
ըլլալուն,
իր
զաւակը
օտար
կնոջ
մը
յանձնելու
հարկադրուած
էր,
եւ
օրին
մէկը
անոր
ալ
հիւանդանալուն
լուրը
բերին:
Վազեց
գնաց,
բայց
մանկիկին
վերջին
ժամուն
միայն
հասաւ.
բժիշկ,
դեղ
օգուտ
չըրին,
ոչ
ալ
Ս.
Մասունքը
զոր
Ամենափրկիչէն
բերել
տուաւ.
թռչունի
մը
պէս
առանց
տրտունջի
հոգին
աւանդեց
անիկա
իր
գիրկին
մէջ:
Տիգրանուհին
մարդ
մարդասանք
չունէր.
Հաճի
Տիւրիկն
ալ
գեղն
էր
այդ
միջոցին.
ինքն
իր
գլխուն
պարտաւորուեցաւ
մեռելաթաղի
բոլոր
չնչին
ու
ահաւոր
պատրաստութիւնները
տեսնել:
Ինքը
հագուեցուց,
սազեց
մանկիկը,
ինչպէս
վերջէն
կը
պատմէր
լալով:
Յետոյ
եկեղեցի
գնաց
փափաք
յայտնելով
որ
կարելի
եղածին
չափ
շքեղ
ըլլայ
յուղարկաւորութիւնը:
—
Մեղք
ես,
կնի՛կ,
ստակ
չունիս,
ըսին
ժամէն:
Անիկա
յամառեցաւ,
ուզածնին
վճարեց,
շատ
մը
մոմեր
վառել
տուաւ,
պնդեց
որ
երկու
քահանայ
գտնուի
արարողութեանը.
մանաւանդ
չուզեց
որ
ճաղի
մէջ
դնեն
իր
զաւակը,
վախնալով
որ
հողին
մէջ
չմսի
անիկա.
սնտուկ
ապսպրեց,
համոզուած
ըլլալով
որ
անոր
մէջ
պիտի
պատսպարուի
պզտիկը:
Օր
մը
շարունակ
ասոնցմով
զբաղեցաւ,
ամեն
բան
իր
ձեռքովը
կարգի
դրաւ.
ժամին
մէջ
ինքը
մինակ
էր
եւ
մինչեւ
գերեզմանատուն,
գլուխը
բաց,
ինքը
մինակ
հետեւեցաւ
դագաղին:
Հո՛ն,
իր
աչքին
տակ,
տեղաւորել
տուաւ
զայն
հողին
մէջ
ու
ետ
դարձաւ
իր
ծառայած
տունը,
երկու
օր
բացակայ
մնալէ
ետքը:
Աչքերը
ուռած
էին
լալէն,
բայց
գանգատի
բառ
մը
չելաւ
բերնէն.
գլուխը
կախած,
առաջուան
պէս
աշխատութեան
տուաւ
ինքզինքը:
Անկէ
վերջ
իր
բոլոր
մտմտուքը,
իր
բոլոր
առաջադրութիւնները
այս
պզտիկ
հողակոյտին
յատկացան:
Ամսականէն
ժողված
առջի
ստակովը՝
գերեզմանատան
մէջ
պզտիկ
հող
մը
գնեց:
—
Երկու
հոգինոց
հող
մը,
ըսաւ
ցած
ձայնով
մը
թաղականներուն:
Ստակը
վճարեց
եւ
թուղթը
ձեռքը
բռնած
իսկոյն
գերեզմանատուն
վազեց,
զաւկին
մարմինը
հոն
փոխադրել
տալու
համար:
Քիչ
ատեն
վերջը,
պզտիկ
պատով
մը
շրջափակել
տուաւ
այդ
պզտիկ
հողը.
վերջն
ալ
քար
մը
դնել
տուաւ
անոր
վրայ:
Բոլոր
վաստկածը
հոդ
կը
ծախսէր.
ամեն
ատեն
նոր
բան
մը
ունէր
շինելիք,
աւելցնելիք,
գեղեցկացնելիք
այդ
տեղին
մէջ:
Ու
մեռելոցին
օրերը,
քանի
հատ
որ
մեռելոցի
օր
կայ
տարւոյն
մէջ,
մեծ
ու
պզտիկ,
ցնծութեան
օրեր
էին
իրեն
համար:
Առտուն
կանուխ
կ՚ելլէր,
իր
այրի
կնոջ
արդուզարդը
կ՚ընէր,
լուրջ
ու
հանդիսաւոր
արդուզարդ
մը,
ու
ճամբայ
կ՚իյնար
դէպի
գերեզմանատունը.
պզտիկ
տապանին
քով
չոքած՝
երկար
բարակ
ու
ցած
ձայնով
կը
խօսէր
իր
զաւկին
հետ,
անոր
մանուկի
բարբառովը:
Ամեն
հեղուն
տէրտէրին
օրհնել
կուտար
գերեզմանը,
հարուստէ
մը
աւելի
առատաձեռնութեամբ
տալով
օրհնողչէքը:
Դարձին՝
երանութիւն
մը
կար
անոր
դէմքին
վրայ:
—
Ու՞ր
գացեր
էիր,
Տիգրանուհի՛,
կը
հարցնէին
տնեցիները,
իբրեւ
թէ
չգիտնային
անոր
ո՛ւր
երթալը:
—
Հանը՛մ,
զաւկիս
գացի,
կը
պատասխանէր
ուրախութեամբ: