ՃԷՅՐԱՆ
Բ
Բանտը
ուր
կ՚երթամ
ուղղակի
իմ
պաշտպանեալս
տեսնելու
համար,
կառավարութեան
շէնքին
դրան
աջ
կողմի
մասն
է:
Գալուստս
իմացուած
է
ամեն
կողմ.
Հայեր,
Չէրքէզներ
անցած
ճամբուս
վրայ.
ուշադիր
կը
դիտեն
զիս,
չօճուխ
մը
որ
փրկութիւն
բերել
կը
խոստանայ
Իզմիտի
մեծագոյն
ոճրագործին:
Գլուխները
կ՚երերան,
չեն
հաւտար,
նորէն
կը
հարցնեն
իրարու.
—
Ապուքա՞թ:
Բանտին
դրան
մէջ
աղմուկը
կը
մեծնայ,
բոլոր
բանտարկեալները
մէկէն
տեսնել
կը
փափաքին
Պոլսէն
եկող
փաստաբանը.
կը
պնդեն,
կը
պահանջեն:
Տեղի
կուտամ
անձիս
համար
ցոյց
տրուած
այս
հետաքրքրութեան.
ներս
կը
մտնեմ:
Թաւարծի
ձորձեր
հագած
մարդիկ,
ամեն
տարիքէ
ու
ամեն
հասակէ,
զիս
կը
դիտեն,
ճանչցողի
աչքով,
ոտքէս
մինչեւ
գլուխս,
եւ
գոհ
կը
մնան
տեսքէս,
չեմ
գիտեր
ինչո՛ւ:
Համակրութիւնը
կը
շահիմ
այս
մարդոց.
ու
հարցումները
կը
տեղան
չորս
կողմէն:
Ամեն
ոք
ցաւը
եւ
տէրտը
կը
բերէ.
ամբողջ
հաւաքածոյ
մը,
ցուցահանդէս
մը,
ուր
պատժական
Օրինագիրքը
կենդանի
պատկերներով
կը
դասախօսուի:
Հասածիս
չափ
կը
պատասխանեմ,
կը
յուսադրեմ:
Բայց
իմ
մարդս
չեմ
տեսներ
դեռ.
կ՚երեւայ,
որ
ոտքի
շղթան
քակելու
զբաղած
են
եւ
այս
պատճառով
կ՚ուշանայ:
Նորէն
կը
պոռան
իր
անունը,
զոր
բանտին
խուլ
արձագանգը
կը
կրկնէ,
կ՚երկարցնէ,
կ՚երկարցնէ.
—
Քրանտի՜ւք...
Քրանտի՜
ւք...
Քովիններս
կը
ժպտին
իմ
ապշութեանս
վրայ
եւ
կը
բացատրեն
թէ
այս
տարօրինակ
անունը
Չէրքէզի
պարզ
անուն
մըն
է,
անոնցմէ,
զորս
շուրջս
կը
լսեմ
ամեն
վայրկեան
յորմէհետէ
Իզմիտ
ոտք
կոխած
եմ:
Վերջապէս
Քրանտիւք
կ՚երեւայ,
ա՜յս
մարդը
իրա՞վ,
ո՜րքան
հեռու
այն
արհաւրալից
դէմքէն,
զոր
իմ
երեւակայութեանս
մէջ
գծեր
էի
առաջուց.
այս
փոքրիկ
նիհար,
դալկադէմ
մա՞րդը,
որ
կնոջ
մը
ոտքերը
ձեռքերը
ունի
եւ
անգլիացի
աղջկան
մը
կապոյտ
աչքերը.
լայն
ուսեր,
որոնք
կը
նեղնան
իջնելով
մէջքին
զոր
բարակ
կաշիէ
գօտի
մը
կը
սեղմէ.
զինուորական
համազգեստը
չի
կրեր,
նայուածքը
անուշ
ու
տխուր
է.
դէմքը
պատող
հիւծախտաւորի
դալուկը
տեսնելով,
կուրծքէն
բխող
չոր
հազը
լսելով,
որ
իր
ամեն
մէկ
բառը
կ՚ընդհատէ,
Քօխ
վայրկեան
մը
չպիտի
վարանէր
իր
ներարկումը
ընելու
համար
այս
ազնուական
հիւանդին
փափուկ
մորթին
մէջ:
Կը
բացատրէ
ինծի
իր
գործած
կրկին
մարդասպանութիւնը`
ճակատագրին
հաւատացողի
մը
համակերպութեամբ:
—
Այս
է
եղեր
Աստուծոյ
կամքը:
Նորէն
կը
դիտեմ
ձեռքը,
հիանալու
համար
մատերուն
նրբութեան,
անոնց
տոհմիկ
երկարութեան
վրայ,
չկարենալով
երբեք
հաւտալ,
որ
այդ
մատերէն
ելլէ
երկու
մահ
միանգամայն:
Քրանտիւք
մեղմութեամբ
կը
շարունակէ
իր
խոստովանութիւնը,
հիմա
որ
բանտին
վերատեսչին
սենեակին
մէջ
առանձին
ենք:
—
Նիւշ
աւազակ
մըն
էր,
կ՚ըսէ
ինծի:
—
Շատ
լաւ,
բայց
մի՞ւսը:
—
Միւսը
սխալմամբ
էր.
ես
զինքը
սպաննելու
դիտաւորութիւն
չունէի,
ճակատագի՜րը...
—
Ինչէ՞ն
յայտնի
էր
որ
Նիւշ
աւազակ
մըն
էր.
եւ
յետոյ,
դուն
զայն
ձերբակալելու
պաշտօն
ունէիր
եւ
ոչ
սպաննելու:
Քրանտիւք
առարկութեանս
չի
պատասխաներ
նախ.
վերջը
հարցում
մը
կ՚ուղղէ
ինծի.
—
Ի՞նչ
պիտի
ընեն
զիս:
—
Չեմ
գիտեր:
—
Պիտի
կախե՞ն:
—
Ո՛չ,
ո՛չ։
—
Թիապարտութեա՞ն
պիտի
դատապարտուիմ:
—
Գուցէ:
—
Ճէյրանը
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ:
—
Ո՞վ
Է
Ճէյրանը:
—
Նիւշին
կինը:
—
Քեզի՞
ի՛նչ
ուրիշին
կինը:
Երեսս
կը
նայի
զարմացած,
չկրնալով
մտքին
մէջ
սղմեցնել
իմ
յանդիմանութեանս
անպատեհ
խստութիւնը,
կարծելով,
որ
իր
հարցման
կարեւորութիւնը
չեմ
ըմբռնած
թերեւս:
Եւ
երկու
ժամ
տեւող
մեր
խօսակցութեան
մէջ
այս
հարցումը
կուգայ
տարբեր
ձեւերով:
Մտերմութիւննիս
կ՚աւելնայ
երթալով,
եւ
այն
մութ
սենեակին
մէջ,
ուր
ատեն
ատեն
իր
տժգունած
հիւանդի
ու
ջղային
մարդու
երեսը
կը
կենդանանայ
կը
գունաւորի,
կը
լսեմ
իր
ողորմելի
կեանքին
բոլոր
պատմութիւնը:
Սէրը`
լեռներու
վայրենութեան
ու
սրբութեան
մէջ.
հուժկու
ու
կատաղի
կիրքը`
քաղքին
ռամիկ,
տափակ
ու
կանացի
ցանկութիւններուն
հանդէպ,
հողի
այն
ահագին
զանգուածներուն
ու
կոյտերուն
պէս,
որոնք
իրենց
արհամարհանքին
տակ
քաղաքին
հարթ
ցածուկ
միօրինակութիւնը
կ՚ընկճեն,
կը
ճնշեն: