Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԷՖԱՐԻԿ
Դ


Հիմա ա՛լ աւելի փոյթ կը տանէր սենեակիս, որուն պարտէզին նայող պատուհաններուն վրայ` վարէն բարձրացող վարդենին` փոխն ի փոխ ճերմակ ու կարմիր ծաղկէ մեհեւանդներ կը յօրինէր:

Ցորեկները իմ բացակայութեանս կուգար հոն աշխատութիւնը վերջանալուն, մինակուկը հիւսելու իր անաւարտելի գուլպաներուն շարքը, վարդերուն սաստիկ ու հեղձուցիչ հոտին մէջ:

Բարեկամական խրատներ կուտար ինծի, հնազանդ աղախինի ու սրտի մօտ անձի խրատներ, թուղթերս գետինները ձգելուս համար:

Մեղք ես, էֆէնտիս, աչքի լուս ես թափեր:

Աչքի լո՞յս միայն. եթէ գիտնար, թէ սիրտը ինչե՜ր չէր յանձնած այդ փոշոտած, ճմրթկած թուղթի կտորներուն. եթէ գիտնար, որ պատանութիւնը` իր բոլոր անմեղութիւնը, երիտասարդութիւնը` իր բոլոր հաւատքը թափած էր հոն ու, ատոնցմէ դուրս, ստոյիկ տղայ մը միայն ահա կը մնար, հալոցէ անցած մետաղի կտոր, որ իր նախնական վիճակին բոլոր պէսպիսութիւնը կորսնցուցած է, միաձոյլ, անխառն, անողոք բան մը դառնալու համար. եթէ գիտնար…։ Սպասուհին ուրիշ բան չէր գիտեր, բայց եթէ գիշերուան վերադարձիս, այն ժամուն, ուր ամենքը կը հանգչին, իմ աշխատելս ճերմակ էջի մը վրայ ծռած, մաքուր սպիտակ թուղթ իմ սրտիս պէս` որ հետզհետէ կը մրոտէր, կը սեւնար, կը զարդարուէր, իբր թէ սեւութիւնը ըլլար իր շպարը:

Եւ մեղքնալով զիս, ոտքին մատներուն վրայ կը քալէր առտուն, աղմուկ չընելով քովս, լաւ մը իջեցնելով սենեակիս վարագոյրները, պատիր ու արհեստական գիշեր մը ձեւացնելով շուրջս, զիս քիչ մը աւելի քնացած տեսնելու բաղձանքով:

Արթննալուս ուռեցած աչքերով, յանդիմանութեամբ լեցուն նայուածքը կը քաղցրանար, ու կը վազէր խոհանոց, նախաճաշիս պատրաստութեամբը, քնատութեանս կորուստը դարմանելու հաշիւով: