Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԷՖԱՐԻԿ

Ե

Երբեմն ալ մօրս միջամտութեանը կը դիմէր զիս կարգի բերելու եւ առողջութեանս հսկելու ստիպելու համար զիս:

Հանըմս, ըսէ՛, որ գիշերները շատ չնստի, հոգին չքակէ գրելով:

Դուն ալ գուլպայ կը շինես, կ՚ըսէի ծիծաղելով:

Ես զաւկիս համար կ՚աշխատիմ, ես միւխթաճ եմ:

Եւ անմիջապէս իր ձայնը կը փոխուէր, դէմքին սովորական թախիծը կ՚աւելնար Արսլանպէկ եղած զաւկին յիշատակին` ուրկէ կարծես բանօրամայի ձեւով անցեալին բոլոր դառնութիւնը, սուգը կուգար, կարգաւ, մէկ մէկու ետեւէ, համրիչի մը հատիկներուն պէս. իր ամուսնութիւնը հազիւ երկու տարի տեւած, էրկանը հիւանդութիւնը, ունեցած չունեցածնուն սպառիլը հիւանդութեան ծախքերուն մէջ, գիւղը մնացած զաւակը եւ վերջապէս օտարի դուռ իյնալը, ինչպէս կ՚ըսէր ինքը. այս ամենը կը տեսնուէր իր տխուր նայուածքին մէջ, կը գծագրուէր իր դէմքին թափանցիկ, արտայայտող մորթին վրայ, իրարու ետեւէ, ամբողջ կառախումբ մը ցաւերու, կսկիծներու. ու խօսակցութիւնը կը դադրէր:

Յետոյ դիտողութիւն ընելու կարգը ինծի եկաւ:

Աշխէն, ալ հանէ՛ սա շալվարը:

Կ՚ամչնար. շրջազգեստը` իր մատնանիշ ընող ձեւերովը, խոստովանող` գրեթէ անպատկառ բան մը ունէր իր երկչոտ աչքին:

Կ՚ամչնամ:

Կ՚զգայի, որ դիմադրութիւնը կը թուլնար, իր տգեղ երեւալու որոշումը կ՚իյնար հազիւ թէ քանի մը շաբաթ կանգուն մնալէ ետքը, եւ իր հաստատամիտ գիւղացիի երկարող շեշտը «կ՚ամչնամ» բառին վրայ կը մարէր, կը հատնէր: