Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԷՖԱՐԻԿ

Զ


Շրջազգեստը յեղաշրջում մը բերաւ ու վայլեց իրեն. նախ, բնավայրը, կլիման կորսնցնող մէկը դարձաւ. մէջքը շատ նեղ եկաւ իրեն ու բէշը շատ լայն, առջի օրերը չկրցաւ շարժիլ. մասնաւոր ուշադրութիւն մը կ՚ընէր ծիծաղելի չըլլալու համար իր քալուածքին մէջ. չփակը՝ կուրծքին շնորհալի մանրամասնութիւնները ի յայտ բերելուն` ամենքը իր լանջքին ականատես եղածի տպաւորութիւնը կը թողուր իրեն:

Իր գեղեցկութեանը այս ծագումին առջեւ ամենքս ապշեր էինք. ինքը` իր աղուորութեան համար տրուած վկայութիւնները լսելով կը կարմրէր, գլուխը ծռելով մեղմիւ ուսին վրայ:

Ու քիչ քիչ աւելի վայելուչ երեւալու ջանք մը սկսաւ ընել. զարթում մը եկաւ իր սրտին մէջ. ինքն ալ գիտէր Պոլսի հանըմներուն պէս գեղեցիկ ըլլալ, սիւս ընել. իր գիւղացիի պարզմտութեամբը սպասուհիի դիրքին մէջ ունեցած պզտիկ միջոցներովը` պչրանքով լեցուն արդուզարդ մը ունէր հիմա. միշտ մաքուր հագուած ու սանտրուած էր օրուան ամեն ժամուն, մութ կապոյտ եազման, դէպի ետեւ շրջած հազիւ թէ կը կենար պզտիկ սիրուն կապով մը ու կ՚սպառնար ամեն վայրկեան վար սահիլ ուսին վրայ, բոլորովին արձակելով անոր առատ մազերուն կոհակները. մինչդեռ մաս մը ճակտին, մինչեւ աչքերուն վրայ կը թափէր, կամա՞յ թէ ակամայ, ու վարը, ծոծրակին քով, նուրբ աղուամազի թաւիշ մը` մորթին կաթի ճերմակութիւնը ցոյց կուտար իր նոր բուսած մարգագետնի մեղկ ու կակուղ խաւերուն մէջէն:

Ու հոտեր կը քսուէր, անծանօթ ու բոլորովին տարբեր մեր գիտցածներէն, հազիւ թէ զգալի, որոնք իր մարմնին արտաբուրումը ըլլալ կը թուէին. եւ այս շինական իւղազօծութիւնը մեր քաղքենիի հոտաւորումներէն աւելի խորհրդաւոր ու մեղկ ու ցանկացուցիչ բան մը ունէր: