ՍԱՌԱ
Ա
Այր
ու
կի՞ն,
թէ
քոյր
եւ
եղբայր.
չեմ
գիտեր։
Երկուքն
ալ
մեղրամոմի
գունատութիւնը
ունին,
որուն
վրայ
շէկ
ու
գռուզ
մազերնին
ոսկիի
ցոլքեր
կը
թողու.
միեւնոյն
դիմագիծը,
երեսի
միեւնոյն
ձուաձեւը,
երկուքին
վրայ
ալ
նուրբ
ու
քնքուշ
բան
մը։
Շոգենաւին
մէջ
ուր
իմ
մօտիկս
նստած
են,
երիտասարդը
վեր
դարձուցած
է
բալթօին
մուշտակաւոր
օձիքը
ու
հորը
ինկած
աչքերէն՝
նայուածքը
աննպատակ
կը
թափառի
պատուհանէն
դուրս,
ծովուն
վրայ։
Չի
խօսիր
ու
գլխու
շարժումներով
միայն
կը
պատասխանէ
իր
ընկերուհիին,
առանց
դիտելէ
դադրելու
ծովը
որ
իր
բոլոր
ուշադրութիւնը
գրաւած
կը
թուի։
Անիկա,
ընդհակառակը,
առողջութեան
խրոխտ
արտայայտութիւն
մը
ունի.
մեղրագոյն
բուրդէ
շրջազգեստ
մը
հագած
է
իր
բնական
գոյնին
հետ՝
միօրինակութիւն
մը
կազմելու
համար
կարծես։
Նիհար
ու
բարձրահասակ
կին
մըն
է,
բարակ
մէջքով
ու
տարօրինակ
կերպով
ուռուցիկ
լանջքով
մը
որուն
դուրս
ցցուած
երկու
սուր
անկիւնները՝
իրենց
հիմերուն
վրայ
թաւալած
զոյգ
մը
վրաններու
տպաւորութիւնը
կը
թողուն։
Ամբարտաւան
նստուածք
մը
ունի
որ
կը
վայլէ
իրեն,
ոտքը
ոտքին
վրայ,
էրիկ
մարդու
մը
պէս.
պահ
մը
կը
հոգնի
եւ
ոտքին
դիրքը
կը
փոխէ,
ու
մետաքսի
շրշիւն
մը
կուգայ
պատմուճանին
տակէն,
ներդաշնակ
ու
փայփայող
նուագի
մը
պէս,
բեհեզէ
հանդերձեղէններու
ձայնը։
Այսպէս
նստած,
գիրք
մը
կարդալու
տուած
է
ինքզինքը.
էջերը
կը
դարձնէ
հետզհետէ
տենդոտ
ձեռքով
մը,
երբեմն
ընթերցումը
կ՚ընդհատէ,
հիւանդին
բառ
մը
ըսելու,
պարբերութիւն
մը
ցուցնելու
համար
ժպտելով,
ծիծաղելով
իր
մունջ
բարեկամը
խնդացնելու,
անոր
մռայլամած
ճակատը
պատող
տրտմութիւնը
փարատելու
յայտնի
ջանքով
մը։
Այս
խնամոտ
հոգածութիւնը
այդ
վէս
ու
խիզախ
կնոջ
քով՝
հսկայ
ծառի
մը
վրայ
բացուած
փափուկ
ծաղկի
մը
ներգործութիւնը
կը
թողու
ինծի։
Կ՚զմայլիմ
վրանին
ու
նորէն
կը
հարցնեմ
ինքնիրենս.
—
Այր
ու
կի՞ն,
թէ
քոյր
եւ
եղբայր։