ՍԱՌԱ
Բ
Բրինքիբօի
մէջ
ճանչցայ
զիրենք,
մեծահարուստ
հրէայ
ընտանիքէ
մըն
էին։
Էրիկը
իր
հօրեղբօրորդին
էր
ու
անոր
հիւանդագին
վիճակը
գիտնալով
Սառա՝
ամուսնացեր
էր
հետը.
երբեք
ասիկա
արգելք
մը
չէր
նկատած
իրենց
ամուսնութեանը։
Ի՜նչ
փոյթ,
կրնային
մեռնիլ.
օր
մը
չէ
նէ
օր
մը
պիտի
զատուէին
աշխարհէս.
կ՚արժէր
հաշուի
դնել
ասիկա։
Սպանեօլի
տաք
արիւնը
կը
խաղար
իր
երակներուն
մէջ.
ու
սիրոյ
մէջ
ալ
նորէն
հրէայ
շահախնդրի
յանդուգն
իմաստասիրութիւնն
էր
որ
ժառանգութեամբ
փոխանցուեր
ու
մտեր
էր
այս
գեղեցիկ
կնոջ
հոգւոյն
մէջ։
Կարգուեր
ու
երջանիկ
եղեր
էին.
բայց
երթալով
ա՛լ
աւելի
սաստկացեր
էր
այն
մաշող
հիւանդութիւնը
որ
իր
երիտասարդ
ամուսինը
կը
հատցնէր։
—
Խնայէ՛
էրկանդ,
ըսեր
էին
իրեն։
Իր
ախտավարակ
խառնուածքը
չկրցաւ
երբեք
հանդուրժել
այս
պատուէրին.
արտաքին
ցուրտ
ու
անտարբեր
երեւոյթին
հակառակն
էր
ներսը
ու
երկու
տարուան
մէջ
զիրենք
այրող
հուրը
ճշմարիտ
աւերումներ
գործեր
էր
էրկանը
վիճակին
վրայ.
օդափոխութենէ՝
եթէ
ոչ
բժշկութիւն՝
գէթ
բարւոքում
մը
կ՚ակնկալէին։
Ու
հիւանդապահի
մը
պէս
կ՚ընկերանար
ահա
իր
ամուսնին,
ամբողջ
խնամքի,
գուրգուրանքի
մթնոլորտի
մը
մէջ
պահելով
զայն,
ճիշդ
ինչպէս
կանխահաս
ծնունդով
աշխարհ
եկող
երեխաները՝
արհեստական
գաղջ
մթնոլորտի
մը
մէջ
մը
մեծցնեն։
Բայց
փոքրիկ
բարելաւութիւն
մը
ամեն
խոհեմութիւն
մոռցնել
կուտար
իրենց
ու
նորէն
անուղղայ
շռայլի
մը
վարժութեամբ
կը
վատնէին
այս
չնչին
դրամագլուխը։
Յետոյ,
զղջումը
կուգար
եւ
հիւանդը
վերստին
կազդուրելու
անդուլ
աշխատութիւնը։
Աղէկ
բարեկամ
եղանք
ամուսնին
հետ
ու
շատ
հեղ
կ՚երթայի
իրենց
տունը
զոր
Բլադանայի
կողմը
ընտրած
էին,
հիւսիսէն
փախչելով։
Պատուհանին
քով
իր
լայն
թիկնաթոռին
մէջ
ընկողմանած
հիւանդին
աչքը
դուրսն
էր.
ի՜նչ
կը
խորհէր
արդեօք.
կնոջը
երեսը
չնայելու
տարտամ
դիտաւորութիւն
մը
կը
գուշակէի.
դժգո՞հ
էր
անկէ.
անոր
վրդովիչ
ներկայութեամբը՝
չէ՞ր
նմաներ
քիչ
մը
այն
սնանկ
խաղամոլին
որ
ձեռքը
գրպանը
կը
դեգերի
հիմա,
ուրիշներուն
ձգելով
սեղանը
որուն
ատենով
բախտաւոր
գահերէցն
էր։
Այո՛,
ուրիշներին
պիտի
թողուր
այս
կինը,
իր
սպառիչ
հրապոյրներովը
որ
հիմա
տարտամ
կերպով
մը
կը
յիշեցնէր
ինծի
այն
հոյակապ
ապարանքներէն
մէկը
որուն
տէրը
մեկնելու
հարկադրուած՝
կանխահոգ
հեռատեսութեամբ
ինքը
մէջը
եղած
ատենէն
պիտակ
մը
փակցնէ
սա
բառերով
ԾԱԽՈՒ
ՏՈՒՆ