Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԱՌԱ
Դ


Հիւանդին վիճակը հետզհետէ կը ծանրանար ու Սառայի անձնուիրութիւնը նոյնքան աւելի մեծ կ՚երեւար աչքիս. հիմա դուրս չէին ելլեր էրկանը սենեակէն. երբեմն ես ալ կը գտնուէի հոն. բերանը բերնին կը կենար մինչեւ վերջը, հիւանդին շնչառութիւնը խառնելով իրենին։ Այս չափազանց զոհողութիւնը ճշմարիտ խելագարութեան մը յանգելու վրայ էր. էրկանը հետ մեռնիլ կ՚ուզէր անշուշտ. անդին ալ անոր հետ ըլլալ, ինչպէս հոս եղած էր, եւ իր անհատնում վայելքները անոր պահել միայն։ Այո՛, այս էր իր գաղափարը։

Մնաս բարովի մը ատեն մինչեւ սանդուխին մօտ կ՚ընկերանայ ինծի ու առիթը բարեպատեհ կը նկատեմ բառ մը ըսելու, զգուշացնելու համար զինքը։

Վախկո՛տ, պատասխանեց ինծի, ձեռքերս թօթուելով, վախկո՛տ, այդպէ՞ս երիտասարդ ես դուն։

Ամօթէս ու զայրոյթէս դեղնեցայ։

Քու անձիդ համար միայն վախկոտ եմ, ըսի իրեն. տեսար որ ես այն հիւրերէն չեմ որ հիւանդէն կը փախչին չպլշկուելու համար. ես ամեն վայրկեան ամուսինիդ քովը գտնուած եմ։ Եթէ դուն չես փախչիր իրմէ, այդ քու պարտքդ է արդէն, դուն անոր կինն ես, ե՞ս…։

Այդ կնոջը սիրողը, մրմնջեց ականջս ի վար։

Ձեռքս չթողուց ու ես ծռեցայ համբուրելու համար զիս բռնող մատները։

Ո՛չ, ըսաւ հեռանալով, չըլլար։

Յետոյ, տեսնելով ցաւած դէմքս, մեղքցաւ անշուշտ ու մատովը՝ խորհրդաւոր նշան մը ընելով աւելցուց.

Վերջը։

Ե՞րբ։

Իրիկուան՝ սրտատրոփ նորէն եկայ։

Վերջը, ըսաւ ինծի։

Ամեն նիւթի վրայ խօսեցանք. անիմաստ խօսքեր միայն ըսի կարծեմ. խելքս վրաս ըլլալու չէր. մեկնելու ժամին կ՚սպասէի ակնդէտ. դուրս ելայ։

Վերջը, վերջը, ըսաւ նորէն Սառա ու ճամբու դրաւ զիս։

Միշտ այսպէս կ՚ըսէր ինծի ու այս անդուլ յետաձգումը՝ մերժումի քաղաքավար ձեւ մը միայն նկատած էի։

Ամբողջ ամառը անցաւ ասանկ ու ես ալ չէի յիշեցներ իրեն խոստումը. բայց ան չէր մոռնար ու ամեն առթիւ միեւնոյն բառը կուգար իր շրթունքին վրայ.

Վերջը։

Ե՞րբ արդեօք։