Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱԳԴԱՂԻՆԷ
Ա


Զարհուրելի կերպով շպարուած ըլլալուն հակառակ` իր տասնեօթը տարու աղջկան շնորհը տակաւին երեսին վրայ էր: Իր ծարուրած աչքերը մռայլ ցոլացումով մը կը փայլէին, այնպէս որ ակնարկը զքեզ շօշափելուն` թաւիշի կակուղ հպումին տպաւորութիւնը կը ձգէր մարմնիդ վրայ: Մազերը առատ ու շքեղ, դեղինի ներկուած, ո՛վ գիտէ` ատեն չունենալուն կամ ուրիշ պատճառով մը` յարդարուած չէին: Արձակուած թափուած այսպէս ուսին վրայ` կարծես անոնց ծանրութեամբ էր որ գլուխը դէպի ետ կը ծռէր քիչ մը:

Յոռի ճաշակով պոռչտող բան մըն էր արդուզարդը. կապոյտ դիպակէ բէշ մը, կարմիր մետաքսէ վերիդիով մը ամբողջացած. ծանրագին կերպասներու սէր որ իր զրկուած արարածի վրիժառութիւնն էր տիկիններու դէմ:

Պարարտ ու շնորհալի կազմը այս կնոջ` անպատկառ կերպով հոլանի կուրծքէն, շարունակ վար սահող սեւ գուլպաները շտկելու, տեղը բերելու համար ըրած յարատեւ ջանքէն կը յայտնուէր: Ինքն ալ ցանկայարոյց կեցուածքի մը հրապոյրները կ՚աւելցնէր անոր վրայ, գիտակից ու ջանադիր լրբութեամբ մը: