Այս
հին
դէպքը
պատմելուս,
անցեալները`
բարձրաստիճան
եկեղեցական
մը,
աստուածաբան
ու
կենցաղագէտ
մարդ,
մանրամասն
հասկցուց
ինծի
կրօնական
պատճառները
այս
զլացումին:
Հրապուրուած
աղջկան
ու
պոռնիկին
զանազանութիւնը
ըրաւ.
սա
պարագային
մէջ
եկեղեցին
ասանկ
կը
տնօրինէ,
ըսաւ
ինծի,
սա
միւս
պարագային
մէջ
ալ
անանկ:
Բացատրութիւններ
տուաւ`
որոնք
նուրբ
թուեցան
ինծի.
վկայութիւններ
բերաւ
որոնց
դէմ
ըսելիք
մը
չգտայ:
Իր
փաստերը`
բարբարոս
ու
վաւերական`
չհամոզեցին
զիս:
Ու
միշտ
աչքիս
առջեւն
է
մահիճը
լայն
ու
խորունկ
որ
սենեակին
կէսը
կը
գրաւէր,
լայն
ու
խորունկ,
որուն
մէջ`
կարմիր
վարդ
մը
կուրծքին`
այն
աղուոր
կինը
կը
քնանար: