ԽԱՐԻՍԽԸ
Ա
Ոչ
ոք
իրեն
չափ
աստուածասէր
ու
աստուածավախ
էր
միանգամայն.
կեանքի
բոլոր
երեւոյթները,
բնութեան
բոլոր
գաղտնիքները
Աստուծոյ
գաղփարովը
կը
բացատրէր
ու
կը
հասկնար,
ինքը՝
խելացի
կին
մը
սակայն։
Աղօթքը
իր
հոգւոյն
ամենէն
անդիմադրելի
պէտքն
էր,
հօրմէն
մօրմէն
ժառանգած
այս
որոշեալ
ժամերու
աղօթելու
սովորութիւնը
զոր
զաւակներուն
թողուլ
կը
խորհէր։
Իր
ամուսնութեան
առջի
օրէն,
դեռ
երիտասարդ
կին
ու
աղքատացած
մարդու
աղջիկ,
էրկանը
փարթամ
ու
հարուստ
տանը
մէջ
չէր
կրցած
համակրութիւն
շահիլ,
ու
պարտաւորուած
էր
հիւրի
մը
պէս,
աւելորդ
ձանձրացուցիչ
օտարականի
մը
նման,
զգոյշ
ու
անձայն
մնալ,
ոտքին
մատներուն
վրայ
կոխել։
Այն
ատեն
ժամասիրութիւնը
իր
ճշմարիտ
սփոփանքը
եղած
էր։
Այն
գեղին,
ուր
Սօֆիկ
հանըմ
հարս
եկած
էր,
կը
սիրէր
փոքրիկ
եկեղեցին.
պարտէզ
մը
կը
բաժնէր
իրենց
տունը
Աստուծոյ
տունէն։
Իր
հարսանեկան
սենեակին
մէկ
պատուհանէն
կը
դիտէր
ծովը
մշտաշարժ
ու
անհուն
կապոյտովը.
միւսէն՝
եկեղեցւոյն
կամարները,
երկուստեք
դուրս
ցցուած
պահարաններով,
որոնք
շէնքին
երկայնքին
հետ
ամրակուռ
ու
քառակուսի
Խաչ
մը
կը
ձեւացնէին,
իբրեւ
անքոյթ
ու
անշարժ
խարիսխ
մը
որուն
իր
ձեռքն
էր
փարիլ։
Իր
ամուսնութիւնը
որով
աշխարհի
պայքարին
մէջ
կը
թեւակոխէր,
Աստուծոյ
բացորոշ
կամքին
վերագրած
էր
միշտ
եւ
այս
անծանօթ
տան
ու
կեանքին,
նոր
բացուող
ապագային
մէջ
այս
ուղեւորութիւնը՝
ամենազօր
էակի
մը
երաշխաւորութեանը
տակ
դրած
էր։
Ուրիշներ՝
պարի,
խրախճանութեան,
զբօսանքներու
համար
կը
հագուէին.
ինքը՝
կիրակի
առտուները
եկեղեցի
երթալու,
վերնատան
իր
յատուկ
անկիւնին
մէջ
կենալու
աղօթելու
համար
կը
սիրէր
արդուզարդը,
որուն
մէջ
ցոյց
կուտար
ընտրանքով
ու
ճաշակով
հագուող
կնոջ
բնական
գերազանցութիւնը։
Գլխարկին,
կօշիկին,
շրջազգեստին
բարեձեւութեանը
զմայլողները
հոն
հանդիպած
էին
այս
երիտասարդ
կնոջ։
Մեծ
Պահքի
չորեքշաբթի
օրերը,
Ծնունդի
եւ
Զատկի
տօները
անպատում
խնդութեան
օրեր
էին
իրեն
համար։
Էրիկ
մարդիկ
բակին
մէջ,
բանկալին
քով
կը
սլքտային,
կ՚սպասէին,
երբ
բարձրագլուխ
կը
յառաջանար,
ժպտուն
ու
երջանիկ,
փղոսկրէ
ծածկոյթով
աղօթագիրքը
ձեռքը
եւ
ամփոփ
շրջազգեստին
եզերքէն
ցոյց
տալով
փոքրիկ
կօշիկներուն
ծայրը
եւ
հեշտաբոյր
հոտ
մը
ծաւալելով
շուրջը։
Երբեմն
գաւիթին
մէջ
կը
կենար,
ջերմեռանդ
խաչակնքումներովը,
ծնրադրութիւններովը,
մրմունջներովը
զմայլեցնելով
իր
թաղեցիները
եւ
յատկապէս
այն
այրերը
որ
Աստուծոյ
նուիրուած
այս
գեղեցիկ
կնկան
հետամուտներն
էին։