Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԱՐԻՍԽԸ
Գ


Հիմա «վերադարձի վրայ» կին մըն էր. բացորոշ ծերութեան մէջ թեւակոխելէ առաջ կիները երիտասարդութեան, թարմութեան հրապոյր մը կը վերստանան միշտ. Սօֆիկ հանըմ այդ վերջալոյսի հրապոյրովը կը փայլէր, իր աղջկանը չէին փոխեր զինքը։ Դարձեալ առջի հաւատացեալ կինն էր, թէեւ այն քսանըհինգ տարիներուն, որոնք անծանօթ ու թշնամի հովէ մը մղուած ալիքներու պէս եկեր անցեր էին, շատ կորուստներ տուած էր։ Իր կրօնասիրութիւնը անդրդուելի մնացած էր սակայն այն յարատեւ ձախորդութեանց մէջ զորս չըմբռնել կ՚սկսէր։ Քանի մը տարուան մէջ չորս զաւակներէ երկուքը մահը առեր տարեր էր իր ձեռքէն եւ էրկանը հարստութենէն՝ քօնսօլիտէի կորուստներու, հիմնայատակ փճացումին յիշատակը մնացած էր։

Ի՞նչ բանի համար արդեօք Աստուած կը պատժէր զինքը. հետաքրքիր, անձկայոյզ կը քննէր կը պրպտէր իր կեանքը, ուշադիր՝ սեւ բիծ մը, չար գաղափար մը չմոռնալու չափ. այս անվերջ հետախուզութիւններուն մէջ ոչինչ կը գտնէր՝ անընդհատ դժբախտութեանց արժանանալու չափ կարեւորութիւն ունեցող։ Կը սարսափէր մանաւանդ վերահաս աղքատութենէն։ Դժգոհ եւ անհանգիստ կը մնար միտքը, զարմանալով այս բարեկամ Աստուծուն իրեն դէմ բռնած տարօրինակ ընթացքին վրայ։

Կ՚աղօթէր, հարցումներով լեցուն աղօթքներ, իբր թէ իր մտերիմին երեսին ըսէր.

Ի՞նչ պատճառով մեզի նեղացած էք։

Ի՞նչ կար անցած դարձած մէջերնին այսչափ գժտելու համար. եւ ընդունելի պատճառ մը գտնելէ յուսաբեկ, հարիւր անգամ քաւուած ու թողութեան արժանացած մեղքերու վրայ միտք յոգնեցնելէ ձանձրացած, կ՚առանձնանար իր սենեակը, առջի հարսանեկան սենեակը, եւ աչքին առջեւ ցածուկ եկեղեցին իր քառաթեւ որմերով կը տարածուէր, իր կամարներուն ուռեցքը կը թաւալէր օդին մէջ, հանդարտ ու անքոյթ առջի օրուան պէս։ Խարիսխը կը շարունակէր վստահութիւն ներշնչել։

Յետոյ պզտիկ հաշտութեան թուական մը սկսաւ Աստուծոյ եւ իր տանը մէջ. առջինեկ զաւակը եկաւ հասաւ, ճիշդ ժամանակին, վասն զի բոլորովին փճացած էին ալ. որքան աղօթա՜ծ, պաղատած էր Աստուծոյ այս սիրական զաւկին համար, հիւանդոտ ու նիհար տղայ մը։ Ամենքը կը գովէին այս երիտասարդը որ կառավարական պաշտօնի կոչուած՝ փայլուն ապագայ մը կը խոստանար։ Այն ատեն Սօֆիկ հանըմ ինքզինքը մեղադրեց վայրկեան մը կասկածած ըլլալուն համար Աստուծոյ անհուն գթութեանը վրայ. առտու իրիկուն իր եկեղեցին վազեց, մոմ վառելով խորանին ու բոլոր պատկերներուն առջեւ։

Շատ մը մարդիկ չտեսնել կը ձեւացնէին իր ամուսինը՝ իմացած ըլլալով անոր դրամական վիճակը։ Հիմա զաւկին յաջողութիւնը լսելով նորէն բարեւել կ՚սկսէին զինքը իբր թէ ճամբորդութենէ մը վերադարձած ըլլար։

Եւ այս տեսած բարիքին փոխարէն, երախտիք ճանչցող անձի պարկեշտութեամբ, Սօֆիկ հանըմ, որոշեց Աստուծոյ տան պայծառութիւնը հոգ ու նպատակ ընել իրեն անկէ ետքը։

Մեծ խորանին, պզտիկ խորանին, աւագ կամ լուր օրերու յատուկ, պարզ կամ ոսկեզօծ վարագոյրներով, շապիկներով, գորգերով, ձեռագործներով եկեղեցին զարդարեց։

Սուրբ մուրացկանութեամբ տունէ տուն կը պտըտէր, մէկուն աղջիկը նշանելու, միւսին հիւանդը առողջացնելու խոստումով. ասոր, անոր, բարեկամ, ծանոթ կիներու ուխտ ընել կուտար ու նուէր կը հաւաքէր։ Իր եկեղեցւոյ սուրբին զօրութեանը ապաստանած, ամենուն սրտին բաղձանքը առաջուց կը շնորհէր, եւ եկեղեցին կը ճոխանար այս կանացի բարեպաշտութեան արդիւնքը եղող նուիրատուութիւններով. մինչդեռ իր մտքովը, այս ամեն ջանքերով տեսակ մը ապահովագին տուած կ՚ըլլար՝ իր ընտանեկան յաջողութիւնը ապագայ վտանգներէ զերծ պահելու համար։