Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԻՏԻՆ ՊԱՐՏՔԸ
Ա


Տ օքթօ՛ր, կ՚ըսէի իրեն... ։

Տօքթօրը բարձրահասակ, ոսկրուտ ու նիհար մարդ մը, իմ դէմի սենեակիս վարձակալն էր, այն տանը մէջ ուր կը բնակէի:

Կանուխէն՝ հազիւ յիսուն տարու կար հանգստեան կոչեր էին զինքը, սրտի հիւանդութեան մը պատճառաւ որուն մահացու հանգամանքը հաստատուած էր:

Իր մերձաւոր մահուանը գիտակից այս մարդը` կաւէ արձանի մը անվրդով դէմքը ունէր ամեն ատեն:

Լիւքսանպուրի սրճարանին հաստատ յաճախորդներէն մէկն էր ու ամեն օր անխախտ կը գտնէիր զինքը հոն, կէս օրէն վերջը, աջ կողմի կարմիր թաւիշէ նստարանին վրայ, քօնեաքի բաժակի մը առջեւ, «Տէպա»ի կամ «Թան»ի ընթերցման մէջ ընկղմած, չխօսելով մարդու հետ, չզիջանելով նայիլ փողոցը, անցուդարձին, ապրելու, զուարճանալու, վայելելու անձուկը ունեցող աշխարհին, իբրեւ մէկը` որուն ակնարկն ու ուշադրութիւնը մեծագոյն վայելքներու ու վեհագոյն աշխարհի մը վրայ սեւեռած ըլլային:

Ապահովապէս, իր քաշուած մարդու միայնութիւնը` մեզ շրջապատողներէն շատ աւելի աննենգ ու հաստատ դէմքերով, անանց ու հաւատարիմ պատկերներով շրջապատուած էր:

Առանձնութիւն մը` համակ լեցուած այն տեսիլներով, որոնց համար Սիւլլի Բրիւտոմ ըսած է`

որ մնան միշտ

առանձնութիւն մը ըլլալէ չի՞ դադրիր:

Այս մարդը իր նմաններուն պէս ապրելէ զզուած ու նոր ծանօթութիւններու, դէպքերու համար վերջապէս փակուած կը թուէր:

Մենք` մեր սրտաբաց ու հետաքրքիր ձեւովը` ընդունելութեան այն մեծ դահլիճին կը նմանինք ուր ամեն ոք կրնայ գալ, ձեռք սեղմել, տեղ մը գրաւել ու քիչ մը վերջը հեռանալ. դահլիճ` որ կը լեցուի ու կը պարպուի ամեն վայրկեան, ուր գոյները, գիծերը ու հոտերը իրարու կը խառնուին ու կը շփոթուին միշտ:

Անիկա պզտիկ խուցն էր ուր մտերիմները միայն մուտք ունին, առաջուց ի վեր իրենց յատկացուած տեղը կը բռնեն ու միեւնոյն խօսքերը կը կրկնեն երբոր խօսին. յիշատակներ` որոնք այս պզտիկ սենեակը կը կահաւորեն, կը լեցնեն, կը զարդարեն թանկագին գեղօրներու պէս, որոնց` աչքը վարժուած է ալ ու գոց գիտէ ամեն մէկուն դիրքն ու պատկերը: