Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԻՏԻՆ ՊԱՐՏՔԸ
Բ


Երեք ամիս շարունակ, ամեն հեղ որ սանդուխին վրայ կամ մեր դէմ դէմի սենեակները զատող սրահին մէջ հանդիպեցանք իրարու, բարեւ մը միայն փոխանակեցինք:

Յետոյ, օր մը սաստիկ հազէ մը կը տանջուէի խնդրեցի որ սենեակս գայ. եկաւ, դժկամակելով քիչ մը. բազկերակս չքննեց ու լեզուս չնայեցաւ, այլ գրքատունս աչքէ անցուց. դեղեր չտուաւ:

Խաբեբայ ու սնոտի բաներ են այդ ամենը, ըսաւ ինծի. հիւանդութիւնը իր շրջանը պիտի ընէ:

Տարօրինա՜կ բժիշկ:

Յաջորդ օրը նորէն եկաւ. Վիքթօռ Հիւկօի հատոր մը ունէր ձեռքը. սնարիս քով նստաւ ու առանց վիճակս հարցնելու «Ճին»երը կարդաց: Միւս օրը Լամառթինի «Ժիռօնտէններու Պատմութիւն»ովը եկաւ քովս:

Ռնտցայ ու այնուհետեւ բարեկամ եղանք իրարու:

Առանձին, բոլորովին առանձին էր աշխարհիս վրայ. ազգական ու բարեկամ չունէր եւ ունենալու պէտքը չէր զգացեր երբեք:

Կիւլհանէի շրջանը աւարտելէն ետքը, քսան տարի ամբողջ դուրսերը շրջած էր, լեռնահոլով ու սառուցիկ բարձունքներէ մինչեւ արեւակէզ անապատներու միայնութիւնը:

Ու կը հնազանդէր անտրտունջ, ընկեցիկ մանուկի մը պէս, երթալով միշտ հոն ուր կը ղրկէին զինքը, վայրապար չտանջելով իր սիրտն ու միտքը անիրականալի փառասիրութիւններով, հանգիստ ու հանդարտ կեանքի պահանջումներով:

Ինքն էր որ կը կոչուէր միշտ Միջագետքին մէջ երեւցող ժանտախտին, Սուրիոյ մէջ երեւան ելլող քօլէռային դէմ առողջապահական միջոցները անմիջապէս ձեռք առնելու: Այս մահտարաժամներուն մէջ թրծուած, եփուած մէկն էր, սկեպտիկ մարդ զոր բնութիւնը իր մեծագոյն աղէտներուն վարժեցուցած էր, անտարբեր դարձնելու աստիճան:

Այսպէս թափառայած ու վտարանդի կեանքի վարժութեամբ, հաստատուն կայանի մը, ծանօթ ու սիրելի շրջանակի մը կարօտը զգացած չէր երբեք. իր սրտին խանդաղատանքը` բոյն չէր դրած տեղ մը, այլ ցրուած թօթափած էր ամեն կողմ, ամեն տեղ, բզիկ բզիկ եղած` իր անդուլ ուղեւորութեանը մէջ:

Քաջ վիրաբոյժ էր. այսպէս կ՚ըսէին գոնէ անոնք որ ինձմէ լաւ կը ճանչնային զինքը. բայց երբեք ամենափոքրիկ վիրաբուժական գործողութեան մը մասնակցիլը չէի լսած, թէեւ բժշկութիւն ի գործ կը դնէր մեր թաղին մէջ, ծոյլ ու անտարբեր պաղարիւնութեամբ: