Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԻՏԻՆ ՊԱՐՏՔԸ
Գ


Տօքթօ՛ր, կ՚ըսէի իրեն, քեզի համար կ՚ըսեն որ քաջ վիրաբոյժ ես. ինչո՞ւ արուեստդ ի գործ չես դներ:

Դէմ դէմի նստեր էինք Լիւքսանպուրի սրճարանին մէջ. ինքը` իր սովորական տեղը, ես` իր սեղանին դիմացը:

Հարցումս զինքը յանկարծակիի բերաւ, տեսայ, որ իր սովորական անխռով դէմքը այլայլեցաւ, քօնեաքի պզտիկ բաժակը զոր բերնին մօտեցուցած էր, դողաց ձեռքերուն մէջ:

Մարդ չկար մեզմէ զատ:

Ըսեմ քեզի թէ ինչո՛ւ այլեւս վիրաբուժութիւն չեմ ըներ, պատասխանեց բժիշկը ինծի:

Այն ատեն յիշատակները ամփոփող մէկու մը պէս վայրկեան մը կեցաւ ու շտկուեցաւ նստարանին վրայ. իր չոր ու կորցած իրանը ուղղեց ոլ խօսիլ սկսաւ:

 

Բժշկական վարժարանին յառաջադէմ շրջանաւարտներէն եմ. ամբողջ պատանութիւնս, երիտասարդութեանս մէկ մասը աննուէր ու լռին աշխատութեան մէջ անցած է: Գիտութիւնը` իմ միակ ըղձանքս ու հաճոյքս էր, այնքան որ ընկերներս կը ծաղրէին տարիքիս անպատշաճ այս անմեղութիւնը. հիմա որ բնաւորութիւնները, խառնուածքները վերլուծելու կարող եմ, կը տեսնեմ, որ միամիտ ու խանդավառ մէկն էի ես ու առջի դէմս ելլողը բոլորովին պիտի գրաւէր, հրապուրէր զիս. երբեք ինքզինքս բանի մը մասնակի չեմ կրցած տալ. մարդիկ կան, որոնք յանչափս կոտորակներու կրնան վերածուիլ առանց պակսելու, տեսակ մը անուշ հոտի պէս որ կրնայ ամեն կողմ տարածուիլ առանց իր քաղցրութիւնը, իր ոյժը կորսնցնելու. այս մարդիկ կարող են ամեն առարկայէ, զբօսանքէ հաճոյք զգալ. մէկու մը չեն կապուիր ու ամեն բան իրենցը կը համարեն. ասիկա տեսակ մը հոգեբանական ընկերվարութիւն է. ես անոնցմէ չէի:

Առջի դէմս ելլողը Գիտութիւնը եղաւ եւ զայն սիրեցի հոգւոյս, տարիքիս բոլոր զօրութեամբը:

Երբոր վարժարանէն ելայ, ուսեալ տղայ մըն էի ու այսչափ միայն: Այն ատեն ժանտախտը կը ճարակէր Սուրիոյ մէջ. հոն ղրկեցին զիս. երբեք չվախցայ մահէն ու հիմա ալ չեմ վախնար: Իրարու դէմ մաքառելու կոչուած առջի օրէն` բարեկամ—թշնամիներ ենք որ կը յարգենք, կը ճանչնանք իրար. բժիշկ մըն եմ ես ու ան` մեծագոյն բժիշկն է. գիտութեան ստեղծած հականեխական դեղերուն դիմացը` մահն ալ` Աստուծոյ ստեղծած հականեխականն է: Կը հաւատամ որ մեծ ջարդերը, ահագին կոտորածները, որոնց վարժուած եմ ականատես ըլլալու, պատերազմներու մէջ կամ մահացու հիւանդութեանց ճարակած միջոցին, առողջարար պաշտօն մը, նախասահմանութիւն մը ունին: Ժօզէֆ տը Մէթռի իմաստասիրութեան հաւատացող մըն եմ. այս անունը կը ժպտեցնէ՞ քեզ. ես իմաստասիրութիւնը կը սիրեմ իբրեւ գերագոյն բանաստեղծութիւնը. այն չոր ու ցամքած գիտնականներէն չեմ, որոնց բոլոր հոգին ու զգայնութիւնը կաշկանդուած են ֆօրմիւլներու մէջ ու թռիչ չունին: