Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԻՏԻՆ ՊԱՐՏՔԸ
Դ


Դամասկոսի մէջ մարոնի աղջիկ մը սիրեցի. բայց սիրեցի հիացումով ու շլացումով: Կոյրի մը աչքերը բացուելուն պէս բան մը զգացի. ա՞յս էր սէրը: Տալիլա այս էր աղջկան անունը ինքը կը զարմանար վրաս. կարծեմ թէ հարիւրապետի ոսկեզօծ համազգեստէս, մայթերուն վրայ ձգձգուող ու զարնուող սուրէս աւելի հրապուրուած էր քան ինձմէ. թեթեւ, զբօսասէր մէկն էր, լուրջ խօսակցութեան մը եւ մեծ ըմբռնումներու անկարող: Ես` իմ մտքիս մէջ` զինքը ամեն կատարելութիւններով օժտեր էի. սիրեցի զինքը, իր անունէն սկսելով մինչեւ ոտքին սիրուն շըփշըփները:

Տալիլա երկայն ծովածուփ մազեր ունէր, որոնք իր ոսկեզանգ դրուագներով շրջապատուած փոքրիկ տիատէմէն դուրս կը թափէին անհնազանդ եւ կամակ ցայտուցքներով. կարմիր չուխայէ պզտիկ սէյմէնին մէջ չսղմող լանջքը` նրբաթել կազի մը պարկեշտօրէն կրկնուած ծալքերով ու փրփուրներովը` գոգ առած առագաստի մը կը նմանէր. իր շալվարը սեւ մետաքսէ էր:

Արքենի հասակով, բարակամէջք աղջիկ մըն էր Տալիլան եւ իր հրապոյրներուն գիտակցութիւնը ունէր. կ՚երգէր եւ ուտի վրայ նուագել գիտէր. իր մօտ, օթոցին վրայ, իր ոտքին քովիկը անցուցած ժամերս, անխօսիկ անմռունչ վերացումներով` շնորհալի երազի մը յիշատակը ձգած են հոգւոյս մէջ:

Բայց որքա՜ն անհաստատ սիրտ մը ու թեթեւ գլուխ մը. իր քաղցր նայուածքը` արեւուն ճառագայթին պէս` խտիր չէր դներ իրմով ապրողներուն մէջ ու ամենքն ալ հաւասարապէս իր լոյսովը կ՚ողողէր, ինչպէս կ՚ըսէ Ֆրան տը Բոնբինեան: Ես` նախանձոտ, հպարտ ու նեղսիրտ, չկրցայ հանդուրժել ասոր. սրտմտեցայ. Տալիլա զարմացաւ. ի՜նչ կ՚ելլէր ատկէ. ձեռքս բռնեց ու համոզել ջանաց զիս. այնքան մարդիկ երջանիկ կ՚ըլլային իր մէկ բառովը. կրնա՞ր այսքան չնչին բան մը զլանալ անոնց:

Չե՞ս սիրեր գեղեցիկ կնոջ մը երեսը նայիլ երբոր փողոցը հանդիպիս, հարցուց ինծի:

Երբե՜ք, ըսի իրեն խստութեամբ: