Հինգ
տարի
վերջը.
Հալէպի
մէջ
զօրաբանակին
կը
ծառայէի.
օր
մը
քրիստոնէի
մը
տունէն
կանչեցին
զիս
վիրաբուժական
գործողութեան
մը
համար:
Գետինը
փռուած
անկողնին
մէջ
երիտասարդ
կին
մը
տեսայ:
—
Տօքթօ՛ր,
կանչեց
իր
անուշ
ձայնովը:
Տալիլան
էր:
Մօտեցայ
ու
քննեցի
խոցը:
Գրեթէ
սրտին
վրայ,
ուտիչ
վէրք
մըն
էր
որ
իր
գունդ
ու
կարմրած
ցցունքովը`
մարմնին
անբիծ
ճերմակութեանը
վրայ
խոյացող
գիշատիչ
թռչունի
մը
գլխուն
կը
նմանէր:
—
Ի՞նչ
պիտի
ընես,
Տօքթօ՛ր,
հարցուց
հիւանդը
աղերսարկու
ձայնով:
—
Մի՛
վախնար,
ըսի
իրեն:
Բայց
ան
իր
պաղատանքը
աւելցուց.
սենեակին
մէջ
լեցուող
բազմութիւնը
դուրս
ելաւ.
մայրը
ու
ես
մինակ
մնացինք
իր
քովը:
Տալիլա
կը
շարունակէր
լեզու
թափել:
—
Պիտի
մեռնի՞մ,
Տօքթօ՛ր:
—
Ո՛չ,
ո՛չ,
հիմա
կ՚ազատիս:
Մայրը
բացաւ
լանջքը
ու
ես
նշտրակս
կեղանկին
մօտեցուցի:
—
Անդի՛ն
նայէ:
—
Քու
ձեռքէդ
թող
մեռնիմ,
ըսաւ
Տալիլա
մեղմիւ:
Դանակը
դպաւ...
Աստուա՜ծ
իմ,
ի՞նչ
ըրաւ
ձեռքս,
ի՞նչ
ըրի
ես,
ինչպէ՞ս,
վրդովումս
զոր
կրցեր
էի
զսպել,
ճնշեց
զիս
յանկարծ
ու
նշտրակս
մոլորեցուց:
Երբեք
չգիտցայ.
կտրուած
երակէն
արիւնը
վտակի
պէս
կը
հոսէր
ու
վրաս
կը
ցայտէր.
դուրս
վազեցի
օգնութիւն
ուզելու
համար.
ես
որ
վարպետ
վիրաբոյժ
մըն
եմ,
ապիկար
մարդասպան
մը
դարձած
էի:
Հոսումը
դադրեցնելու
բոլոր
հնարքներս
ի
դերեւ
ելան:
Տալիլան
իմ
ձեռքէս
մեռաւ,
ճիշդ
ինչպէս
որ
գերագոյն
պչրանքի
մը
վայրկեանին
փափաքած
էր: