Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՐԾԻՒՆԵՐԸ

Երկուքով կ՚ապրէին անոնք, պայծառ անգայտութեանը մէջ այդ ճերմակ լեռներուն, որոնց մէկ երեսը դարձած էր Ճերմակ ծովին ու միւսն ալ կը նայէր նոյնքան ճերմակ աւազներուն։

Արու եւ էգ էին անոնք, երկար տարիներ Լիբանանի մարմարներուն վերեւ պտըտցուցած իրենց տրտմութիւնը, կէս կուշտ կէս անօթի, պատահական զոհերու արիւնէն քիչ մը գունաւորուած, բայց ընդհանրապէս մարած բան մը կար իրենց գործախառն փետուրներուն վրայ։ Նոյն կոտրածութիւնը անոնց անթարթիչ աչքերուն խորը, ուրկէ դուրս կը յայտնուէր մեծամոլ, ամբարիշտ, բայց վսեմ հպարտութիւն մը։ Ու գագաթէ գագաթ իրարու թռչած ատեն, իրենց տակ, իրենց շուքը ձիւներն ի վար սեւնալէն, ժայռերուն վրայ կտոր–կտոր փրթելէն կ՚իյնար մէկէն գահավէժ ու չէր իջնար հովիտներուն տափակութեանը։

Ու սարերուն վրայ, անմատոյց փապերուն առջին անոնք կտուց կտուցի կը նստէին թախծոտ, նայելով խորունկ՝ վարէն վեր սեւցող գիշերին, որ կը շուլլուէր լերան կողերն ի վեր՝ գալ հատնելու համար այդ մռայլ, այդ մենամոլ թռչուններուն փետուրին մէջը։

Անոնց մտքէն օր մը չէր անցած իջնալ վարերը, աչքէ անցընել գիւղերը, որոնք լեռներուն փէշին կու տան իրենց պզտիկ մարմինները, կամ հեռակայ դաշտին մէջ իր ճերմակ տանիքներուն ներդաշնակ անկիւնաւորումը տարածող քաղաքին մօտենալ։

Անոնք արու եւ էգ էին, իրենց պապերէն սորված մարմարներուն հաւատքը ու բարձունքներուն փառքն ու բարութիւնը, եւ ասոնք թեւ չշարժեցին բոլոր մեծ ու պզտիկ տափակութեանց համար, որոնք մարդերունը եղան։

Բ.

Օր մը սակայն, վարի դաշտերէն, հովին թեւովը բան մը եկաւ գտնելու թռչունները իրենց բոյնին առջեւ, երբ ինկած արեւէն ետք, գլուխնին մէկ ճիտին կախ՝ անոնք կը մտածէին մութին, բոլոր չհասկցուող իրերուն խորհուրդին։

Հոտ մըն էր եկողը, զոր անապատէն դարձին հովը բերած էր առանց գիտնալու եւ որ ծանր դժնդակ, գալարուն՝ կը քսուէր հանդարտ քնացող ապառաժներուն, ցրուելով անոնց մէջ տեսակ մը համ, տարտամ ու թելադրիչ՝ եւ զոր կարելի չէր ճշդել մէկ անգամէն։

Թռչունները խռովեցան։ Անոնք ելան հորիզոնները քննելու, երբ մեծ արծիւը ետ դարձաւ, պատմեց թէ մութը կը գոցէր բոլոր հովիտները եւ թէ գիշերը կը սկսէր իրեն անծանօթ չարչարանքով մը, ամէն կողմէն կարմիր ասեղներով ծակծկուած, վիրաւոր ծածկոյթովը։

Առտուն կանուխ, արեւին առջի ասեղներէն ալ առաջ, արծիւները այս անգամ զոյգ, զննելու ելան հովիտը։ Թեթեւ ու անկատար մշուշի մը մէջէն, որ լերան մէջքին հսկայ գօտի մը կը փաթթէր, դառնալով անոր ոլորներուն հետ, անոնք տեսան, տակաւին ստուերներուն մէջ, իրենց պղտոր գիծերով, կարաւանները, սունկի ձեւ վրաններուն ճերմակ ու աղտոտ անապատը, որ ամբողջ գիշերը վազեր էր վերէն, նորօրինակ գիւտի մը պէս բռնելու համար միջատը, որ կը տարածուի լերան կանանչ ոտքերէն մինչեւ անապատին դեղնորակ երիզը։

Թռչունները լայն բացին իրենց ռունգերը։ Հակառակ հովին, որ լերան ծովի երեսէն կու գար հիմա ուժգին՝ աներեւոյթ ջրվէժի մը պէս թափելու դարվար, գիշերուան հոտը, միշտ վար վռնտուած, միջոց կը գտնէր, այդ հսկայ ալիքին մէջէն, անոր պատռտուած տեղերէն վեր մագլցելու, ծա՜նր, փտութեան եւ նեխում էին աղտովը բեռնաւոր ու կը կենար, յոգնած, քարերուն բերնին, ապաստան փնտռելով մարմարին խորշոմներուն կամ խորտակուած եղեւիններուն վիրալից խոռոչին մէջ։

Ու թռչունները իրենց փորձառութեան բոլոր բեռներովը չկրցան ստուգութիւն դնել իրենց զգայութիւններուն մէջ։ Լեռներու կոյտին դիակները՝ մաքուր արտաբուրման մը մէջ՝ կը յաջողէին իրենց գոյութիւնը ծածկել անոնց աչքերուն փայլակէն։

Ու անոնք ամբողջ օրը, տարօրինակ հետաքրքրութենէ մը տարուած, վարեցին իրենց հսկայ թեւերուն հսկայ թիերովը, միշտ քիչ մը աւելի վար, դէպի դաշտերը, ուրկէ սրբուած վրաններուն տեղը հիմա մարդերու մրջնացում մըն էր, որ կ՚եփէր, կը չարժէր իր սեւ ու անհամաչափ ալիքները, աւազներուն այդ ծովին վրայ, քալելով դանդաղ, տաժանքով, ու անոնց վրայէն անոնց մեծ ցաւը, անոնց անօրինակ եղերերգութիւնը կը բարձրանար, գրեթէ տեսանելի խտութիւնով մը, բաբախուն, տաք, ուր ամբողջ ցեղի մը հոգին ազնուական սեւութիւնովն իր սուգին, գալար–գալար կու գար, նման այն հոտերուն, որոնք իրենց մեղքը տարեր էին այդքան վերերը։

Օրը իրիկուն եղաւ։ Հովը դարձուց իր առագաստները, եւ այս գիշեր անոր թեւերը ամբողջովին ծանրացեր էին։ Լերան կողերուն վրայ հոս ու հոն ապաստանած բոլոր կտոր հոտերը, ամէնքն ալ սեւցած, ազնուագոյն երազներու եւ զգացումներու գալարագին մահացումէն, կը փախչէին, դեռ սարսափը, թերեւս անէծքը իրենց անտես բաժակներուն մէջ պինդ սեղմած, դէպի վեր, դէպի կապոյտը, նմանելով այդպէս մահուան մէջ անգամ, հոգիին այն ժողովուրդին, որ չէր մոռցած իր պատմութեան ամէնէն ահաւոր օրերուն, դէպի երկինք դառնալու։

Ու այդ հոտերը իրարու եկած, իրենց անտեսանելի վառարաններուն եղբայրական աղերսովը գրեթէ թեւ թեւի, վշտագին ու թրթռուն պարի մը մէջէն, որ կ՚ընդհատուէր յաճախ, վեր կ՚ելլէին ծանրաքա՜րշ, ետ մնալով շատ անգամ ծովէն, որ կը նեղուէր կարծես անոնց ճնշումէն։ Լերան բոլոր գազանները իրենց ցռուկները սուր-սուր բացին անոնց ալիքին ու վախկոտ եղնիկները խռոված ու տագնապոտ՝ իրենց թաքստոցները անապահով զգացին։

 

Արու եւ էգ էին անոնք, հիմա դաշտին տափակութեանը վրայ, զոհած իրենց լեռնականի հպարտութիւնը, անապատին մօտիկ, գաճաճ եղեւիններու ողորմելի անտառի մը վայրիութեամբը գոհացած։

Փա՜ռք այն քաղաքակրթութեան, որուն հեղինակութիւնը մարդերէն վեր կը բարձրանար, տարածուելու համար գազաններուն վայրագութեանը վրայ, ու կը փոխէ՛ր, կը սրբագրէր բնազդները գիշակերներուն ամէնէն խրոխտներէն մէկուն։ Արծիւները զառամած՝ լքած էին իրենց մենութիւնները։

Օրն ի բուն, տխուր ու ղեղձախառն ոստերով այդ ծառերուն վրայ իրենց մագիլները օղաւորած, թռչունները կը կենային ծանր լոյսին տակ, որ աւազներուն մօտութենէն այրող թողնութեան մը պէս կ՚իյնար անոնց վրայ։

Առջի օրերուն անոնք քանի մը անգամ ձիւներէն քաշուած թօթուեցին իրենց թեւերը փաթթող հեշտագին թմբիրը։ Բայց միսին արտաբուրումը վաղ գահավիժեց զանոնք։

Ու վերէն վար երկնցող ճերմակ լեռներուն բոլոր ծակերէն, զոյգ-զոյգ, իրենց հսկայ թեւերը տիրաբար աջ ու ձախ նետած եկան ուրիշներ, իրենց լուրերը ղրկելով իրենցմէ առաջ։ Անոնք ամէնքն ալ եկան իրենց շքեղ սեւութիւնը կախելու գաճաճ եղեւիններէն վար։

Ամեն իրիկուն, երբ լերան ոտքը կը հալէր կապոյտ մութին մէջ, ու անապատին վրայէն պղինձի թանձր գոյն մը դէպի դաշտը կը փութար, թռչունները, անձկութեամբ, խռոված, արագ-արագ կը փոխէին օղակները իրենց մագիլներուն։ Խուլ ու սոսկալի շրշիւն մը պատանքի մը շոյումէն կարծես յառաջացած, անոնց փետուրներէն թեւերուն հսկայ սանտրէն յուշիկ–յուշիկ կը թափէր ոստերէն վար։

Քիչ ետքը, անտառի վերի ծայրէն, ու խուլ քալուածքով մը, երեւան կ՚ելլար կարաւանը, երկար շղթայ մը մարդերու, համաչափoրէն իրարու կապուած, որ կը քալէր անձայն, գլուխները զինուորական շեշտուածքով մը դէպի առաջ, առանց աջ ու ձախ շեղումի։

Այդ սիւնին երկու քովերէն քանի մը թշուառ մարդեր, ձեռքերնին պինդ բռնած՝ իրենց սուինազարդ հրացանները, որոնք լոյսէ շեղբեր ու շերտեր կը կտրէին դիզուող մութին մէջէն։

Ու մէկէն լոյս մը, յետոյ ուրիշներ։ Խաւարին մէջէն ծաղկող այդ կարմիր աստղերը կը մարտին շատ արագ, ու անմիջապէս ետքը, ձայներ, երկա՜ր, ձայներ լայն ու իրենց խարիսխին վրայ ծանրօրէն թաւալուն։

Յետոյ աւազներուն վրայ մեծ պտուղներուն անկումը յիշեցնող թանձր աղմուկի կտորներ, իրարու ետեւէ, անկատար իրենց ծաւալումին մէջ։ Ու վշտագին, ու բարակ ու արիւնէն կարմիրցած գիծը մահուան աղաղակին, երկա՜ր, նո՛ւրբ, այնքա՜ն տպաւորիչ, որ թռչունները կը ստիպուէին քակել իրենց մագիլներուն ցանցը, լարել իրենց թեւերուն սանդուխը եւ փորերնուն քաշել իրենց ոտքերը։

Ու այդ ճիչերը կը քակուէին, տակաւ մեղմանալով, իրենց գիծը բեկբեկելով։ Յետոյ դադարը կու գար երբ սուինները ինկողներուն մէջ պտըտելէ յոգնած՝ կը ցցուէիին կէս մութին վրայ, աղտոտ ու սեւաւոր։

Թռչունները ամուր-ամուր թափ կու տային իրենց թեւերուն, ոստերուն վրայ մեծ սարսուռի մը պէս դողալով իրենց ցանկութենէն։

Աւելի ետք, հրացանով մարդերը կը ձգէին ինկողներուն վրայ։ Կակուղ աւազին մէջ գլորումին թաւ հէծքը կը հասնէր թռչուններուն։ Յետոյ մարդերը կը քաշուէին կորսուելու իրենց եկած ճամբէն։

Ու անմիջապէս իրենց ոստերէն վար կ՚իյնային բոլոր արծիւները, երկու ոստումով կը հասնէին դիակներուն մօտ։

Անպակաս լուսնկային տակ թռչունները իրենց կտուցներով, կը փորէին անմահ Երազին՝ այդ նուիրական, այլ սրբազան արտերը։ Ու տակաւին տաք արիւնէն զգլխած՝ անոնք գերագոյն հեշտութեան մը մէջ թոյլ կը ձգէին իրենց թեւերուն կիսաղեղները։ Ու քով քովի, կը բռնէին անդադար, մինչեւ գիշերներուն կէսը, երբ արդէն ուռած, հազիւ ուժ կը գտնային իրենց մարմինները վերցնելու գաճաճ ծառերուն բունին։ Հոն մէկ–երկու կտուցի փորձէ մը ետքը, իրենց կուրծքին վրա՝ չորցած արիւնի բունծերը վար տալու, կը տարուէին խաղաղ, տաք, երջանիկ քունին, երկրի մը մէջ, ուր այդքան անվրդով երազելու համար մարդիկ արծիւ ծնելու չափ խելացի չէին եղած։

Գ.

Գիշերներով սկսող այս եղերգութիւնը կամաց-կամաց կորսընցուց ժամանակի իր ճշդութիւնը։

Օրուան ամէն պահուն կարաւանները, հետզհետէ աւելի ստուարացած կու գային հոդ մեռնելու։ Ու անոնց մերկացած դիակներուն առջեւ թռչունները ախորժակի խանգարումներ ունեցան։

Տակաւ՝ բոլոր այն մարմինները, որոնց վրայ կաշին թուլնալով կը գալարուի, մնացին ամբողջ։ Անոնք հեռու էին այլեւս պարարտացած, յափրացած թռչուններուն հաճոյք, հեշտանք հայթայթելէ։

Ու անոնք զարմանալի բնազդով մը փնտռեցին խենթի պէս այն դիակները, որոնց ճերմակ կուրծքերուն վրայ մազերը երկար–երկար օձի խուրձերու նման կը պառկին։

Ու անոնք իրենց վայրագութիւնը կը գտնէին ամէն անգամ, որ պզտիկ տղու մը գանկին վրայ կտուց մը տեղը բաժնելու հարցը ներկայանար իրենց։

Եւ յաղթանակը կը մխրճէր լոյսի այլ անշէջ խորանին մէջ անասունի իր կտուցը, որուն ծայրէն պո՜ւտ մը Երազ, մեր ցեղին տարաբախտ Երազը թրթռագին սարսուռի մը մէջ կը պաղէր հանդարտ, բիւրեղային, կարծես ուզելով տակաւին տալ իրմէ դուրս այն ամբողջ գեղեցկութիւնն ու քերթուածը, զոր ցեղը այնքան արիւններու գնովը բերել էր դարերուն խորունկին եւ որ այսպէս օր ցերեկով, քերթողներուն ու բարիներուն անբաւ բանակներուն առջեւ այնքան անսիրտ ձեւով մը կը խողխողէին։

Ու թռչունները աճեցան ու բազմացան։ Անոնք լեցուցին եղեւիններու անտառը ու անոնք կարաւան–կարաւան քաշուեցան աւելի ներսերը, հրապուրուած նախճիրի այն մեծ, կեդրոնական, թանձրացած ամպէն, որ տարիներով ինկաւ այդ մարզերուն վրայ։

Ու սոսկումը կը բխէր գետնէն, երբ բարկ արեւին տակ, հովէն կռնծած այլ ոսկորներուն վրայէն, զատուելու անկարող թըռչունները կը մնային անթարթ, իրենց փետուրներուն սեւութեանը մէջ փոխադրելով դիակներուն սիրտն ու անոնց զգացումներուն փայլը։

Գաճաճ ծառերէն ետքը, աւազին մէջ երկնցող ոսկորներուն վանդակին վրայ անոնց մեծ քունը օրուան շատ պահերուն՝ ա՛լ չէր ազդուեր չյոգնող ու չհատնող այդ մորթոտումէն։

Բայց իրիկուան դէմ, երբ արեւը ծառերուն կէսը կօծէր իր մաքուր լոյսովը եւ եղեւիններուն ասեղները ոսկիի մէջ թաթխուած թեթեւ հովի մը դէմ կը դողային, ահարկու բան էր, մէկէն, սեւ ու հսկայ թռչուններուն ելքը՝ միջոցն ի վեր։ Անոնք լայն լարած իրենց թեւերուն հողմահարները, անգիտակցաբար կը մտնէին կալին մէջ պարի մը, ուր ձայնին տեղ սաւառնող ու թեւ փոխող լռութիւնը կ՚երգէր, սեւ, պարուրանքին լռութիւնը մարդ ուտող թռչուններուն։

Պարը կը դառնար, հետզհետէ լրջացած, հետզհետէ տխրագին ու երկինքին հոտն առնող արծիւները չէին կրնար դիմադրել զիրենք վար ուզող մեծ Ոգիին, ոճիրին ու արիւնին իր բնազդներուն մէջ՝ այնքան հոյակապօրէն ինքնատիպ այդ ցեղին։

Ա՜խ, այդ արծիւնե՜րը։ Գոնէ մեր դիակներուն վրայ անոնց պարը շատ չտեսնող աստուածութիւն մը արդեօք պահա՞ծ է իր խորհուրդներուն անբաւութեանը ծոցը ուրիշ պար մը, պարը հսկայական, որուն երազը կ՚այցելէ իմ մտքիս, եւ որուն պատկերը տրուած չէ ինծի հարազատօրէն արտագրել։

Պիտի ուզէի, որ այդ թռչունները ապրէին յաւիտեան։ Այսքան անկարելի ոճիրներ արտօնող աստուածութիւն մը նոյնքան անկարելի մահն արգիլէ՛ր այդ թռչուններուն։

Ու անոնք մշտապէս հալածուած միսին ծարաւէն ու արիւնին հոտէն, որ իրենց լեռները մոռցնել տուաւ, օր մըն ալ երթային ուրիշ լեռներու ոտքին, իրենց անցեալի կարմիր ու հսկայ խնճոյքին։

Անոնց կտուցէն, վստահ եղէք, արիւնը կարմիր պիտի դուրս չգար։ Այնքան տարբեր է: Հեղուկը, որ կը պտըտի այդ ցեղին երակներուն մէջ։