ՎՐԴՈՎՈՒԱԾ
ԽՂՃՄՏԱՆՔԸ
Ա
Պզտիկ,
շատ
պզտիկ
էր
գիւղը,
չունենալով
նոյնիսկ
մինարէի
մը
նիհար
սլացքը,
սարին
թեւերէն,
որոնց
տակը
կը
սիրեն
կծկտիլ,
ցանցառօրէն
հոս
ու
հոն
նետուած,
կոները
չոր
խոտերուն,
գորշ
հողէ
թանձր
պատերուն
վերեւ,
կազմելու
համար
տուներ
ու
ախոռներ։
Ոճրագործ
եւ
ինքզինքը
հեռատես
դաւանող
քաղաքականութիւն
մը
այդ
հիւղակները
նստեցուցած
էր
սարին
վրայ,
որուն
ոտքին,
հին
ու
բարի
ուրիշ
գիւղ
մը,
կ՚ապրէր
իր
խոնարհ
զանգակատունովը
եւ
իր
մեծ
աղբիւրովը։
Ու
գիւղն
ալ
ունեցաւ
իր
արիւնի
տօնը՝
տարօրինակ
ու
եղերօրէն
սովորական՝
հեռաւոր
ամայութեանը
մէջ
սարալանջի
կենցաղին.
ուր
բարձունքին
ու
հովիտին
միջեւ
աղերսը
ամիսներով
կը
թաղուի
ձիւնին
տակ
ու
մարդիկ
կը
ծնին
ու
կը
մեռնին
շատ
անգամ
աչք
մը
չբացած
քաղքի
խանութին
ու
ճերմակ
տուներուն։
Ի՛նչ
տօն։
Ամառ
առտու
մը
գեղին
աղքատիկ
ճամբաներուն
ծայրը
զինուած
մարդեր
սպասեցին
շատ
կանուխ։
Ուրիշներ
ներս
մտան։
Անոնք
կը
ճանչնային
բոլոր
տուները
ու
անոնց
մէջ
ապրողները
իրենց
վաւերական
ու
փոխ
առնուած
անուններով,
այնքան
իրարու
հետ
աշխատանք
էին
կիսած
արտերուն
վրայ։
Մէկիկ-մէկիկ
դուրս
կանչեցին
զարմացած
գեղջուկները,
որոնք,
առանց
շրթունք
շարժելու,
թողուցին
որ
զոյգ-զոյգի
կապեն
իրենց
ձեռքերը,
իրենց
իսկ
տունին
չուաններովը։
Յետոյ
իրարու
ետեւէ,
պայմանական
ընդմիջումով
մը
անոնք
երկու
սուիններու
մէջտեղէն
բռնեցին
վերի
գեղի
ճամբան,
ուր,
ըսուած
էր
իրենց,
կը
սպասէր
կառավարութեան
մարդը՝
զիրենք
դատելու
համար։
Կապուողներէն
ոչ
մէկը
միտքէն
անցուց
անդրադառնալ
մոռցրած
մեղքերուն,
որոնք
կը
փնտռուին
ու
չեն
գտնուիր։
Ամէն
հասակը
կար
անոնց
մէջ։
Բոլորովին
ճերմկցած
ու
մեջքը
աղեղով
ծերուկը,
որ
բախտովին
կապուած
էր
քսանամեայ
պարմանիի
մը
պերճ
հասակին,
կ՚երթար,
դժնդակ
ընկճումով
իր
նոր
Գողգոթան։
Ու
նորէն,
երկու
նոր
տունկերը
նման,
իրարու
փակցուած,
կը
քալէին
մատղաշ
տղաքը,
մաքուր
իրենց
աչքերուն
ու
երեսներուն
մէջ,
իրենց
նայուածքին
խաղաղութեամբը,
այնքան
սրտառուչ,
իրենց
ազնիւ
վիշտին
մէջ։
Պզտիկ
էր
դաշտի
գիւղն
ալ՝
վերինին
չափ
պզտիկ։
Բոլոր
արուները
կէս
ժամուան
մէջ
հաւաքուեցան,
առանց
աղմուկի,
կիներուն
ու
մանուկներուն
անգիտակ
զարմանքին
մէջ,
ու
ամէնէն
վերջը
ծերուկ
քահանան,
կապուած
նոյնպէս
ծերուկ
ժամկոչին.
երբ
դուրս
ելաւ
վերի
ճամբէն,
կիները
խուլ
եւ
անբացատրելի
վրդովումէ
մը
անցան։
Աշխարհին
վերջը
կու
դար։
Ինչպէ՞ս
կապեր
էին
Աստուծոյ
մարդը,
առանց
որ
ձեռքերնին
փրթէր
կամ
քաշուէր։
*
*
*
Վերի
գիւղին
ետեւը,
սարի
երես
մը
երկու
տեղ
կը
ցածնայ։
Ու
փոսին
մէջ,
որ
կը
պառկի
այդ
հատուածին
վրայ,
կ՚ապրի
մեծ
ու
հին
օրերու
աղբիւր
մը,
որ
դարերով
ընդունած
է
վարի
դեղին,
բուն
գեղին
խունկն
ու
մոմը,
կարմիրն
ու
կանանչը։
Գեղացին
կրցաւ
մոռնալ
իր
գետն
ու
պարտէզները,
երբ
անոնց
վրայէն
իր
եզները
վռնտուեցան,
բայց
չզատուեցաւ
իր
աղբիւրին
յիշատակէն
ու
գրեթէ
բռնի
իր
սէրն
ու
հաւատքը
փոխ
տուաւ
հեթանոսներուն։
Ասոնք
վախցան
փոխելու
աւազանը
ջուրին,
որ
երեք
անգամ
սրդողեցաւ
անաստուածներուն
մեղապարտ
փորձին
դէմ,
ու
փախաւ
երկրին
սիրտը,
վարի
քահանային
օրհնութիւնովը
միայն
երեւնալ
յօժարելով։
Բայց
պատժեցին
անոր
յամառութիւնը՝
իր
գլխուն
վերեւ
սեւ
սուրի
մը
պէս
ցցելով
ամէն
տարի
չորցող
հասակը
ստորերկրեայ
նոճիներուն։
Բայց
աղբիւրը
չէ
սիրած
տափաստանի
մարդերուն
գոյութիւնը
իր
ափերուն
վրայ
ու
անիկա
ցաւով
կը
դառնայ
իր
հին
պատկերներուն։
*
*
*
Յիշողութի՜ւնը
աղբիւրի
մը։
Որքան
հարուստ
պէտք
է
ըլլայ
երկրի
մը
մէջ,
ուրկէ
դարէ
դար,
երբեմն
տարիէ
տարի
կրակի
ու
արիւնի
թաթառը
կ՚անցնի,
յաճախ
ամիսներով
եւ
ուր
դեղերն
ու
քաղաքները
սունկերու
պէս
կը
բուսնին
ու
կը
սրբուին,
առանց
որ
մէկը
կարենայ
թափանցել
այս
մեծ
խաղին
հանգոյցին։
Բայց
աղբիւրը
կ՚ապրի
եւ
ան
իր
խորքին
մէջ
պահած
է
արիւնը
գառնուկներուն,
որոնք
ամեն
տարի
կու
գան
կտրուելու
իր
գուռին
առջին։
Աղբիւրը
պահա՜ծ
է
ճերմակ
կաղապարը
բոլոր
այն
մերկութիւններուն,
որոնք
տենդէ
մը
բոց
առած
եկած
են
լուալու
իրենց
անխոստովանելի
մեղքերը
անոր
թաքուն
աստուածութեան
ներողութեանը
մէջ։
Ու
նորէն
դարերու
փոշիին
տակ
տարտամօրէն
աղօտ
նկարը
կը
բռնէ
շատ
մը
էջերը
անոր
յիշողութեան,
դարձնելով
անոր
միտքը
ահարկու
սրբարան
մը։
Այդ
նկարները
նոյն
վրձինէն
են
ելած
եւ
ուր
գոյնին
տեղ
մարդկային
արիւնը
կը
սառի
եւ
ճերմակն
ու
սեւը
առնուած
կը
մնան
նորէն
մարդերուն
միսէն
ու
մազերէն։
Աղբիւրը
երբ
իր
կեանքին
այդ
դրուագներուն
կ՚իյնայ,
կը
դողայ
եւ
իր
ջուրերը
կը
մսին,
ու
հակառակ
անոր,
որ
պարբերական
ընդհատումով
այդ
էջերը
մինչեւ
ներկայ
օրերս
կու
գան,
ջանք
մը
կայ
անոր
մօտ
քիչ-քիչ
մոռնալու
այն
սիրտ
կտրող
կճրտուքը,
զոր
սրցուող
տապարները
դուռին
մարմարներուն
վրայ,
կը
խառնեն
անոր
անուշ,
անոր
բարի
մեղեդիին։
Ու
անիկա
լեցուն
է
կսկիծով։
Անիկա
կարօտով
կ՚ուզէ
իր
ափերուն
վրայ
թարմութիւնը
վարդի
գոյն
աղջիկներուն,
այն
տրտում
ժպիտով,
ճիտերնին
նշանին
ոսկիով
ու
հոգինին
իր
ջուրերուն
պէս
միայնակ
ու
մաքուր
աղջիկներուն,
որոնք
անոր
առջեւ,
երբ
իրենց
միսերուն
սարսռուն
համբոյրը
կու
տային
անոր
զուլալ,
անոր
խաղաղասեր
բերանին,
հին,
շատ
հին
սերունդի
մը
շնորհովը
կը
թրթռային։
Ու
եթէ
երբեք
աղաւնիներուն
արիւնը
եւ
աղջիկներուն
անարատ
մարմինները
այլեւս
անվերակենցաղ
մեռելներ
կը
մնան
իրեն
համար
ու
իր
ջուրերը
չեն
օծեր
նուիրական
աստուածուհիներուն
կաթէ
շաղուած
միսերը,
ան՝
մեր
օրերուն
աղբիւրը,
ճերմակ
ժապաւէնով
մը
կը
կամրջէ
նոյն
ալիքին
իրարմէ
անջատուած
նոյն
փրփուրները։
Ու
իր
վարժութիւններուն
մէջ
խանգարուած
աղբիւրը
կը
սպասէ,
որ
շաբաթը
անգամ
մը
գերեզմանին
մօտեցող
ստուեր
մը
դողդղալէն
գայ
իր
շուրջը
պտըտցնելու
մեռելներուն
խունկը,
որ,
իրիկուան
վրայ,
արդէն
սգաւոր
այդ
ձորակին
մէջ
թեւաւոր
ու
հոտաւէտ
կաթի
մեղմ
ալիք
մը
օրօրէ,
անո՛ւշ,
ա՛յնքան՝
որ
դրացի
ծաղիկները
իրենց
գոցուելու
մօտ
թարթիչները
կրկին
բանկային
ու
աղբիւրին
ոգին
քաղցրօրէն
մտիկ
ընէր
երգը
այդ
բոյրին,
այնքան
հեռու
դարերուն
տարածութիւնը
կտրած,
միշտ
քողելով
իր
շղարշէ
անօսրութեանը
խորը
ցեղին
ազնիւ
տխրութիւնը,
եւ
անդ
րագոյն
յոյսին
ծաղիկը
մեղմօրէն
շառաւիղած
իր
ծփանուտ
հիւսկին
ընդ
մէջէն։
Ջուրերը
կը
վախնան
մութէն։
Ու
այն
ցերեկները,
որոնց
մէջ
չարութեան
շունչը
կարմիր
փոթորիկի
մը
պէս
թաւալագին
կը
սուրայ,
աղբիւրները
իրենց
հոգիները
կը
քաշեն
ներս,
ձգելով
միայն
արծաթէ
ընդունարաններ,
հեղո՜ւկ,
որոնք
կը
շարունակեն
վազել,
մինչեւ
որ
բարկութիւնը
հալածէ,
ու
գուռին
եզերքը
դողդղան
օրհնաբեր
լոյսերը
վաղանցուկ
խաղաղութեան։
Այն
ատեն
է,
որ
երկրին
սիրտը
փախած
ոգին
իր
քաղցր
գլխիկը
դուրս
կու
տայ
ու
հեշտանքով
կը
նայի
բոցի
այն
կտորներուն,
որոնք
ձիւնէ
բարակ
ցօղուններուն
կատարէն,
փախչելու
համար
թեւ
բացած
իրենց
փափուկ
ծաղիկները
կը
թափեն
գուռին,
ուր
ալիքները
իրենց
թերթերը
երկար-երկար
օրորներով
կը
բանային,
լայն,
լայն,
ոսկիի
հեղուկ
շղարշ
մը
փռելով
ջուրերուն
վրայ,
փաթթելով
տարտամ
դեղնութեան
մը
մէջ
աղբիւրին
պալատը,
այնպէս՝
որ
լուացուոր
աղջիկներուն
ու
հարսներուն
ծոցը
արշալոյսեր
կ՚իյնան
ու
անոնց
միսերուն
վրայ
պաղ
ոսկեջուրը
կը
բռնկի…
Այդ
օրե՛րը
աղբիւրը
երջանիկ
էր։
Զանգակը
ամէն
առտու
եւ
իրկուն,
երբ
ձիւնին
պատերը
չէին
բարձրանար,
իր
մօտիկը
կը
հաւաքէր
գրեթէ
ամբողջ
գիւղը,
մեծն
ու
պզտիկը,
անոնց
կիսաբաց
շրթներէն
թափթփող
աղօթքի
մեղեդիին
մէջ
գինովցած
ու
լալով։
Ու
տաղաւարներուն
ու
բացառիկ
պաղատանքի,
հսկումի
կամ
երախտապարտ
զեղումի
օրերուն
տղու
մը
պէս
կը
թռվռար
ան,
անուշ
հովին
յանձնած
արծաթէ
իր
լեզուն,
իր
երգին
մէջ
խտացնելով
օրհնութիւնը,
զոր
մարդերուն
սխալը
հիմա
վերէն
կ՚ակնկալէր։
Այդպէս
էր
ապրած
անիկա
դարերով
ու
դարերով։
Ու
մէկէն
անիկա
բռնադատուեցաւ
օրը
հինգ
անգամ
մաքրելու
աղտոտ
ոտքերը
նոր
մարդերու,
որոնց
մօրուքն
ի
վար
փսփսուքով
ինկող
վանկերը
իրենց
անծանօթ
լեզու
մը
կը
պատմէին
եւ
որոնց
հոգիին
խորը,
աղբիւրի
իր
անսխալ
թափանցումովը
ան
գտած
էր,
սպառազէն,
անողորմօրէն
վատ
ու
արիւնի
ծարաւ
գազանը,
կծկտած
ու
պատուած
ճերմակ
պատմուճաններուն,
ու
ճերմակ
փաթաթներուն
քարէ
անմեղութեանը
մէջ։
Բ.
Ամառ
առտու
մը,
աղբիւրը
կանուխ
արթնցաւ,
մռայլ
ձայնէ
մը,
որ
մղձաւանջային
եղերերգի
մը
պէս
կը
քնանար,
տարիներ
կային
անոր
յիշատակներուն
ետին։
Անոր
դուռին
եզրերուն
վրայ
դանակ
ու
տապար
կը
սրցնէին։
Ու
սոսկաց
անիկա։
Ժանգոտած
կացինները
ու
մեծ
ու
ծուռ
ականջով
դանակները
կու
գային
ու
կ՚երթային
իր
մարմարներուն
վրայ.
փսփսուքին
տակ
բառերուն,
որոնց
իմաստը
կը
փախչէր
ջուրէն
եւ
որոնցմէ
վանկեր,
արիւնաթաթախ
խունկի
ծուէններու
նման,
աղաչանքին
ու
փառաբանութեան
վերամբարձ
թեւերուն
վրայ,
դառնալէն
ու
դառնալէն,
կը
բռնէին
երկինքին
ճամբան։
Աղբիւրը
հետեւեցաւ
իր
հոգիովը
աղօթքի
այդ
պարին,
որ
գլուխը
առած
կ՚երթար,
նորօրինակ
դրախտի
մը
բարի,
մաքուր
ու
այնքան
մարդասէր
Աստըծուն,
թեթեւ
ու
տպաւորիչ
պարը,
զոր
բառերը
կը
դառնան
երբեմն,
երբ
սիրտերուն
մէջ
գոհունակութիւնը
սահման
չունենար
եւ
մարդիկ
իրենց
երջանկութիւնը
կապոյտն
ի
վեր
նետել
կը
սիրեն
օրհներգով։
Ու
քիչ
ետքը,
վերէն
վար
ձիւներու
պէս
ճերմակ
զգեստաւորուած,
դանդաղ,
բայց
չափուած
քայլերով
յառաջացաւ
ալեփառ
ծերունի
մը,
երկար
համրիչի
մը
սաթերուն
տուած
իր
մատները։
Դանակ
սրցնողներուն
գիծը
բացուեցաւ
անոր
առջին
յարգանքով։
Ան
մէկդի
ըրաւ
փէշերը
իր
պատմուճանին,
հանեց
մէջքէն
արծաթ
կոթով
մեծ
դանակ
մը,
որ
պատեանէն
դուրս
ելած
ատեն
առտուան
դեղին
լոյսին
մէջ
փա՜ռ–փա՛ռ
փայլեցաւ։
Յետոյ
դանակը
դրաւ
աղբիւրին
գլխուն։
Մօտեցաւ
վազուն
բերանին
ու
ուրիշներէն
շատ
լայն,
շատ
խորունկ
շեշտով
մը,
ուր
փսփսուքէն
ու
ստուերէն
հետք
չէր
մնացած,
դուրս
տուաւ
իր
բերնէն
Աստուածի
մը
մեծ
անունը,
որ
կարգ
մը
երկիրներու
մէջ
այնքան
ընտանի
ու
բարի
հնչիւն
մըն
է,
ընկերացող
մարդերու
գրեթէ
բոլոր
շարժումներուն,
ու
տաղաւարող
մա՛նաւանդ
բոլոր
մեծ
օրերը,
արիւնի,
կողոպուտի
կամ
ողջակէզի
հսկայ
տօները,
որ
պարբերաբար
տեղի
կ՚ունենան
անոր
անկորնչելի
փառքը
դիւցազներգելու
համար։
Բոլոր
հոն
գտնուողները
ձգեցին
իրենց
գործիքները
եւ
տասը
քայլ
անդին,
մեղմ
շունչը
վախէն
բռնած
սօսիին
տակ
իր
երկիւղածութեանը
մէջ
արձանացած
ծերունիին
թելադրութեամբն
ու
տուն
տալովը,
պաղատագին
ու
սարսռալից
յաղթերգութեան
մը
մէջ,
իրենց
բազուկներուն
համար
ուժ
ու
կորով
եւ
իրենց
սիրտին
ու
խիղճին
համար
ալ
խաղաղութիւն
աղերսեցին
անկէ։
Ու
երբ
առաջին
զույգը
զոհերուն
մտաւ
ձորէն
ներս,
ծերունին
ձգեց
աղօթքը։
Նշան
ըրաւ
իր
հետեւորդներուն,
իջաւ
աղբիւրին
առջեւ,
դանակը
առաւ
իր
օրհնեալ
բազուկին
մէջ
ու
կեցաւ։
Կապուողները
անձկութեան
նայուածք
մը
նետեցին
իրենց
աղբիւրին,
ուր,
կէս
քակուած
մարմարէ
մը,
տակաւին
խաչի
մը
թեւը
դուրս
կը
թռէր,
վիրաւոր
ու
ջախջախուած,
աւերակոյտին
վրայ
հայ
տառերուն,
ով
գիտէ
ուր
երկիւղած
մատներուն
հաւատքովը
հոդ
բեւեռուած,
որոնց
իմաստը,
տէրտէրը,
ամէն
տարի,
աղբիւրը
օրհնած
ատեն,
քրտնելով
ու
տալով,
հազիւ
կը
հասկնար։
Անոնք
արդէն
տեսեր
էին
կացինները,
դանակները,
որոնց
մաքրութիւնը
մէկէն
առաւ
անոնց
աչքերը,
պաղ
ու
կոտրտող
փայլովը
իրենց
բերաններուն։
Ու
մէկէն,
չըսելու
համար
առհաւօրէն՝
այդ
կապուած
մարդերը
զգացին,
թէ
ո՞ւր
եկած
էին
եւ
ինչո՞ւ։
Փլած
ու
հատնելու
վրայ
ծեր
մըն
էր
մէկը,
կեանքին
մէջ
քիչ
օր
տեսած
դէմքի
մը
խորունկ
ակօսներովը։
Միւսը,
վախկոտ
պեխերով,
տղայ
մըն
էր,
անուշ
ու
բարի,
երեսին
վրայ
արձանացուցած
պատկերը
իր
ցեղին։
–
Հայր
մերդ
ըսէ,
տղա՛ս,
–
մրմնջեց
կամաց
մը
ծերը,
ու
կղպեց
իր
կզակները,
հոգիին
մէջէն
անհուն
խոյանքովը
մը
բարձրանալով
դէպի
այն
Աստուածը,
որուն
վատութիւնը
ամէն
նախճիրէ
ետք
մոռցած
էր
ցեղը,
ու
քաղցրօրէն
համակերպած՝
նորէն՝
անոր
սիրոյն
մորթուելու։
Երկու
ուրիշ
մարդեր,
ուրի՛շ,
բայց
յաղթական
Աստուծոյ
մը
հասցէին
ուրիշ
աղօթք
մը
կախ
իրենց
շրթներէն,
պառկեցուցին
զանոնք,
անաղմուկ,
օգնութիւնովը
ուրիշ
չորս
բազուկները,
որոնք
աղօթքի
նոյն
կշռոյթին
մէջ
կը
դողային։
Ու
ճերմակ
ծերունին,
դարձեալ
աւելի
փառաշուք
ու
ծանրօրէն
թաւալուն
աղօթքի
մը
սարսուռին
մէջ,
առաւ
կռնակն
ի
վեր
հանգչող
սուրը
եւ
փէշերը
անցուցած
իր
կարմիր
գօտիին
փաթին՝
աղտոտ
ու
անհաւատ
արիւնէն
իր
պատմուճանին
մաքրութիւնը
ազատ
պահելու
համար,
ոտքին
մէկը
տեղաւորեց
երկնցող
ծերունիին
կուրծքին։
Ոսկորներու
խուլ
աղմուկ
մը,
ինչպէս
կը
բարձրանայ
սովորաբար
երբ
հինցած
սակառի
մը
կողերը
կը
պատռեն
ծանր
ճնշումի
մը
տակ,
ցնցեց
ծերունին,
որուն
բազուկէն
դանակը
իր
ամբողջ
երկայնքովը
ինկաւ
երկու
վիզերուն
ալ
վրայ։
Րոպէ
մը
կեցաւ։
Յետոյ,
բացը
մնացած
ոտքը
հաստատելով
քարերուն
կազմած
անկիւնին
մէջ,
ճերմակ
ծերունին,
շրթունքովը
ամուր
բռնած
Մեծ
Աղօթքին
մեծ
համրիչը,
քսեց
իր
դանակը,
կամաց–կամաց,
կարծես
բերնէն
ինկող
վանկերուն
թաքուն
չափը
պահպանելու
մտահոգութեամբ։
Եւ
դանակին
տակէն
արիւնը
եփիլ
սկսաւ
սեւով
ու
կարմիրով
խառնուած,
կայլակաւոր
ու
առատ
բխում
մը,
ուրկէ
գիծեր,
նուրբ
ու
թրթռագին
կամարով
մը,
նետուեցան
վեր,
յետոյ
մեղմով
ծռեցին
իրենց
գլուխները
ու,
թափուելու
ատեն՝
լոյսէն
ծիածանուած
փոշին
անձրեւեցին
սուտակին
ու
կարկեհանին,
անփոյթ
ժանեկումը
բանելով
նահատակի
այդ
խաղաղ
դէմքերուն
վրայ։
Ու
ճերմակ
ծերունին,
միշտ
մտահոգ
իր
պատմուճանովը,
քսեց
իր
դանակը,
քսեց
ու
քսեց,
առանց
խորհելու,
թէ
իր
ոտքին
տակ
աշխարհ
մը
կ՚ընկղմէր,
աշխարհը
անհուն,
աննման
բարութեան,
որուն
վրայ,
դարերու
ընթացքին,
օր
մը
անգամ
չէ
սաւառնած
մարդ
մորթելու
հրէշային
երգը։
Ան
չտեսաւ
նոյնիսկ
ճիգերը
իրեն
օգնող
մարդերուն,
որոնք
գլխատուող
այդ
մարմիններուն
անգիտակից
ու
հզօր
գալարումները
կը
զսպէին,
միշտ
աղօթքով
ու
միշտ
երկրորդուած
իրենց
բարի
Աստուածէն։
Ու
գալարումները
քիչ-քիչ
խելօքցան։
Սրունքներուն
խենթութիւնը
մեղմացաւ
եւ
երբ
ծերունին
յոգնած,
քրտնած,
դանակը
վերցուց
յաղթական՝
վիզերուն
ճերմակ
կրճիկներէն
աղբիւր
մը
դուրս
կու
գար,
դէպի
սեւը
հակող
գոյնով
մը,
որ
գալար–գալար
կը
դառնար
իր
բխումի
խողովակին
մէջ
եւ
առտուան
քաղցր
լոյսին
տակ,
իր
ալիքին
վրայէն,
պզտիկ
ու
կլոր
ծիրանիներ
կը
փախցնէր։
Յետոյ՝
ատեն
մըն
ալ
հանդարտ
վազեց
արիւնը,
որուն
թելը
շատոնց
քակուած
էր
ահաբեկ
ջուրին
մէջ։
Աւելի
ետքը,
ծերունին
վերցուց
այդ
կքած
վանդակէն
իր
ոտքը,
թողուց
իր
փէշերը,
անաղարտօրէն
գեղեցիկ
ու
ճերմակ՝
աստուածահաճոյ
զոհէն
վերջը։
Ու
երբ
պառկողներուն
աչքերը
դժբախտ
գոհարներու
նման
սառեցան
իրենց
կապիճներուն
խորը
եւ
խռչափողին
վրայ
կայլակումը
դադրեցաւ,
ծերունին
լուաց
գուռին
մէջ
կարմիր
չեղբն
իր
դանակին,
չորցուց
լայն
փռուողներուն
զգեստին
վրայ
եւ
դրա
պատենքին
մէջ։
Արեւը
կը
ճեղքէր
ծեր
սօսիին
հատկտուն
տերեւները
եւ
վարի
դաշտին
մէջ
ամառուան
մշուշաւոր
փոշիները
կը
բացում
էին
ու
կը
գոցուէին։
Վեր
ելաւ,
ծառին
տակը,
լիակատար
ծնրադրութեան
մէջ,
իբր
վարձքը
սակարկելու
իր
Աստուածին
հետ։
Մարդիկը
կը
սպասէին։
Խօսեցաւ
անոնց,
խօսեցաւ
երկու
շարժում
եւ
մէկ
աչքի
խփում,
որուն
իմաստը
մատներուն
պրկումը
եկաւ
լրացնելու,
–
ոճիրի
լեզուն,
որուն
արտակարգ
ըմբռնումին
մէջ
պակուցիչ
հիացում
շահեցաւ
իր
ցեղը։
Ու
անկէ
ետքը,
ծառին
տակ
ընկողմանած
ծերունին
մէկիկ-մէկիկ
համրեց
զոյգերը,
որոնք
ձորը
կը
մտնէին։
Տարօրինակ
բան
մը
կար
իր
հեշտանքին
մէջ,
երբ,
իր
հրամանով
կը
տեսնէր
իւրաքանչիւր
զոյզին
անշարժացումը
ձորակի
մուտքին
վրայ։
Հոդկէ
մորթուելու
եկողները
կը
սորվէին
իրենց
ճակատագիրը
եւ
մինչեւ
աղբիւրը,
քալող
մարդերուն
մէջ
խոշորցող
մահուն
զարհուրանքը
դուրս
կ՚ելլէր
զոհերուն
մարմիններէն,
թանձրանալ
ուզող
ստուերի
մը
նման։
Անոնք
նորէն
կը
կենային
քիչ
մը,
կտրուած
գլուխներու
դիւահնար
գիծին
առջեւ,
ուր
իրենց
խարիսխին
վրայ
հաստատուած
այդ
դէմքերէն
դեռ
նայուածքներ
կային
նայող
եւ
սղմուած
կզակներէն
լեզուի
կտորներ
կը
կարմրէին
ակոաներուն
ճերմակէն
դուրս։
Ու
իրարու
վրայ
դիզուած,
անգլուխ
մարմիններուն
մերկութեան
առջեւ,
մորթուելիք
զոյգը
պարտաւորուած
էր
բաց
պահելու
իր
աչքերը,
ապրելու
համար
իր
ամբողջ
ամօթը,
որ
կը
բարձրանար
այդ
դիակոյտէն,
լսելու
համար
վերջին
անգամ
նախատինքը,
որ
կը
զարնէր
իրենց
հաւատքը
ու
իրենց
անկարող
աստուածը։
Անոնց
չարտօնուեցաւ
եւ
ո՛չ
մէկին
զոյգ
մը
բառ,
գութի
ու
բաժնուած
հացի
յիշատակին
ներումը
հրաւիրող։
Անոնց
արգիլուեցաւ
վերջին
խաչակնքումը,
քանի
որ
խաչին
Աստուածը
չեկաւ
քակելու
անոնց
բազուկները։
Ու
ամէնէն
վերջը
բերին
քահանան։
Ճերմակ
ծերունին
շտկեցաւ
իր
յատակին
վրայ
ու
նշանով
մը
իր
մօտը
տարուեցաւ
Աստուծոյ
մարդը։
Արդէն
ժամկոչը
ճամբան
շնչասպառ
մեռցուցած
էին։
Գ.
Կէսօրուան
աղօթքէն
ետքը,
բոլոր
գիւղը,
իր
կիներովն
ու
պզտիկներովը,
պարմաններովն
ու
ծերերովը
սօսիին
տակ
տօնական
ու
ահարկու
զրահում
մը
տուին
իրենց
անձերուն։
Անոնք
արդէն
դիակները
լեցուցած
էին
այն
կիրի
հորին
մէջ,
որ
ծառայեր
էր
աղբիւրին
շաղախը
պատրաստելու։
Տասնըհինգ
տարու
կտրիճ
մը,
երկայն
ձողի
մը
ծայրը
գլուխ
մը
գամած
էր,
աչքերը
փորուած
ու
յօնքերը
փետուած,
եւ
ձողը
ուսին,
հրացանը
կուրծքին
վրայ
շեղակի
երկարած՝
ան
վեր
ու
վար
կը
քալէր,
փորձը
ընելով
այն
սարսափին,
զոր
իր
քաջութիւնը
վարը,
կիներուն
ու
տղոց
մէջ,
առաջ
պիտի
բերէր։
Թափօրը
ճամբայ
ելաւ։
Անոր
կը
կարապետէին
ծերերը,
հինայուած
մօրուքով,
իրենց
օրերուն
բեռին
աւելցուցած
նոր
բեռը
կտրող
գործիքներուն։
Անոնց
գոգաւոր
գլխարկին
ծոպերէն
կապոյտ
ուլունքներ
կը
պաշտպանէին
անոնց
դիւցազնի
թանկագին
գլուխները՝
չարերուն
աչքէն։
Տղաքը,
մեծն
ու
պզտիկը,
իրենց
բաց
ու
կռնծած
կուրծքին
վրայ,
եռանկիւն
համայիլները
պառկեցուցած,
նոյնպէս
կապոյտ
ուլունքների
ընդելուզուած։
Ու
ամէնէն
ետքը
կիները,
գրեթէ
բոլորն
ալ
բոպիկ,
բայց
սեւ
ստուերներու
նման
ամրապէս
պարփակուած
լաթերու
գիշերին
մէջ,
անձայն
ու
խուլ
սպառնալիքի
մը
պէս
թաւալելով
դարվարէն։
Ամէնէն
ետին՝
պատմուճանով
ծերունի՛ն,
խաղաղ,
երանաւէտ
էջքին
մէջ
արդարին,
որուն
հոգին
գտած
է
մեծ
զոհաբերումներուն
հազուադէպ
գոհունակութիւնը
եւ
խղճմտանքը
զովացած
ու
թարմացած
է
նուիրական
զենումէն։
Եւ
թափօրը,
մեծաշուք,
դանդաղ
ձողին
առջեւէն,
ուրկէ
գլուխ
մը
աջ
ու
ձախ
կը
հսկէր,
կարծես
բարեւելու
համար
տուներուն
ամայութիւնը,
ներս
մտաւ
գեղէն։
–
Տուներուն
առջեւ,
տեղ–տեղ,
մարած
կրակներու
վրայ
պտուկներ
կը
նստէին
ու
կռնակներուն
վրայ
բաց
դուռներէն
դուրս
թափած
ուլերն
ու
գառները,
հորթերն
ու
իշուկները
կը
պտըտէին
անհանգիստ,
շուներուն
հետ,
որոնք
վերէն
իջնող
այդ
ամբոխին
դէմ
քանի
մը
կզակ
աղմուկ
նետեցին
ու
յետոյ
վախցան,
մռութնին
կախ,
իրենց
բերնէն
թափթփելով
տեսակ
մը
ողբերգ՝
ուղղուեցան
ժամուն
կողմը։
Հոն,
դրան
առջին,
հրացանի
երկու
ասպետներ,
կը
կենային
հպարտ,
ատեն–ատեն
զէնքին
բունովը
հարուածելով
ոտքերը
պառաւներուն,
որ
կը
համարձակէին
սեմէն
դուրս
երկննալ,
դէմի
աղբիւրէն
երկու
ափ
ջուր
նետելու
իրենց
այրող
սրտին
վրայ։
Թափօրը
կեցաւ
ժամուն
առջեւ։
Ձողին
ծայրէն
անողոք
գլուխը
կը
նայէր,
տեսակ
մը
սեւեռումով
եկեղեցիին
ու
զանգակատունին։
Ծերունին
ներս
մտա։
Ու
բակին
մէջ
դիզուած
կիները
թեթեւութիւն
մը
կարծեցին
զգալ
իրենց
ներսը։
Ամէնքն
ալ
ոտքի
էին
ու
պատրաստ
խօսելու։
Ձեռքի
խիստ
շարժում
մը,
դանակի
մը
բերնէն
աւելի
սուր,
գամեց
զանոնք
իրենց
գտնուած
տեղը,
ոտքերնուն
վրայ։
Այնքան
անակնկալ
էր
այդ
խստութիւնը
մարդու
մը
մօտ,
որուն
արդարութեանը
եւ
ուղղութեանը
վրայ
պատմութիւններ
էին
մտիկ
ըրած։
Յետոյ,
մէկիկ–մէկիկ,
ամէնն
ալ
կանչեց
ամէնէն
լուսաւոր
կէտին
վրայ,
կեցուց
զանոնք,
կարգով,
արեւին
մէջ։
Ակնոցը
քիթն
էր,
դէմքին
վրայ
եօթը
ձմեռներուն
սեւն
ու
սարսափը
թառած՝
ան
կ՚աշխատիր,
ոտքով
ու
ձեռքով
փնտռել
բոլոր
պայմանները,
որոնք
հոդ
խռնուած
մարդերուն
հօտը
երկու
խումբի
պիտի
բաժնէին։
Հարցուց
անոնց
տարիքը,
զաւակներուն
թիւը։
Քիչ
մը
նայեցաւ
իր
ներսը
ու
մէկէն
շարժումով
երկու
անկիւններ
որոշեց։
Մէկիկ–մէկիկ,
բոլոր
ճերմակ,
լեցուն
ու
գեղադէմ՝
կիները
մանրազնին
քննութենէ
մը
ետքը,
գացին
գրաւելու
իրենց
յատկացուած
անկիւնը։
Մէկիկ–մէկիկ,
բոլոր
չորցած,
նիհար
ու
տարւոք
կիներն
ալ,
շատ
արագ
զննութենէ
մը
ետք,
գացին
դարձեալ
հանդիպակաց
անկիւնը։
Ծերունին
բանալ
տուաւ
եկեղեցիին
գաւիթի
դուռը,
ուրկէ
ներս
բանտարկուած
էին
մանուկներն
ու
տարիքը
հասած
աղջիկները։
Դուռին
առջեւ
դաժան
սակրաւորի
մը
ստուերը
տղաքը
ահաբեկեց,
որոնք
հակառակ
իրենց
մամաներուն
փաթթուելու
անսահման
կարօտին,
ետ
քաշուեցան,
մութ
խորշերուն
խորը
կիսաղօտ
ու
հին
եկեղեցիին։
Բայց
նույնքան
խիստ
հրամանի
մը
վրայ,
տղաքն
ալ
անցան
այդ
քննութեան
փայտին
տակէն։
Խորհրդաւոր
հաշիւով
մը,
որուն
խելք
չկրցան
հասցնել
իրեն
հաւատակից
ծերերը,
փայտը
կը
կենար
տղուն
քովն
ի
վեր
ու
ծերունիին
կը
թելադրէր
իր
պատգամքը,
որ
կ՚որոշէր
անոր
տեղը,
պառաւներուն
կամ
մանկամարդներուն
մօտ։
Երբ
աւարտեցաւ
տղոց
ջոկումն
ալ,
պառաւներուն
խումբը
դուրս
հանուեցաւ
բակէն։
Տարին
անիկա
գեղին
կալերը
ու
քշեցին
յարդանոցէ
մը
ներս։
Երկու
հոգի
կառքի
մը
երկայն
շղթայովը
աղխեցին
մարագին
դուռը։
Ծերունին,
որ
հետեւած
էր,
հեռուէն,
խումբին,
մտազբաղ
կը
թուէր
ու
աչքերը
պաղած
էին։
Յանկարծ
նորօրինակ
ուրախութիւն
մը
փայլակեց
իր
երեսները,
նշան
ըրաւ
երկու
առիւծի
պէս
քաջ
երիտասարդներու,
որոնք
շուտով
բանակ
պիտի
երթային։
Խօսեցաւ
անոնց
ականջին
երկու
բառ։
Տղաքը
կեցան,
վարանոտ։
Բայց
հաւատքին
հրամանովը
անոնք
նետուեցան
վեր,
մարագին
տանիքին
վրայ,
ուր
չորցած
սէզերը
կը
կռնծէին
ամառուան
կրակին
տակ։
Եւ
հանդիպակաց
երկու
կէտերէ
չոր
ու
խուլ
ձայն
մը
լուցկիի,
որուն
յաջորդեց
պզտիկ
բոց
մը,
ու
անմիջապէս
վերջը
իրենց
խարիսխին
վրայ
դարձող
մուխի
ալիքներ։
Այնքան
աղուոր
էր
ծուխին
այդ
խա՛ղը,
շոգիացող
կաթի
պղտորում
մը
պիտի
ըսէիք։
Բայց
մուխին
մէջ՝
բոցը
տակաւ
առէջ–առէջ,
հետզհետէ
հալուած՝
բացուեցաւ
մէկէն
խաղաղ
կապոյտին
մէջ,
թեւ
առած
ոսկի
ջուրի
պէս
տժգոյն
ու
թրթռուն,
որուն
գեղեցկութիւնը
պիտի
երթար
վարդէ
քողի
մը
պէս
շղարշելու
անապատին
կանանչազգեստ
մարգարէն։
Տանիքը
բռնկած
էր
ամբողջ
ու
պարմանիները
վարէն՝
հիացկոտ՝
կը
խաղային
բոցերուն
տակաւ
մեծցող
ծփանքին
հետ։
Ներսէն,
դուռին
վրայ
բախումը
գլուխներու
եւ
ձեռքերու։
Երկայն
շղթան
հեծկլտաց,
քիչ
մը
մեղքնալու
դի
դարձաւ,
բայց
շուտով
հնազանդեցաւ
զինքը
պրկող
բազուկներուն։
Ու
ներսէն,
բարձրացաւ,
բարձրացաւ
աղաղակը,
անլուր
ու
անըմբռնելի,
որուն
գոյնը
տուող
բառ
չունի
մարդերուն
լեզուն։
*
*
*
Այրերը,
յիսունէն
վեր,
ունեցան,
ծերունիին
բաշխումովը,
մէյ-մէկ
աղջիկ,
բոլորն
ալ
նոր
ծոցուորած։
Անոնք
իրենց
բացակայ
տղոց
համար
ալ
վար
դրին
ուրիշներ։
Կիները
ձմերուկ
զատածի
պէս
իրարու
ձեռքէ
անցուցին
մանուկները։
Ու
ծերունին,
էտինքի
աղօթքը
պոռաց
զանգակատունէն,
որուն
ոտքին
վիրաւոր
ու
նախատուած
կը
պառկէր՝
ձայնին
ու
վանկին
անօթը,
գահընկէց
թագի
մը
նման։
Ու
ամէն
կին,
առջին
ձգած
մէկ–երկու
մանչուկ
ու
աղջնակ,
մտաւ
անտէր
տուներէն
ներս։
Ու
երբ
արեւը
իջնալու
կը
դառնար,
դեղին
բոլոր
տուները
փոխեր
էին
իրենց
տէրերը։
Մարագէն
պատերու
բարակ
մոխիրի
պատանք
մը
կը
մնար։
Բոլոր
ոճիրները
մեռեր
էին
ու
որբացած
էր
ամբոխը։
Դուրսէն
նայող
մը,
տեսնելով
մուխը,
որ
թոյլ
ու
վէտվէտելէն
կը
փախչէր
միջոցն
ի
վեր,
ծխնելոյզներէն,
պիտի
տանէր
իրեն
հետ
պատկերը
այն
կեանքին,
որ
մեռնողներունը
եղած
էր։
Իրիկուան
դէմ,
ծերունին
ելաւ
նորէն
աչքէ
անցընելու
նոր
գիւղը։
Արեւը
գացած
էր
փողոցներէն։
Ապակիները
շուտ
մը,
վանդակներով՝
տաճկցած։
Դաշտէն
դարձող
անհովիւ
նախիրը
լալկան
շեշտով
մը
բերան
կը
բանար
ամրափակ
դուռներուն
առջեւ,
անկարող
ըմբռնելու
անոնց
այս
զարտուղութիւնը։
Բան
մը
սակայն,
որ
ցեղերը
կը
զանազանէ,
եւ
ամէն
գիւղի
վրայ
շնորհի
վրանի
մը
պէս
կը
լարուի,
փախած
էր
գիւղէն։
Անոր
հոգին
էր
ան։
Այսպէս,
կէս
օրը
բաւ
էր
եղած
է,
որ
հայ
գիւղին
աւանդական
բարութիւնը,
սիրտբացութիւնը
հալածուէին
գուցէ
անվերադարձ
եւ
անոնց
տեղ
գար
չեմ
գիտեր
ի՛նչ
ճնշող
այն
բանը,
որ
անոնց
հոգիինն
է,
որ
անոնց
դուռներն
ու
պատուհանները
կը
վախնայ
բանալու,
առանց
նեղուելու
սակայն
ողջ–ողջ
կիներու
փորը
պատռելէ։
Եւ
ծերունին
ձեռքերը
կռնակը
կապած,
մատներին
միշտ
կախ
իր
համրիչը,
կը
քալէր
զուարթ,
կը
քալէր
անլուր
գոհունակութեամբ
մը
տրտում
փողոցներէն,
զորս
բռնաբարուած
պատուհանները
կը
յօրինեն
արեւելեան
քաղաքներու
եւ
նոյնիսկ
գիւղերու
մէջ։
Ան
միտքովը
երկինքն
էր։
Մէկէն
սեւ
ստուերի
մը
անցքը
զինքը
վար
փոխադրեց
ու
ծանր,
հեշտագին
բան
մը,
որուն
համը
դեռ
կապրէր
իր
զիստերուն
երակին
մէջ,
պրկեց
ծերունիի
իր
ջիղերը։
Աչքերը
պղտորեցան
հաճոյքէ։
Իրիկունը
կը
մօտենար
իր
բոլոր
վարձքովն
ու
բարիքներովը։
Մտադրեց
քիչ
մը
կանուխ
աղօթքը
աւարտել
ու
երբ
կը
շտկէր
եկեղեցիին
կողմը,
հեռաւոր
աղմուկ
մը
ու
քանի
մը
հետաքրքրուող
ստուերներ
զինքը
քշեցին
կողմնակի
փողոց
մը։
Երկու
կին,
դէմէ
դէմ
դուռներէ,
իրարու
լեզու
կու
տային
ու
կ՚առնէին։
Փողոցին
ճիշդ
մէջտեղը,
երկու
տուներէն
հաւասարապէս
հեռու,
բերանը
ահաբեկ
լարած
լացի
մը
վրայ,
աղջնակ
մը
խարտեաշ
մազերով,
կը
մնար
անշարժ,
անկարող
իր
դնդերները
գործածելու,
արցունք
մը
կ՚աշխատէր
դուրս
իյնալու
աջ
աչքէն
ու
չէր
յաջողեր՝
բռնուած
ըլլալով
անոր
թարթիչներուն
նրբարուեստ
մազէն։
Կիները
բարձրացուցին
իրենց
բառերը,
թանձրացուցին
իրենց
բառերը։
Ու
պատմուճանով
ծերունին
քարացած
կանգ
առաւ։
Անոր
կռնակէն
ձեռքերը
փակուեցան
եւ
եկան
լրջութեամբ,
փակչելու
երկար
մօրուքին։
Ծերունին
յուզուած
էր
ու
անոր
խաղաղ
խղճմտանքը
վրդովուած։
Անհաւատի
կտորի
մը
համար
հաւատացեալները
իրարու
սիրտ
ծակող
խօսքեր
ունէին
իրենց
լեզուներուն
վրայ
ու
անոնց
արդար
ու
մաքուր
հոգին
կ՚աղտոտէր
մեղքով։
Այսքան
սրբապղծութիւն,
սրբազան
օրուան
մը
լրումին,
անըմբռնելի
էր։
Ու
մօրուքը
կը
դողաց
անոր
ափին
մէջ։
Փողոցին
մէջտեղը,
աղջնակը
կրցաւ
վերջապէս
շարժել
իր
կապիճներուն
բարութիւնը
ու
սկսաւ
լալ։
Բարձր,
երկար
ու
հծծագին
որբի
արցո՜ւնք,
հոդ,
իրիկուան
այդ
պահուն,
անցնող
կովերուն
մելամաղձոտ
կանչին
հե՛տ,
լզուելո՜վ
շունէ
մը,
որ
կը
մասնակցէր
իր
ողբովը
անոր
տառապանքին։
Տղեկը
քաշած-քաշքշած
էին
ու
անոր
ձեռքերը
փրթած,
կը
կախուէին,
իլերու
նման
երկու
ուսերէն։
Ծերունին
այդ
մանրամասնութիւնը
չէր
դիտեր։
Բայց
այդ
ձայնը,
նոյնիսկ
լացի
մը
մէջէն,
սարսեց
իր
կատաղութիւնը։
Նետեց
վերարկուին
գրպանը
իր
սաթէ
համրիչը։
Շրթունքները
փսփսուքով,
հին
սաղմոսէն
բառեր
թափեցին,
թափթփեցին
ու
սառեցնող
նայուածքով
մը
մօտեցաւ
տղեկին,
որ
մէկէն
լացը
կեցուց։
Ծերունին
բռնեց
տղուն
այտերէն։
Յետոյ՝
երկու
ձեռքերը
փաթթեց
անոր
կոկորդին։
Տղան
ոտքերը
մորթուող
հաւու
պէս
արագ-արագ
գետին
զարնուեցան,
նայուածքը,
ծովն
ինկող
գոհարի
մը
նման,
աչքին
խոռոչին
մէջ
աջ
ու
ձախ
գնաց
ու
եկաւ։
Մէկէն,
կապուտցող
շրթները
իրարմէ
փախան,
փախան՝
փրցնելու
չափ
կզակներուն
ծխնիները։
Ծերունին
միշտ
կը
սեղմէր։
Գոցուող
աչքերէն
ետքը,
տղուն
շրթունքները
կոտրած
աքցանի
մը
թեւերուն
նման
թափեցան
իրարու
վրայ։
Ակռաները
իրարու
կարուեցան՝
դուրս
ձգելով
մէկ
կէտէն,
վարդի
կոկոնի
մը
պէս,
կտոր
մը
լեզու։
Ու
քիչ
ետքը,
անոր
քիթէն
ու
բերնէն
թել
մը
կարմիր,
մաքուր
ու
պայծառ
գարնան
արեւին
նման,
եկաւ
քալելու
դէմքին
դալկութեանը
վրայ։
Եւ
երբ
մատները
քակեց
ծերունին,
տղեկը
ինկաւ
գետին
ճմռթկած
քուրջի
մը
պէս։
Կիները
կռիւէն
յոգնած,
նայեցան
ծերունիին,
անոր
ոտքերուն
թոռմած
տղեկին։
Անոնք
տեսեր
էին
ոճիրը.
անտարբեր՝
որքան
հետախնդիր
եղած
էին
իրենց
մարդերը։
Ու
կակաչի
պէս,
մատղաշ
ցորենի
հասկի
մը
պէս
աղուոր
այդ
դիակը
բաւական
եղաւ
խաղաղութիւնը
բերելու
վրդովուած
խղճմտանքին։