Կայսերական յաղթերգութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆՈՐ ԿԻՐԱԿԻ

Զատկուան արարողութիւններուն ամէնէն խորունկը ապահովաբար կիրամուտքն է Նոր Կիրակիին։

Գացող արեւին պայծառութեանը մէջ ուրախ եկեղեցին՝ քիչ քիչ կ՚ընկղմի տեսակ մը ստուերումի մէջ, որ վարէն կը սկսի, հաստ ու անպատուհան պատերուն տակէն, կը փաթթէ ժամուոր կիները քաղցր խորհուրդի մը մէջ ու կամարի լուսամուտներուն եզերքը երկար-երկար կը թափուի։

Խորանին լոյսերը մէկիկ–մէկիկ կը հանգչին, յոգնող աչքերու նման ու խունկին ամպը, լայն ու լուրջ, կը վախնայ շարժելու կամարէ կամար, թանձրացող վշտի մը պէս պլլուած խորաններուն ու անոնց տժգոյն նկարներուն։

Ու վերնատունէն ու պահարաններուն մէջէն, մութէն բխող հրեշտակներու պէս կ՚արժանանան մեր հարսները, տակաւ զատուելով մեծերուն պղտորութեանը մէջէն։ Անշարժ՝ երկու ձեռքերնին վարագուրած թեթեւ քողով մը, որ անոնց գլուխէն վար կը թափի երկու թեւերով, աչքերնին գետնի քարերուն կամ մաշած գղիաթին, կը սպասեն, որ ժամուն մեծ մինակութիւնը կատարեալ դառնայ։

Կը գոցուին բոլոր կողմնակի անցքերը ու աւագ դուռը ծանր, եղերական ողբով մը կը կտրէ երկինքի մութ կտոր մը, որ հարսներուն կռնակէն կու գայ։

Այն ատեն մարուած կանթեղները իրենց կոյր աչքերը կ՚օրեն ու կ՚օրեն մելամաղձոտ հծծիւնով մը կոտտալով՝ առաստաղին գամուած սիրտերու նման։

Ու ծերունի քահանան, իր մօրուքէն խաղաղ ալիքովը ճերմըկած, կը յայտնուի քովնտի պահարանէն, անոր հողաթափերը մեռելի ձայնով մը կը քսուին մարմարի աստիճաններուն ու անոր սեւ հասակը, կուրծքի ու գլխու բամպակովը շեշտուած՝ կը կենայ մեծ խորանին առջեւ, ոսկեզօծ ու արծաթ գիրքի մը երկու թեւերը բացած ու տարածուն։

Ու ահա, իրենց քողերուն մէջ, կորսնցուցած իրենց ձեւերուն ամբողջ խստութիւնը, ամբողջ մարդկայնութիւնը, մեր հարսները մէկիկ–մէկիկ կը քալեն դէպի դասը, այնքան կամաց, որ մեռելները պիտի նախանձէին իրենց, այնքան մինակ, որ կոյր աստուածները պիտի խաբուէին անոնցմէ։

Ու եկողը, մէկ ծունկը կը դնէ գետին, միւսը կը լարէ դէպի ետեւ, ու ամբողջ մարմինովը կը հակի քարէ մեծ խաչի մը համբոյրին։

Ու կրակուած շրթներուն սարսո՜ւռը, սեւ պատէն՝ իր ճերմակ մարմինը խաչող Յիսուսին։

Ու դողալը հարսնուկներու սիրտին, խորհուրդին տակը, որ պատկերէն կը բխի։

Ու կու գան, կու գան, պահարանէն ու վերնատունէն, բոլորն ալ ողջոյնցող ստուերներու պէս, քալելէ տարբեր բանով մը շարժելով։ Անոնք պիտի նմանցնէ իր կտաւէ աղջիկներու, որոնք իրենք իրենց կը յառաջանան։

Եւ իրարու մօտիկ, իրենց ծունկերուն վրայ, իրենց օրհնուած արգանդներուն ամբողջ բեռովը թրթռալով, անոնք կը կախեն իրենց գլուխները, ա՛յնքան՝ որ իրենց աչքերուն հորիզոնը նեղնայ անսահման, նեղնայ ա՛յնքան՝ որ իր եզերքները կորսնցնէ։ Այն ատեն անոնք կէտ մը կը դառնան, իրենց ներսը հանգչող էակին սիրտէն փրթած գիծի մը վրայ։

Թող կարդայ ծերուկ քահանան, կարդալ, խորունկ ու գինովցող դաշնակցութիւնը այն լեզուին, որ կիսաստուերին ու հսկումի պահերուն զմայլանքը գիտէ այնքան հարազատօրէն, պուտ–պուտ ծորել իր բառերուն մեղեդիին ընդմէջէն։ Ու թող հարսները այդ կախարդող երաժշտութեան մէջէն տեսնել գիտնան հրեշտակէն աւետուած ու Հոգիէն յղացուած Մայրը, որ ճիշդ իրենց պէս, դարեր առաջ, խռովքի իրկուն մը իր ծունկը դրաւ իր Աստուածին ու իր արգանդի լուսոյ տաղաւարի մը նման յարդարեց անպարագրելի ճառագայթին համար։

Պատերն ի վար, վերէն լոյսը կը թափի քիչ-քիչ հատնելով։ Կանթեղներուն ողբը կը մարի տակաւ սրբացած սիւներու կուշտին։ Խորանին սիրտէն Մշտավառը կը նայի անթարթ կատարուող խորհուրդին ու քահանան կը գոցէ իր Աւետարանին արծաթէ թեւերը, այնքան լռին, այնքան յուզուած, որ հարսները պիտի վախնային, եթէ արգիլուած չըլլար իրենց, իրենց նայուածքը բաժնել իրենց հոգիէն։

Ու թող երթան մեր հարսները, մթնշաղ փողոցներէն, դուռին վրայ տագնապով սպասող իրենց մայրերուն։ Ու թող ասոնք երկիւղած ու սրբազան սարսուռով մը բանան իրենց մայրենի շրթներուն անբաւ քաղցրութիւնը անոնց մազերուն, անոնց երեսին ու, մա՛նաւանդ՝ անոնց կուրծքերուն վրայ, մաքուր ու սուրբ մօր համբոյրով պաշտպանելու նուիրական հարսը, որ վաղը գիշեր պիտի դառնայ կրկին իր մարդուն ու անոր բոլոր մեղքերուն։

* * *

Եւ անդիմադրելի բան մը զիս կը տանի ետ, դէպի այն շրջանը, ուր առաջին անգամ սկիզբ առաւ բեղմնաւորուած հարսներուն այս յուզիչ պատարագը։

Մեր պատմութիւնը, իր պաշտօնական էջերուն մէջ, ոչինչ կ՚ըսէ այս խորհուրդին համար։ Բայց նոր կրօնքին տակ, այսքան գեղեցկութեամբ ինքզինքը ծածկող այս արարողութիւնը, առանց կասկածի, հեթանոսական օրերէն աւանդութեան մը մնացորդն է հիմա։

Ու թող ներուի ինծի, մեր օրերուն ամբողջ տափակութիւններէն դուրս ելլել, իջնալու համար ձեր պաշտելի պարին մէջ, ո՜վ, մեր հարսները, երբ ձեր միսերուն հրաշքը դուք կը պտըտցնէիք մեր մեհեաններէն ներս, ու ձեր համբոյրները, գարնան բացուող մեր ծառերուն տակը, ապրիլը գինովութիւն մը կընէին։ Ու ներդաշնակ մաքրութիւնը ձեր տարփանքին, ու կրակէ քաղցրութիւնը դողալէն–դողալէն թրթռացող ձեր գիծերուն ու ձեր ձեւերուն, ու ոսկի քերթուածը ձեր ոտքերուն, ու ոսկի սահանքը ձեր ազդրերուն ասոնք ես կը տեսնեմ պայծառ գիշերուան մը մէջ, որ ձեր գերեզմաններէն կը փրթի հատնելու համար ուրիշ ահաւոր սպանդանոցի մը վրայ։

Ո՜վ մեր հարսները։

Դուք Եփրատին տուիք կենդանի ծանրութիւնը ձեր որովայնին, ուր աստուածներ իջան հանգչելու։ Դուք ձեր աղօթքը, գարնան բոյրի մը նման, քակեցիք ձեր շրթներէն նուիրական բագինին վրայ, թափելու համար զանոնք ուրիշ, ուրիշ բերաններու մէջ, որոնք անմահութիւնը խմեցին ձեր սրտէն։ Դուք ձեր գիծերուն անճառելի քերթուածը ծաղկեցուցիք մեր մեհեաններէն ներս ու դուք նուաղեցաք, ձեր մերկութեան սարսուռովը, բազուկներուն մէջը անո՛նց՝ որոնք քաջերուն նախանձը ոտք հանելու չափ գեղեցիկ էին եղած ու իրենց պատիժը դեռ կը քաւեն անդունդներուն սիրտը։

Ո՜վ մեր հարսները։

Դուք Եփրատին տուիք պարպուած ու պարտուած ձեր որովայնները, ուրկէ ոճիրին բազուկը փրցուց ու մեռցուց թերաբողբոջ ոսկի ծաղիկը մեր սերմին։ Դուք աւազներուն վրայ, ձեր մերկութիւնը սեւցած անէծքի մը պէս խաչելով խաչեցիք։ Դուք ձեր միսերը տուիք ճամբաներու բոլոր փուլերուն։ Բայց ձեր հոգիները չդադրեցան մնալէ մեր հին հարսները, անո՛նք՝ որոնք մեհեաններէն ներս իրենց յղութիւնը աստուածութեան մը չափ փառաւոր հանդիսացուցին ու մեր օրերուն խոնարհ ժամ երուն, անուշիկ կիրակմուտքերուն, աստուածներ ընդունելու չափ մաքուր յարդարեցին իրենց արգանդները։

Ո՜վ մեր հարսները։

Կու գայ Նոր Կիրակին, հոն ձեր նուիրական երկրին մէջ, ուրկէ ձեզ զատեց փոթորիկը դարերուն։

Հիմա, մեռան այն աստուածները, որոնք ձեր մարմինները կենդանի տաճարներու պիտի վերածէին եւ որոնք անմահ բոցի մը նման պիտի բնակէին մեր միսերուն ադամանդ կանթեղին ծոցը։

Ու մեկնեցաւ անվերադարձ այն սերունդը, որ մկրտուած դուրս ինկաւ ձեր արգանդէն, մահերուն ամէնէն եղերականին, բայց ամէնէն գեղեցիկին սահմանուած, պայքարի մեծ գողգոթային վրայով։

Ու անդին մեծ լեռով Երկրին մէջ կ՚ուրագրուի նոր զարմը տակաւին գոյութիւն չառած մայրութիւններուն։

* * *

Ո՜վ մեր Հարսները։

Ձեր օրհնուած արգանդէն, նոր Աստուածներ կը սպասէ այն երկիրը, որ կտոր–կտոր սկսաւ մերը դառնալ։

Ձեր երջանիկ արգանդէն, թող գան մեզի մեր նոր մարտիկները, կատարեալ ու լրատուած, պայքարներուն ամէնէն սրբազանին համար։ Զի ապաբախտ ձեր քոյրերը իրենց ճեղքուած փորերէն դեռ կը քաշեն, կը քաշքշեն կտորը մեծ աղիքին, որուն պարունակութեանը վրայ կիրակմուտքի աղօթք մը հանգչեցաւ եւ կը թափառին գտնելու այն զաւակները, որոնք անուն չունեցան, բայց որոնց կիսատ հոգիները յաւիտենական հանգիստը կը փնտռեն, պզտիկները, վռնտուած իրենց մօրկանը ներքին օրանէն։

Ձեր երկիրը կը սպասէ ձեզմէ սերունդը, որ փառքի լուսապսակին տակ խեղդէր, հալեցնէր մեր պատմութեան ամէնէն ահաւոր արատը։

* * *

Նոր Կիրակին կու գայ։ Պիտի գա՛յ, ձեզմէ դուրս սերունդը, որ զինուոր ըլլար այս հրաշքին։