ՆԱՐԵԿԸ
Տո՞ւն։
–
Մի
վախնաք,
ըսէք՝
պալատ։
Նմա՛ն՝
միւսներուն,
այնքան
շատ
ու
զատ,
միւս
կառոյցներէն։
Դէպի
փէշերը
Ողիմպոսի,
գմբէթ-գմբէթ,
ու
պարիսպ-պարիսպ,
իրաւ
է՝
տաճկի,
պէյ
ու
փաշայի,
ու
ատով՝
տարբեր։
Աս
մէկն
ալ՝
հայու։
Տե՞ղը։
–
Քաղաքին
արուարձաններէն։
Հի՜ւսք
մը՝
կապար
գմբէթներու
ու
կանանչ
գմբէթներու,
այս
վերջինները
սօսիներէն,
եղեւիններէն։
Որոնց
քովերէն
սեւ
կերոնները
նոճիներուն։
Պալատնե՛ր.
Ջերմուկի
ջուրերուն
մշուշին
մէջէն,
որ
հեքիաթի
մը
դեւին
լեզուին
նման,
մերթ
կտոր-կտոր,
մերթ
ալ
մէկ
բերնով
կը
լզէ
անոնց
ճերմակ
պատերը
ու
պտոյտ
կու
գայ
անոնց
բազմաբուխ
տանիքներուն։
Անօթի՜,
հեքիաթին
դեւն
ալ։
Ու
շատոնց
է,
որ
ես
ճերմակ
այդ
շէնքերը
նմանցուցեր
եմ
կարագի
դէզերու։
Ու
մի
հարցնէք՝
ինչո՞ւ՝
ո՛չ
ուրիշ
բանի։
Որբերը
տարբեր
նայեցան
ճերմակ
բաներուն։
Իմ
գո՞րծը,
սա
Կաղանդ
օրով,
իմ
գեղէն
հեռու,
թուրք
սա
քաղաքին
մէջ
ու
խորը
սա
պալատին։
–
Ատ
ալ
կը
գիտնանք։
*
*
*
Ձի՞ւն։
Հարկաւ։
–
Բայց
ոչ՝
գեղինը։
Կատղած
ու
անգութ,
որ
պատերը
ճեղքէր
ու
ներսը
մաղուէր,
սանկ
կուշտ,
յորդ
ալիւրի
թիզ
մը
փռելով
մեր
հին
սենեակին
հողէ
յատակին։
Եւ
ոչ՝
աներես
ու
գազան
այն
ասղնտուքը,
որ
գէշ
պատսպարուած
միսերդ
կը
գտնէ,
այնքան
հաճոյքով,
թողած
աշխարհը,
անոր
արձակութիւնը
ու
սուր-սուր
լեզուով
կը
ծակէ
զքեզ,
լաց
ու
արիւն
բերելով
ճեղք–ճեղք
մատներէդ։
Ձի՜ւն։
–
Ո՛չ
հաստ,
ո՛չ
բարակ։
Ա՛ն՝
որ
համ
ունի,
սանկ
Մարտի
կիսուն,
ճերմակի
տեղ
քիչ
մը
կապտորակ,
հալած
ապակի։
Զոր
կը
ծաղրէինք,
ուժգին
պոռալով
Արագիլներուն
երգ
ը
յիմար
երեսին
ու
կը
ծեծէինք
բոկ
մեր
կրունկին
տակ
կոխկռտելով
հեղուկ
իր
բիւրեղը։
Մի
մոռնաք,
որ
ձմեռ
նոր
կը
մտնենք։
Ու
անոր
փշրանքները
կիյնան
խոշոր-խոշոր,
քաղքի
սա
մասին,
հազիւ
խաւ
կապող։
Ոչ
մէկ
հով։
Բայց
մօտէն,
հեռուէն՝
տաքուկ
ջուրերուն
հոգին։
Որ
կը
բաղկանայ
ու
քաղցր
կ՚ըլլայ
փողոցին
վրայ
ու
դաշտերն
ի
վար։
*
*
*
Ու
պարտէ՜զը
սա
պալատին։
Հարկաւ։
Տարուան
մէջ
օր
մը։
Պալատի
տղայ։
Մենք
զայն
կը
տեսնենք,
արձակ
համարձակ։
Կը
վազեմ
բոպիկ
–
դուք
չեք
գիտեր,
թէ
ինչ
խնամքով
պահեր
եմ
մառանը,
ժամէն
տրուած
որբի
կօշիկները
–
կակուղ
այդ
ալիւրին
մէջէն,
զոր
հեքիաթ
մը
անհամար
տոպրակներու
կ՚ամբարէ,
ամառը
բաշխելու
համար
զայն
բոլոր
մեզիպէսներուն,
աշխարհ
ղրկուած.
միայն
ու
միայն
հացի
ետեւէն,
որսալու
հանուած
շուներուն
նման։
Հացին
ետեւէն
լարուած
գործիքներ,
թերեւս
մեր
մօրն
արգանդէն։
Մինչեւ
ե՞րբ։
Բայց
մինչեւ
յատակը
հողին,
ուր
քակուելու
է
դժբախտ
անէծքը
մեզ
այդպէս
կապող։
Այսպէս
կը
մտածէ
գիրքէ,
գրիչէ
անմասն
իմ
մամաս,
տասը
տարեկան
ասպարեզ
իջած,
ցամաք
հացի
հանքերուն
խորը։
Իմ
մամաս,
որ
կ՚աշխատի
ամառ
թէ
ձմեռ։
Մետաքսի
մանարաններուն
մէջ,
երբ
բաց
են
անոնք:
Օտարի
շեմին։
Հացի՝
լուացքի՝
տախտակ
սրբելու՝
հիւանդ
հսկելու։
Որպէսզի
բերէ
չոր
հացը
մեզի։
Ես՝
քովիկը
միշտ։
Մեղքը՝
անոր
արիութեան։
................................................
Պատուհանէն
մատները
Մաննային։
Որ
կը
սարսափի,
հաւանաբար
մերկ
ոտներուս
հաշուոյն,
իրենները
տուած
երեք
խաւ
բուրդի
գգուանքին։
Պալատին
պարիկը։
Հարկաւ։
Ան
ալ
մայր
ունի,
վերը,
տղաբերքի
ցաւերով։
Կը
նայիմ։
Ինծի
այնպէս
կու
գայ,
որ
ապակիին
կարմիրէն
է
անցեր
անոր
դէմքը։
Բարակ,
բաց
արիւնի
մօտ
ափ
մը
բան՝
անոր
երկու
երեսներուն,
որոնց
ճերմակը
աչք
կ՚առնէ
դէմէն։
Ինծի
տարեկից։
Բայց
զինքը
լացնող
սա
մեծ
ցաւին
մէջ
ինծի
շատ
մօտիկ։
Ես
վեր
եմ
տասնէն։
Կը
կանչէ
ու
կու
լայ։
Բանտարկած
են
զինքը։
Ձի՜ւնը։
Քաղցր
ու
անձայն։
Պարտէզը
աճած
իր
երեսներէն
ու
հարսնեւորած
իր
թփիկներէն։
Ձի՜ւնը։
Ածուներէն
ներս
անարատ
սաւան։
Յետո՞յ։
Գլուխս՝
քաշած՝
կը
սուզուիմ՝
խորը
քողով
ծառերուն,
ճնճուղէ
ճնճուղ,
որոնք
թեւերը
հաստ
ու
թաց
կը
զարնեն
իրենց
մանր
կոպերուն։
Կան՝
որ
կը
կաղան,
այսինքն՝
ոտքով
կը
փորձեն
թռչիլ։
Քաղքի
ճնճուղնե՜ր,
հարկաւ։
Վախկոտ՝
անոնց
տղոց
պէս։
Մէկը
կը
կծկտի
մատներուս
ներքեւ՝
հաւկիթէն
նոր
փախած
ճուտիկին
նման։
Շունչովս
տաքցնելով
անոր
սառած
թեւերը,
ու
աչուկներուն
քովէն
սառի
գիծերը,
կը
դառնամ
պալատ,
հպարտ
ու
խելօք,
մինչ
մերկ
սրունքներուս
թեթեւ
շոգի
մը
կը
խաղայ
բարի։
*
*
*
Գիտեմք,
թէ
օրը
ծանր
է
շատ,
սա
պալատէն
ներս։
Ու
ասիկա՝
հակառակ
Կաղանդին,
որ
գիշերուընէ
եկած
է
արդէն։
Ու
շատ–շատ,
հօրքուրս
ըսէր
պիտի՝
ամենական
բան
բերած
տունին
աղջկան։
Մոռցեր
է
սակայն,
այդպէս
կը
պնդեն
զինքը
սա
սենեակին
փակող
մեծերը,
աղուոր
պէպէքը,
որ
Մաննային
քուրիկը
կամ
աղբարիկը
ըլլայ
պիտի։
Ու
տխուրը
ան
է,
որ
այդ
պէպէքը
արդէն
հանուած
է
Աստուծոյ
պարտէզէն,
շալակը
տրուած
Կաղանդ
պապուկին։
Ու
հիմա
չկայ։
Ի՜նչ
յիմար
են
ծերունիները։
Չէ՜
մոռցեր
ուլունքն
ու
մատնին,
կօշիկն
ու
գլխարկը,
խաչն
ու
կրծկալը,
բայց
մոռցեր
զի՛նքը։
Իրա՛ւ
որ
յիմար։
Ո՞ւր,
սա
ցուրտին,
պտլիկ
պէպէքը,
որուն
վրայ,
երկու
օր
է,
ժամեր
շարունակ
խօսեր
ենք
Մաննային
հետ,
շինելով
քիթը,
բերանը,
մանրիկ
ու
աղուոր։
Ու
թաթիկները՝
փիղի
ոսկորէն։
Ու
աչուկները
կակուղ
խմորէն
իր
ապակի
գնդիկներուն։
Ու
մարմինը,
ձիւներէն
բերուած։
Ե՜ս.
այդքան
կանուխէն
ճարտարապետը
մարդկային
շէնքին։
Ան
մտիկ
կ՚ընէ
ու
կը
նայի
դուրս,
փնտռելով
հանքը
իմ՝
բերածներուն…։
Ու
շարեր
ենք,
անուշիկ
իր
ճաշակովը
–
կին
է
վերջապէս
–
խաղալիքները
«ճամբու»
այդ
պզտիկին,
խաչն
ու
գլխարկը,
սանտրն
ու
կրծկալը,
ու
տոտիկները,
ձիւնի
գունդերով։
Եւ
ուլունքները։
Եւ
զինուորները։
Եւ
շաքարները։
Բոլորն
ալ
բերուած
Կաղանդ
պապուկին
խոշոր
սակառովը։
Բայց
…
չկայ
պէպէքը։
Ծանր,
շատ
ծանր՝
օ՛րը,
պալատին
գլխուն։
Նետած
են
մեզ
վար,
սա
գետնայարկը։
Որուն
սենեակէն
պատուհանները
փառք
որ
պարտէզը
ունին
իբրեւ
տեսարան։
Ես
կ՚անցնիմ
արագ
ու
ձեզ
չեմ
խօսիր
հարուստի
տունէն,
հակառակ
անոր,
որ
ամէն
առարկայ
պրիսմակէ
մը
կ՚անցնի
մէջս
իյնալու։
Աշխարհք
է
ասի։
Ու
ես
չեմ
հեղինակը
սա
զրկանքներուն։
Թող
Ինքը
մտածէ
իր
սա
ըրածին։
Այսպէս
ենք
դատեր
մենք,
մամաս,
հօրքուրս,
աղբարներս
մեր
այն
գիշերները,
երբ
պառկեր
ենք
առանց
ուտելու,
առանց
կրակի
ու
առանց
լոյսի,
խորը
սա
քաղքին,
երբ
երկու
տուն
վար
պատուհաններէն
փողոց
կը
թափեն
միս
ու
ոսկորներ։
Թող
Ինքը
մտածէ
իր
սա
ըրածին։
Մեզ
նետած
են
վար,
սենեակին
մէջը,
որուն
դուռը
ամուր
կը
պահեմ,
հնազանդելու
համար
մօրս
պատուէրին։
–
Մաննան
չելլէ
դուրս։
Բա՞նտ։
Յանցա՞նք։
Պատի՞ժ։
–
Ո՛չ։
Ո՛չ։
Երկուքս
ալ
սակայն
ականջ
ենք
դարձեր,
պողոտան
ծեծող
ու
խուլ
մեզի
հասնող
սա
ծանր
հեծքերուն,
որոնք
կառքերը
կ՚ընեն
մէկը
միւսի
ետեւէն։
Անոնք
կը
բերեն
սա
պալատէն
ներս
քաղքին
բոլոր
մեծ-մեծ
բժիշկները։
Հիւա՞նդը։
–
Մաննային
մաման։
Ծանր,
շատ
ծանր
հիւա՛նդ։
Ու
սենեակին
մէկ
երեսը
բռնող
վառարանին
առջին,
ճնճուղը,
ինքզինքը
գտած,
կը
թօթուէ
իր
աչուկները
ոտքին
եղունգներովը,
մինչ
գլխիկը
աջ
ու
ձախ
կը
քննէ
ոսկեզօծ
ու
կասկածելի
շաքարները,
մեր
հեռքէն
ու
ձայնէն
«հոփ-հոփ»
ցատկելով,
լոյսին
վազելով։
*
*
*
Մեղքցուելի՛ք,
ճնճուղէն
աւելի՝
սա
խեղճ
աղջիկը։
Անիկա
կը
վախնայ
հօրմէն,
որուն
քայլերը
դուրսէն
կը
ճանչնայ,
բայց
որուն
գիրկը
վազելու
համար
չի
բանար
դուռը։
Չի
բանար.
կանխաւ
վիրաւոր
տեսնելիք
պատկերէն։
Երկու
օր
կայ.
քունը
չէ
ինկած
այդ
հօր
աչքերուն,
գիտենք
ատիկա։
Ես
ըսեմ
հարիւր,
դուք
ըրէք
հազար,
անիկա
իջած-ելած
է
պալատին
սանդուխները,
դէպի
սենեակը,
ուր
«պառկած»
է
Մաննային
մաման։
Ինծի
ծանօ՛թ,
այդ
ցաւը,
շատ
կանուխէն։
Մեր
գեղը
ատոր
անունը
կու
տան
առանց
խպնելու
մեծէն,
պզտիկէն։
Բայց
հոս
քաղաք
է։
Ու
մութ
է
չորս
դիս։
Աղջի՞կը։–
Չեմ
հարցներ։
Միայն
յստակ
է,
որ
մութ
ու
խորունկ
բան
մը
կը
կատարուի
վերը,
հոն՝
ուր
բժիշկները
կ՚ելլեն
ու
կ՚իջնեն։
Որուն
մինչեւ
գետնայարկ
աս
երկարումը
սիրտ
կտրտող
բան
մը
կը
դառնայ
քիչ-քիչ,
քանի
որ
մեծ,
մեծ,
շա՜տ
մեծ
ճիչ
մը,
ցաւի
տակ
փրթած
ճիչ
մը
ընդհատ-ընդհատ
կը
հասնի
մեզի,
լեցնելով
ահագին
պալատին
բոլոր
յարկերը
ու
յորդած
մեզ
ալ
կը
գտնէ։
Ամէն
անգամ,
այդ
ձայնին
սուրին
տակ
Մաննային
դէմքը
դեփ–դեղին
կ՚ըլլայ։
Աչքերը
կ՚ուռին։
Ու
մատները
կ՚երթան
երեսները
պահելու,
մինչ
անոնց
ճեղքերէն
մանր
աղբիւրի
մը
պէս
կը
հոսի
բառը:
–
Անուշիկ
մամաս։
Ու
չի
վերջանար։
Մա՞հ։
Քաղքցին
այդ
բանը
շատ
չի
հասկնար,
անոր
հանդիպելով
մեր
չորս
պատերէն
ներս։
Տղաբերքի
աղէտները
կանուխէն
ճանչցող,
կը
խռովիմ
այն
յուզումներուն,
ալեկոծութեանց
հաշուոյն,
որ
ադ
գիծէն
մահիճ
մը
կը
բանայ
երբեմն
գեղին
երեսին,
մէկ
օրէն
միւսը
չէն,
անուշիկ
տուն
մը
հիմէն
քանդելով,
շարան–շարան
որբեր
պարպելով
դռնառաջներուն
ու
տարիներ
տեւող
սուգ
մը
գամելով
անիծուած
յարկին։
Վա՜յ
այն
փոքրերուն,
որոնց
մայրն
է
մեռնողը։
…
Կը
դողամ
ներսէս,
նայուածքով
պաղած
անոր
աչքերուն…։
Մինչ,
գլխուս
տակ
կ՚անցնին
թափօրները
կէնճըճուկ
մեռած
մատաղ
հարսներուն:
*
*
*
Մամաս։
Կու
գայ
ժամը
հեղ
մը։
Խելքը
չէ
վրան։
Մոռցած
է
զիս
ու
կը
բռնէ
թեւերը
տունին
աղջկան։
Այս
անգամ,
դեղնած
է
ան
ալ։
–
Մամա։
Ու
կը
յառիմ
խորը
անոր
ծանր
նայուածքին։
Աղքատութիւնը
մեզի
դաս
տուած
է
այդ
նայուածքներէն։
–
Ըսի՞ր։
–
Ըսի։
–
Քանի՞
հեղ։
–
Եօթը։
Ըսածս՝
Հայր
մեր
ը:
–
Որդի
Աստծո՞ն
–
Երեք։
Կը
խնդան
անոր
աչքերը։
Մաննան՝
անծանօթ
այս
ամէնուն։
Բայց
չի
հարցներ։
Օրեր
կան,
ուր
ամէն
հետաքրքրութիւն
վախ
է
մեր
հոգուն։
–
Խաղացէ՛ք։
Ու
խեղճ
կինը
չի
գիտեր,
թե
բոլոր
խաղալիքները
կ՚իյնան
մեր
ձեռքէն,
երբ
պալատին
ընդերքէն,
գոց
որոտումի
նման
ճիչը
հասնի
մեր
յարկին։
–
Խալկի՞նը։
Իր
մղձաւա՜նջը։
Երկու
օր
է
կ՚եռայ
ու
կ՚եռայ։
Խաբեր
եմ
զինքը,
մատաղի
ջուր
մը
դնելով
հո՛ն՝
ուր
ես
գիտեմ,
թե
ինչն
է,
որ
կը
տաքնայ։
Իր
մղձաւա՜նջը։
Գիտէ,
որ
պահք
է
օրը
դեռ
շաբաթ
մը
կայ
մատաղի
առուան։
Ու
ոչխար
չկայ։
–
Խալկի՞նը,
մամա։
–
Լեցո՛ւր։
Առանց
տեսնելու
գիտէ
անիկա
ջուրին
հատնիլը։
Ու
անոր
վստահութիւնը,
որ
կ՚անցնի
ինծի։
Գեղեցիկ
կնիկ,
մահուան
ընտանի,
այնքան
անկողիններէ։
Անոր
անութքը
չի
խաբեր
երբեք։
–
Բայց
չի
պատասխաներ
աղջկան,
որ
սիրտ
առած
անոր
աչքերը
լեցնող
հաւատքէն
կ՚ուզէ
իմանալ,
ինչու
է
կ՚եռան
սա
կաթսաները,
որոնք
մատաղի
ատեն
կը
նստին
եռոտանիին։
Ան
ուրկէ՛
գիտնայ,
թէ
տղաբերքը
ինչ
մեծ
աղմուկ
է,
նոյնիսկ
գիշերը։
Ան
ի՜նչ
օճախներ։
Ան
ի՜նչ
խալկիններ։
Ան
քանի՜-քանի՜
սափորով
հարսներ։
…
Ոչխա՞ր։
Միամիտ
աղջիկ։
Հոս
է,
որ
անոր
սպասելու
չափ
անգէտ
են
պզտիկները։
Բայց
գիտէ,
որ
աղա
իր
հայրիկին
մէկ
բառը
բաւ
է
կէս
ժամէն
հոս
բերելու
տասը
ոչխար։
–
Յետոյ,
յանկարծ,
շրթները
խածնելէն՝
–
Պէպէ՞քը։
Արցունք
ու
փսփսուք։
Ինչո՞ւ
այսքան
տարբեր
են
տղոց
ձայները։
Գիտէ՞։
Չի
գիտե՞ր։
Կ՚ամչնայ։
Բռնած
է
մօրս
ձեռքէն։
Ու
աղաչանքը
յստակ
թելի
մը
պէս
կախ
է
տակաւին
անոր
բերանէն։
–
Հիմա,
աղջիկս,
հիմա։
Կը
լեցուին
իմ
աչքերս։
Բայց
կը
զօրանամ,
վասնզի
գոց
գիտեմ
մամայիս
հոգին,
որ
վախ
չունի։
Հակառակ
բժիշկներու
սա
թափօրին։
Մայրերը
Աստուծոյ
աջին
տակն
են
լման
տարի
մը։
–
Առաջ
Աստուած,
հիմա,
աղջիկս,
հիմա։
Բայց
սենեակին
մէջ
ծանր
է
սա
պահը։
Օրը
չսկսած
կը
դառնայ
իր
վերջին։
Ճնճո՛ւղը։
Որ
կը
պոռայ
կաթիլ-կաթիլ։
–
Աս
ի՞նչ
է։
–
Պարտէզէն
բերաւ։
–
Բաց
պատուհանը։
Ծանօթ
հեքիաթին,
որ
թռչունը,
նոյնիսկ
պատուհանէն
դուրս,
խերով
կը
մեկնէ
ամէն
տղաբերքի,
կը
բանամ
ապակին։
Վառարանին
լոյսին
մէջ
կէս
մը
ոսկեզօծ
ու
թաւշեայ
իր
գլուխը
կը
տնկէ
թռչունը
դէպի
պաղ
հոսանքը։
Ծառերուն
իսկապէս
հիւսուած
ճիւղերը
ճօճքի
կը
մտնեն։
Ճնճուղը
կը
կենայ
զինուորի
մը
թեւին
ու
կը
շարունակէ
կաթիլ–կաթիլ
իր
ծիւ–ծիւը։
Կը
գոցեմ
պատուհանը։
Խոշոր
է
շունչը,
որ
կ՚ելլէ
բերնէս։
Ու
ճնճուղը
առջեւնիս.
մօրս
մեկնումէն
յետոյ
իր
«գործին»,
մենք
կ՚այցուինք
մահէն
ու
կեանքէն.
փոխն
ի
փոխ։
Ես՝
այն
շատ
ու
շատ
հարսներէն,
որոնք
տարբեր
եմ
իբր
տիրացու
ժամէն
դէպի
գերեզման,
լալով
մամիս
հետ,
անոնց
վարդ
մարմինները,
ողողուած
ծաղիկով
ու
արցունքով,
հարիւրներու
կսկիծին
մէջէն։
Ինք՝
հաւանաբար
երազելով
իմ
բառերէս
մտքին
մէջ
շինուած
անուշ
պէպէքին։
–
Ամէն
կնիկ
եօթը
հոգի
ունի։
Կը
կրկնեմ
անոր
գեղին
սա
իմաստուն
պատգամը,
բայց
կ՚ամըչնամ
անոր
պարզելէ
պատգամին
կապուած
պատկերները։
–
Անունը:
–
Որու։
–
Պէպէքին։
Չեմ
պատասխաներ։
*
*
*
Կախուեր
եմ
փէշէն։
Բացեր
է
դուռը
եւ
լուր
կը
մուրայ։
Սպասուհիներ
եկող
ու
գացող։
Մորքուրը,
աչքերը
ուռած։
Ազգականներ։
Բոլորին
դէմքին
ահաւոր
շղարշը
անգայտ
սարսափին,
որով
մահը
կը
զգեստաւորուի
ժամ
մը
հեռուէն։
Մեզ
չեն
տեսներ
ալ։
Բժիշկ,
բժիշկ,
բժիշկ
եւ
կ՚ելլեն
ու
կ՚իջնեն։
Ան
կու
լայ։
Վա՜խը՝
դուրս
քայլ
փորձելու։
Հարուստի
տղաքը
ինչէ՞
չեն
վախնար,
նոյնիսկ
մեր
գեղը։
Ամուր
եմ
բռներ
մետաքս
պլուզէն.
կակուղ
ու
սահող,
որ
տաք
չէ
սակայն։
Բայց
մատներուս
մէջէն
բարակ
ու
անուշ
բա՛ն
մը,
նման
նոր
տղոց
միսին,
երբ
լիճէն
կը
հանենք
անոնց
կարմրորակ
գունդերը,
լոգանքէն
յետոյ։
Հոտոտ
սա
զգեստներուն
տա՞կ
ալ
սիրտ
մը,
իմինիս
նման,
որ
ցաւին
մուրճով
գայ
ողիկ–ողիկ։
…
Ու
ձեռքս
կ՚երթայ,
յետոյ,
մազերուն,
ասոնք
ալ
սահող,
եղոտ
ու
հոտոտ,
այնքան
տարբեր
իմ
ճանչցածներէն…
…
–
Երբ
կը
դառնայ
ետ,
չի
կրնար
նայիլ։
Արցունքը
իր
բիւրեղին
մէջ
հիւսեր
է
անոր
բիբերը,
այնքան
նոր,
այնքան
աղուոր,
որ
մատ
կ՚երկարեմ,
առանց
գիտնալու,
«խմելու
համար
այդ
աչուկները»
ինչպէս
կ՚ըսեն
մեր
գեղին
հին
երգերը,
–
անուշ
աչուկներ,
ձիւնի
մէջ
ինկած
գոյն–գոյն
կայլակներ
…
Հրամայական՝
–
Պիտի
չլա՛ս։
Ու
չկայ
մէկը,
որ
հարցնէ
ինծի:
–
Դուն
ինչո՞ւ
կու
լաս։
Վասնզի
թաց
է
թարթիչը
իմ
ալ
բիբերուս
վրան։
Մամա՜ս։
Ուժով։
Ահաբեկ։
Վճռական։
Աչքերը
չորս
բացած։
Թեւերն
երկարուն։
Տպաւորիչ՝
սա
մուտքը,
ա՛յնքան՝
որ
կը
սառինք։
Մաննան
կը
փաթթուի
անոր
ձեռքերուն։
Մայրս
չի
տեսներ։
Ու
հակառակ
անոր,
որ
քովիկն
եմ,
անունս
կու
տայ,
հեռուէն
կանչողի,
խաղէն
կանչողի
երկարուն
շեշտով՝
–
Ակոբի՜կ…
–
Համմէ,
մամա։
Վախով
ու
բարի։
–
Հանէ
Նարեկը։
–
Ուրկէ՞։
–
Ծրարէն։
Մեր
խաղերուն
մէջ
մոռցեր
եմ
ծրարը,
«Վերիսաղիմու»
գրիչէ
մը
կոտրած
կոթ
մը,
որ
ունի
սակայն
նշանաւոր
ճնճուղի
աչքը.
ոսկորին
թաղուած։
Ներսը՝
Յիսուս
մանուկ
մը,
մսուրքին
դրուած,
ձեռքերը
լեցուն
ու
միշտ
խնդացող։
Մոռցեր
եմ
Նարեկը,
իր
պատկերովը։
Մամաս
գիտէ
սակայն
աշխարհքին
հալը
։
Տղաբերքը
միշտ
գերեզմանին
հետ
կը
շփոթուի
բոլոր
մայրերուն
մտքին։
–
Կը
յիշեմ,
սա
պալատ
գալէն
առաջ,
ինքնիրեն
մռլտուքը։
–
Չմոռնանք
Նարեկը.
ինչ
կ՚ըլլայ,
ինչ
չ՚ըլար
…
Րոպէի
գործ
է
քակել
կապոցը,
որ
մեր
խրճիթը
սա
տգեղութեամբ
կը
տնկէ
առթիս,
զիս
կ՚ամաչցընէ։
Կը
գտնեմ
Նարեկը,
իր
մետաքս
ծածկոցին
մէջ,
նոր
հարսի
մը
նուէրը
այդ
քաջ
մատեանին,
ինչպէս
կնքած
է
զայն
մեր
թաղին
ծերը,
Ակոլա
տէտէն։
Մամիկոն
Վարդանէն
ալ
քաջ։
Որով
զինուած,
ես
ափ
ի
բերան
եմ
թողեր
իմ
ընկերները,
իջնելով
քարայրներու
խորը.
ճին
երուն
հարսանիքին
ատեն,
ինչպէս
կը
կարծենք,
մեր
քարերուն
աղմուկէն,
որոնք
անոնց
անտես
թմբուկները
կը
ծեծեն։
Գիշերը
կիսուն
գերեզման
երթալ։
Տաճկի
գերեզմանները
ճեղքել
ու
անցնիլ…։
Ասոնք
ու
տակաւին
ինչե՜ր,
գո՜րծը՝
«դիւահալած»
մատեանին։
Այո՜։
Ու
բարի
է
ան,
քաջ
մեր
մատեանը։
Մեր
թաղին
ու
դեղին
ալ
կիսուն
ամենահաս
բժիշկը.
ձրի,
զօրաւոր։
Հոգեառն
իսկ
կը
քաշուի
անկէ,
երբ
թափառի
մատղշուկ
հոգիներուն
շուրջը
ու
պարապ
ձեռքով
դուրս
կ՚ելլէ
տունէն։
Որ…
ամէնէն
քիչը,
տղաձգանները
ետ
կ՚առնէ
բռնի
դեւերուն
ցանցէն։
Որուն
կաշի
կողքին
վրայ
մահէն
դարձողները
արցունք
ու
համբոյր,
օրհնութեան
ուխտեր
ըրեր
են
այնքան
անգամներ։
Ան
տունին
մէջ
ամբար
մը
ցորեն։
Կատոզ
մը
ձիթապտուղ։
Հազարնոց
գուբ
մը
եղ…։
Ու
չեմ
հարցուցեր,
թէ
ամէնուն
հասնող
այդ
բարի
գիրքը
ինչու
քուն
է
միշտ,
երբ
մենք,
մամաս
է՛ն
առաջ,
տունով
կ՚արտասուենք։
Աչքերը
խոշոր,
դէմքէն
դեփ–դեղին,
մատներէն
դողդոջ,
Մաննան
կը
զննէ
խորտուբորտ
ակօսը,
որ
անոր
կողքերուն
եզրէն
ներս
կը
փորուի։
Ձեռք
չի
երկարեր։
Սպասուհի
մը,
ան
ալ
մեր
գեղէն։
Սուրբ,
չկարգուկ
աղջիկ,
մազերը
ճերմակ։
Որ
կը
մտնէ
ներս,
ձեռքերը
ծունկին
ծեծելով
ու
լալով՝
–
Չորնամ
արեւուն…
կտրտին
պըտը…
–
Ի՞նչը…
Մաննան
է,
լեղապատառ։
–
Պէպէ՛քը։
–
Պէպէ՞քը։
Կը
ցատկի
թիզ
մը
վեր,
գրեթէ
խենթ։
Ինչո՞ւ
խելք
չըներ
հարցնելու՝
ե՞րբ
են
բերեր
որ…
Կը
նայիմ
հպարտ
իր
անգիտութեան։
Դուրսը
կառքեր,
կառքեր։
Սանդուխներուն՝
քայլեր,
կարճն
ալ,
հասակովն
ալ։
Անհատնում։
Ու
սե՜ւ։
Ձայնն
ալ
գոյն
ունի
երբեմն։
Խորհեցէք
քիչ
մը։
Ձեր
միտքին
բերէք
տագնապի
ժամեր,
երբ
սպասումը
կը
գունաւորէ
ձեր
շնչած
օդն
իսկ։
Այն
ատեն
հաւատաք
պիտի
սա
սեւ
ձայներուն,
որոնք
ոտք–ոտք
կը
կոխկռտեն
մեր
խեղճ
սրտերը։
–
Դեղի
հաստ
հոտ
մը,
մտքիս
մէջ
կապուած
քոլերային,
երբ
խառն
ի
խուռն
մէկ
տունէն
քանի
մը
մեռել
ճաղին
մէջ
դիզելէ
ետքը,
շիշ-շիշ
բան
կը
թափէին
վրանին…։
Դեղի
այդ
հոտը,
որ
կը
բուսնի,
անդիմադրելի
մահուան
կարապետ…։
Որուն
յարմարցուցեր
եմ
ոտանաւորի
մը
տողը։
«
Տուն
փլողներուն
ամէնէն
վարպետ
».
չարափոխելով
ծիծեռնակին
երգը,
ուր
անիկա
«կարապետն
է
գարնան»
ու
«ամէնէն
վարպետը
բոյն
շինողներուն»…։
......................
–
Շուտ,
տղա՛ս։
Մայրս
է,
ի՞նչ
սրտհատնում
կայ
իր
ձայնին
ներսը։
Ու
դուռներ,
որոնք
կը
բացուին,
կը
գոցուին,
վարը,
վերը,
ամէն
տեղ։
Հակառակ
սրտիս
զարկին,
ես
բանամ
պիտի,
ամէն
անգամուան
նման,
մատեանին
կողքը,
նայելու
հեղ
մը,
առջեւի
«պարկենք»ին
–
մեծ
ծառ
մը՝
որուն
գագաթ–պարոյրը
կը
կորսուի
ամպերուն
ծոցը,
ասոնք
գրուած
խաս
բամպակ,
ու
գալար–գալար,
Աստուծոյ
գահին։
Որուն
արմատներէն
մէկը
իջեր
է,
խորունկ
դէպի
մեծ
լուբիա
մը,
սի՜րտը՝
Ադամին,
պատկերին
վրայ
այդչափ
միայն
գոյ։
Չորս-չորս
վարդապէս,
բութ
վեղարներով,
աջէն
ու
ձախէն,
«Հաւատամք»
կեցած։
…
Ու
Աստուած
պապան։
Քովիկը՝
Որդին։
Ասոնց
գլուխներուն
ճիշդ
մէջտեղէն՝
Աղաւնին։
Ճերմակ
կտուցէն
ոսկի
խուրձեր
որայ–որայ
վազելով
դէպի
դէմքերը
աղօթողներուն։
Ի՜նչ
հպարտութեամբ
բռներ
եմ
պատկերը
անոր
նայուածքին։
Ատեն
ըլլար,
ես
խօսէի
անոր
սա
մարդոց
մասին,
որոնք
ազգականէ
աւելի,
դեղին
տէրտէրներէն
աւելի
ծանօթ
են
ինծի։
Որոնց
անուն,
պատմութիւն,
ուժ,
հրաշք,
կռիւ
եմ
ճարեր
Վարք
Սրբոցէն…
–
Տղաս,
ատենը
չէ.
շուտ։
Մայրս
է,
հարիւր
անգամ
մտիկ
ըրած
հրաշքները
այդ
վարդապետներուն։
Կը
քաշէ
թեւէս։
Դուրս։
Ետեւէս՝
Մաննան։
Ոչ
ոք,
որ
կեցնէ
զինքը։
Սանդուխներուն,
մեծ-մեծ
մարդեր,
էֆէնտի,
պէյ,
դուք
աւելցուցէք
փաշան։
Սուտ
չեն
ըսեր,
քանի
որ
քաղքին
երկրորդ
հարուստն
է,
հայերուն
մէջէն։
Ուրիշներ՝
կապ
մատներով,
իրարու
հիւսուած։
Ուրիշներ՝
քիթ
շոյելով։
Հազալով։
Ծուռ
նայելով։
Բոլորի
դէմքին
մահուան
շղարշը։
Տղաբերքի
սենեակէն՝
ահաւոր
ճիչը,
սիրտը
կլորտող։
մէկ
կտոր
ու
հաստ։
Ըսես
չունենար
սկիզբ
ու
չունենար
վերջ:
Կտրիճ,
մեր
խումբը։
Մայրս
առջեւէն։
Ինչո՞ւ
կը
բացուին,
երբ
կը
մօտենանք։
Ահա
սենեակին
սեմին։
Սա
քաղքէն
տասը
դայեակէ
աւելի
տղաբերք
տեսած
քաջարի
մամաս
կը
պոռայ
ուժգին
–
Կեցէք,
Աստուածնիդ
սիրէք։
Մէկէն
կը
դողամ,
յիշելով
սպասուհին
«կտրտին»ը։
Հրամա՞ն։
–
Ինչո՞ւ
չէ։
Կան
պահեր,
երբ
մեր
ուխտը
մեզ
հարիւրով
կը
բազմապատկէ։
Մարդիկ,
ազգականներ
կ՚ընկրկին։
Ու
լռութի՛ւն.
–
«Նարեկին
շուքը»,
–
կը
մտածեմ
բարձրաձայն։
–
«Ադին
կծկեց»,
–
կը
շարունակեմ,
ակնարկել
ուզելով
սադայէլին,
որ
հզօր
մատեանին
հոտը
կը
ճանչնայ։
Միւս
կողմէն,
բազմութիւն։
Ձեզ
կը
խնայեմ
հարուստի
առագաստը։
Բայց
խօսելու
եմ
պայուսակներէ։
Ի՜նչ
ընտիր
կաշի։
Ոսկի
կղպանքով։
Ըլլային
ինծի։
Մէկը
միս–մինակ՝
Նարեկին։
Ուրիշներ՝
տետրակներուս։
Սաղմոսին։
Նոր
առնուած
Մայրենի
լեզուին։
Ուրիշ
մըն
ալ
գեղի
առէքը
պառկած
«
Դպրութիւն
»ին,
որմէ
զգացած
սարսափս
նորոգուիլ
կը
սկսի,
քանի
որ
Ծնունդէն
վերջը
գեղ
երթանք
պիտի։
Ամառը
քաղքին։
Ձմեռը
գեղին…։
Այսպէս
են
անցեր
իմ
մանկութիւնը,
առաջինն
ու
երկրորդը։
…
Դեղի
սրուակներ։
Ու
մկրատի
նմանող
փայլուն
շիշեր
–
երկաթ
–։
Ու
նոյն
գիծով՝
Մանուշենց
հարսը,
հեռուի
մեր
գեղէն,
որուն
փորէն
մանչուկը
առին
կտոր
ու
կտոր։
Ու
կը
դողամ,
տեսիլքէն
խուժուած։
Օրը՝
նոյն։
Երկուշաբթի,
առտու։
Որուն
ետինքին
մայրն
ալ
թաղեցինք։
–
Կարդայ
պըտը…
Մամա՛ս։
Ահաբեկ։
Ուժով։
Վճռական։
Ծիծա՞ղ։
Բարկութի՞ւն։
Սա՞ստ։
–
Աս
ինչենի՞
է։
–
Գիւղացի։
–
Յիմար։
–
Ապուշ։
–
Հանեցէք
դուրս։
Իբր
թէ
իրեն
չըլլային
սա
բոլորը.
մամաս,
միշտ
վճռական,
տիրական։
–
Կարդայ
պըտը։
Յետոյ,
զսպելու
անկարող
վախն
ու
զայրոյթը՝
–
Կոտրտին
ձեր
ատ
ձեռքերը։
Աստըծոյ
խշումին
գաք։
Աւելի
բարձր՝
–
Դուք
Աստուած
չունի՞ք։
Ու,
նոյն
րոպէին,
մահիճէն,
ձեռքը,
որ
կը
բարձրանայ
ու
կը
դողայ
դէպի
աջ։
Հրամա՞ն։
Հիւանդին
հայեացքը
քաղցր
է
իմ
վրայ
ու
իմ
մօր
վրայ։
–
Կարդա՛։
Մաննան
է,
մօրմէն
առնելով
անոր
աչքերը։
Բայց
աղաչանք,
քան
թէ
հրաման։
Մայրը,
ու
լուսէ
անոր
ձեռքը,
որ
կը
գծէ
իր
պատգամը։
Ինչպէս
կը
դողամ
հիւանդին
չափով
սա
ողջին
հաշուոյն,
որ
շունչը
խառնած
գրեթէ
շունչիս,
աչքերը
խոշոր,
սիրտը
շրթներուն,
հոգին
երկարած
հզօր
մատեանին
«առողջութիւն»
կը
մուրայ։
Ինծի
պէս
մեծ
բժիշկներն
ալ
կ՚ազդուին
պատկերէն։
–
Կարդա՛։
Հիւանդն
է.
երկու
օր
կ՚ընէ.
առաջին
անգամ
առանց
նիզակի
իր
շունչն
առնելով։
–
Հէ՛յ,
զօրքիդ
մեռնիմ,
հէ՜յ,
սուրբ
վարդապետ։
Կը
գուշակեք
ով
էր
ըսողը։
Ու
Նարեկով
ազատուած
տղաձգաններուն
ամբողջ
օրհնութեամբը,
երախտագէտ
յուզումովը
դողալէն։
–
Ցոյց
տուր
ուժդ
հեղ
մը
սա
անհաւատներուն,
հէ՜յ,
մեծ
վարդապետ։
Կ՚ըսէ
ու
աչքերը
չորս
բացած,
թեւերն
երկարուն
նշանը
կու
տայ
ինծի
ծանօթ
տեղին,
որ
հիւանդին
գլխուն
կողմն
է
միշտ:
Անցած
սնարին,
մոմ
մը
հսկելով։
Մինչ
կուշտիս,
մոմ
մը
իր
ձեռքին,
աղջիկը։
Բացած
եմ
էջը։
Խոց–խոց։
Մոմի
պտղուցք։
Այրուցք։
Արիւնի
չոր
ոսպ։
Համբոյրներու
պղտոր
հեւքը
վրան
պատած։
Ու
դեղին,
ղեղին,
ա՛յնքան՝
որ
աղջկան
գլխէն
ցաթած
կը
կարծեմ։
Անոր
մազերուն
սա
ոսկի
ջուրը,
որուն
մէջ
կը
լողան
տողերը
եւ
կը
թռին
գիրերը։
Կը
կարդամ։
Քաջ
ընթերցող
մը,
քանի
որ
լման
ձմեռը
գեղի
դպրոցին
մէջ
ուրիշ
բան
չունինք,
բացի
կարդալէն։
Կարդա՜լ։
Ի՜նչ
քիչ
է
բառը
հոս։
Աւելի
շիտակը՝
սիրտս
է,
որ
կը
պարպուի
սա
երկաթ
գիրերուն
մէջէն,
որոնք
երբեմն
միայն
կը
փոխուին
դուրսէն
զգացումի
մը։
Ի՜նչ
փոյթ,
թէ
տողերուն
իմաստը
ամբողջ
չի
հասնիր
ինծի։
Հերիք
է,
որ
բնազդով
գիտեմ՝
անոնց
ըսածը։
Հերիք
է,
որ
ինծի
ծանօթ
բառեր
կը
զատուին
էջէն
ու
կ՚առնեն
իմ
յուզումիս,
հաւատքիս,
հայցուածքիս
ամբողջ
կրակը
իրենց
վրայ։
Ամէն
Սրբուհի
ի,
Տիրամայր
ի,
Տէր
ողորմեա
ի
բառին
հետ
տաք
երկաթ
կ՚անցնի
կուրծքիս
ճամբաներէն,
դէպի
աղիքներն
ու
գալար–գալար
կը
պրկէ
զանոնք,
քեմանչէն
լարող
անտես
մատին
պէս։
Ու
ցաւ
ու
քրտինք։
Ու
ամէն
«հաս»ի
բերանս
տասը
հեղ
աւելի
ուժգին
կը
կանչէ
օգնութիւնը
Վերնականին։
Յետոյ,
պահին
ամբողջ
խորքը,
մահուան
ու
կեանքին
սա
հանելուկը,
գութին
ու
վիշտին,
ուրախութեան
ու
լացին
սա
փայլակումը։
Որոնք
կը
լայննան,
կը
հասուննան,
կը
լուսաւորեն
մահիճը,
սենեակը,
որ
կը
բացուի,
կը
բացուի։
Կարծես
մէկը
վեր
կ՚առնէ
անոր
պատերէն
սադայէլին
վարմերը։
Արձակուող
ճամբու
խորունկ
զգացում
մը։
Ու
հանգիստ։
Մինչ
մահիճին
վրայ
գողտուկ
նայուածքս
կը
գտնէ
լոյսի
պէս
աղուոր
այդ
մարմինը,
որ
կու
լայ,
կը
քրտնի։
Ու
հիւանդին
շունչը,
որ
գոյն
կը
ստանայ։
Ու
անոր
դէմքը,
որ
կը
դառնայ
մարմնեղէն
շէնքին։
Ու
շատ,
շա՜տ
մեծ
ճիչ
մը։
-
Տէր
ողորմեա,
Տէր
ողորմեա,
Տէր
ողորմեա
…
–
Ղա,
ղա…
Խղդուկ,
սա
արձագանգը։
Ուրկէ՞։
Մայրս
է,
թեւէս
պինդ
բռնած,
քաշելով
միւսով
միամիտ
աղջիկը
դէպի
դուրս։
Դո՛ւռը՝
որ
կը
գոցուի
մեր
կռնակին։
Մինչ
մեզ
շրջապատողները
կը
պոռան,
իրարու
աչք
լուսելով։
–
Պէպէ՜քը։
–
Պէպէ՜քը։
Ըսող
ըսողի։
Հոն
ըլլայիք,
նայելու
համար,
իմ
ալ
նայուածքիս։
Անութիս
զարկած
քաջ
իմ
Նարեկը
կը
շտկեմ
դարվար,
սանդուխները
մեր
գեղի
սալարկներուն
փոխուած
կարծելով։
Ետեւէս՝
Մաննան։
Մեր
անցքին՝
–
Տէր
ողորմեա,
Տէր
ողորմեա…։
Կը
ձայնեն
վախով
սպասաւորներ,
ու
ազգականներ։
–
Տէր
ողորմեա…
Արդարն
ու
մեղաւորը։
*
*
*
Կաղա՞նդ։
–
Հարսնիք։
Մենք
անհամբեր
ենք,
դուք
կը
զգաք,
ինչէ։
Մաննան,
ոտքերը
գետնին
զարնելով։
Կարկուտի
պէս
արցունք
թափելով։
Սիրտ
պատռելու
չափ
ուժով
ուզելով՝
–
Պէպէքը,
Որուն
ձայնը
կայ,
բայց
ինքը
չկայ։
…
Իրիկուան
մօտիկ,
մամաս
կը
յաջողի
դուռները
բանալ։
Ան
ինչ
սենեակ
է։
Տէ՜ր։
Բայց
պետք
է
կարճ
կապել։
–
Հարուստին
ոսկին,
աղքատին
կզակը՝
ըսեր
են,
մոռնալով՝
աչքը։
Չորս
ձեռքերու
մէջ
չորս
պայուսակներ
հազիւ
կը
կրեն
ինչ
որ
կը
տանինք
պէպէքին։
…
Ան
ամուր
է
բռնած
տոտոխ
ները,
բոմբուլիկ
բուրդէ
կօշիկներ,
որոնք
անցընէ
պիտի
անոր
տոտիկներուն։
Չէ՞
որ
դուրսը
ձիւն
է
պառկեր։
Գրեթէ
կը
նուաղի
յուզումէն,
երբ
մամաս,
հակառակ
դայեակին
խիստ
հրահանգին,
կը
վերցնէ
շղարշ
մը
ծրարի
մը
վրայէն։
…
Ան
է,
մեր
պէպէքը,
այնպէս՝
ինչպէս
շինեցինք
առտուն,
վարը։
Քո՞ւն։
Ո՞ւր
աչուկները,
որոնց
փոսիկները
հազիւ
կ՚երեւին
երեսին
վրայ,
թաղուած
անոր
միսերուն
տաքուկ
ձիւնին
մէջ։
Կը
համբուրէ
զայն,
շատ
կամացէն,
շրթներուն
ծայրով։
Ու
ես
կը
ցաւիմ,
իմ
միսիս
շատ
խորունկներին,
առանց
պատճառի։
Նոյն
ատեն
պաղած
է
նայուածքս
անոր
երեսին,
ուր
տեսակ
մը
կարմիր
հով
կու
գայ
ու
կ՚անցնի։
Ի՜նչ
կը
նմանին
իրարու
երկու
դէմքերը։
Նո՞յնն
է
ատոնց
ու
մեր,
աղքատներու
Աստուածը։
Չեմ
կրնար
մամայիս
մօտենալ,
ոչ
ալ
այդքան
անուշիկ
պէպէքին։
Չի
փախիր
աչքէս
անոր
նայուածքը,
որ
պզտիկէն
ինծի
կը
դառնայ։
Հրաւէ՞ր։
Ո՜վ
գիտէ։
Ոչ
մէկ
բառ։
Յետոյ
կ՚ուզէ
կամացուկ,
երգ
մը
մեր
գեղին
տրտում
օրրերգներէն,
որոնց
առաջին
կտաւը
չի
կրնար
մոռնալ,
մօրմէս
երգուած,
որ
անոր
ալ
ծնունդը
կը
յիշէ.
տան
հին
աշխատաւորը։
–
Հիւանդը
քուն
է…
-
Ու,
կամացուկ
միշտ,
մեզ
կը
հանէ
դուրս,
աթոռներու
վրայ
պարպելով
բեռը
մեր
պայուսակներուն
ու
պատուիրելով՝
–
Սպասեցէք։
Յետոյ,
քիչ
մը
մտածկոտ,
–
Չըլլայ
քնանաք։
*
*
*
Գիշեր։
Մաննային
սենեակը։
Ահագին
ծառ
մը,
որ
առաստաղը
կը
հրէ
կարծես։
Վրան,
օձին
լեղին
է
պակաս։
Սեղան։
Մեր
թաղին
բանակ
մը
տղաքը
կշտացնելու
բաւող։
Կարճ՝
ամէն
ինչ,
որ
կ՚անցնի
ձեր
մտքէն,
բացի
սա
մէկը.
–
Ոսկի
օրան։
Իրական
օրան։
Ուրկէ
ան
կը
հանէ
հերուան
պուպրիկը,
ան
ալ
տարուընակ
աղջիկ,
այնպէս
անուշիկ,
որ
պատրանք
կու
տայ։
Կը
նայիմ
անոր
բարակ,
թութի
ճեղ
մատներուն,
որոնք
խոտկուռը
կը
քրքրեն։
Կը
դպի
օրնի
կամարին,
զայն
հանգուցող
բոժոժներուն
ու
ոսկի
խաչին,
որ
ճակատը
կը
գամուի
օրանի
ոտքին։
Գրեթէ
խանձարուր։
Ու
այդ
ամէնը
այնքան
բնական,
այնքան
վայելուչ:
Տէ՜ր,
այսքան
կանո՞ւխ։
…
Դուռն
է,
կը
բացուի։
Մամաս։
Ծոցին,
դուք
գտաք
հարկաւ։
Բերածը
սակայն
գիրկ
մը
ժանեակ
է,
զոր
ոսկիները
կ՚աստղազարդեն։
Որ
հով
է
քալող՝
առանց
թափելու։
Ինչ
վա՜զք
դէպի
ան։
Ի՜նչ
քնքշութեամբ,
ու
ի՜նչ
յուզումով,
ճիշդ
նոր
հարսի
պէս,
Մաննան
կ՚առնէ
զայն
ու
դողաբար,
արտասուագին
կը
դնէ
օրանին։
…
Բացած՝
մէկ
թեւը
շղարշին։
Առաստաղէն,
ծառէն
կրակ
կը
թափի,
որմէ
բոց
առած
ախեխ
կը
թուի
քնացող
այդ
տղան։
Թարթիչներուն
սեւ
սլաքները
ոսկի
ջուրի
մէջ։
Ու
մայրս
կ՚երգէ,
երկու
տուն,
շատ
տխուր
գովք
մը։
Ո՜վ
գիտէ
ինչերէ
կ՚անցնին
անոր
հոգիէն։
Ու
յանկարծ
կը
բուսնի
իմ
աչքիս
հացին
տաշտը,
ուր
պառկեր
եմ
ես,
առաջին
քունը
առնելու,
սա
աշխարհէն։
Օրան
իսկ
չունէր
իմին
խեղճ
մամաս,
զիս
զետեղելու։
Այսպէս
կը
պատմէր
ան։
…
Երկուքով
կու
լանք։
Ու
ես
վստահ
եմ՝,
որ
անոր
գանկին
տակ
անմոռանալի
այդ
պատկերն
էր,
որ
կ՚ելլէր
ոտքի
…
–
Անո՞ւնը:
–
Մեղայ.
Նարեկ։
–
Կա՞յ,
այդպէս
անուն։
–
Շա՜տ։
Կը
յիշենք
գիրքը,
որ
ծառի
բունին
կը
գրաւէ
ամէնէն
շքեղ
յարգանքը։
Չորս–չորս
մոմերը
կը
պատեն
անոր
կողերը,
քիչիկ
մը
հեռուէն։
Ու
առաջին
կաթսայ
մը
աղանդեր։
Մայրս
կ՚առնէ
զայն
իր
գահէն
ու
կը
տեղաւորէ
պէպէքին
.....................................................................
Յետո՞յ։
Բայց
ինչ
գիտնամ
ես։
Իմ
օրերուս
ամէն
մէկին
մէջ
այսպէս
խոցեր
ու
ասեղներ
են
հիւսուած,
տաշտի
առաջին
քունէն
սկսած։
Շաբաթ
մը
չանցած՝
մենք
գեղ
կը
դառնանք։
Քաղքի
աշխատանքը
վերջ
է
գտած
մինչեւ
նոր
բերքը
խոզակին։
Ու
թաղին
լակոտները
գլուխս
հաւաքած,
աւերակ
փուռի
մը
կամարին
ներքեւ,
ես
կը
պատմեմ
անվարտի
ու
ափ
ի
բերան
իմ
ընկերներուն
քաղաքը,
անոր
հարուստները,
անոր
աղջիկները
ու
դժուար
եկող
պէպէքները։
Ձի՜ւն։
Յիմարը,
թող
կատղի
իր
ուզածին
չափ։
Ես
կը
խօսի՜մ…
Ու
իմ
ընկերները
գլուխ
կը
կոտրեն,
հոն
տեղ
մը
տալու,
ոսկի
օրօրան
ու
ծառ-ծառ
չէրէզ
չալկովը
կրող
սա
խեւ
Կաղանդին,
որ
ափ
մը
չամիչը
կամ
ծալ
մը
պաստեղն
իսկ
շատ
կը
տեսնէ
իրենց
անկշտում
փորին։
Ու
կը
զարմանան,
թէ
ինչու
պէպէքները
այդ
քաղաքներէն՝
Կաղանդին
կռնակը
ելած,
վար
աշխարհ
կու
գան,
տակնուվրայ
ընելով
պալատները.
մինչ
իրենց
պզտիկ
աղբարիկներն
ու
քուրուըտանքը
շատ–շատ
խալկին
մը
տաք
ջուր
կը
նստին
սա
գեղի
տուներուն։
*
*
*
Քառսուն
տարի
անցեր
է
սա
իմ
պատմածէս։
Սխալ
չեմ
ըներ,
երբ
տարիները
փոխեմ
ես
դարի։
Այնքան
խորունկ
գրուեցան
օրերը
իմ
կրունկներուն
ամէն
մէկ
նեարդին։
–
Կը
փնտռեմ…
Ով
գիտէ
ո՛ր
քարին
տակ
իր
հոգին
տուաւ
ոսկիէ,
ձիւնէ
շինուած
այդ
աղջիկը,
որ
տասնէն
քիչ
մը
վեր,
պէպէք
համբուրեց,
ու
իր
պէպէքը
ուրիշին
ծախեց,
տարագրութեան
ճամբաներուն,
ինծի
այդպէս
կու
գայ,
չհամբուրելու
համար
մահն
անոր
ճակտէն։
179
Ով
գիտէ
ո՛ր
քարին
տակ
կտոր–կտոր
ըրին
Նարեկն
ալ,
ինչպէս
ինծի
հասած
է
սպանդին
լուրը,
ջերմուկներու
քաղաքին
ետին,
երբ
երկու
հարիւր
երիտասարդ
թեւ
թեւի
կապած
կտրել
տուին
փայտահատներուն։
Իմ
Նարե՞կը։
Թշնամին
ան
ալ
կրակի
տուաւ։