Յօդուածներ (1878-1914 թթ.)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՆՈՐԱՎԷՊ»ԻՆ ՇՈՒՐՋԸ

Պիտի ըսեն ինծի որ ամեն բանի կը խառնուիմ։ Չեմ գիտեր թէ փաստաբան ըլլալուս համա՞ր է արդեօք որ ամբաստանեալի մը օգնութեան կը փութամ. տարտամ բան մը կ’ըսէինծի որ, ուրիշ ո եւ է մէկէ աւելի, ինծի կ’իյնայ պաշտպանել նորավէպը աջէն ու ձախէն արձակուած կտրուկ վճիռներու դէմ. կը կարծեմ որ իմ ձայնս եթէ ոչ բոլորովին պիտի փրկէ, գոնէ քիչ մը մտածել պիտի տայ անոնք որ հէք պզտիկ բառի մը ետեւէն կը հետապնդին անսովոր խստութեամբ մը։ Կը կարծեմ նաեւ թէ այն ազնիւ օտարուհին որ այս բանակռուին առիթ տուաւ, վեհանձնութեան կանոններուն պատշաճ պիտի նկատէ որ մէկ հոգի մըն ալ թեւ ու թիկունք ըլլայ այս բառին, երբոր ատերը երես կը դարձնեն անկէ։

Իրաւ է որ Տիգրան Արփիարեան ի նպաստ անոր պզտիկ ջատագովութիւն մը փորձեց, նրբամիտ անմեղութեամբ մը որ անոր դէմ զինուած բանասէրներուն լրջութեանը ու խրոխտութեանը բոլորովին հակառակ էր։ Բայց Մասիսի խմբագրապետը չի կրնալով յորձանքին դէմ ուղղակի ճակատիլ, քովնտի ու վեհերոտ ջանքով մը մեղմացուցիչ պարագաներ մէջտեղ դնելու ձեւն առաւ։

Այս եղանակը որ խառնուածքիս չի պատշաճիր՝ մէկդի կ’ընեմ ես. եւ ուղղակի մեր բանասէրներուն կամ հայագէտներուն քիչ մը իրենց լեզուովը խօսիլ կ’ուզեմ։

Մին կ’ըսէ թէ նորավէպը հայ բարակազմութեան օրէնքներուն դէմ մեղանչում մըն է. միւսը՝ նոր բառին միայն բայարմատներու հետ զուգաւորումը արտօնեալ կը համարի եւ սակայն ճիշդ այս կանոնը մէջտեղ դրած պահուն է որ անգիտակցաբար կը գործածէ նորատի բառը որ ապահովապէս իր ըսածին հակառակ կը հաստատէ։ Ամեն բանէ առաջ կը հարցնեմ թէ ո՞վ հնարեց այն կանոնը որուն համեմատ ածական մը միայն բայարմատի հետ կրնայ միանալ եղեր. հայ լեզուին մէջ կը պակսի՞ ածականի մը գոյականի հետ բառակազմութիւնը, նոյն իսկ նախադրութիւններու հետ։ Եւ ինչո՞ւ զլանալ նոր բառին՝ ուրիշ իր սեռակից բառերուն ընդհանրապէս վայելած մէկ իրաւունքը։

Սխալ է նաեւ կարծելը թէ նոր բառը միայն բայարմատներու հետ կը զուգուի. շատ մը գոյականներու հետ միացուած կը գտնենք զայն. բացի նորատիէն զոր Իւթիւճեան էֆէնին իր ամբաստանագրին մէջ կը գործածէ։ Չիկա՞ն միթէ նորագիւղ, նորաքաղաք, նորաձեւ, նորատեսակ, նորաղանդ բառերը։ Կը հետեւի ուրեմն որ նորավէպի կազմութիւնն ալ ուղղափառ է ու այդ բառը գործածողները գիտակ կամ անգիտակ հերետիկոսներ չեն։

Բայց ընդունելով իսկ թէ նոր ածականը միայն բայարմատի մը վրայ կրնայ բարդուիլ, նորավէպը այս կանոնին դէմ ալ չի մեղանչեր. քանի որ հոն՝ նոր բառը, վիպել բային արմատը եղող վէպին հետ միացուած է։

Հիմա որ ցոյց տուի որ նորավէպը մեղապարտ ծնունդ մը չունի, կ’աւելցնեմ նաեւ որ nouvelle բառին պատշաճ թարգմանութիւնն է ան։

Nouvelle՝ ֆրանսերէնի մէջ, եւ այն առումով որով նորավէպ թարգմանուած է մեր մէջ, կը նշանակէ պզտիկ պատմութիւն մը որ միանգամայն իր ձեւովը նորութիւն մըն է. աս է իր բուն իմաստը։

Անոնք որ միաբանուած էին նորավէպը դատապարտելու համար, միաբանուած են նաեւ վէպիկ կամ վիպակ բառերը առաջարկելու մեզի, եւ զարմա՜նք որ այս հմուտ անձերը չեն խորհած երկու բանի. նախ՝ որ մեր լեզուն վէպիկ կամ վիպակ բառերը չունի եւ երկրորդ՝ որ չի կրնար ունենալ այս բառերը. այն գերազանց պատճառով որ մեր բառակազմութեան օրէնքներուն դէմ կ’ելլեն անոնք։

Առանց հեղինակութիւն մը ըլլալուս հայ լեզուագիտութեան մէջ եւ այն իրաւունքով միայն որ ուրիշի մը չափ, եթէ ոչ ուրիշէ մը աւելի, կրնամ իմ լեզուս գրել եւ խօսիլ, կը յայտնեմ որ գործնական չէ եղած իկ եւ ակ մասնիկները բարդել ոչ-թանձնացեալ նիւթեր բացատրող գոյականներու քով՝ իբրեւ նուազեցուցիչ. ակ մասնիկը իր գործածութիւնը ունի բայարմատներու կամ ուրիշ ոչ թանձրացեալ նիւթերու իմաստը տուող գոյականներու քով, բայց հոդ՝ նուազեցուցիչ հանգամանք եւ արդիւնք չունի։

Օրինակի համար, նուազումի գաղափարով տունը կրնայ ըլլալ տունիկ կամ տնակ, բայց կամքը չըլլար կամքիկ, կամքակ, սէրը չըլլար սէրիկ, սիրակ. լուրը՝ լուրիկ կամ լրակ եւ վէպը չըլլար վէպիկ կամ վիպակ, գէթ հայ լեզուի կանոններու համեմատ՝ որոնք բանասէրներու գրպաններուն մէջ չեն գտնուիր միշտ։

Ուրեմն նորավէպ բառը, ինչպէս բեզմավէպը, ինչպէս սիրավէպը, ո՛չ անիմաստ եւ ո՛չ հերձուած մը կը ներկայացնէ մեր լեզուին մէջ. իսկ վէպիկ կամ վիպակ բառերը՝ դպրոցականի մը միայն ներելի համարուելու չափ միամիտ ու սխալ կազմուածքներ են։

Նորայր, - ներելի՞ է արդեօք ինծի օգուտ քաղել այս բառէն, իբրեւ փաստ վերը ըսածներուս ի նպաստ, - Նորայր, որ հեղինակութիւն մը համարուելու իրաւունք ունի կարծեմ մեր մէջ, չէ վտարած նորավէպը իր Բառարանէն. եւ հայ գրականութիւնը իրաւամբ նուիրագործած է զայն աւելի քան քսան տարուան միօրինակ ընդունելութեամբը։