Մահուան ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՑ ԱՉՔՈՎ 

Հեքիաթ մը կ՚ուզէ, որ հոգիները վար գալէ առաջ, իրար ճանչնան լայն ու անբաւ այն միջոցին մէջ, որ մեր աշխարհը կը տաղաւարէ։ 

Չեմ գիտեր, որքան ստոյգ է այս քաղցր կառուցումը։ Բայց ինծի կու գայ, թէ մարդերուն հոգիները միջոցին մէջ նետուած անտեսանելի առէջներու կը նմանին քիչ մը։ Աներեւոյթ արուեստագէտ մը, անծանօթ կտաւի մը համար լարեր է այդ թելերը

Ու սիրուն է անակնկալը այն թելերուն, որոնք հեռուներէ եկող բոյրերու նման իրար կը ճանչնան կեանքին մեծ պաստառին վրայ, դնելով հոն իրենց շնորհէն ու անուշութենէն թեթեւ ցոլք մը, պաստառին նրբարուեստ հիւսքին մէջ դրոշմելով հետքը իրենց շաղապատումի դաշնակութեան։ 

Դուք տեսա՞ծ էք մետաքսէ կերպասին եզերքէն կախ՝ կտրտուած այն թելերը, որոնք կանչուած մեծ երջանկութեան մօտիկ կը թափին, գետին կ՚իյնան մեռնելու ցեխին վրայ։ 

Արեւին դէմ վառող կերպասը կը շարունակէ ապրիլ մտիկ ընելով նոր կեանքի մը նոր յուզումները ու մոռնալով պզտիկներուն, զրկուածներուն, խեղճերուն սրտառուչ ոգեվարը։ 

Եւ սակայն որքան շատ հոգիներ փրփուկ թելի մը անգամ կը նախանձին։ 

*  *  *

Սենեակ մը երբեմն աւելի լայն է, քան մեր աշխարհը ու նոյնիսկ աւելի մեծ, քան ամբողջութիւնը կարելի աշխարհներուն։

Պատէ պատ տարածութիւնը կրնայ ըլլալ այնքան անհուն, որքան չեն թերեւս երկու հեռակայ լուսագունտեր անսահմանին մէջ։ 

Ու այդ պզտիկ միջոցի կտորին մէջ հոգիներուն ոսկի թելը կ՚երթայ, կու գայ նոյն մեծ վայելչութեամբ, նոյն խորհուրդով, որքան ծնող երկինքի մը երկունքը ու մեռնող աշխարհի մը թաղումը։ 

* * *

Դէմ դէմի իրարու կը նայինք: Պէ՞տք է խոստովանիլ հեքիաթին իրաւունքը։ 

*  * *

Ի՜նչ յոգնեցնող է խորհուրդի լեզուն։

Ես կ՚անջատեմ քեզ սենեակիդ հորիզոնէն, կ՚ազատեմ քեզ լաթերուդ վարագոյրէն ու կը տանիմ։

Տեղը, ուր կ՚երթանք, անուն չունի։ Ու հոն չի բացուիր աչքը սովորական լոյսերուն։ Աշխարհներէն դո՜ւրս։

Ու երբ ծանրութիւնը կը դադրի, ես կը զգամ թեւերուս մէջ քաղցր բեռը քու մարմինիդ։ 

Ու երբ գոյները կը փախչին, դուն կը դառնաս անգայտութիւն մը, ազնիւ ու թրթռուն բոցակէզ ամպիկի մը նման, նման սարսուռի մը, որ արցունքի վրայ կը խաղայ:

Դո՛ւն, դաշնակութիւններուն ամէնէն անուշը, դուն կը ծաղկիս ափիս մէջ, երբ լոյսը մեռած է հալածական, դո՛ւն, նման երգի մը, որ ինքնին կը բխի ծովերուն խորէն։ 

Ինչո՞ւ մութ կ՚ըսուին այն բաները, որոնք ամէնէն պայծառը կը տեսնուին։ 

*  *  *

Դուն կը կարես։ 

Մեղմ նուագը մեքենայիդ կը փաթթէ քեզ աշխարհին։

Գիտե՞ս ուրկէ ետ եմ բերած քեզ։ Այդ հասարակ բազմոցը տաճարի պէս կը վառի ծալքերուն տակ երկինքներու ծիրանիին, զոր նետեր եմ ուսերուդ: Գիտե՞ս, թէ շրթներուդ վրայ անճառ երանութիւնը կը բաբախէ համբոյրին, որ հոն, վերը, երկինքներուն արիւնը դրաւ անոնց սարսռուն աղեղին։ 

Դուն կը կարես։

Հովը դուրսէն քեզի կ՚ըսէ թերեւս պատմութիւնը փաթթըւուքի գիշերներուն: Բայց կը զգա՞ս արդեօք, որ ես անպատմելի բարձունքներու վրայ քու գեղեցկութիւնդ զմայլելի շղարշի մը պէս տարածեցի արեւներուն։ 

Դուն կը խնդաս պատուհանին։ 

Բայց ես քու երեսիդ լոյսերէն շինեցի եզական փունջը, ճառագայթի ու քաղցրութեան քերթուածը հանեցի ես աչքերէդ ու քու բառերէդ ես տեսայ թափանցիկ հոսանքի անուն չունեցող յուզումներ 

Գիտե՞ս, գիտես այս ամէնը։ 

* *  *

Ան կը կարէ, կը խնդայ ու կը նայի։ Սենեակը նստած է նոյն ոլորտին մէջ։ Իրերը խելօք՝ նորէն մեզ կը դիտեն։ Մեծ տրամէն ի՞նչ է կաթած այս ափ մը տեղին վրայ: Պատասխան չունի իմ հարցումը։ 

*  *  *

Հոգիները կրնան քոյր ըլլար

Յաճախ մանիշակի երկու բաժակներ կը տառապին՝ իրարմէ բաժնուած չորցած տերեւէ մը, զոր անգիտակ հով մը, խենթութեան մը պահուն, տեղաւորեց անոնց ցօղուններուն մէջտեղ։

Ու երկու բաժակներէն բոյրեր կ՚երթան իրարու, բայց թերթերուն շրթունքները ծարաւի կը մեռնին։ 

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ այս պատկերները կու գան ինծի։ 

Տերեւ մը, հովէն նետուած, սպաննող է՝ ինչպէս ցեղերը իրարմէ վանող մեծ ատելութիւնները:

Ի՛նչ կայ մեր ու մանիշակներուն միջեւ նոյն ու աննման։ 

Ինչո՞ւ այսպէս կը սիրեն տեսնել մահապարտները