Մահուան ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՌԸ 

Էջերը, որ անցան, լեցուն են քեզմով, լեցուն են քեզի համար: Դուն անոնց մէջ կ՚ապրիս քու բոլոր մասերովդ, նոյնիսկ գոյութեանդ այն հատուածներովը, որոնց կասկածը չունիս։ Ու դուն անոնց մէջ կը պտտիս քու շունչիդ բոլոր զովութեամբը։ 

Տենդէն կարմրած ու արհաւիրքէն մռայլ աչքի մը հետապնդած տեսիլքներուն մէջ, ես ունեցած եմ քու գիծերուդ շէնքը, ու զգայութեանց այս սեւեռումը տեղի է ունեցած քու շնորհիդ ու երիտասարդութեանդ թեւաւոր բիւրեղացումէն։ 

Քեզի համար եմ գրեր առեղծուածային այս թնճուկը, զոր քիչեր պիտի հասկնան։ 

*  *  *

Բայց այս էջերուն մէջ երբ օր մը քեզի պատահի թափառիլ գիրերու այս գիշերին մէջ դուն պիտի փնտռես, թերեւս անձկութեամբ, թերեւս տրոփով՝ բառը, պզտիկ խորհրդանշանը, որ աստղի մը պէս պէտք էր այրել հոդ։ 

Բառը թանկագին, անուշ, զգլխող վանկը կը պակսի անոնց մէջ։ 

* * *

Պե՞տք կայ արդեօք ցուցադրելու հոգիին ծաղիկը, գարունի մը մէջ, երբ ամէն կողմէ հովերուն հոտը գլուխդ կ՚առնէ։ Կ՚արժէ՞ պոռալ վանկը, զոր ստուերները պիտի փսփսային այնքան կամաց, վախնալով զայն վիրաւորելէ։ 

Ես կը կարծեմ, թէ տաճարի մը մէջ արձանը ռամկացում մըն է։ Գմբէթին տակ աստուածները յստակ են բաւական։ Կարճատեսները, նեղ հորիզոնով նայուածքները միայն կը սիրեն ճակատնին քսել խորհուրդի քարին։ 

Այս էջերուն մէջ բառը ձեւ չէ հագած։ Եւ սակայն կայ անիկա։ 

Սկիզբները վախկոտ է ան, նոր բուսնող ջուրի աչքի մը պէս, որ կը զգուշանայ, կը դանդաղի ու պահուըտիլ կ՚աշխատի: Օրէ օր ան կը լայննայ, կը հասուննայ, կ՚ուժովնայ՝ կէսօրուան ճառագայթ մը դառնալով։

Ու ան կը պտտի տեսիլքներուն հետ: Գոց թէ բաց աչքով բոլոր ապրումներուն վերեւ անոր ոսկի դալուկը կը դեղնի, վասնզի ան կ՚ամչնայ:

Երբեմն հզօր է անիկա, աղաղակելու չափ լեցուած կրակէն։ Այն ատեն կը զգաս, թէ անիկա կը գալարուի ու պատկերներուն վերեւ, խաւարած լուսինի մը պէս կ՚արիւնի, բայց դարձեալ չերեւար։

Ու անոր շուքը, ինկող աստծոյ մը տրտմութեանը նման, կը սաւառնի։ Ու էջերը կը ծանրանան, քանի տառապանքը կը խորանայ տողերուն ներքեւ

*  *  *

Պզտիկները, նոր կուրծք ունեցողները, միամիտները կը փնտռեն զայն մարդերուն գիրկին վրայ, պայմանադրական աղեղով մերկ մանկիկը։

Անոնց կը ներուի փնտռելուն այդ տղայութիւնը։ Շատ անգամ մանկիկին արձանը կը բաւէ անոնց անփորձութեանը համար։

Գտնողներէն անոնք, որ փախցուցած են մերկ տղան, չեն դադրիր զայն հալածելէ մարդերուն մարզարանին վրայ: Ու անոնք յաճախ արձանին հետ կը պառկին

Բոլոր այս խուզարկուները կը ճանչնան բառը, որ առաջնորդ ամպի մը պէս կը շարունակէ իր ձեւը գրել, միշտ քալելով, միշտ փախչելով։ Ու փնտռողները անոր հասնիլ կը կարծեն գիշերուան մը քունին մէջ, երբ արդէն ամպը հեռացած է ուրիշ բարձունքներ։ 

*  *  *

Դուն ալ փնտռէ՛ բառը։

Փնտռէ՛ զայն առանց մեծ շարժումներուն թատերականութեանը, որոնցմէ կը վախնայ անիկա։ Փնտռէ զայն լռին, երբ մինակութիւնը հոգիդ տեսանող կ՚ընէ։ Փնտռէ, երբ կուրծքիդ տակ սիրտդ կենալու կը տարուի այս սարսուռներուն առջեւ, որոնք անծանօթ կը մնան իրենց ակին ու հետեւած գիծին վրայ:

Փնտռէ զայն առտուները, երբ երազներուն շուքը դեռ չէ քալած աչքերիդ։ Իրիկունները, երբ լոյսը կու գայ հոգիդ զգեստաւորելու։ 

Պիտի գտնես։ Ուրիշներ կը յոգնին կանուխ, այդ մռայլ աշխատանքէն։ Մի մոռնար երկար ճամբաներուն անծանօթ ճամբորդները։ 

Այս թուղթերուն մէջ գուն կը հանդիպիս անոր՝ ամեն քայլիդ։ Բայց մի խաբուիր։ փնտռողը կը կարծէ գտած ըլլալ։ Գտնողը՝ ուշ կը ճանչնայ։ 

*  *  *

Մեծ հեշտանք մըն է անծանօթը։ Բայց աւելի քաղցր է թելադրուած թափանցումը: Կրնաս պտտիլ այս թուղթերուն մէջ առանց որ անոնք բան մը ըսեն քեզի։ Բայց անմիջապէս որ ուզես՝ ամէն պարբերութեան ու մելանի բոլոր խազմզուքներուն տակ դուն կը հետեւիս ոսկի թելին, որմէ կը գրուի թանկագին, նուիրական, զգլխող վանկը

Բառը չեմ գրած։ Կը սիրեմ մտածել, որ քու կողմէդ պզտիկ ճիգ մը զայն պիտի ընէ լուսաւէտ, զայն պիտի տեսնէ գրուած արիւնէ տառերով։