Մահուան ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐՐՈՐԴԸ

Յաճախ մեզի կը պատահի մինակ մնալ, երկուքիկս, իրարու դէմ, հանդիպակաց բազմոցներուն վրայ։ 

Դուն գլուխդ կը թաղես կէս մը փեկոնեաներու այն կտրտուած ստուերին մէջ, որ պատուհանին առաջամասը կը ծածկէ։ Երեսդ կը հանգչի մերկ թեւիդ շնորհին վրայ ու վար կը նայիս։

Ես, ձեռքերս ծալած, գլուխս իջեցուցած կռնակիս խորը, կը նայիմ քեզի, պատուհանին այնքան հաճոյքով յանձնուած պզտիկ մարմինիդ։ 

* * *

Մեր մինակութիւնները որոշ պահ չունին։ Երբեմն, ապակին լայնցող արեւը կը գրկէ զովութիւնը երեսներուդ, առտուան լուացքէն, դէմքիդ ինկած կարմիր ժանեակը ոսկեզօծելով։ Այդ ատեն թաց մազերուդ եղկութեանը մէջ՝ լոյսը կը վառի, կը դեղնի, լեցնելով հոն անուշ պայծառութիւն մը, որ կը յորդի, կը քալէ ճակտէդ վար, թարթիչներուդ ծայրէն ու կը թաւալի դէպի հովիտը ստինքներուդ՝ ուրախ սահանքով մը։

Այն ատեն դուն գիտես, թէ լոյսէ այդ հեղեղումին ներքեւ, ինչպէ՞ս կը տպաւորես զիս։ Ու կը յամառիս նայիլ դուրս, առտուան շեղ արեւին, զիս չտեսնելու յայտնի ճիգով մը։ Ափիդ հանգչող երեսիդ վրայ, ես կը կարդամ, կը կարծեմ կարդալ փախուստի այդ հնարքը։ Եւ սակայն, դուն վստահ ես, թէ լոյսէ այդ պսակին տակ գլուխդ յամառօրէն, սեւեռօրէն կ՚ընդունի նայուածքներս, անոնց բոլոր ծանրութիւնը

Կը նայիմ ես քեզի, ուրիշ բան չանելու, երեսներդ աչքով խմելու տենդէն խենթեցած։ 

Գիտենք, թէ հակառակ տարբեր դիրքերում, հակառակ նայուածքներու անջրպետին, մեր հոգիները իրարու դարձած են, ներքին արեւելումով մը: Ու աչքերուն տեղ, այս անգամ սիրտերն են, որ իրարու կը հոսին։ 

Բայց ինչո՞ւ անձուկ բան մը, ինչո՞ւ չկրնալ խօսելու նեղութիւնը կը տարածուի պզտիկ սենեակին մէջ, դէմէ դէմ բազմոցները ինչո՞ւ կը հեծկլտան մեր ճնշումին տակ։ 

Ինչո՞ւ կը սպասենք երրորդի մը։

* *  *

Մեր մինակութիւնը կը պատահի նորէն արեւէն ետքը: Այս անգամ պատուհանն է, որ կ՚ընդունի քու կէս մը վառած երեսներուդ կախարդութիւնը

Թեւդ չ՚իյնար դէմքիդ վրայ, որուն աղօտելու մօտ ճերմակութիւնը չես ուզեր շուքով մը քողաւորել։ Մազերուդ տակ, որոնք կը ժողուեն իրենց քիչ մը յանդուգն գալարները, այտերուդ կիսաբոլորակները կ՚անջատուին, դուք անտառէ մը դուրս սահող ութօրեայ լուսնկայի մը նման։ 

Ստուերները կը ծանրանան մեր շուրջը։ Թաղարներուն վերեւ տերեւները կը հալին իրարու ետեւէ, իրարու երկննալով։ Պատուհանէն դուրս երկինքը կը հատնի քիչ–քիչ, ու դանդաղ այս մահացումին դէմ քու շունչը, մեղմ ու կշռաւոր՝ կը ծաւալէ քաղցր երաժշտութիւնը երազին գացող հոգիիդ։ 

Ու շրթներդ կ՚արտաբերեն թախիծի վանկը, զուսպ ու խորհրդաւոր։

* * *

Երբեմն ալ իրարու մօտիկ, նոյն բազմոցին վրայ օրը մինակ կը տեսնէ մեզ

Ես կը քաշուիմ քենէ, անզգալի, բայց անվրէպ ձգողութեանը տակ քու մարմինին։ Այսքան մօտէն ես կը հետեւիմ վիզիդ եւ ուսերուդ խարտեաշ աղուամազին, որ արեւին տակ, ոսկեփոշի մը կը նետէ միսերուդ թաւիշին։ Եւ կը փնտռեմ դուրս ելած մազերուդ ոլորը, դողահար փնջիկը, որ ինքն իր վրայ կը դառնայ, կը գալարի ու կը կախուի վախնալէն։

Ու թելեր կու գան անկէ, իյնալու իմ մազերուս, կու գան սահեցնելու իրենց հեշտանքը իմ երեսներէս: Հո՜տը միսիդ, որ ողջակէզէ բարձրացող ծուխին պէս կը տաղաւարէ քեզ, որ իմ սիրտս կ՚առնէ, անբացատրելի իսկութեան մը նման:

Դուն նոյնն ես: Կը մնաս քու վայելուչ հակումիդ վրայ, ինքզինքդ բռնելով, խռոված՝ այս առանձնութեան գինովութենէն, յուզումդ պարտկելու, աչքերու դժուարատար հանդարտութիւնը բանալու աճապարանքիդ մէջ կրկնօրէն գրաւիչը։

Ու մեր բառերը կը դառնան կցկտուր, անիմաստ ու վարանոտ։ Մեր լեզուները կը տանջուին վարը եփ եկող յուզումներուն ճնշումէն ու ստիպուած կ՚ըլլանք արտայայտելու ինչ որ կեղծաւոր զգուշութեան մը թելադրանքէն կու գայ

Պէտքը կը զգանք երրորդին, անոր՝ որ տեսակ մը չէզոքացում պիտի բերէր մեր բարդուած, մեր տենդայոյզ զգացումներուն։ 

Ինչո՞ւ երրորդին մուտքը՝ կանոնի բերելու համար ձգտումը մեր ջիղերուն։

*  *  *

Հիմա՝ որ այս տողերը կը գրեմ, մինակ եմ դարձեալ։ Եւ սիրտս քու պատկերդ կը փնտռէ անձուկով ու դողով։

Կը հարցնեմ ես ինծի։ Ինչո՞ւ պարտաւոր ըլլան մարդերը ծածկելու անծածկելին, իրենց հոգիներուն այդ իրերահոս փայլակումը, երբ աշխարհին մէջ ամէն բան պէտք ունի այնքան լոյսի։ 

Ինչ որ հովերը կրնան հաղորդել ուրիշ հովերու, ինչ որ երկու ծաղիկ քովէ քով՝ իրարու կը ղրկեն առանց քաշուելու, ինչո՞ւ երկու հոգի, որոնք դէպ իրար կը քաշուին, բռնադատուած ըլլան զսպելու, գրեթէ խղդելու, երբ դուրսը, մարդերէն զատ ամէն տեղ անոնց իրարու վազքը տարերային ուժ մըն է, անդիմադրելի ու եղերականը։

Աւելցուցէք այս բռնութեան դէմ՝ հոգիի պայծառ յայտնատեսութիւն մը, թափանցում մը, որ մարմինին պատեանը անվաւեր կը  գտնէ։ Այն ատեն դուք կունենաք հրաշալի առանձնարանը, մռայլ խորքով ու թրթռուն գմբէթով պաշտամունքի սեղանը, ուր հոգիներուն աղեղը իրարու կը փաթթուի նոր ծիածաններու համար։ 

Ու այդ մենութեան մէջ կը վառին հոգիները, իրարու անցած երկու բոցերու գրկըւուքին մէջ, ինչպէս ըսած է մեր բանաստեղծներէն մէկը, կը վառին անոնք նուիրական մշտավառի մը նման, մինչեւ որ բոցերը պատեան փոխեն։

*  *  *

Ինչո՞ւ երրորդը, երբ անիկա անիմաստ ու ռամիկ սրբապիղծն է խորհուրդին։