Մահուան ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԳԸ 

Կիները չեն ապրիր միայն, երբ կը ժպտին։ Անոնք երկու–երեք անգամ աւելի ուժով կ՚ապրին, երբ ձայնի մը ներդաշնակ ծիրանին տաղաւարէ անոնց միսերուն քերթուածը:

Սենեակին ներսը, մերկ ճերմակութեանը առջեւ սառած պատերուն, կը մսի իմ նայուածքը։ Ու ինքն իր շուքին ձգուած խեղճ իմ սիրտը՝ քու լոյսերէդ տարակայ՝ կը գոցուի ինքն իր վրայ գիշերուան դէմ ծրարուող մեծ ծաղիկի մը նման։

Ու մութը, որուն խորհուրդը կ՚առինքնէ զիս հիմա, մութը, ուրկէ կը քաշուիմ, հակառակ իմ ուժերուս, իմ արիւնիս ու երիտասարդութեանս բողոքին՝ կու գայ ու անոր հսկայ թելերուն անդադրում հիւսքը ես լսել կը կարծեմ։

Ահա չուանը: Ահա ճօճումը՝ կախուած ճառագայթներուն, անոնց՝ որոնք հոդ բարձրացան իրենց պայծառութիւնը քաւելու համար։ Ու ահա դժոխքը, որուն ուրուագիծը կը բացուի իմ դէմ, եւ ուր կ՚ընկղմին մեր ցեղին բոլոր լոյսերն ու քաղցրութիւնները:

Մահուան գրուողնեը ինչո՞ւ այսպէս կը տեսնան ձայները։ 

*  *  *

Ու միւս սենեակէն ձայնն է, որ կ՚ելլէ։ 

Անիկա չէ պաշտպանուած օժտուած թաղանթներուն հրաշքովը։ Շեշտերը չունին անոր մէջ խորացումը մեծ նուաղումին, որ մահուան կը մօտենայ, ոչ ալ հոլանի ելքերուն զգլխանքը, որ հոգիները արեւներէն այրերու կը տանի։

Ու անոր մէջ չկան գալարումները նուիրական բխումին, անոր՝ որ արուեստէն կ՚առնէ փողրակումը ու կոկորդները դրախտի կը վերածէ

Բայց անիկա համեստ մրմունջն է, որ կը խնդայ ժայռի կողքին իր փորած ուղիովը։ Ու իմ ականջը, պարտուած, կը հետեւի անոր նուաղկոտ ալիքին

* * *

Ձայնը կը նմանի չտեսնուող խունկի մը։ Ան կը տարածուի, քիչ քիչ կը լայննայ, կ՚ողողէ սենեակները, պատերը կը վարագուրէ տաքուկ մշուշով մը ու կու գայ փաթթելու բանտուած իմ մենութիւնը։

Ու կամաց–կամաց ան կը թափանցէ ինձմէ ներս, կը մշուշէ բոլոր տեսիլքները, յետոյ մինակուկ՝ կը կախուի ներսէս, ջահի մը պէս, որուն աչքերէն լոյս ու բոյր կը վազեն։ 

Ու ձայնը կօրրէ, մեղմով կը դպի իմ զգացումներուս, տեսակ մը աղապատանք բիւրեղացնելով անոնց վրայ:

Կը լուսնայ իմ հոգին։ Ի՞նչ անուշ է այս արշալոյսը, որ կ՚ոսկիանայ իմ գիշերիս վրայ։ 

* * *

Ձայնը կը սիրէ։ 

Ան, արուսետագէտին բերանէն հազուագիւտ թելն է, զոր գուր գուրանքով կը տանինք մեր ներսը՝ լինելու համար երբեմն մեր երազ` ներուն պաստառը։ 

Սիրուած կնոջ մը շրթունքին՝ այն կենարար շառաւիղն է Սիրոյ, անոր թռչուն օդաւորումը, տեսակ մը մարմնառութիւնը հոգիին, զոր աչքերը չեն տեսներ, բայց որուն հրապոյրը կը յորդի չորս դին։

Ի՛նչ որ աչքերը կը բանան փայլակի մը մէջ, ի՛նչ որ ժպիտը կ՚երգէ բռնկումի մը պահուն, կը մնան առարկայական, կերպով մը, կողմով մը թերի։ Անոնց կը պակսի արիւնի տաքութիւնը, շունչին բոյրը, որ ձայնին շղարշն է կարծես։ 

Ու ձայնը կ՚ըլլայ երգ, հոգիի մեղմ գալար մը, որ սիրտին կապուած՝ կը բխի քու բերնէդ։ 

Կեանքիս այս շրջանին՝ երբ ցուրտը, մահուան սպասող մարդու մը մէջ ծուէն–ծուէն ինկած, բեւեռներ ստեղծող ցուրտը կը յառաջանայ ինձմէ ներս, երգը տեսակ մը կրակ է հիմա։ Ու այդ հանդարտ կիզումը ինձմէ ներս՝ սառոյցներուն վերեւ տաքուկ հիւսիսայգ մըն է կարծես։ 

*  *  *

Ես կը սպասեմ քու ձայնիդ:

Ան կու գայ քենէ՝ իր սիւնակին մէջ ամբարձած բոլոր գորովը, որ կը փթթի քու մէջդ, որ չայցելուած ծաղիկէն, թոռմելու դատապարտուած բուրումը կը ծրարէ ու թեւերը կոտրած կը տառապի ինքնիրեն։ 

Անիկա ծանրացած է լքումէն, ծանրացած է մենութենէն ու երբ շրթներուդ վրայէն իր թեւը կը փորձէ, պատկերը կու գայ աղաւնիին, որուն թռիչը խորտակուած է ճակատագրին գնդակէն։ 

Ես կը սպասեմ, որ անիկա պարուրէ քեզ, հալեցնէ իր մշուշին մէջ ինչ որ կայ մարմինէդ ու քեզ վերածէ դաշնակութեան մը, որ կը պտտի, կը հառաչէ ու կուլայ։

Ի՞նչ տաք է ձայնդ երբ կուլայ։ Քու երգերդ թեւ առած արցունքներ են, թեթեւցած մորմոքներ, որոնք այդպէս դուրս բերուած քու էութեանդ խորերէն՝ կը դառնան անուշ, կը դառնան համբուրելի՝ ինչպէս շրթունքներուդ ստեղնը երբ նոր կը բացուի

Երգէ՛ մանաւանդ: Աշխարհը կրնայ սեւ ըլլալ առտուն մոռցուած գիշերուան մը պէս։ Ինչ փոյթ ոճիրն ու արիւնը, երբ անիկա իր օղակը կը նետէ մինչեւ քու վիզին։ 

Թող բուսնի ժպիտը երեսներուդ, թող բերնէդ վազէ երգին ծիրանին։ Դուն պիտի կրնաս նայիլ բոլոր անդունդներուն, բոլոր գերեզմաններուն, որոնց հալածական մեռելներն անգամ անզգայ չեն մնար։

Երգէ՛։ Վասնզի սէրը, որուն զեղումը կտրտեցին անօրինակ բրտութեամբ ձեռքեր, կրնայ հիննալ, ծերանալ երիտասարդ կուրծքիդ տակ, քանի որ գիտենք, թէ համբոյրները վարդ կը բերեն երեսներուն եւ անոնց պակասը երաշտ արտի մը կը վերածէ զանոնք:

Երգէ՛։ Վասնզի տառապելուն ու սիրելուն ամէնէն նրբաձեւ հեշտութիւնները այնքան վազուն դիւրութեամբ մը դուրս կը բերուին երգով։ Ինչ որ միսերուն մոլուցքը չի հասնիր ըսելու, ու ինչ որ սովորական լեզուն կ՚աղարտէ արտայայտուած ատեն, երգը կ՚ընէ անպատմելի խորութեամբ ու անհաւասարելի թեթեւութեամբ։ 

*  *  *

Բայց երգէ՛ մանաւանդ՝ մոռնալու համար մարդերն ու անոնց ահաւոր աշխարհը։ Գիրկերուն քունը սթափումներուն ամէնէն դառնը կը կապէ իր ետեւէն: Երազ մը լեղի է միշտ, երբ հողով չի յաւերժանար։ Բայց երգը քեզ կը տանի ուրիշ երկիր։ 

Դուն կը սաւառնիս ինձմէ վեր, մենէ վեր ու կը մնաս մեզի հետ շուքովը քու ձայնիդ։ 

* * *

Կ՚ըսեն, թէ հաճոյքները եսասէր կ՚ըլլան։

Երգը, երբ տառապանք մը չէ հազուադէպ ալ չէ պարագան չի նմանիր մեր ուրիշ վայելքներուն։ Նկարի մը առջեւ մեր աչքերը գուցէ նախանձին, բայց ձայնին յուզումը անկախ է մենէ։ 

Խորհէ, որ անոր ալիքները կը զարնուին ինծի, բան մը դնելով՝ իրենց փրփուրէն։ Ու գիտցիր, որ գիշերուան նուիրուած իմ հոգին կը լուսնայ քու երգիդ թելերէն։ 

Երգէ՛։ Արցունքներովս կը հետեւիմ առանձնարանէս ձայնիդ բոլոր վետվետումներուն։ Ու ներէ ինծի, որ ինքզինքը մխիթարող գուշակը դառնամ քիչ մը։ 

Ինչ որ բառերը կ՚ամչնան ըսելու, ու ինչ որ նայուածքը վարանի արձակելու, երգը թող ընէ, քու գրեթէ մանկական բերանէդ, խնայելով քեզի շիկնոտ վերապահումդ։