Մահուան ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂԲԻՒՐԸ 

Տեղն ամայի է, ամայի՝ շարժումներու ու ելեւէջի պակասովը, գիծերու դժնդակ միօրինակութեամբ մը, որ հեռաստանը կը գծագրէ ու հորիզոնին կամար կը նետէ։

Երկինք մը, առանց գոյնի, լոյսով մը, որուն ակը չ՚երեւար։ Միջոց մը, մինակուկ, տրտում, լքուած աղջկան մը նման, որ չէ դադրած աղուոր ըլլալէ։

Ժայռեր, որոնց տակէն, որոնց սրտէն թելեր կը փրթին։ Բարակ ջուր մըն է, քարին խորը տեղաւորած իր աչքերը, ուր աւազի մանրիկ ու բարակ բխում մը կ՚եփի։ Կլոր է աղբիւրին սիրտը ու մեծ այնքան, որ կրնայ շրջանակել երկու գլուխներ։

Ու երկու դէմքեր այդ կտոր մը ջուրին վրայ իրար կը դիտեն։ Մէկն ունի ինքնագլուխ ու գունատ մազեր, խորունկը ինկած, բայց կրակի կտորի նման աչքեր, նայուածքով մը, որ առեղծուած մըն է։ Անոր երեսին վրայ մաքուր վիշտ մը թեւ է բացեր։ Միւսը ունի հանդարտ ու շագանակի գոյն հոծ մազեր, որոնք անոր ճակատը կը ստուերեն, աչքեր, որոնք ջուրին մէջ կը կապուտնան։ Անոր երեսներէն դեղձին դալուկն ու թաւիշը կը դողդղան։ 

Երկու գլուխները մօտ են իրարու: Չտեսնուող ձեռք մը զանոնք իրարու կը մղէ ծաղիկի մը շուրջը, որ հեքիաթի սուրի մը նման երկու մարմինները կը բաժնէ իրարմէ։

Ու ջուրը կը վազէ։ Ան կը տանի վարի լճակին շատ, շա՜տ բան։ Պզտիկ ալիքի մը թեւին վրայ, տեսէք, ինչպէ՜ս կը մեռնի քերթուածը իրարու վրայ գոցուող շրթունքներուն։ 

* * *

Աղբիւրին առջեւն են:

Ջուրը յոգներ է համբոյրներ կրելէն։ Ջուրը գինովցեր է ստինքներուն պարոյրէն ու անոնց սրբուող ու վերաբուսնող գգուանքէն։ Ջուրը կը մարի, կը մարմրի կրակին տակը նայուածքներուն, որոնք իրարու համար կը հալին։ 

*  *  *

Մինակ է աղբիւրը։ Աւազանին մէջ հիմա վայրի վարսակ մը կ՚օրուի, իր գեղանի իրանը երկարած մրմունջի մը, որ ջուրինը չէ։

Ու ձայնը մեղմ՝ անոնցմէ, որոնք կը մեռնին հասնելու մօտիկ, կու գայ այդ գլուխներէն, որոնք նոյնացեր են հիմա, երեսներ միայն դարձեր, իրար գտած իրենց կիսաղեղներուն վրայ։

Ձայնը կ՚ելլէ, ողբի մը պէս ծանր ու սրինգի մը չափ թեթեւ։ Մետաքսի թել մըն է, փոխն ի փոխ գոյն նետող, հովին դէմ վետվետուն։  Ու թելը կ՚երգէ, ոսկի երգն իր մենութեան ու սխրանքին։ 

Անուն չունի այդ երգը։ Յաւիտենական է ան։ Զայն կը հասկնան լերան ծաղիկները, ու անհուններով անջրպետուած երկու աստղերն անգամ կը հակին այդ մեղեդիին։ Անոր փայփայանքը կ՚իյնայ մեծութիւններուն ու փոքրութիւններուն վրայ: Մարդերը կը խենթենան այդ նուագէն ու ջուրերը կը խենթենան անոր թրթռումէն։ 

* * *

Երազի աղբի՜ւր։ Քեզ ո՞ւր եմ տեսեր։

Բայց որքա՜ն տղայ եմ այդ հարցումին համար։ Տեղ ունի՞ ան, որ ամէն տեղ է, ամէն տեղ, ուր երկու կանաչ կրնան բացուիլ արեւին դէմ։ 

Ես քեզ գտայ, ո՛վ իմ աղբիւրս, քաղաքներուն մարդաշատ ամայութեանը մէջ, ամբոխներու աղմկայոյզ լռութեանը մէջ, դարձեալ աւազանի մը վրայ, զոր մարդերուն ձեռքն էր կառուցած այս անգամ եւ ուր պարտէզի ստրուկ եղէգներուն դեղնութիւնը՝ խարտեաշ վարագոյրի մը պէս կը պահէր քեզ անխորհուրդ աչքերէ։ Աղջի՞կ էր, թէ կին ան, որ ինծի ընկերացաւ հայելիիդ վրայ։ Լաւ չեմ յիշեր: Բայց  այդ գլուխը պատանք ունէր, կարմիր ու մետաքս պատանք մը ու անոր աչքերը կապոյտը մանուշակին, որ շուքերուն կը բուսնի։ 

Աղբի՜ւր, դուն տուիր քու ջուրդ, բարի, մաքուր զովութիւնդ փռեցիր դուն այն կրակին վրայ, ուր մեր երեսները այրեցան իրարու մէջ բռնկելով։ Ես յանձնեցի քեզի ոսկիներուն ցոլքովը լուսաւոր զոյգ մը ճերմակ, զոյգ մը կլոր ծաղիկներ, որոնք ձիւներու հովիտէն իրենց մանրիկ գլուխները վերցուցին, թուխ կտուցներովն իրենց ձիւնէ վիզերուն։

Դուն գացիր. ան ալ գնաց։ Բայց պատկերը չի մեռնիր։ Մեր տեսիլքները կը թռին մենէ դուրս վախճաններու համար, որոնց չենք հասնիր։ Մարմիններուն յարութիւն են խոստացեր. ի՞նչ է բախտը չմեռնողներուն։ Այ է մահացու ներկայով 

*  * *

Նորէն կը յիշեմ քեզ, ո՜վ իմ աղբիւրս, այս անգամ կաղնիի մը տակ, լայն ու լեցուն շուքով մը հարսնացած։ Գեղի աղջնակ մըն է  քեզ դիտողը, դեղին մազեր, բարի, անյատակ աչքերով։ 

Դուն տեսար, թէ ինչպէս մազերուն արեւին տակը անոր երեսները պագի ես, ինչպէս խմեցի անոր հոգին, անմահ ու մահաբեր կաթիլի մը նման, անոր բերանէն։ Ինչպէ՜ս դողաց քու անապակ վարագոյրը, երբ քու վրադ ինկաւ իր միսին ճերմակ պաստառը կոկոնաւոր իր կուրծքէն։ 

Աղբի՜ւր, դուն տեսար տակաւին, թէ ինչպէս քաղցր է բազուկը գեղի աղջիկներուն, երբ անոնք զիրենք սիրողները փաթթելու տեղ, ցօղունէն կոտրած ծաղիկներու նման, ուսերէն վար կը կախեն մոգութիւնը իրենց թաթիկներուն… 

Ու այնքան ուրիշ տեղեր, ուրիշ պայմաններու մէջ, ուրիշ հորիզոններու տակ դուն հանդիպեցար ինծի, ո՜վ իմ աղբիւրս

Ծարաւը կայ շրթներուս վրայ, հինի չափ տաք, հինին չափ հզօր։ Չեմ աւարտած խորհուրդը օրհնուած ջուրերուն: Պատարագն ունիմ դեռ կարելի բոլոր սրբութիւններուն, որոնք քեզ կը փնտռեն, ո՛վ անարատ բագինը հեռաւոր երանութեան, ո՜վ համբոյրի աղբիւր:

Հիմա կ՚ուզեմ քեզ գտնել նորէն, սարսափի այս պահերուն, երբ  իմ ետիս լեռները կ՚այրին ու մեռելները, վռնտուած իրենց գերեզմաններէն՝ երկար, երկա՜ր կը պտտին արդարութեան պողոտաներուն վրայ

Դուն վերցուր զիս այս եղերերգութեանց հանդէսէն. դուն պաշտպանէ զիս մրրիկէն, որուն երկու թեւերն ալ կարմիր են, արիւնով ու հրդեհով։ Զի դուն կը ճանչնաս հրաբուխները։ Անոնց ոտքին քեզի պէս բարի ջուրեր պակաս չեղան

Եկուր ինծի, նուիրակա՜ն աւազան, եկուր՝ քու բիւրեղիդ հաւատքովը ու քու նուագիդ յոյսովը։ Դուն կը պահես խորհուրդը ու գաղտնիքները կը հալին քու արծաթ պայծառութեանդ խորը, մաքրուած իրենց այրող տաժանքէն

Մարդերը կը կախուին հիմա չուանը փորձողներուն հաճոյքին համար։ Տղաքն ու ծերերը կը դադրին ապրելէ երջանիկ յաւիտենականութեան մը վայելքին զոհաբերուելով։ Կեանքն այսպէս է եկել ու այսպէս ալ կ՚առնուի

Ինծի՛, աղբիւր, ինծի՛, մահուան այս քաղաքին սրբապիղծ գօտիէն ներս: Հոս արեւը կը վախնայ իմ աչքերիս ու մութն ալ դաւակից է դարձեալ մարդ մորթողներուն:

Ինծի՛, իմ աղբիւրս, ինծի՛ նորէն։ Ու մէկը կ՚ընկերանայ ինծի թերեւս նորէն, քու հայլիիդ վրայ։ 

*  *  *

Հոգիները կը վախնան մինակ ըլլալէ ու անոնք իրար կը փնտռեն: Իրականութեան դաշտերուն վրայ անոնք կը թափառին սարդի թելերու պէս, նեղուելով մարդերուն մացառումէն։ 

Աղբիւրին առջեւ չեն վախնար անոնք ու ջուրին վրայ համբոյրը զանոնք կը վառէ արցունքի մը մէջ եւ կը ձուլէ իրարու

Ո՜վ իմ աղբիւրս։ Աղջիկը, զոր պիտի զգուես քու փայլիդ ու քու տաք գորովիդ մէջ, պահէ երկար ու ամուր: Քու խաղաղ մաքրութեանդ մէջ լուա՛ անոր վրայէն մարդերուն ձգած բոլոր թանձրութիւնը։

Ըրէ՛ զայն միամիտ, ալիքիդ պէս թափանցիկ ու զգայուն սորվեցուր անոր, թէ ի՛նչ երկիւղալի խորհուրդ մը կը թաւալի քու հետքերուդ ետեւէն։ Սորվեցուր անոր քու դերդ, քու բարձրագոյն դերդ, երբ կ՚անցնիս կանանչ ծղօտի մը առջեւէն դողալով ու սիրելով։ Խոտի մը շիւղը մեծ է տիեզերքին չափ։ 

*  *  *

Կը պաղատիմ քեզի, ո՜վ իմ աղբիւրս

Նայեատը, որուն գիծերուն տակ քու ջուրերդ պիտի արիւն ու ճերմակ հագնին, քեզ չխռովէ իր հեգիին ծանրութեանը տակ։ 

Ըլլայ անիկա նուրբ ու ժպտուն, ցօղի մը պէս ու արտոյտի երգին չափ բարի, բարի՛, բարի՛։

Ապրելու նահատակութիւնը, հոգի ըսուած թոյնէ շոգին դժուար է տանիլ առանց բարութեան