Մահուան ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԱԼՈՅՍ

Վերջալոյսը սենեակ է եկած: Բազմոցին անկիւնէն, գլուխ գլխի իմ ցաւիս հետ, կը տեսնեմ տխրութիւնը օդին, որ քիչ–քիչ կը մեռնի, քաշուող հոգիի մը պէս։ 

Խաղաղ է ներսը։ Պատին վրայ, պատուհանէն ինկած է լոյսի քառանկիւն մը, կարմիրի զարնող ու գրեթէ հեւքի մը մէջ։ 

Յամառ՝ կը նայիմ անոր։ Կարմիրի մօտ դեղին մըն է։ Հետզհետէ նուաղումը կը փախչի, կարմիրը կը հոծնայ, դառնալով յստակ ու բոցանուտ։

Պատին վառող այս ծիրանիին թեթեւ անդրադարձ մը կը լայննայ, ու առարկաները, որոնք կ՚իյնան լոյսի այդ կտորին մէջ, կանրջանան, կը փոխուին

Ու տխուր է պահը։ Բան մը կը մեռնի երկինքին մէջ, ուր չեմ նայիր. բան մը կը մեռնի հոս, սենեակին մէջ, ուր արցունքներ կը թափին հինաւուրց գորգին

* * *

Յանկարծ ոտքեր կ՚արթննան դուրսէն։ Կամաց է անոնց զարկը։ Մենաւորը քաղաքներուն մէջն իսկ ճգնաւոր մըն է։ Ան գիտէ գաղտնիքը բոլոր հեւքերուն ու քիչ անգամ կը սխալի հեծքերուն իսկ հասկացողութեանը մէջ։ Սուզումը սովորական վիճակն է անոր։ Մեռած աւազանի մը պէս ան կը դողայ լոյսերուն գիծէն ու շուքերուն շղարշէն

Սենեակ բերող նրբանցքին մէջ կեանքի թեթեւ բաբախում մը, ու անմիջապէս՝ անոր մուտքը սենեակէն ներս։ 

Ի՜նչ սրտառուչ բան կայ սպասումէն յոգնած երազողին համար այդ անբարբառ մուտքին մէջ։ 

Ան, ներս մտնողը, կը բերէ երիտասարդութիւն, կը բերէ ժպիտով խառնուած ազնուական թախծութիւն, կը բերէ մանաւանդ մոգութիւնն իր իգութեան։

Ու անով կը լեցուի միջոցը։ 

*  *  *

Վերջալոյսը կայ ու կայ սենեակին մէջ։ Հիմա լոյսը հասած է գոյնի զմայլելի մաքրութեան մը կարծես հեղուկցող սուտակներէն թորուած կարմիր մը, որ թողած է հատնումին բոլոր բացութիւնը ու արիւնին հոծութիւնը։ 

Նոր երանգ մըն է ան, զոր տեսեր եմ արհեստական քանի մը վարդերու վրայ։ 

Լոյսը կը տպաւորէ մտնողը։ Կը նայի ան, յոգնած ժպիտովը։ Կը քալէ ու պատուհան կը շտկի։

Անոր դէմքն ու իրանը կը թաթխուին այդ ծիրանիին մէջ։ Երեսին վրայ պարոյրը կայ ժպիտին ու անոր կաթը կը սարսռայ այդ արիւնին տակ։ 

Մազերը կը վառին, կը բռնկին, բոցը կը սահի անոնց հիւսքերէն ու աչքերուն կապոյտը անոր պատեանովը կը քողուի։

Ու տեսիլքին առջեւ իմ նայուածքը կը տարտամնայ, ա՛յնքան՝ որ դուրս կ՚ելլեմ ինձմէ։ Ձեռքս կ՚երկնցնեմ բռնելու համար այդ ճառագայթումը։

Բայց ան կը շեղի, թեթեւ՝ ինչպէս երազի մը պարիկը, կը փախչի արեւէն ու ալ չերեւար։ 

*  *  *

Իրիկուն։ Տխուր վերջալոյս մը այս անգամ։ Կը յիշենք միաժամանակ հրաշալի օրը։

Այնպէս վերջալոյս ե՞րբ կու գայ։ 

Այդ վերջալոյսը չի գար։ Համոզուեցէ՛ք ատոր։ 

* *  *

Չեմ գիտեր, կը զգա՞յ արդեօք անհուն այն լքումը, որ իր պզտիկ պարբերութենէն կը փակուի ու կը թափի իմ մէջ։ 

Վերջալոյսը կու գայ. վստահ եմ ատոր, թերեւս աւելի հարուստ, քանի որ երկինքին քմայքը աղբիւր ու ծով չունի իր ետեւէն։ Վերջալոյսը կու գայ, բայց դուն չես գար անոր լոյսին մէջ:

Ինչո՞ւ զլանալ իմ տարաբախտ աչքերուս՝ բոցով ու արիւնով բռնկած քու դէմքիդ երազը, երբ ան կրնայ լուսինի մը պէս ցայտել ինձմէ ներս, թանձրացող մութին վրայ

Այդ վերջալոյսը, քու վերջալոյսդ, չի գա՜ր: Դուն կ՚ըսես:

Բայց թող գայ անիկա։ Թող գայ ան, երբ տակաւին երեսներուդ վրայ ինկող լոյսերը չեն մոռցած խնդալը։ Ու մանաւանդ, երբ այդ ողողումը պիտի խնայուի աշխարհին

Մահուան հետ այսքան ընտանեցած տղան թող գերեզմանին մէջ տանի վերջալոյսէն աղջիկ մը գոնէ