Մահուան ծաղիկներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՊԱՀՈՂԸ 

Ան՝ որ յանձն առաւ պահելու այս թուղթերը, անգիտակ է անոնց ծանրութեան ու տարողութեան։ Կը նայի անոնց՝ իր միամիտ գլխուն բարի աչքերովը։ Ու չեմ կարծեր, որ շատ բան ալ հասկնայ անոնց գաղտնիքէն։ 

Բայց թուղթերուն ճակատագիրը երբեմն կ՚անցնի մարդերուն սահմանէն։ Ինչ որ իրեն համար շարք մըն է մանրադիտական տողերու, ուրիշներուն համար խոստովանութիւն մըն է։

Ի՞նչ կը սպասէ ինծի: Երբեմն մտահոգուած եմ ատով։ Ու քարի մը վրայ պառկած գլուխէս կը տեսնեմ ուղեղիս վազքը, գուցէ հանդարտ, քանի որ վարժուեցայ մեռնելու։ 

Ի՞նչ կը սպասէ անոր։ Ապահովաբար մշտական ու յաւէտ չհամոզուելիք գերեզմանը, որ իր սիրտինը պիտի ըլլայ։ 

Բայց անիկա խոստացած է ինծի պահել աս թուղթերը։

*  *  *

Պիտի մնա՞ս լրջութեանը մէջ խոստումիդ։

Ու կ՚ըսեմ ես քեզի։ 

Այս թուղթերուն մէջ ես քեզ եմ երգած։ Զգացումներուն ամէնէն եղերականը կը թաւալի անոնց մէջ երբեմն տառապելով, երբեմն քնքուշութեամբ։ Գիտցիր, թէ ամէնէն անկեղծն է ան իմ ունեցածներէս

Ամէն բառ լուսաւորուած է հոս քու ժպիտէդ. ամէն պատկեր թելադրուած է քու երեսներէդ ու ամէն հատուածը անոնց ես ապրեր եմ քու ստուերիդ կամ մարմինիդ հետ։

Դուն կրնաս չգիտնալ այս բոլորը։ 

Բայց կ՚ըսեմ՝ քեզի։ 

Քեզի համար տառապողի մը այս թուղթերը պիտի վայելե՞ն կեանքի իրաւունքը։ Մարդկային ըմբռնումներու վարագոյրը պիտի չիջնա՞յ աչքերուդ: Պիտի համարձակի՞ս ազատել այս տետրակը մահէն, որուն դատապարտուած է ան ընկերութեան օրէնքէն ու ճակատագրին մէկ խաղէն։ 

Չեմ գիտեր

* * *

Երբ որոշումը տաս այրելու, այն ատեն աչքերդ լաւ բա՛ց։ Պզտիկ-պզտիկ սկսող մուխին մէջ դուն պիտի տեսնաս հոգիս, որ պիտի ճերմկնայ գիրերուն սեւէն քակուելով։ Ու ծուէն–ծուէն պիտի ելլէ զգացումը գիծերուն բանտէն:

Բոցը երբ մաքրուի, դուն պիտի տեսնես սիրտս, ուրկէ արիւնը պիտի բարձրանայ այնպէ՛ս մեղմ, այնպէ՜ս լռին, ինչպէս կ՚ըլլայ տատրակներուն, երբ կը մորթուին։ Գիտցիր, թէ ինչոր բոց ու մուխ ըրիր, ազնիւ տեսակէ ադամանդ մըն էր, անոնցմէ` որոնք ցանցառ կ՚իյնան սովորական ճամբաներուն։ 

Ու կեցիր մտամփոփ այս թուղթերուն մոխիրին առջեւ։ Ու անիկա, մոխիրը, քեզի բացատրէ թող խորհուրդը, զոր մահը կը քակէ այնքան դիւրաւ։

Գիտցիր, թէ փոչի ըրիր զմայլելի շէնք մը, քերթուածը այն տղուն, որ քու մօտիկութիւնդ ընդունեց, որ տպաւորուեցաւ քու մարմինէդ, որ հզօր կորովն ունեցաւ իր տառապանքը իր մէջ թաղելու, արտայայտումի տափակութիւնը շատ հասարակ գտնելուն։

Գիտցիր, թէ մոխիրներուն տակ կան ձեւեր, մտածումի եւ զգացման, որոնք կը զարտուղին յղացման եւ առարկայացման տեսակէտովը։ Ու մի մոռնար, որ դուն սրբագրուած, թերեւս գերազանցուած յարդարումով մը ապրեցար անոնց մէջ, երբ դեռ գիր ու թուղթ էին։

Ու խորհէ, որ դժբախտ, բայց ճակատագրական զգացումը մոխիր ես ըրած, երբ կարելի էր անով տաքցնել վերահաս ցուրտը հեռի հիմա քիչ մը, բայց այնքան ալ մօտիկ։ 

*  * *

Կրնաս ալ պահել։ 

Իմ մասիս կը զգուշանամ իրաւունք ունենալէ անոնց վրայ, քանի որ կեանքիս ամէնէն մութ հանգրուանը կ՚ապրիմ։ Առջեւս նայելու անկարողութիւնը կը ստիպէ զիս վեհանձնութիւնդ փնտռելու

Ինծի համար չեն անոնք։ 

Ու քեզի համար այս թուղթերը կրնան նշանակութիւն մը հագնիլ դարձեալ։ Ճակատագրին ուրիշ մէկ հարուածը անստոյգ ըրած է քու օրերդ:

* * * 

Սիրտդ կրնաս վստահիլ թուղթերուն լուռ նայուածքին, երբ մարդերէն չյաջողիս գտնել լեցունութիւնը, կրակը, որուն պէտք ունին հոգիի հորիզոնները մեծ ձմեռներուն նախoրին:

Կեանքիդ ամէն շրջանին հոն կրնաս մատ փոխել, գտնելու համար պատրանքը, երբ մարդերու գիրկէն յափրանքը կը բարձրանայ ու համբոյրները լեղիով կը լուանան մեր շրթունքը։ 

*  *  *

Կրնաս յիշատակներուդ հետ մինակ եղած ատենդ կարդալ ասկէ, միտքդ բերելու համար տարօրինակ տղան, որ քովդ ի վեր տառապեցաւ ու քեզի խնայեց իր ցաւին ցաւը։

Ու այս թուղթերը հեղինակաւոր են դարձեալ օրերուն համար, որոնք պիտի ծնին եւ որոնց հարուածը անծանօթ կը մնայ:

* * *

Մի մոռնար, թէ խանդաղատանք եմ ունեցեր այս թուղթերուն  վրայ: Քեզի համար անմատչելի է արուեստագէտը, որ լեցուց թուղթերը։ Բայց պարզ է սիրտը, որ զգաց անոնց բեռը։

Ինչ որ ալ ըլլայ բախտը, որ ինծի կը սպասէ, ես կը մնամ այս  թուղթերուն մէջ քեզ՝ սրտէ, քեզ՝ հոգիէ, քեզ՝ լռին սիրողը, որուն խոստովանանքը կը բերեմ այս վերջին տողին։ 

1916 Մարտ 

 

Նօտր գիրերով՝ տետրակին վերջին էջին վրայ կայ հետեւեալ ծանօթութիւնը։ 

(Այս էջերը երկրորդ ընթերցումէ մը վերջ գտայ թերի արուեստի տեսակէտով, ծանրաբեռնուած ու տկարացած` կրկնութիւններով։ 

Պէտք կը զգամ աւելցնելու, թէ անոնք գրուած են շատ արագ, գրեթէ հալածուողի հեւքին մէջ ու երկրորդ անգամ, երբ ինծի տրուի բախտը զանոնք աչքէ անցընելու, պիտի կարենա՞մ բացատրութեանց հարազատութիւնը փրկել։ 

Գրողի ունայնասիրութի՜ւն։ 

Ինչ որ անկեղծ է անոնց մէջ ու ատով իսկ արժանի պահուելու, զգալու ձեւն է ան: Տպաւորուելու զանազան եղանակներ կան, ինչպէս սիրելու այլազան կերպեր: Գրականութեան մէջ փոխադրուելու ստիպուած ամէն զգացում ձեւափոխման կ՚ենթարկուի։ Ես կ՚ընդնշմարեմ մաքուր քերթուածը, որ թաքնուած է բառերու եւ պարբերութեանց այս թնճուկին տակ։ 

Յետոյ արդէն վստահ չեմ անոնց նիւթական կենացին։ Մեղքի ծնունդ տղոց կը նմանին քիչ մը։ Անոնց հայրը կրնայ մեռնիլ: Մայր ունեցե՞ր են: ) 

* * *

(Կրնայ պատահիլ, որ բարեկամ ձեռքեր ինձմէ ետքը զբաղին ասոնցմով: Կը յանձնարարեմ անոնց` պահել պատկերներուն ամբողջութիւնը, ջնջելով զարտուղութիւններ ու լեզուական անճշդութիւններ

Ամէն հատուած ամբողջ մըն է ինքն իր մէջ, զոր տեսեր եմ ու ապրեր գրելէ առաջ։ Չեմ յուսար, որ ինծի յաջողուած ըլլայ վերջնական  կաղապարը պարտադրել այդ կտորներուն, բայց սեւեռումներ եղած են անշուշտ։ Ու դժուար չէ գիծերուն վերէն կենդանագիրը բարձրացնել)։ 

*  *  *

(Գոցելու ատեն այս տետրակս, ծիծաղ մը կու գայ ինծի, ակամայ ու վշտագին հեգնութեան մը ժպիտը:

Ի՜նչ միամիտ ենք մենք։ Հո՞ս ալ փառասիրութիւն։ Գերեզմանը կը սպասէ ինծի ու ես գիրք կը գրեմ։ 

Բայց ժպիտը կ՚անցնի շուտ: Զգացում կամ ձեւ, հոգ չէ։ Կարդացողինն են անոնք։ Բայց ներշնչող կինը կը մնայ սֆինքսի իր լռութեան մէջ բարի ու մանկունակ իր ժպիտով, քաղցր իր օրրող երգերուն մէջ, խնկուած նայուածքովը ու հոգիովը

Որո՞ւ)

(Վերջ)