Երեք թատերախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՁԵՐ

Պ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Երկաթի վաճառական, յիսուննոց: Մատ մը մօրուք, ուշ ածիլուող մարդու սովորութենէն մնացած։ Ակնոց, երբ կը բարկանայ։ Միշտ կաղապարուած ֆէս։ Խորշոմոտ երես։ Աչքերը փոխանակ դուրս հանելու՝ ներս քաշուած բան մը ունին։ Զգեստը սովորական։ Շարժումները միշտ զգոյշ։ Կամաց կը խօսի։

 

ՏԻԿ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Գործողութիւնը սկսած պահուն երեսունը ինը տարեկան։ Թարմութիւնը պահած դէմք։ Վշտոտ ու չխօսող բան մը ամբողջ անձին վրայ։ Թաց ու տաք աչքեր: Եռանդուն երբ կը խօսի։ Գիտէ երկու լեզու։ Գրելու յաւակնութիւն։ Կը հագուի պարզ:

 

ՕՐ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ (ՓԻՇԹՕՖ) Քառասուննոց։ Պրն. Մարգարեանի գլուխը, առանց մօրուքի եւ մազի։ Շրթները հաստ աւելի։ Քէնոտ ու կռուազան։ Ձայնը խիստ։ Միշտ զբաղած է բանով մը։

 

ՕՐ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ (ԱՆԺԷԼ) Մարգարեաններուն աղջիկը։ Քիչ մը կարճ, շատ կանոնաւոր դիմագիծ։ Ճերմակ մորթ, երազուն աչքեր որոնք դուրս կը նային։ Ամբողջովին փափուկ ու փութկոտ։ Մեղմ ու քաղցր է ձայնը։ Գործողութիւնը սկսած պահուն տասնըութը տարեկան։

 

Պ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Փաստաբան։ Սուր պեխեր, չոր ու կարծրացած դէմք։ Ոսկի ակնոց։ Հոգեպէս սովորական տիպը ասպարէզէն մարդերուն։

 

ՄԱՐԻԱՄ Պարտիզակցի։ Խելոք ու սիրտցաւ կին մը։ Սեւերով։

 

ՎԱՀՐԱՄ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ Երեսունը հինգնոց։ Առեւտրական մեծ տան մը մէջ առաջին տնօրեն։ Հաճելի ձեւեր ու բարձր հասակ։ Վայելուչ effet ձգող։

 

ԲԺԻՇԿ Սովորական տիպարէն։

 

ՍԱՐԳԻՍ ԱՐՊԱՆԵԱՆ Նորընծայ բժիշկ։ Նեղ ճակատ, կզակին շուրջը հաւաքուող գիծերով երիտասարդ։ Կը նայի գէշ։ Մտքով ոչինչ։ Բարոյապէս անարժէք։ Կը կրէ չունեցողի ընդհանուր կերպարանք։

 

Մ. ՏԻՆԱՆԵԱՆ Դաշնակի ուսուցիչ, խոշոր։ Ալապրոս մազեր։ Սրամիտ ու բարի։

 

ՍՈՒՔԻԱՍ Պատրիարքարանի պաշտօնեայ։