Երեք թատերախաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՔԼՈՐԱՄԱՐՏԸ

Այս թատերախաղին երեք ձեռագիրներէն եւ ոչ մէկը անուն կը կրէ, սակայն բաւական վստահ ենք որ անոնք Աքլորամարտը կը կոչուին։ Յակոբ Օշական յաճախ կը յիշատակէ նման անունով թատերախաղի մը գոյութիւնը իր գրութեանց մէջ եւ յստակ է որ կարեւորութիւն կու տար որպէս աւագ երկ մը ու լուրջ աշխատանք տարած էր վրան։ Երեք տարբերակներու գոյութիւնը փաստը կը բերէ հեղինակին այս շեշտ հետաքրքրութեան։

Հոս կը ներկայացնենք երկուքը միայն։ Երրորդը որ ամէնէն կարճն էր ու գրուած կարմիր մելանով ու որոշ աճապարանքով՝ շատ հաւանաբար առաջին հեղումն էր հեղինակին մտքէն։ Գիտենք նաեւ որ Օշական յաջորդական խմբագրումներու կ՚ենթարկէր իր գործերը եւ իւրաքանչիւր անգամ կ՚ընդարձակէր եւ կը խորացնէր ձեռագիրը։ Այս կը թուի ըլլալ պարագան նաեւ հոս։

Վերջապէս, Աքլորամարտի պատկերը կը պատշաճի ձեռագիրներուն խորը ինկած կեանքն ու բախումները նկարագրելու: